ԱՀԱ
ԽՄՈՐԸ,
ԱՃԵՑՈՒՑԷՔ
ԶԱՅՆ
Բարեյիշատակ
Սրուանձտեանց
եպիսկոպոս
կտակ
մը
թողած
է:
Այս
կտակը,
2000
ոսկի,
շահու
դրուելով՝
պէտք
է
ծառայէր
Վանի
մէջ
հիւանդանոց
մը
հիմնելու:
Հրիտակուած
գումարը
էրդէն
բարձրացած
է
այժմ
մօտ
2.
500
ոսկիի.
եւ
այս
ընթացքով,
անտարակոյս,
դեռ
երկար
ժամանակ
սպասել
պէտք
պիտի
ըլլայ՝
մինչեւ
որ
գտնէ
իր
գոհացուցիչ
չափը
եւ
ձեռնարկուի
հիւանդանոցին
հիմնարկութեան:
Բայց,
ցաւը
հոն
է
որ,
հիւանդաութիւնները
իրենք
չեն
սպասեր:
Չեն
սպասեր
մանաւանդ
այն
հիւանդութիւնները՝
որ
կը
հնձեն
մանուկ
կեանքերը,
ինչպէս
կը
վկայեն
Հայաստանէն
ստացուած
լուրերը:
Մեր
տեղեկութեանց
հիման
վրայ,
Վասպուրականի
մէջ
մանկական
մահերու
թիւը
ահաբեկիչ
համեմատութեանց
կը
հասնի:
Պատճառներուն
վրայ
երկար
բարակ
յամենալու
տեղի
չկայ:
Վասպուրականը
ո՛չ
շնորհքով
եւ
ոչ
ալ
պէտք
եղած
թիւով
բժիշկներ
ունի.
ժողովուրդը
տգէտ
է
եւ
առողջապահութենէ
ոչինչ
կը
հասկնայ.
չի
գիտեր
թէ
ի՛նչ
ըսել
է
վարակիչ
հիւանդութիւն
եւ
ի՛նչ
նախազգուշական
միջոցներ
ձեռք
առնել
հարկաւոր
է՝
զերծ
մնալու
համար
անոնցմէ.
—
մէկ
խօսքով
կեանքերը
յանձնուած
են
բաղդին
եւ
բաղդը
կը
տեսնէ
իր
գոեւծը…:
Ամերիկացի
միսիոնարներ,
տեսնելով
տեղւոյն
այս
թշուառութիւնը
եւ
բժշկական
խնամքի
անհրաժեշտութիւնը,
կ՚ընեն՝
ինչ
որ
կրնան:
Եւ
պէտք
է
շնորհակալ
միայն
ըլլալ
իրենց:
Մեր
իմացածին
նայելով՝
Պատրիարքարանը
գոհացում
տալով
Վանէն
եղած
դիտումներուն,
Սրուանձտեանց
կտակի
տոկոսէն
200
ոսկիի
չափ
գումար
մը
ղրկած
է
Վանի
Ամերիկեան
Միսիոնարներուն,
որպէսզի
այդ
դրամով
տասնի
չափ
անկողին
աւելցնեն
իրենց
Հիւանդանոցին
մէջ:
Եւ
խոստացած
է
եղեր
տարուէ
տարի
100
ոսկի
ղրկել
շարունակաբար:
Բայց,
մեր
համոզումով,
վտանգը
այնքան
խոշոր
է,
պահանջը
այնքան
ընդարձակ
ու
ստիպողական,
որ
Պատրիարքարանի
այդ
մասնակի
օգնութիւնը
իր
նպատակին
չի
ծառայեր:
Եւ
ասկէ
զատ
ունի
նաեւ
ուրիշ
անպատեհութիւն
մըն
ալ.
