ԴԱՐՁԱԼ
ԱՊԱԶԳԱՅՆԱՑՈՒՄԸ
«ՐԱՀՆԻՒՄԱ»
Ի
ՔԱՐՈԶԸ
«Րահնիւմա»
աւետարանական—կղերական—պահպանողական
թրքաբարբառ
շաբաթաթերթը՝
իր
21րդ
համարին
մէջ
ամփոփումներ
կատարելով
մեր
«Ապազգայնացումը»
յօդուածներէն,
խոստացեր
էր
իր
տեսութիւնները
յաջորդով
ներկայացնել:
Երեւի
այդ
խոստումն
է
կատարած
իր
22րդ
թիւն
մէջ,
«Միլլիյէթ
հըսսիյեաթը»
խորագրին
տակ
զետեղուած
խմբագրականով:
Եթէ
չըլլար
նախորդ
համարի
ամփոփոմն
ու
խոստումը
«Ապազգայնացումի»
վերաբերմամաբ,
միմիայն
այս
խմբագրականը
կարդալով,
ընթերցողը
անվիճելի
ճշմարտութիւններ
կը
գտնէր
ատոր
մէջ:
Այնպէս
է
գրուած՝
որ
կարծէք,
մեր
յարուցած
ապազգայնացումի
հարցը
աչքի
առաջ
չունի,
որ
խոստացուած
տեսութիւնները
չեն,
այլ
ուղղակի
կանգ
է
առած
ազգային
զգացման
ու
անոր
ծայրայեղութեանց,
շովինիզմի
վրայ
ու
կը
դատապարտէ
իրաւամբ
շովինիզմը,
այլամերժ
ազգայնամոլութիւնը:
Յօդուածագիրը
կը
սկսի
թուրք
ազգային
զգացման
զարթումով:
«Թուրքերն
անգամ
այսօր
ազգային
զգացումներով
կը
քաջալերուին»
ըսելէ,
եւ
«Մինչ
աշխարհ
կը
յառաջդիմէ՝
ինչո՞ւ
Թուրքը
ետ
մնայ,
մինչ
ուրիշ
ազգեր
գիտուն
կը
դառնան՝
ինչո՞ւ
Թուրքը
տգէտ
մնայ»,
բացագանչութիւններով
իրաւամբ
իր
համակրանքը
յայտնելէ
յետոյ,
կ՚աւելացնէ.
—
«այս
ազգային
զգացումը
այս
երկրի
միւս
տարրերու
մէջ
վաղո՜ւց
զարթած
էր…
Տասնըիններորդ
դարուն՝
Համիտի
ճնշման
տակ
զարթած
այս
կեանքը
քսաներորդ
դարու
սահմանադրականութեան
տակ
չի
մեռնիր»:
Եւ
կը
շարունակէ.
