ՏԱՆ
ՍԷՐԸ
Բ
Օր
մըն
ալ
դրացիները
իմացան
որ
Կով
Առաքել
իր
տղան
կը
նշանէ
եղեր.
ու
ասիկա
դէպք
մը
եղաւ
ամբողջ
թաղին
մէջ:
Կնիկները
սկսան
լուրը
ծամել,
ըսել
խօսիլ
ու
Մարիամ
քորոն
հարցուփորձել՝
որ
դէմը
ելլողին
կ՚ըսէր.
–
Ի՞նչ
էնիմ,
մա՛րս,
քո՛րս,
ճահիլ
է,
տարիքն
եկեր
տեղը
հասեր
է,
դուռ—դրացի
երեսս
կ՚առնեն.
Աստուած
տար
ադամորդու
մի
հանդիպինք՝
գայ
ինք
ըլ
խնտայ,
մեզ
ըլ
խնտացնէ.
ի՞նչ
ունիմ,
մա՛րս.
ետիս
առջիս
փաք
իստակ,
ես
դատիմ
ինք
թող
ուտէ…
Ու
նշանեցին
Փառթալ
Գոգոյին
աղջկան:
Թաղին
մէջ
աղքատ
մըն
ալ
իրենց
պէս
այդ
Փառթալ
Գոգոն
որ
քարեման
[1]
կը
դարձնէր
փողոցները
մրշաղին
[2]
տակ,
աղուընիկ
կը
խաղցնէր
[3],
որ
տարիներով
քէն
ըրած՝
եկեղեցի
չէր
գար,
անոր
համար
որ
ժամուն
մէկ
սիւնին
տակ
իր
յատուկ
աղօթելու
տեղը,
իր
տոշկին
վրայ
կիրակի
մը
եկեր
ուրիշ
մը
նստած
գտեր
է
եղեր:
Այդ
հարսնիքը՝
ամբողջ
թաղին
հարսնիքը
եղաւ,
որուն
մասնակցեցան
ո՛չ
միայն
մօտաւոր
դրացիներ
ու
ծանօթներ,
այլ
թաղին
մեծատուններն
ալ՝
իրենց
կողմէն
ղրկուած
տան
սպասուհիին
պատուակալ
ներկայութեամբը.
իրենց
էմէքտարին
տղան
կը
կարգուէր:
Այս
ու
ան
մէկ—մէկ
շիշ
օղի
եւ
մէկ—մէկ
դդում
գինի
առին՝
գացին
նստան,
դրացիներէն
ոմանք
իւղը
տարին,
ոմանք
քանի
մը
հատ
նոր
բարձ
տարին
շարեցին
փեսին
սենեակը,
վերջապէս
ինչ
որ
պակաս
էր՝
ամբողջացնել
աշխատեցան:
Առաջին
անգամն
ըլլալով
երկու—երեք
օր
վրայէ
վրայ
Կով
Առաքելին
կրակտան
բուխերիկէն
ծուխ
ելաւ.
անկէ
առաջ
ո՛վ
էր
տեսեր
այդ
հրաշքը:
Թաղեցիները
ամէնքն
ալ
հրաւիրեալ
էին.
հարս,
աղջիկ
դռնէն,
տանիքէն
կը
մտնէին
կ՚ելլէին
խնդմնդալով:
Փեսա՜ն,
ատ
օրերուն
«Մարտիրոս
աղա»
էր
այլեւս,
որ
իր
ջիթարէէ
նոր
զպունին
վրայ
կապոյտ
չուխայէ
երկար
բալթօ
մը
հագած՝
ծանր—ծանր
կը
շարժէր
ու
կը
քալէր,
մեծ
հարսնեւորներուն
տուները
ինք
անձամբ
հրաւիրելու
կը
պտտէր՝
մէկ—մէկ
կարմիր
խնձոր
տանելով
հօրն
ու
մօրը
կողմէ
իբրեւ
հրաւիրագիր:
Վայրկեանը
հեղ
մը
ձեռքով
կը
թօթուէր
ու
բո՜ւֆ,
բո՜ւֆ
կը
փչէր
թեւերն
ու
օձիքը
վախնալով՝
որ
փոշի
չնստի
անոնց
վրայ.
