ՀՍԿԱՆԵՐՈՒ 
    
     ԿՌԻՒԸ 
    
     ԵՒ 
    
     ՄԵՆՔ
  
 
    
     Արտակարգ 
    
     ջղագրգռութիւն 
    
     մը 
    
     կը 
    
     տիրէ 
    
     նորէն, 
    
     հիմա 
    
     որ 
    
     պատերազմը 
    
     պաշտօնապէս 
    
     յայտարարուած 
    
     է, 
    
     եւ 
    
     բովանդակ 
    
     Եւրոպան 
    
     երկու 
    
     ճակատի 
    
     բաժնուած, 
    
     հսկայական, 
    
     խելագար 
    
     մենամարտի 
    
     մը 
    
     կը 
    
     պատրաստուի:
  
 
    
     Թերթերը 
    
     ձեռքէ 
    
     ձեռք 
    
     կը 
    
     խլուին. 
    
     երկրորդ, 
    
     չորրորդ 
    
     տպագրութիուններ 
    
     իրարու 
    
     կը 
    
     յաջորդեն, 
    
     թէեւ 
    
     մեծ 
    
     մասով 
    
     միեւնոյն 
    
     բովանդակութեամբ. 
    
     ժամէ 
    
     ժամ, 
    
     վայրկեանէ 
    
     վայրկեան 
    
     նոր 
    
     լուրի 
    
     կը 
    
     սպասուի. 
    
     անյագ, 
    
     հեւ 
    
     ի 
    
     հեւ 
    
     հետաքրքրութիւն 
    
     մը: 
    
     Կացութիւն 
    
     մը 
    
     որ 
    
     անուն 
    
     չունի, 
    
     որ 
    
     նմանը 
    
     չունի 
    
     նոր 
    
     ժամանակներու 
    
     մէջ:
  
 
    
     Եւ 
    
     մենք 
    
     ալ, 
    
     ենթակայ 
    
     ընդհանուր 
    
     ջղագրգռութեան 
    
     ու 
    
     վրդումներուն, 
    
     շնչասպառ 
    
     կը 
    
     հետեւինք 
    
     դէպքերու 
    
     ընթացքին, 
    
     լուր 
    
     կը 
    
     մուրանք, 
    
     բայց 
    
     մանաւանդ, 
    
     ինչո՞ւ 
    
     չէ, 
    
     «գուշակութիւններ» 
    
     քաղաքական 
    
     «տեսութիւններ» 
    
     կը 
    
     պարզենք 
    
     մէկ-մէկու, 
    
     տունը, 
    
     խանութը, 
    
     շոգենաւին 
    
     մէջ 
    
     կամ 
    
     սրճարանը:
  
 
    
     — 
    
     Եթէ 
    
     Գերմանիան 
    
     միջամտէ… 
    
     եթէ 
    
     Ռուսիան 
    
     ալ 
    
     խառնուի… 
    
     հապա 
    
     անգլիական 
    
     նաւատո՞րմը…
  
 
    
     Հայկական, 
    
     մանաւանդ 
    
     պոլսական 
    
     միջավայրին 
    
     համար 
    
     ընտանի 
    
     ունակութիւն 
    
     մըն 
    
     է, 
    
     արդէն, 
     
      փօլիթիքայ
    
     է 
    
     ճառել, 
    
     տեղի 
    
     կամ 
    
     անտեղի: 
    
     Հասուն 
    
     թէ 
    
     տհաս, 
    
     առեւտրական 
    
     թէ 
    
     վարժապետ, 
    
     քիչ 
    
     մը 
    
     ամէնքն 
    
     ալ 
    
     իրենց 
    
     համար 
    
     սրբազան 
    
     պարտականութիւն 
    
     կը 
    
     նկատեն 
    
     անմասն 
    
     չմնալ 
    
     ընթացիկ 
    
     քաղաքականութեան 
    
     ձեւաւորման 
    
     հոգէրեն: 
    
     Եւ 
    
     մեր 
    
     մէջ 
    
     ամբողջ 
    
     սերունդ 
    
     մը 
    
     կայ 
    
     «քաղաքագէտներու», 
    
     որոնք 
    
     կրնան 
    
     ժամերով 
    
     խօսիլ 
    
     ձեզի 
    
     Պիզմարքէն 
    
     եւ 
    
     Թայմզէն, 
    
     Սըր 
    
     Էտուըրտ 
    
     Կրէյի 
    
     ծրագրէն 
    
     կամ 
    
     Սազօնօֆի 
    
     մտադրութիւններէն…
  
 
    
