ԵՐԿՈՒ
ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐՆ
ԱԼ
ՇԱՏ
ԲԱՆԱՒՈՐ
ԵՆ
Մեր
թերթին
վերջին
համարովը
երկու
առաջարկ
ներկայացուած
էին՝
զինուորական
ծառայութեան
մասին:
Առաջինը
կը
վերաբերէր՝
Պալքանեան
պատերազմի
պահուն
դասալիք
եղած
քրիստոնեայ
զինուորներու
կամ
զինուորցուներու
ընդհանուր
ներման
մը
շնորհին.
—Երկրորդը՝
ուսուցիչներու
զինուուրական
ծառայութեան,
որպէս
ներմուծելի
բարեփոխում
Զինուորական
նոր
Օրէնքին
մէջ:
Երկու
առաջարկներն
ալ
այնքան
բանաւոր
են՝
որ
չենք
կարծեր
թէ
արժանաւորապէս
նկատառման
չենթարկուին
թէ՝
Երեսփոխանական
Ժողովի,
թէ՛
ձեռնահաս
պաշտօնատան
կողմէ:
Յայտնի
է
թէ
քրիստոնեայ
երիտասարդները,
որոնց
կարգին
եւ
Հայերը,
իբրեւ
բոլորովին
նորովարժ՝
զինուորական
ծառայութեան
եւ
զինուորական
կեանքին,
արդէն
իսկ
դժուարութիւն
կը
կրէին՝
ինչպէս
բնական
էր,
ընտելանալու
իրենց
ցայնվայր
ամբողջովին
օտար
այդ
ասպարէզին:
Եւ
այդ
դժուարութիւնը
արհաւիրքի
փոխուեցաւ
այն
օրը,
ուր
անոնք
յանկարծակիի
եկան
պատերազմի
մը
յայտարարութեան
հետ,
ո՛չ
թէ
այն
պատճառով
որ
սիրտ
չունէին,
արիութիւն
կամ
անձնուիրութիւն
չունէին
—
մասնաւորելով
մեր
խօսքը
յատկապէս
հայ
երիտասարդներու
վրա
—
այլ
մանաւանդ
անոր
համար
որ
տեսած
չէին
զինուորական
մարզանք,
հետեաբար
իրենց
զիրենք
գլխովին
անպատրաստ
կը
գտնէին
պատերազմի
մը
պարտականութեանց:
Այս
պատճառով
ալ
իրենցմէ
շատերը
նախընտրեցին
դասալքութիւնը,
ինչ
որ
ցաւալի
է
հարկաւ,
բայց
որ
պէտք
է
դիտելի
համարուի՝
աչքի
առջեւ
ունենալով
այն
տուիքները,
զորս
պարզեցինք:
Մինչ,
անոնք
որ
քիչ
ու
շատ
զինուորական
մարզանք
տեսած
էին
ու
ունէին
հարկաւոր
ծանօթութիւնները
իրենց
պարտականութեանց
մասին,
պատերազմի
դաշտին
վրայ
ցոյց
տուին
քաջութեան
ու
հայրենասիրական
եռանդի
զմայլելի
ապացոյցներ:
Անհրաժեշտ
է
ուրմեն
որ
կառավարութիւն
եւ
Օրէնսդիր
Ժողով
ներողամտութեամբ
վարուին
դէպի
ակամայ
դասալիքները,
մէկ
կողմէն
արդարութեան
պարտք
մը
կատարած
ըլլալու,
եւ
միւս
կողմէն,
նոյն
ուժերը
օգտագործելու
ի
նպաստ
հայրենիքին
ու
անոր
պէտքերուն,
թոյլ
չտալով
որ
դասալիքները
մնան
աստանդական,
ոմանք
երկրէն
դուրս,
ոմանք
երկրին
մէջ՝
միշտ
ենթակայ
բարոյական
անկումի
եւ
չարաչար
փորձութեանց:
Գալով
երկրորդ
առաջարկին,
մենք
աւելորդ
բացատրութեանց
դիմելու
պէտք
չենք
տեսներ,
—
քանի
որ
այնքն
համապատասխան
է
անիկա
մեր
երկրի
պէտքերուն
եւ
արդէն
իսկ
որդեգրուած
Եւրոպայի
առաջադէմ
ազգերու
կողմէ:
Եւ
եթէ
եւրոպական
երկիրներ,
որ
չափազանց
հարուստ
են
կրթական
մշակներով,
անհրաժեշտ
դատած
են
այնուամենայնի
մասնաւոր
դիւրութիւններ
ընծայել
ուսուցիչներուն՝
զինուորական
ծառայութեանց
համար,
ո՞րքան
աւելի
Թուրքիան
պարտաւոր
է
այդ
դիւրութիւնները
սիրայօժար
տալ
ի՛ր
ուսուցիչներուն,
որոնց
սովէն
կը
տառապի
հայրենիքը
եւ
որոնց
համար
ա՛յնքան
տենդագին
աշխատանք
կայ՝
շինարար
գործի
տեսակէտէն:
Մենք
չենք
առաջարկեր
ուսուցիչները
զերժ
կացուցանել
զինուորական
ծառայութենէ:
Ո՛չ.
այլ
կը
պահանջենք
որ
անոնց
մէկ
տարուան
սահմանուած
ծառայութիւնը
գործադրել
տրուի
դպրոցական
ամառնային
արձակուրդին,
պայմանով
որ
վարժարաններու
վերաբացումին՝
անոնք
ազատ
ձգտուին,
շարունակելու
իրենց
ուսուցչական
պաշտօնը՝
որ
նուազ
հարկեցուցիչ
եւ
նուազ
փրկարար
չէ
հայրենիքին
համար:
Եւ
այս
առաջարկը
իր
մէջ
տրամաբանութիւն
մըն
ալ
ունի:
Եթէ
ուրիշ
քաղաքացիներ
սովորաբար
կարող
են
իրենց
զինուորական
պարատաւորութիւնները
սորվիլ
աւելի
երկար
ժամանակի
մէջ,
ուսուցիչները՝
աւելի
բանիմաց,
մտաւորապէս
աւելի
հասուն,
ի
վիճակի
են
բնականաբար
երկու
անգամ
պակաս
ժամանակի
մը
տեւողութեան
մէջ
ձեռք
բերել
զայն:
Մնաց
որ՝
եթէ
մէկ
տարուան
արձակուրդի
ամիսներ
անբաւական
նկատուին,
կարելի
է
երկրորդ
տարուան
արձակուրդներն
ալ
հաշիւի
առնել,
—
ինչ
որ
լուիլի
պիտի
բաւէ
պահանջուած
նպատակին:
Յոյս
ունինք
որ
մեր
թերթին
միջոցով
հրապարակ
դրուած
այս
երկու
շատ
ողջամիտ
եւ
շատ
բանաւոր
առաջարկները
չեն
մնար
անհետեւանք,
եւ
իրագործուելով
կուտան
այն
բարիքը,
որ
բարիքն
է,
ամէն
բանէ
առաջ,
հայրենիքին:
«Ազատամարտ»,
1914,
27
Մայիս
-
9
Յունիս,
թիւ
1522,
էջ
2