Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻՆՉ ԲԱՂԴ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ԱԼՊԱՆԻՈՅ


Յամառ կռիւներ հարաւային սահմաններուն վրայ, դաւադրական փորձեր ժամանակաւոր մայրաքաղաքին՝ Տուրացցօյի մէջ, ներքին յուզում եւ արտաքին էնթրիկներ, ահա այսօրուան Ալպանիան, նստած հրաբուխի վրայ եւ ժայթքելով անդադար քաղաքական լավա:

Պետութիւնները ի՛րենք ուզեցին որ այսպէս ըլլայ եւ այդպէս ալ եղաւ: Չուզեցին որ իրօք ժողովուրդ մը, գտած իր անկախութիւնը, կամաց կամաց հիմնաւորուի իր ազատութեան մէջ, ատեն ունենայ վերակազմելու իր քաղաքական իշխանութիւնը եւ դառնայ տէր իր ճակատագրին:

Արուեստական, կեղծ, խարդախ էր այն քաղաքական աւազանըէ որուն մէջ մկրտեցին Ալպանին, անոր միջազգային կնքահայրերը: Կողոպուտին ժամը յարմար չէր, ուստի անոր գլխուն վերեւ կանգնած ժառանգորդները «հապճեպ իրենց օտիին մէջ պահեցին դաշոյննին» հոգածութեան դիմակը հագան, տուին իրենց պահապան հրեշտակի դերը, եւ կեցան՝ սպասելով որ հնչէ ժամը…:

Դիւանագիտական բախտախնդիրներու ամբողջ լէգէոն մը կրկէս իջաւ հոն, ուր առանց անոր ալ նախանձելի պայմանները կը բացակայէին դժբախտաբար մեծ չափերով:

Բախտախնդիրենր ներսէն, բախտախնդիրենր դուրսէն, ոմանք՝ գահին թեկնածու, ոմանք հողին: Եւ փառասիրութիններ, եւ անձնական շահախնդրութեան կլանաբաց ախորժակներ, մանր կիրքերը ու խոշոր ակնկալութիւններ: Եւ այս ամէնը իրարու խառնուած, իրարու դէմ, մէջէ մէջ, մէկ մէկու ետեւէ՝ այն հողին վրայ ուր կռուողը շատ, բայց, ափսո՜ս, ղեկավարողը քիչ է:

Ծանր օրեր կ՚ապրի Ալպանան: Ծանր օրեր կ՚ապրի, որովհետեւ բոլոր անոնք որ կուչուած են իր կառավարական ղեկը ուղղելու դէպի խաղաղութեան նաւահանգիստը, ամէնքն ալ՝ օտար են իր ազգային բաղձանքներուն, իր ցաւին ու իր կարօտութեանց. օտար են՝ սրտով, հոգիով ու մտածումով: Ամէն մէկը կը հետամտի իր հաշիւը բանալ կամ իր հաշիւը փակել. եւ խաղը կը խաղցուի ալպան ժողովուրդին ճակատագրին վրայ…:

Այսպէս կը պատահի ահա ամէն անգամ, երբ ժողովուրդը մը բաւականաչափ հասունցած չըլլար՝ իր քաղաքկան բաղդին տնօրինութեանն համար: Այն երկիրը՝ որ այնքն հարուստ է արիական քաջագործութեանց համբաւով, աւաղ աղքատ է, ընկերային ու իմացական զարգացումով, եւ բոլոր այն ընդունակութիւններով՝ որոնք անհրաժեշտ են ազգի մը դարբելու՝ ո՛չ միայն իր անկախութիւնը, այլ պահելոը եւ անսասան պահպանելու նաեւ այդ անկախութիւնը:

Տնտեսապէս չքաւոր, կրթապէս յետամնաց, ընկերապէս՝ դեռ ենթակայ աւատական կարգ ու սարքին, փոթորկի մը մէջէն յանկարծ բարձրացաւ պետական կազմակերպութեան մը, ա՛յն Ալպանիան՝ որուն երկու թիկունքներուն մէջ միտուած են Աւստրիոյ ու Իտալիոյ ժանիքները, որուն ոտքերը կը տաշէ յունական ուրագը եւ որուն ռնգունքներէն ներս կը թափանցէ անդադար Թուրքիոյ Վրէժխնդրութեան ծուխը:

Ի՜նչքան նեքին ուժ, ի՜նչքան կենսունակութիւն էր հարկաւոր, այսպիսի պայմաններու տակ, ալպան ժողովուրդին՝ ամրացնելու համար իր ներկան ու ապահովելու համար իր ապագան:

Կրկնենք միշտ հին ճշմարտութիւնը՝ որ նոր է մշտապէս. որպէսզի ժողովուրդ մը գտնէ իր անկախութիւնը եւ պահպանէ զայն, իր հաւատքը դնելու է միմիայն իր սեփական ուժերուն, իր սեփական կենսունակութեան վրայ:

«Ազատամարտ», 1914, 11/24 Մայիս, թիւ 1509, էջ 2