Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՍԻՐՏ ԵՍԱՍԻՐՈՒԹՅՈՒՆԸ


Հրդեհը լափեց Եւդոկիայի մէջ, մէկ քանի ժամուայ ընթացքին, հարիւր հազարաւոր ոսկիի հարստութիւն եւ մարդիկ, որոնք որ մը օր առաջ բարեկեցիկ էին, խանութի կամ ստացուածքի տէր, դարձան յանկարծ չքաւոր:

Արարատեան դաշտին վրայ իջաւ բնական պատուհաս մը, ձիւն ու սառնամանքի, եւ չքացուց, անապատի վերածեց անթիւ գիւղերու այգիներն ու պատէզները, որոնց շնորհիւ կ՚ապրի տեղւոյն հայ գիւղացիութիունը: Եւ կորուստին գումարը կը հասնի մօտ 7 միլիոն րուպլիի, ինչպէս կը գրեն կովկասեան հայ թերթերը:

Ահա աղէտները՝ որ յանկարծ, անսպասելի կերպով, մէկ անգամէն կը հարուածեն մեր ազգակիցները՝ Եւդոկիոյ ու Արարատեան դաշտին մէջ, տասնեակ հազարաւոր ընտանքիներ նետելով թշուառութեան ու յուսահատութեան գիրկը:

Եւ հայ հասարակութիւնը, մասնաւորապէս Պոլսոյ Հայութիւնը, մնաց անտարբեր այս հասարակական դժբախտութեանց հանդէպ՝ որոնց լուրերը կարդաց օրը օրին, ինչպէս կը կարդայ այս կամ այն անցողակի տեղեկութիւնը՝ լոկ հետաքրքրութեան, լոկ նորութեան մը համար:

Մնաց անտարբեր, առանց զարնելու սրտէն, առանց կսկծալու, առանց ըսելու ինքնիրեն «… Բայց անոնք՝ որ մնացին այսպէս անպատսպար ու թշուառ, ի ազգակիցներս են, իմ արիւնակիցներս, իմ հարազատ եղբայրներս…»

Ո՛չ մէկ կարեկցական խօսք, ոչ մէկ մխիթարութեան շարժում, ոչ մէկ ցաւակցական արտայայտութիւն:

Այո՛, իրերօգնութեան ո՛չ մէկ տրամադրութիւն հասարակութեան մը մէջ, որ տեւականապէս վայելեր է Կովկասի Հայութեան աջակցութիւնը՝ իր բոլոր նեղ օրերուն մէջ, վայելեր է առատօրէն, անխնայ, եւ կը շարունակէ վայելել մինչեւ այսօր՝ իր դպրոցական գործին համար, իր հազարումէկ պէտքերուն համար, միշտ դիմելով եւ երեբեք չմերժուելով:

Այդ նոյն Երեւանեան Նահանգն էր, այդ նոյն Արարատեան դաշտն էր՝ որ իր կարգին, Մեծ Ջարդերէն ետք, 60 հազար Թրքահայեր ընդունեց գրկաբաց, ընդունեց իր օճախին մէջ, բաժնեց իր հացն ալ ու իր արտն ալ իր «գաղթական եղբօրը» հետ, այն արտը՝ որ իրեն իսկ չէր բաւեր ու իր զաւակներուն իսկ հացը չէր ապահովեր. եւ պահեց ո՛չ թէ մէկ օր, մէկ շաբաթ կամ մէկ ամիս, այլ մօտ տասներկու տարի:

Այսօր ահա Կովկասի Հայութեան այդ սիրտն է որ հարուածը կ՚ընդունի, եւ սահմանէն ասդին՝ Թրքահայը կը մնայ անկարեկից, սառնասիրտ, անզգայ:

Թո՛ւ, չարչի, ջհո՛ւտ հասարակութիւն:

Փոքրոգի եսասիրութիւնը, անձնապաշտ եւ վատասիրտ անզգայութիւնը ա՛յնքան սպաննած է մեր մէջ ազնիւ զգացումները, որ չենք ուզեր նոյնիսկ մեր երախտագիտութիւնը յիշել եւ մեր պարտքը հատուցանել՝ գոնէ նուազագույն չափով մը:

Չէինք պահանջեր որ Թրքահայը դարմանելու ելլէր կորուստ մը, որ ինքնին վեր է հասարակական ուժերէ. չէինք պահանջեր ո՛չ Արարատեան դաշտի եւ ոչ ալ Եւդոկիոյ Հայերուն վնասները մեր նուիրատուութիւններովը տեղը եկած տեսնել. ո՛չ. հարկաւ որ առանց կառավարական օգնութեանց, թէ՛ սահմանէն ասդին, թէ՛ սահմանէն անդին, ո՛չ Եւդոկիան կրնայ իր վէրքերը սպիացնել, ոչ ալ Արարատեան դաշտի Հայութիւնը:

Ինչ որ մենք կը պահանջենք մե՛ր պարտքի բաժինն էր, մեր ազգային պարտաւորութեան տուրքը: Ազգ մը չի կրնար հեռաւոր հանդիսատեսն ըլլալ ամէն անգամ՝ երբ դժբախտութիւն մը կը զարնէ իր մասերէն մէկուն կամ միւսին, —որովհետեւ, ինչ որ վնասն է մասին, վնասն է նաեւ ամբողջութեան:

Ասով է որ ժողովուրդ մը կ՚ապացուցանէ իր ներքին կենսունակութիւնը, իր ազգային ուժը, իր բարոյական կորովը: Եթէ չի կայ ազգի մը մէջ իրերօգնութեան, անձնուիրութեան, փոխադարձ աջակցութեան գիտակցութիւն, այդ ազգը ազգ չէ բարոյական առումով, այլ միայն կիսակիրթ հօրդաներէ կազմուած խաժամուժ մը, իւրաքանչիւրը ինք իր համար իր համար եւ իր հաշւոյն ապրող:

Իրո՞ք այսպէս է թրքահայ հատուածը: Եթէ այո՛, դարձեալ կը կրկնենք, ամօ՛թ իրեն:

«Ազատամարտ», 1914, 15/28 Մայիս, թիւ 1512, էջ 2