     Այս 
    
     առաքինութիւնը, 
    
     ի 
    
     հարկէ, 
    
     իր 
    
     բարձրագոյն 
    
     աստիճանի 
    
     պիտի 
    
     հասնի 
    
     այս 
    
     օրերուն, 
    
     երբ 
    
     Եւրոպայի 
    
     հսկաները 
    
     սաստկապէս 
    
     սրած 
    
     իրենց 
    
     ժանիքները, 
    
     կանգներ 
    
     են 
    
     դէմ 
    
     դիմաց, 
    
     մոլեգին 
    
     ու 
    
     սպառնալից, 
    
     սնունդ 
    
     փնտռելով 
    
     իրենց 
    
     արիւնածարաւ 
    
     ու 
    
     դիւային 
    
     ախորժակներուն:
  
 
    
     * 
    
     * 
    
     *
  
 
    
     Բայց, 
    
     հա՛րկ 
    
     է 
    
     որ 
    
     դիտել 
    
     տանք 
    
     թէ 
    
     այս 
    
     չէր 
    
     բուն 
    
     ճանապարհը 
    
     մեզի՝ 
    
     հայ 
    
     ժողովուրդին 
    
     համար, 
    
     ներկայ 
    
     փոթորկալի 
    
     օրերուն:
  
 
    
     Ճիշտ 
    
     է, 
    
     ընդհանուր 
    
     վերիվայրումի 
    
     իրերու 
    
     ընթացքին: 
    
     Բայց 
    
     այդ 
    
     բնական 
    
     հետաքրքրութիւնը 
    
     երբ 
    
     կը 
    
     շեղի 
    
     իր 
    
     ճամբէն 
    
     եւ 
    
     կը 
    
     դառնայ 
    
     հիւանդագին 
    
     մենամոլութիւն 
    
     մը, 
    
     ապարդիւն 
    
     ժամանավաճառութիւն 
    
     եւ 
    
     վատնում,
    
     — 
    
     մենք 
    
     է 
    
     որ 
    
     կը 
    
     կրենք 
    
     հետեւանքները, 
    
     մեր 
    
     հաւաքական 
    
     կորովն 
    
     է 
    
     որ 
    
     կը 
    
     ջլատուի 
    
     ու 
    
     կը 
    
     սպառի 
    
     վայրապար:
  
 
    
     Մնանք 
    
     արթուն 
    
     եւ 
    
     յստակապես, 
    
     ուշադիր 
    
     բոլոր 
    
     անցուդարձներուն, 
    
     սուր 
    
     պահած 
    
     մեր 
    
     ականջը,
    
     — 
    
     սակայն 
    
     չմոռնանք 
    
     ամէնէն 
    
     կարեւորը.
    
     — 
    
     Այսպիսի 
    
     պարագաներու 
    
     մէջ, 
    
     բայց 
    
     մասնաւորապէս 
    
     ներկայ 
    
     տագնապալի 
    
     պահուն, 
    
     մեր 
    
     առաջին 
    
     հոգը 
    
     պիտի 
    
     ըլլայ 
    
     նուիրուիլ 
    
     խելացի 
    
     ու 
    
     որոշ 
    
     ինքնագործունէութեան 
    
     մը, 
    
     ամփոփելով 
    
     մեր 
    
     ուժերը, 
    
     կեդրոնացնելով 
    
     մեր 
    
     կորովը: 
    
     Ռամիկ 
    
     եւ 
    
     սնամէջ 
    
     հետաքրքրութիւններով 
    
     չէ 
    
     որ 
    
     պիտի 
    
     կրնանք 
    
     պատրաստուիլ 
    
     անակնկալներուն: 
    
     Բիւրազան 
    
     պատահականութիւններ 
    
     կան,
    
     — 
    
     բայց 
    
     անոնց 
    
     հանդէպ 
    
     մէկ 
    
     է 
    
     մեր 
    
     պարտականութիւնը.
  
 
    
     — 
    
     Մնալ 
    
     զգոյշ 
    
     եւ 
    
     արթուն, 
    
     շարունակել 
    
     եւ 
    
     կրկնապատկել 
    
     մեր 
    
     ներքին 
    
     վերակազմութեան 
    
     աշխատանքները, 
    
     ուժերը 
    
     չցրուիլ 
    
     եւ 
    
     չպառակտիլ 
    
     սնոտի 
    
     վէճերով:
  
 
    
     Ներկայ 
    
     պատերազմն 
    
     ալ 
    
     իր 
    
     կարգին 
    
     ազդարարութիւն 
    
     մըն 
    
     է 
    
     մեզի 
    
     համար, 
    
     անդրադառնալու 
    
     մեր 
    
     թերութիւններուն 
    
     եւ 
    
     ուղղելու, 
    
     լարելու 
    
     մեր 
    
     ճիգերը:
  
 
   
    «Ազատամարտ», 
   
    1914, 
   
    17/30 
   
    Յուլիս, 
   
    թիւ 
   
    1562, 
   
    էջ 
   
    2