Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԵԱՆ


Ռազմիկ
ի նախորդ թիւով հետեւեալ տողերը կը գրէինք.

«Մենք կ՚առաջարկէինք նաեւ որ մինչեւ հիմա թէ՛ Ամերիկայի եւ թէ Եւրոպայի մէջ հայկական խնդիրին համար կազմուած բոլոր այլեւայլ միթինկներուն, քօնֆէրանսներուն եւ ժողովներուն քուէարկած օրակարգերը, անոնց մասնակցող անձերուն թիւովը մէկտեղ մատուցուին Նախագահ Ռուզվէլթի... »։

Եթէ այսօր անգամ մըն ալ այս առաջարկութեան անդրադառնալու պէտքը կը տեսնենք, պատճառն այն է որ այս գաղափարին գործադրութիւնը բացառապէս շահեկան կը գտնենք՝ Պ. Ռուզվէլթի ձեռնարկին աւելի զօրեղ ազդեցութիւն մը տալու տեսակէտով, եւ հայկական խնդիր-էն համար ընդհանրապէս Երկուքն ալ հաւասարապէս օգտակար մեր Դատին։

Այդ աշխատութեան ամփոփումը երեւան պիտի բերէ թէ քանի՜ քանի՜ անգամներ եւրոպական ու ամերիկեան ժողովուրդները կոչում ըրած են Մեծ Պետութեանց՝ գործադրելու դաշնագրերով եւ հանդիսաւոր խոստումներով իրենց ստանձնած պարտականութիւնը։

Այդ բողոքներու տօքիւմաններուն դասակարգութիւնը ցոյց պիտի տայ թէ մատի վրայ համրուող քանի մը մարդասէր ու գաղափարապաշտ անձնաւորութիւններ չեն միայն որ Հայկական հարցով կը հետաքրքրուին, անոր արդարութիւը կը հռչակեն եւ լուծումը կը խնդրեն. այլ պիտի յայտնուի թէ՝ բոլոր ազգերու բոլոր դասակարգերն ալ, սկսեալ բարեխիղճ դիւանագէտէն մինչեւ յետին գործաւորը, Հայկական դատին անմիջական լուծումը կը պահանջեն. հետեւաբար Պետութիւնները իրենց ժողովուրդներուն հանրային մտածողութեան համաձայն գործած եւ որ աւելին է՝ անոր գոհացում տուած պիտի ըլլան՝ իրենց յանձնառութիւնը գործադրութեան դնելով։

Վերջապէս, եթէ եւրոպական կարծիք, եւրոպական միթինկներ, քօնֆէրանսներ, հանրային բողոքներ արժէք մը ունին ու գործնական նպատակի մը կը ծառայեն երբէք՝ ասկէ լաւագոյն առիթ չի կրնար ներկայանալ։

Բայց, առաջարկը մէջտեղ դնելով չենք ուզեր բաւականանալ։ Անոր իրականացումը ունի իր որոշ դժուարութիւնները։ Գործը ինքնին մեծ աշխատութիւն կամ մեծ ճիգ չի պահանջեր, այլ զինքը լրացնող պայմաններն են որ ծանծաղ, տարածուն ըլլալով՝ մէկէ աւելի լրացուցիչ գործակցութեան պէտքը զգալի կը դարձնեն։

Ուստի, կը տեսնենք թէ այս մասին ամէնէն նպաստաւոր ու բազմակողմանի յարմարութիւնը՝ Եւրոպայի Հայ-Ուսանողական Միութիւնն է որ կը ներկայացնէ։ Հայ-Ուս. Միութիւնը կրնայ աշխատութեան ծրագիր մը պատրաստել եւ գործի ձեռնարկել, այնպէս որ, միաժամանակ ամէն տեղ՝ Եւրոպայի այլեւայլ երկիրներուն մէջ՝ անիկա իր մասնաճիւղ կօմիտէներուն միջոցով դասակարգուած, մեթոտաւոր գործ մը պատրաստած եւ ամէնէն աւելի քիչ ժամանակի մէջ աւարտած պիտի ըլլայ։ Հայ-Ուսանողութենէն դուրս՝ ո՛ եւ է Մարմին շատ աւելի դժուարութիւններ, շատ աւելի ժամանակ եւ նիւթական կարողութիւններ պիտի ունենար՝ աս երկիրէն ան երկիրը, աս քաղաքէն ան քաղաքը մարդ պտտցնելով։

Տարակոյս չունինք թէ Եւրոպայի Հայ Ուս. Միութեան օգտակար գործերէն մէկը պիտի ըլլայ ասիկա, որուն համար ամէնքս շնորհակալ եւ գոհ պիտի ըլլանք։

Կը մնայ Եւրոպայէն դուրս՝ Ամերիկայի մէջ պատրաստուելիք նոյն աշխատութեան յարակից մասը, որը բաղդատաբար այնքան հեշտ է, նկատի ունենալով հոն ալ ամէն կողմ գտնուող արդէն գիտակից գործիչներու եւ կազմակերութեանց գոյութիւնը։

Երբ երկու կողմէն ձեռնարկը սկսի ու աւարտի, ետքէն դիւրին է զանոնք միացնել եւ ամբողջութեան մը վերածելէ վերջ՝ զայն պատշաճ ու գործնական ճամբովը մատուցանել իր հասցէին։

Թիւ 25, 1906, Յունուար 14