ու
կը
կենար,
կը
կենար՝
զպունին
վրայ
կը
նայէր,
ինք
իր
վրայ
սքանչացողի
ու
իր
շքեղութիւնը
հայելիի
մէջ
հաւնողի
ներքին
ցնծութեամբ:
Կով
Առաքելը
նոյնպէս
ա՛լ
պաշտօնապէս
«Մխսի»
էր
այդ
օրը.
«Մխսի
Առաքել
աղա»,
բազմած
սենեակին
վերի
անկիւնը,
կռթնած
բարձի
մը,
սակայն,
հակառակ
կնկան
ու
տղին
բոլոր
գաղտնի
պատուէրներուն՝
որ
տուած
էին
հարսնիքէն
առաջ,
հազիւ
թէ
կրնար
իրեն
պահել
սրտնեղութիւնը,
տեսնելով
այդքան
բազմութիւն,
այդքան
երթեւեկ
իր
տանը
մէջ.
հոգի՜ն
կ՚երթար՝
ամէն
անգամ
որ
ուժով
գետինը
կը
կոխէին,
դռները
պինդ
կը
բանային
ու
կը
գոցէին:
«Փեսեկ
հագուցէք»ին
ատեն՝
ինչպէս
որ
սովորութիւն
է՝
փեսան
կնքահօր
առաջնորդութեամբ
պէտք
է
վերջին
պահուն
հօրը
ձեռքը
համբուրէ,
որ
ինք
ալ
իր
կողմէն՝
համբուրելով
տղուն
ճակատը,
անոր
գլխարկը
կը
դնէ՝
երբ
փեսամանուկները
«Մեր
նռնենի
ծառն
է
ծաղկեր»ը
կ՚երգեն:
Մարտիրոսը՝
յուզուած,
որդիական
յարգանքով
մօտեցաւ
Կով
Առաքելին,
ծնրադրեց
անոր
առջեւ
ու
հայրական
ձեռքը
ուզեց
համբուրել.
հանդիսաւոր
բան
մը
տեղի
ունեցաւ,
ամէնքը
լռեցին,
մայրը
կու
լար
ուրախութենէն,
ինչպէս
նաեւ
Կով
Առաքելը՝
որ
ինքզինքը
կը
զգար
գերերկրային
երանութեան
մը,
բացառիկ
պատուի
մը
ու
մեծարանքի
մը
մէջ:
Տէ՜ր
Աստուած,
այդ
րոպէն
ամբողջ
կեանք
մըն
էր
ու
կեանք
մը
արժեց
այդ
արհամարհուած,
այդ
չքաւոր
ընտանիքին:
…Հարսնիքէն
ետք՝
տունը
մնաց
հարսը,
ցածգլուխ
[4],
խելօքիկ,
արդէն
ինք
ալ
աղքատութեան
կանուխէն
վարժուած
ու
համակերպող.
բայց
տես
որ
բաղդաւորութիւնը
երկար
չքաշեց
ո՛չ
հարսին,
ո՛չ
ալ
փեսային
համար:
Քանի
մը
ամիս
ետքը՝
երբ
աշունը
հատաւ
ու
ձմրան
առաջին
ցուրտերը
ինկան՝
փեսան
սկսաւ
սաստիկ
հազալ.
շունչը
կը
բռնուէր,
սիրտը
կը
խժար,
կը
խեղդուէր:
Իրաւ
է
թէ
ամէն
ձմեռ
ալ
քիչ
մը
ունէր
այդ
հազէն,
քըխ—քըխ
[5]
տղայ
մըն
էր
արդէն,
բայց
այդ
տարին
ծանր
էր
վիճակը.
պարապ
տեղը
տաք
աննուխ
խմցուցին,
քրտնցուցին,
պառկեցուցին.
օգուտ
չըրաւ.