—«Բայց
այս
զգացումին
արտայայտուած
երեւոյթներուն
նայելով՝
շատ
անախորժ
ու
անբնական
իրողութիւններ
կը
տեսնենք:
Ազգութիւնը
կը
նկատուի
իբրեւ
մէկ
կողմը
սէր՝
միւս
կողմը
ատելութիւն
ունցեող
կեանք
մը:
Օրինակ,
Թուրքերը՝
միմիայն
Թուրքերը
սիրենք,
Թուրքերուն
օգնենք,
Թուրքերու
հետ
առեւտուր
ընենք
ըսելով՝
միեւնոյն
ժամանակ
կը
թելադրեն՝
զզուինք
Յոյնէն,
Հայու
հետ
առեւտու
չընենք,
թուրք
չեղողի
ունեցածը
յափշտակենք
մտքերը»:
Այս
քննադատութիւններն
տեսութիւնները
մեր
կողմէն
չէ՛
որ
առարկութեան,
քննադատութեան
պիտի
ենթարկուէին:
«Կրօնքէն,
եկեղեցիէն
դուրս
փրկութիւն
չկայ»ի
վարդապետութիւնը
ունեցող
վարդապետը
չէ
որ
խղճի
բացարձակ
ազատութեան,
ազգերու
համերաշխութեան
մեր
դաւանանաքը,
տարիներէ
ի
վեր
մեր
պաշտպանած
ու
անընդհատ
քարոզած
սկզբունքը
պիտի
իւրացնէր:
Բայց
Րահնիւմա,
հաւատարիմ
իր
դաւանքնաին,
նրբութեամբ
ու
աննուղղակիօրէն
կը
դիմէ
իր
նպատակին:
«Աս
զգացումը
(այլամերժ
ազգայնամոլութեան
կ՚ակնարկէ)
միւս
տարրերու
մէջ
եւս
կը
տեսնուի
եւ
կը
մղէ
Թուրքին
զզուանքով
նայելո,
Հայը՝
ուրիշ
լեզուով
խօսող
իր
ազգակիցն
անգամ
անարգելու,
եւ
ամէն
մէկ
տարր՝
իրմէ
դուրս
միւսներուն
շահերը
իր
շահերուն
վնասակար
նկատելու»:
Վերեւի
ստորագծումը
մերն
է
եւ
ատոր
մէջ
է
յօդուածագրի
փորցաւը:
Ատով
չի
բաւականանար.
—
«Մեր
մէջ
օտարները
վարժարաններ
բացած
են,
բեմեր
հաստատած
են,
ժողովուրդը
անոնց
վարժարանները
աւելի
օգտակար
գտնելով՝
իր
զաւակները
այդ
օտար
վարժարանները
կը
ղրկէ:
Այդ
վարժարաններուն
մէջ
աշակերտները
ուղղակի
օտարներու
ազդեցութեան
տակ
գտնուելնուն,
ազգային
զգացումը
պէտք
եղած
չափով
չարտայայտուելուն
համար,
այդ
հոսանքի
առաջքն
առնելու
եւ
ժողովուրդին
մէջ
ազգայնութիւնը
քաջալերու
ճանապարհը՝
օտարներու
դէմ
զզուանքի
զգացումը
զարթեցնելու,
ժողովուրդը
կռուի
ու
պօյթօքի
քաջալերելու
մէջը
կը
տեսնեն»։
Այս
գոհար
խեղաթիւրումներու
պէտք
տեսած
է
յօդուածագիրը՝
ինքնապաշտպանութեան
համար:
Յօդուածագիրը
ո՛չ
մէկ
փաստ
ունի
Հայերուն
վերագրած
իր
զրպարտութեանցը
համար:
Եթէ
օտար
լեզուով
խօսող
Հայը
իր
ազգակիցներու
անարգանքին
ենթարկուած
ըլլար,
թրքաբարբառ,
«Րահնիւմա»ն
գոյութիւն
չէր
ունենար,
որուն
գոյութիւնը
արդարացնող
ո՛չ
մէկ
հիմք
չկայ:
Թրքախօս
Հայը՝
այնքան
անծանօթ
է
թուրք
գրական,
«րահնիւմա»յական
լեզուին,
որքան
իր
ազգային
լեզուին:
Թրքախօս
հայ
ամբոխը
այնքան
դժուարութիւններու
պիտի
ենթարկուի
«րահնիւմա»յական
լեզուն
սորվելու
եւ
հասկնալու
համար՝
որքան
հայերէնը,
իսկ
թրքախօս
մտաւորականը
