ԽԱՐԽԱՓԱՆՔԷՆ
ԵՏՔ
Գ
Յեղափոխական
հաստատուն
իտէալէ
եւ
որոշ
ինքնակրթութենէ
ու
յեղափոխական
դաստիարակութենէ
զուրկ
ժողովուրդի
մը
համար,
որ
քաղաքական
կռիւի
կրկէսն
իջած
է,
չափազանց
վտանգաւոր
են
մասնակի
յաջողութիւնները,
կառավարական
խաբուսիկ
զիջումները:
Համանման
վտանգի
մը
եւ
բռնակալութեան
նոյն
ծուղակին
առջեւ
կը
գտնուի
այս
պահուս
Կարնոյ
տաճիկ
ժողովուրդին
այն
մասը,
որ
բողոքարկու
հանդիսացաւ
գլխահարկի
ու
անասուններու
վերջին
հարկերուն
դէմ
հարկադրեց
Սուլթանին՝
զիջումներ:
Պատճառներ
ունինք
կասկածելու
թէ
այդ
բողոքարկու,
ըմբոստացող
տաճիկ
խուժանը
վաղը
նորէն
գլուխը
քաշէ
իր
բամպակէ
խրխային
մէջ,
սալարուի
իր
չեզոքութեան,
անտարբերութեան
ու
անշարժութեան
անկիւնը,
դառնայ
նորէն
այն
կակուղ
խմորը՝
ինչ
որ
էր
ասկէ
առաջ
սագրաբ
կուսակալներու,
պէյ-էֆէնտիներու
ձեռքը:
Եւ
այդպէս
ալ
պիտի
ըլլայ
ամէն
հաւանականութեամբ,
քանի
որ
պիտի
խորհի
թէ
իրեն
սահմանուած
գործը
ատ
էր
եւ
արդէն
այդ
գործն
ալ
գլուխ
բերուած
է:
Այո՛,
յեղափոխական
կռիւին
մէջ,
երբ
շարժող
ամբոխը
չունի
կանխապատրաստ
գիտակցութիւն,
իր
շահերուն
վրայ
ձեւակերպուած
պահանջ,
մանաւանդ
երբ
չունի
փորձ,
ճարտար
վարիչներ՝
ներկայացած
ամէն
նպաստաւոր
վայրկեան՝
յօգուտ
Յեղափոխութեան
հիմնաւորումին,
ուժեղացման
եւ
ճարակումին
գործածելու,
կողմնակի
յաջողութիւնները՝
յաղթութենէ
աւելի
մահացու
պարտութիւններ
են
ժողովրդային
դատին
համար:
Սուլթանը
զիջումներ
ընելով՝
իր
պարտութիւնը
չէ
որ
կը
յայտնէ.
ընդհակառա՛կը,
վարպետ
նահանջ
մըն
է
ատիկա
որ
յաղթութիւն
կը
նշանակէ
ինքնին.
պատերազմի
մը
մէջ
միշտ
յարձակումներով
չէ
որ
զօրավարները
կը
տանին
յաղթանակը.
վայրկեաններ
կան՝
ուր
ինքնապաշտպանութիւնը
եւ
կեղծ
նահանջը
աւելի
քան
յաղթութիւններ
են:
Ծանր
տուրքերուն
դէմ
բողոքեց
տաճիկ
ժողովուրդը,
բողոք՝
որ
Ռուսաստանի,
Պարսկաստանի
այս
խռովայոյզ
օրերուն
զուգադիպելով՝
կրնար
յեղակարծօրէն
հրդէհի
մը
փոխուիլ
եւ
առնել
ընդհանուր,
լայն
ապստամբութեան
մը
համեմատութիւնը,
պահանջելով
վարչական
հիմնաւոր
փոփոխութիւններ
–
դուք
հասկցէք
Միտհաթեան
Սահմանադրութեան
հաստատումը:
Հիւանդ
Սուլթանի
աւելի
հիւանդագին,
զգուշաւոր
ու
երկչոտ
կառավարութիւնը՝
մատներուն
վրայ
կոխելով
ետ
քաշուեցաւ
իր
պահանջէն
ու
հարկերը
առժամաբար
վերցուց:
Վերցուց,
որպէս
զի
ժամանակ
վաստկի:
Այս
պահուն
իսլամական
խլրտում
մը
երկրին
ներսը,
ան
ալ
յեղափոխական
Ռուսաստանի
սահմանակից
քաղաքի
մը՝
Կարնոյ
մէջ,
որքան
ալ
աննշան,
որքան
ալ
ժամանակաւոր՝
երբեք
ձեռնտու
չէ
տիրող
դիւական
րէժիմին:
Ամբոխին
դէմ
ճակատ
տալու
տեղ՝
հարկ
է
պարագլուխներուն
հետ
հաշիւը
մաքրել,
տիրելէ
առաջ՝
բաժնել,
քաղաքագիտութեան
վերջնակա՜ն
իմաստութիւններէն
մէկը՝
որ
Հռովմայեցիք
կտակ
թողուցին
աշխարհի:
Ու
Սուլթանը
յաղթանակեց,
մինչ
Եւրոպաբնակ
Երիտասարդ
Թուրքերը
սքանչելի
առիթ
մը
ձեռքէ
հանեցին՝
չի
կրնալով
զայն
շահագործել:
Չի
կրցա՞ն
թէ
չի
գիտցան:
Հաւանականաբար
երկուքն
ալ
ու
եթէ
կուզէք՝
դեռ
բան
մըն
ալ
աւելի,
աւելին
ա՛յն
որ՝
յեղափոխական
ըմբռնում,
ժողովրդական
շարժումներ
վարելու
հմտութիւն
ու
ձեռնհասութիւն
եւ
յեղափոխական
թաքթիք
չունին:
Միթէ
կարելի՞
էր
գտնել
պատմական
րոպէ
մը՝
որ
այնքան
նպաստաւոր
ու
խոստմնալից
ըլլար.
