Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆԱՊԱՏ ԵՐԿԻՐԸ…


Ամբողջ պետութեան մէջ մի միայն Հայաստանն է որ՝ կղզիացած է անապատի մը պէս, եւ ափ մը շոգեկառք իսկ չունի դիւրին հաղորդակցութեան համար սահմանագլուխներուն կամ ծովեզերեայ քաղաքներուն հետ։ Մի միայն Հայաստանը, որովհետեւ եւրոպական Թուրքիան, Փոքր Ասիոյ մէկ մէկ մասը, Կիլիկիան, Սիւրիան ու նոյն իսկ հեռաւոր Արաբիան ունին առաւել կամ նուազ երկարութեամբ երկաթուղային գիծեր։

Երկաթուղին նկատուած է քաղաքակրթութեան կենդանի մէկ երակը, որ անդադար նոր կեանք, նոր ոգեւորութիւն կը ներմուծէ երկրի մը մէջ, բերելով իր հետ ամէն օր տարաշխարհիկ սովորութիւններ, արագ միտք ու տենդոտ գործունէութիւն, դնելով մարդիկ իրարու հետ տեւական շփման մէջ եւ այսպէս հաւասարակշռելով ազգերու մտածման, դատողութեան եւ կենցաղի եղանակները։

Քաղաքակրթութեան այդ բարոյական յառաջդիմութեան հետ զուգահեռաբար՝ տնտեսական կեանքին ալ թռիչքը կայ։ Երկաթուղային արագ փոխադրութեան շնորհիւ բնական հարստութեանց շահագործումը եւ արդիւնաբերութիւնը կ՚աւելնայ, ճարտարագիտութիւնը զօրեղ թափով եւ հեշտութեամբ կը մտնէ իր զարգացման բարեշրջական ուղիին մէջ, գործի եւ աշխատութեան միջոցները կը բազմապատկուին ու կը բարդանան, տնտեսական կեանքը նոյնպէս բնական եւ աւելի հաստատուն հաւասարակշռութեան մը կ՚ենթարկուի եւ ժողովուրդին ընկերական—պատմական բարեշրջութիւնն ալ նոյնքան ներզօր մղումով մը կը սկսի թաւալիլ իր անկիւներուն վրայ։

Մեր երկիրը՝ որ իր հանքային հարստութեամբ, ինչպէս նաեւ անոնց մշակման ու շահագործութեան յետամնացութեամբը աշխարհի բնականօրէն ամէնէն հարուստ եւ սակայն իրականութեան մէջ ամէնէն աղքատ պետութիւնն է այսօր, գլխաւորաբար իր քաղաքական թէ տնտեսական դժբախտութիւններէն մեծագոյն մասը կը պարտի փոխադրութեան իտր դանդաղ, անմատար ու յետամնաց միջոցներուն։

Եւ Հայաստանը այդ դժբախտութեան ամէնէն պայծառ հայելին է։

Գաւառներ՝ որ կարող էին իրենց երկրագործական մշակութեամբը, հանքային շահագործութեամբը եւ բնական բերքերու շահածութեամբը, ոչ միայն իրենք իրենք բաւել լիառատ կերպով, այլ եւ պետութեան նուազ արգասաւոր մասերուն բաւարարութիւն տալ, այսօր, աւա՜ղ, փոխադրական միջոցներու անկատարութեան հետեւանքով՝ անօթի՜ են եւ իրենց փորին վրայ կը գալարուին։

Կառավարութիւն անունով ճանչցուած վանտալական բարբարոսութիւն մը տարիներ շարունակ ամէն կարելին ի գործ դրաւ խեղդելու պետութեան մէջ ոչ միայն քաղաքական ազատութիւնները, այլ եւ փոխադրութեան ազատութիւնն ալ, խեղդելով անոր հետտնտեսական կեանքը՝ լեռնաբնակ հրոսակներու, հուրի, սրածութեան, արտագաղթի եւ հաղորդակցութեան ճնշման միջոցներով։

Ժողովուրդ մը որ ուժ ունէր՝ աշխատելու, միտք՝ ստեղծագործելու, ձգտում՝ զարգացման նուիրելու, հարկադրուեցաւ Ղովտի պէս փախչիլ իր երկրէն, առանց ետեւն անգամ նայելու եւ երթալ հեռաւոր երկրներ իր թեւերը, իր աշխատութեան ձեռքերը ծախու հանելու։

Այդ ժողովուրդն է որ այսօր անօթի է, սովէն կը տանջուի եւ գթութեան կարօտ մնացած է։ Այդ արգաւանդ բայց խոպան, բայց անապատականօրէն կղզիացած երկիրն է որ իր զաւակները չի կրնայ կերակրել։

