ԽԱՐԽԱՓԱՆՔԷՆ
ԵՏՔ
Բ
Թուրք
երիտասարդութիւնը՝
իրապէս
եթէ
գոյութիւն
ունէր,
եթէ
քաղաքական
որոշ
հասունութեան
հասած
էր,
եթէ
ըմբռնած
էր
որ
իր
արիւնակից,
իր
ազգակից
ժողովուրդին
ապագան
եւ
վերակենդանութիւնը
կարելի
է
ձեռք
բերել
յեղափոխական
դաստիարակութեամբ
եւ
յեղափոխական
գործունէութեամբ,
պետք
է
շատունց
գործի
սկսած
ըլլար:
Չէ՞ր
գիտեր
ասիկա.
թողունք
տիեզերական
պատմութեան
բոլոր
օրինակները
եւ
ներշնջած
խրատները,
թողունք
հեռաւոր
ու
մօտաւոր
մեծ
կամ
փոքր
ազգերու
յեղափոխական
շարժումները
եւ
անոնց
միջոցով
միայն
ձեռք
բերուած
ազատութիւնն
ու
ազատ
օրէնքները,
կա՛ր
մօտաւորագոյնը,
կար
նոյնիսկ
ժամանակակիցը,
կար
Հայկական
Յեղափոխութիւնը:
Թրքական
դատարանները
վկան
են
այն
բազմաթիւ
հզօր
աղաղակներուն
եւ
բողոքներուն՝
որ
բղխած
են
հայ
մտաւորականներու,
հայ
երիտասարդներու
խրոխտ,
անվեհեր
կուրծքերէն.
Պօլսոյ
Կամուրջէն
մինչեւ
Հայաստանի
հեռաւոր
քաղաքները
յաւիտենական
վկան
են
բոլոր
այն
կախաղաններուն,
որոնց
բարձունքէն
հայ
տանջանակիր
ժողովուրդին
նոյնիսկ
խոնարհագոյն
դասակարգերէն
դուրս
թռած
զաւակները
մահուան
գերագոյն
րոպէներուն
մէջ
անգամ
հպարտ
եւ
ինքնիշխան՝
կը
բողոքէին
բռնութեան
դեմ
ու
կը
մեռնէին
մեծութեամբ,
գիտակցօրէն
եւ
իրենց
գաղափարին
վերջնական
յաղթանակին
վստահ:
Թուրք
երիտասարդութիւնը,
ապրող
սերունդին
ամէնէն
յուսալիցը,
որ
պէտք
էր
հասկնար
այդ
բողոքները,
այդ
մահերը
եւ
խոնարհէր
անոնց
առջեւ,
ինքն
ալ
ոգեւորուելով
ազատութեան
տենջով
ու
այդ
բազմաթիւ
հարոսներուն
իտէալովը,
աւա՜ղ,
նոյնքա՛ն
համր
էր,
նոյնքա՛ն
արհամարհական
եւ
այո՛,
նոյնքան
թշնամական՝
որքան
տգէտ,
մոլեգին
ու
անգիտակից
ամբոխը:
Անբարոյացած
էր
ի՛նք
ալ:
Նոյնի՛սկ
անոնք՝
որ
Եւրոպա
ապաստանած,
հաղորդակից
էին
արեւմուտքի
գաղափարական
շարժումներուն,
որ
կրնային
մօտէն
եւ
ուշադրութեամբ
հետեւիլ
ընկերական
գիտութեանց
եւ
աչքով
տեսնել
օրը
օրին
կատարուող
քաղաքական
անցքերն
ու
մեծ
դէպքերը
քաղաքակիրթ
աշխարհներու
ներքին
եւ
պետական
կազմին,
նոյնքա՜ն
մեղկ,
անխելահաս
ու
խակ
էին՝
կարենալ
ըմբռնելու
համար
իրենց
կոչումը,
իրենց
գործը
եւ
առաքելութիւնը:
Խարխափա՜նք…
Ահա՛
այն
կեղծ
դրութիւնը,
որմէ
շատունց
դուրս
գալու
էին,
քանի
որ
ատիկա
եթէ
իրենց
անձը
ծաղրելի
կը
դարձնէր,
միւս
կողմէն
ալ՝
մահացու
վտանգ
կը
սպառնար
իրենց
առաջադրած
նպատակին.