նոյնքան
հայերէնը
կը
հասկնայ,
կը
գրէ
եւ
կը
խօսի՝
որքան
թուրքերէնը:
Հետեւաբար,
ազգային
զգացումը
կրող
թրքախօս
մտաւորականը
բնաւ
պիտի
չզիջանէր
ընտրել
թուրք
գրական
լեզուն
թրքախօս
հայ
ամբոխին
բերանացի
ու
գրաւոր
քարոզելու
համար՝
որպիսին
են
«Րահնիւմա»ն
ու
իր
յօդուածագիրը:
Եւ
մանաւանդ
այժմ՝
երբ
իր
ընթերցողներէն
ու
լսողներէն
ամենաստուար
մեծամասնութիւնը
այնքան
կը
հասկնայ
«Րահնիւմա»ի
լեզուն՝
որքան
օրինակ
«Ազատամարտ»ինը,
նախապատուութիւններէն
զրկուողը
հայերէնը
չպիտի
ըլլար:
Մենք
ենք
որ
կը
քարոզենք
կռիւը,
պօյքօթը,
բայց
մեր
քարոզածը
առհասարակ
օտարներու
դէմ
չէ՝
եղեր՝
այլ
ապազգայնացուցիչներու,
անուղղաներու
դէմ,
որպիսին
են
ինքը
Րահնիւման
ու
յօդուածագիրը:
Եւ
ընդհակառակը,
մենք
ենք
որ
կ՚առաջարկենք
սիսթեմաթիք
կերպով
գործակցիլ,
բոլոր
այն
օտարներու
եւ
օտար
կրթական
հիմնարկութիւններու
հետ՝
որոնք
քաղաքակրթութեան
իսկական
գործոններ
են
ու
կ՚ըլլան:
Մեր
քարոզի
ու
հայեացքի
էութիւնը
շատ
լաւ
գիտէ
ինքը
յօդուածագիրը,
բայց
ինչպէք
ըսինք,
փաստերու
խեղաթիւրումներ,
զրպարտութիւններ
հարկաւոր
են
իրեն,
որպէսզի
կարողանայ
իր
ընթերցողներու
միտքն
ու
դատողութիւնը
մթագնել,
իրեն
դէմ
առաջ
գալիք
դատաստանը
վիժել
տալ:
Բոլոր
երկիրներու
մէջ
ալ
յետադիմականներու,
կղերականութեան
գործ
դրած
զէնքերն
են
ատոնց:
Եւ
երբ
կռիւը
բացուի,
ու
անկասկած
պիտի
բացուի,
Րահնիւմայի
ու
իր
ընթերցողներու
միջեւ,
մինչեւ
որ
ինքը
պարտուի
ու
տեղի
տայ
ազգային
լեզուի,
ազգային
սրբութեան
առջեւ,
մենք
հաւատացած
ենք
որ
դեռ
շատ
կ՚ունենայ
պահեստի
գոսացած
զէնքեր՝
որոնք
վտանգաւոր
են
միայն
իրենց
պատեաններովը
եւ
որոնք
կարող
են
ծառայել
միմիայն
յաղթութեան
յետաձգումին:
Վտանգաւոր
են
մանաւանդ
անով
որ
այդ
զէնքերը
գործածողները
շա՛տ
հնարամիտ
են,
շատ
վարպետ
են.
ընդհանուր
անվիճելի
սկզբունքներու
տակ
թագնուելով՝
կրնան
միտքերը
պզտորել,
ազդեցութեանը
կը
վերադրենք
մենք
այն
որ
ազգային
կուլտուրական
կեանքի
միութեան
գործը
դեռ
քայլ
մը
առաջ
չգնաց:
Եւ
այդպիսիները
բացառութիւն
չեն՝
ինչպէս
Բողոքական,
նոյպէս
եւ
Կաթոլիկ—Հայոց
մէջ:
Նախապաշարումներէ
ազատ,
նիւթական
ակնկալութիւններէ
անկաշկանդ,
առողջ
մտքի
ո
դատողութեան
տէր
գաղափարի
սերունդին,
այդ
երկու
յարանուանութեանց
մէջ
ծնած
սերունդին
մենք
կոչ
կ՚ընենք՝
դիմակները
պատռելու,,
արգելքներուն
յաթահարելու,
կռիւը
ճակատէն
մղելու
եւ
միութեան
ու
յառաջդիմութեան
մեծագոյն
յաղթութիւնը
վաստկելու
համար:
«Ազատամարտ»,
1914,
22
Մայիս
-
4
Յունիս,
թիւ
1518,
էջ
2