Տարի չանցնիր որ Վանի գաւառը սովէն չաղաղակէ։ Ու այս պահուս չի կայ հայկական գաւառ մը՝ որ թշուառութեան համար ձեռք բացած չըլլայ։ Մինչդեռ, ոչ մէկ տարակոյս որ՝ քաղաքական բոլոր անցեալ սասանումներն ու բռնութիւնները տնտեսական այսքան տագնապալի կացութիւն չպիտի ստեղծէին Հայաստանի մէջ համեմատաբար, եթէ միայն անոր գլխաւոր կեդրոնները՝ երկաթուղային գծով միացած ըլլային ծովեզերեայ շրջաններուն հետ։

Եւ ահա կառավարութիւնն ու անհատներ հարկին առջեւ կը գտնուին սովատանջ ամբողջ ժողովուրդ մը տնտեսապէս փրկել՝ ողորմութեան ունայն փորձերով։

Նպաստ, նուիրատուութիւն եւ հանգանակութիւն՝ կիսամիջոցներ են միայն, որոնք տնտեսապէս ինկած ժողովուրդին թշուառութիւնը երկարաձգել կարող են եւ ոչ թէ հիմնական բարելաւութեան ենթարկել։

Տնտեսական բարձրացման եւ ժողովրդական բարեկեցութեան համար անհրաժեշտ են՝ տնտեսական արմատական յեղաշրջում եւ գործնական նպատակներ։

Հայաստանի համար պէտք են երկաթուղիներ։

Բնական հարստութիւնով օժտուած այդ երկիրը անհրաժեշտ է որ դուրս գար իր կղզիացումէն, մտնէ արագ հաղորդակցութեան մէջ՝ երկրակից միւս գաւառներու եւ օտար աշխարհներու հետ։

Նախարարութեան եւ խորհրդարանական զբաղումներէն առաջինն ու անմիջականը տնտեսական միջոցներու լուրջ ուսումնասիրութիւնը եւ անոնց շտապողական գործադրութիւնն ըլլալու է։ Եւ այդ միջոցներուն մէջ երկաթուղային ծրագիրը ամէնէն հարկադրականն ու էականն է։

Պետութեան պիւտճէն ուղիղ կը համեմատի ժողովուրդի տնտեսական վիճակի աստիճանաչափին հետ։ Մինչեւ որ ժողովուրդը վաստակ չունենայ, մինչեւ որ աշխատաւոր դասակարգերը գործ չունենան ու տնտեսապէս իրենց կացութիւնը չի բարձրանյ, պետական սնտուկը եւ եկամուտները կը մնան չքաւոր ու անբաւարար։ Գործադիր իշխանութիւնը, այսինքն կառավարութիւնը չի կրնար անտարբերութեան տալ այս ճշմարտութիւնը՝ առանց դիմելու անկման ու սնանկութեան։

Չքաւորութեան ճնշումը համատարած եւ ծանր է երկրին վրայ, մանաւանդ այն մասերուն մէջ՝ ինչպէս հայկական գաւառները, որոնք ամէնէն աւելի մեկուսացած են եւ ասկէ առաջ ամէնէն աւելի ենթարկուած քաղաքական հալածանքներու կեդրոնական ուժին՝ այնպէս որ բնական ու արուեստականօրէն ստեղծուած չարիքները՝ ձեռք ձեռքի տուած, ժողովուրդը առեր են երկաթէ մամուլի մը տակ եւ կը սեղմեն։

Եթէ քաղաքական բարեփոխութեանց հետ զուգընթացաբար չի գործադրուին տնտեսական բարեփոխութիւններ, ազատութիւնն ու բարօրութիւնը կը մնան օդին մէջ առկախ բաներ, հեռո՜ւ կեանքի հետ առնչութիւն ունենալէ, հեռո՜ւ իրական ու շօշափելի արդիւնքներ տալէ։

Հայաստանը պէտք ունի երկաթուղային գծերու, պէտք ունի արագ հաղորդակցութեան, որպէս զի ո՛չ միայն աշխատութեան աղբիւրները բազմապատկուին ու լայննան, այլ եւ քաղաքակրթութեան զօրաւոր հոսանք մը երթայ ազդելու բիրտ բարքերուն վրայ, երթայ մեղմացնելու աստիճանաբար՝ վայրագ բնազդներն ու նախապաշարումները եւ ալեկոծէ, ցնծէ արեւելեան դանդաղութիւնն ու ճակատագրապաշտութիւնը, որոնց բռնութեան տակ մէկէ աւելի ժողովուրդներ կը տառապին անգիտակցօրէն։

Առանց տնտեսական վերանորոգութեան, առանց երկաթուղային գծերու՝ մեր երկիրը դատապարտուած է մնալու անապա՜տ մը ուր ստեղծագործ ու ազատ կեանքը տեղ չի կրնար ունենալ։

27 Դեկտ. 1908

«Ժամանակ», 1909, թիւ 69, Շաբաթ, 3—16 Յունուար