—
Այս
կերպ
վերջնապէս
կանգ
կ՚առնէ
Սրուաձտեանց
հիմնագումարին
աճումը,
զրկուելով
իր
տարեկան
տոկոսիքէն,
ինչ
որ
բնականաբար
կը
վտանգէ
նաեւ
կտակին
գլխաւոր
գործադրութիւնը:
Հարկ
է
ուրիշ
ճար
մը
մտածել,
որ
թէ՛
Սրուանձտեանց
կտակին
նպատակը
պսակէ,
թէ՛
լայնօրէն
արդիւնաւոր
ըլլայ
Վասպուրականի
նման
բազմահայ
եւ
մեծապէս
կարեւոր
կեդրոնի
մը:
Ահա
թէ
ինչո՛ւ
մենք
կ՚առաջարկենք
որ
Պոլսոյ
«Հայ
Բժշկական
Միութիւնը»
անցնի
կենդանի
գործունէութեան,
—
այսինքն՝
զբաղի
Հայաստանի
իր
ազգակիցներուն
առողջական
վիճակովը,
գործնապէս,
դրական
ծառայութեամբ:
Եւ
ուրախ
ենք,
շա՛տ
ուրախ,
իմանալով
որ
նոյն
Միութեան
ընդհանուր
ժողովը՝
արդէն
իսկ
իր
օրակարգն
անցուցած
է
Վանի
այդ
Հիւանդանոցի
հիմնարկութեան
խնդիրը:
«Հայ
Բժշկական
Միութիւնը»
ունի
թէ՛
բարոյական
անհրաժեշտ
վարկն
ու
դիրքը,
թէ՛
չարիքին
դէմ
կռուելու
ամէն
յարմարութիւն՝
արդիւնաւոր
ու
բարերար
հաստատութեան
մը
հիմը
դնելու
համար
Վասպուրականի
մէջ:
Միութիւնը
կրնայ
ասպարէզ
գալ,
ձեռք
բերելու
համար
գոնէ
2500
ոսկիի
չափ
գումար
մը
եւ
աւելցնել
զայն
Սրուանձտեանցի
250
ոսկի
հիմնագումարին
վրայ:
Հինգ
հազար
ոսկիով
կը
կարծենք
թէ
կարելի
կ՚ըլլակ
ձեռնարկել
Վանի
Հիւանդանոցին
բացման:
Այս
կերպով՝
թէ՛
կտակի
մը
տրամադրութիւնը
յարգուած
կ՚ըլլայ,
թէ՛
գործ
մը
գլուխ
կը
բերուի՝
որ
տեւականապէս
մնայուն
կ՚ըլլայ,
երթալով
կը
բարգաւաճի
եւ
իր
բարիքով
կը
ճառագայթէ
ամբողջ
նահանգին
վրայ:
Հայաստանի
բարեկարգութեան,
այսինքն
հայ
ժողովուրի
գոյութեան
պահպանումին
ու
բարգաւաճման
համար
Պոլիսը
անյետաձգելի
պարտաւորութիւններ
ունի:
Ես
Պոլիս
ըսելով՝
հասկնալու
չէ
միայն
Պատրիարքարանը,
որ
ինքնիրեն
բան
մը
չէ,
բան
մը
չի
կրնար
ընել
եւ
բան
մըն
ալ
օգտակար
չի
կրնար
ըլլալ:
Ինչպէս
որ
ուսումնատարած
ընկերութիւնները՝
Միացեալ,
Հայուհեաց
եւ
Դպրոցասիրաց,
ուսուցիչ
եւ
վարժուհի
կը
ղրկեն
հայկական
կեդրոնները
կամ
դպրոցները
կը
հիմեն,
—
այսպէս
ալ՝
Բժշկական
Միութիւնը
բժիշկ
պէտք
է
ղրկէ
եւ
Հիւանդանոցներ
հիմնելու
ձգտի.
հայ
փաստաբանները՝
նոյնպիսի
Միութեամբ
մը,
պէտք
է
ձգտին
փաստաբաններ
ղրկելու
ներսերը
եւ
իրենց
ինկած
աջակցութիւնը
նուիրելու
երկրի
Հայութեան:
Մանուկներու
այն
մահացութիւնը՝
որ
կայ
այսօր
եւ
որ
կը
շարունակուի
Վանի,
եւ
հաւանաբար
այլ
գաւառներու
մէջ
եւս,
նոյնքան
աղիտաբեր
է՝
ազգային
տեսակէտով,
որքան
ո
եւ
է
կոտորած,
իր
հետեւանքներով:
Բժշկական
Միութենէն
կը
սպասենք
ուրեմն
որ
արդարացնէ
իր
վրայ
դրուած
յոյսերը,
շարունակելով
ան
գաղափարական
ուղղութիւնը՝
որուն
օրինակը
տուին
դեռ
60ական
թուականներուն,
իր
մեծանուն
նախորդները՝
Ռուսինետններ,
Քեաթիպեաններ,
Սերվիչէններ,
Ասլանեաններ
եւ
դեռ
ուրիշ
այնքան
անմոռանալի
անուններ
—
անմոռանալի,,
իրենց
ժողովրդասիրութեամբը
եւ
իրենց
հանրանուէր
գործունէութեամբը:
Ահա
խմորը
—
Սրուանձտեանցի
2500
ոսկին—,
աճեցուցէ՛ք
զայն,
հա՛յ
բժիշկներ:
«Ազատամարտ»,
1914,
6/19
Մայիս,
թիւ
1504,
էջ
2