որովհետեւ
աւելի
վտանգաւոր,
աւելի
քանդիչ
զէնք
չի
կրնար
ծառայել
բռնակալութեան
համար՝
քան
այն
որ
կուտայ
ո՛եւէ
բարենորոգչական
ծրագրով
հրապարակ
եկած
ըմբոստ
տարր
մը՝
մնալով
սպասողական,
անվնաս,
օրինապահ,
մէկ
խօսքով
անգործ.
անգործ,
այո՛,
որովհետեւ
ժողովուրդ
մը
ոտքի
հանելու,
առաջ
մղելու,
ըմբոստացնելու
համար
միայն
թերթեր
ու
պրօշիւրներ
չեն
բաւեր,
հարկաւոր
է
գործօն
ուժ,
պէտք
է
հարուած,
պէտք
են
բոլոր
այն
միջոցները՝
որ
կը
դաստիարակեն
ժողովուրդին
յեղափոխական
տրամադրութիւնը
եւ
Յեղափոխութեան
գործիքները
կը
կոչուին:
Կը
թուի
թէ
սակայն
վերջին
երկու
տարիներու
մէջ
դեռ
խիստ
անբաւական,
շատ
տարրական
բայց
զգալի
բարեփոխութիւն
մը
ծայր
տալ
սկսած
է
Երիտասարդ
Թուրքեր
կոչուած
խմբակցութեանց
մէջ:
Կըսեն
թէ
Կարնոյ
շարժումները՝
արդիւնք
են
հոն
կազմակերպուած
թուրք
յեղափոխականներու,
որոնք
կապ
ունին
Ահմէտ
Րիզայի
կամ
աւելի
ճիշտը՝
ասոր
մէկ
ընկերոջ՝
Ալի
Հայտարի
հետ:
Մեզի
համար
դժուար
էր
հաւտալ
թէ
Ահմէտ
Րիզան
յեղափոխական
շարժումներու,
ժողովրդական
բուռն
եւ
արիւնոտ
ըմբոստութեանց
կողմնակից
կրնար
ըլլալ.
դժուար
էր
հաւտալ՝
կըսենք,
որովհետեւ
Մէշվէրէթ
ի
բոլոր
հիւանդոտ
պարունակութիւնը
տարիներէ
ի
վեր
խաղաղ
բարենորոգութեանց
ունայն
սկզբունքը
տարփողած,
ունայնացնելով
իր
տէրն
ալ
ու
Յեղափոխութեան
իսկական
գաղափարն
ալ:
Բայց
ահա
Ալի
Հայտարի
մէկ
զեկոյցը
կուգայ
բաւական
պարզաբանելու
իրողութիւնը
եւ
լոյս
ձգելու
պարագաներուն
վրայ:
Ալի
Հայտար
բաժնուծ
է
Ահմէտ
Րիզայէն,
հաւանաբար
իրենց
մէջ
ծագած
անհամաձայնութեան
մը
հետեւանքով.
այդ
անհամաձայնութիւնը
արդեօք
դրդապատճառ
չունի՞
նոյնինքն
Կարնոյ
շարժումները,
որոնց
բնականօրէն
հակառակ
պէտք
էր
եղած
ըլլար
Ահմէտ
Րիզան:
Երանի՜
թէ
այդպէս
ըլլար
եւ
հետզհետէ
Երիտասարդ
Թուրքերու
խաւերուն
մէջ
զտում
մը,
խարփալում
մը
տեղի
ունենար,
Ահմէտ
Րիզաներն
ու
իրեն
պէսները
ձգելով
իրենց
ֆրանսաբարբառ
զառանցանքին
հետ
մինակ:
Անհնար
է
որ
այս
մաքրագործութիւնը
ուշանայ,
եթե
իրապէս
թուրք
երիտասարդութեան
սահմանուած
է
գործ
մը
կատարել
եւ
դեր
մը
ստանձնել
Թուրքիոյ
մռայլ
ու
ճամբան
բռնած
ճակատագրին
մէջ:
Եվ
ահա
եւրոպական
թերթերը
վերջին
պահուն
լուր
կը
բերեն
թէ
սուլթանական
իրատէ
մը
կը
ջնջէ
գլխահարկը
(վէրկիի
շախսին)
եւ
անասուններու
վրայ
դրուած
տուրքը:
Կարնեցիները
տարին
յաղթանակը:
Թե
ի՜նչ
հետեւանքներ
կրնայ
ունենալ
այս
յաղթանակը,
կը
խօսինք
գալ
անգամով:
Թիւ
43,
1907,
Մարտ
24