Սուլթանին
տագնապալի
հիւանդութեան
տարաձայնութիւնները,
Թուրքիոյ
սահմաններուն
կից
երկու
միապետական
իշխանութեանց
տապալումը,
որոնցմէ
մէկը
նոյնպէս
միւսլիման
ու
կրօնակից՝
թուրքերուն,
ռուս
եւ
պարսիկ
ժողովուրդներու
ազատագրական
աղաղակն
ու
ճիչը՝
որոնք
անպատճառ
տարտամ
բայց
լսելի
կերպով
արձագանգած
են
Թուրքիոյ
խորքերը,
ծանրացող
անտանելի
հարկերն
ու
երկրին
օրըստօրէական
քայքայումը,
ասոնք
ամէնքը
իրողութիւններ
են՝
որոնք,
կը
կարծենք,
բաւական
պիտի
ըլլային
արդէն
Թուրքիան
ալ
ցնցելու,
ոտքի
կեցնելու,
եթէ…
աւաղ,
Երիտասարդ
Օսմանլիները
իրենց
ժողովուրդին
աշխարհայեցողութեան
մէջ
բարեշրջութիւն
մը
ներմուծած
ըլլային,
եթէ
այդ
ժողովուրդը՝
քաղաքական
կռիւի
համար
կազմակերպած,
նախապատրաստած
ըլլային:
Բայց
կա՛ն
բաւական
յուսատու
նշաններ
թէ
թուրք
նորագոյն
երիտասարդութիւն
մը
կըմբռնէ
տակաւ
յեղափոխական
գործօն,
կենդանի
շարժումներուն
կարեւորութիւնը
եւ
կը
մտնէ
յեղափոխական
իսկական
ճանապարհը:
Մթին,
խաւար
խարխափանքէն
ետք՝
դեպի
լոյսը,
դեպի
գրական
գործը
սկզբնաւորութիւն
մըն
է
ասիկա,
որը
անտարակոյս
պիտի
ընդլայնուի,
պիտի
խորանայ
ա՛յն
չափով՝
ի՜նչ
չափով
որ
այդ
երիտասարդութիւնը
ընդունակութիւն
ցոյց
տայ
գիտակցելու
իր
պատմական
պաշտօնին
ու
առաքելութեան:
Հայ
տարրը՝
արուեստի,
գեղարուեստի,
վարչական
գործերու
եւ
առհասարակ
քաղաքակրթութեան
մէջ
շա՛տ
բարերար
գործակցութիւն
ցոյց
տուած
է
թուրքերուն:
Թուրքիոյ
լաւագոյն
կողմերուն
մէջ
հայը
ունեցած
է
իր
աշխատութեան
բաժինը.
հետեւաբար,
բնաւ
արգելիչ
պատճառ
մը
չի
կայ
որ
աշխատաւոր
ժողովուրդին
իսկական
շահերուն
եւ
բարօրութեան
յաղթանակին
համար
բռնակալ
կապանքներուն
դէմ
կռիւի
պատրաստուող
բանակի
մը
հետ
ալ
կուշտ
կուշտի
չի
քալէ
հայ
յեղափոխական
տարրը.
նոյն
հողին
ու
երկրին
իբրեւ
զաւակ,
ենթակայ
նոյն
տառապանքին
ու
նոյն
հարստահարութեանց,
կարօ՜տ
նոյն
բարօրութեան
ու
խաղաղ
կեանքին,
հայ
ու
թուրք
աշխատաւոր
բայց
ճնշուած
ժողովուրդները
բաւական
է
որ
ճանչնան
իրենց
հասարակաց
շահերը
եւ
հասարակաց
թշնամին,
բաւական
է
որ
յարգել
գիտնան
փոխադարձաբար
իրենց
անհատական,
ցեղային
ու
համայնական
իրաւունքները
ու
այն
ատեն
մեր
հայրենիքին
արեւը
կը
դառնայ
աւելի
անուշ
ու
լուսաւոր,
մեր
կեանքը
աւելի
կենսունակ
ու
հանգստաւէտ,
եւ,
մինչեւ
այդ
բաղձալի
ապագան՝
մեր
ներկայի
կռիւը
աւելի՛
հզօր,
աւելի
վճռական
ու
աւելի
կարճատեւ:
Մենք
այդ
դրօշակը
վաղուց
պարզած
ենք,
մենք
մեր
պահանջները
վաղուց
դրած
ենք
ժողովրդական
արդարութեան
եւ
իրաւունքի
գետնին
վրայ,
մենք
վաղուց
սրբագործած
ենք
այդ
դրօշակն
ու
այդ
պահանջները՝
ժողովուրդի
զաւակներուն
առատ
արիւնովը.
յետամնացները
կարող
են
եւ
պարտաւոր
են
հետեւելու
մեր
կարաւանին,
ու
անգամ
մը
որ
մենք
մեզ
գտնենք
ուղիղ
ճամփուն
վրայ՝
մենք
մեր
թեւը
սիրայօժար
կուտանք
անո՛նց,
որ
կուզեն
քալել
մեզի
հետ՝
դէպի
նո՛յն
իտէալը,
նո՛յն
նպատակը:
Թիւ
44,
1907,
Մարտ
28