երթալով
անկողին
ինկաւ
ու
վիճակը
գէշի
մնաց:
Անիծած
արհեստ
մը
ունէր,
տաքին
ու
պաղին,
ամէն
եղանակի՝
հրաբորբոք
փուռին
դէմ
էր,
ծանր
մուրճը
ձեռքը՝
ծեծելով
երկաթը,
քրտնելով
պաղելով,
ու
շատ
անգամ
ալ
քրտնաթոր
վիճակի
մէջ
խմելով
ջո՜ւր,
ջո՜ւր,
զովանալու
համար
քիչ
մը:
Հիւանդութիւնը
գաղտագողի,
կամաց—կամաց
եկեր
տիրացեր
էր
սրտին
եւ
ահա
կարգուելէն
վերջը
յանկարծ
դուրս
պոռթկացեր
էր
բոլոր
թափով
ու
կը
զգետնէր
զինքը:
Տան
մը
մէջ
ուր
հիւանդի
դրութենէ
ու
հոգատարութենէ
հասկցող
չկար,
ուր
խոնաւութիւնն
ու
սնունդի,
նիստ
ու
կացի
թերի
պայմանները
վատ
կրնային
ազդել
առողջին
անգամ,
այդչափ
ծանր
հիւանդութեամբ
պառկող
մը
դժուար
թէ
հեղ
մըն
ալ
ողջ
ոտքի
ելլէր
ու
իր
անձին
տէրն
ըլլար:
Այդպէ՛ս
ալ
եղաւ.
գարնան
դէմ
տղան
մեռաւ՝
կաշի
ու
ոսկոր
դարձած,
այտոսկրերը
դժնէ
ցցուածքներով
տնկուած
եւ
երեսները
գոգաւորած,
փոսն
ինկած:
Կով
Առաքելը
կու
լար
տեսակ
մը
աղիտաւոր
ձայնով,
որու
միջոցին
դիմագծային
ցաւագին
կծկում
ու
դառն
ծալք
չէր
նշմարուեր
երեսը,
թարթիչներէն
հազիւ
թէ
քանի
մը
վայրկեանն
հեղ
մը
երկու
կաթիլ
արցունք
կը
քմուէր,
կը
կաթէր.
միայն
անծանօթ
կենդանիի
մը
թնծկանքն
էր,
կեղերջն
էր
որ
կը
յատկանշէր
իր
կսկիծը
ու
լացի
կը
նմանցնէր
զայն:
Մայրը՝
կուրծքը
կը
ծեծէր
խելայեղ,
մազերը
կը
փետտէր,
գլուխը
պատին
կը
զարնէր
ու
կ՚ողբա՜ր.
իսկ
հարսը՝
արդէն
օտարացած
անմիջապէս
կարծես
այդ
տունէն
ու
ընտանիքէն,
մէկ
կողմ
քաշուած,
չիթը
մինչեւ
բերնին
վրայ՝
անխօս
կու
լար,
արցունքները
կարկտհատի
պէս
թափելով
գոգը…
ձա՛յն
մը,
ճիկ
մը
անգամ
չէր
ելլեր
շրթունքներէն:
Այդ
մահէն
ետք
որ
վճռապէս
կը
քայքայէր
ընտանիքն
ու
կը
փակէր
օճախը,
Կով
Առաքելին
գոյութիւնն
ու
տունը
կարծես
այլեւս
անիմաստ
դարձան.
բայց
բերան
չկար
որ
չըսէր.
«Այդ
խերսուզ
ծերը՝
տղուն
արե՛ւն
առաւ,
ինչո՞ւ
կ՚ապրի,
ի՞նչ
օր
արեւ
տեսնալիք
ունի
ա՛լ…»:
Հարսը՝
քանի
ամիս
առնանցը
քով
մնալէ
ետք՝
հեռացաւ
մարանցը
տունը
եւ
վերջը
կարգուեցաւ
գնաց
գեղը:
Մնացին
նորէն
էրիկ
կնիկ.
ու
Կով
Առաքելը
սովորականի
պէս,
իբր
թէ
երբեք
բան
մը
պատահած
չըլլար,
ամփոփեց
նորէն
իր
հոգածութիւնն
ու
աղապատանքը
տանը
վրայ,
այս
անգամ
բոլորովին
զատուած
աշխարհէն,
հոգիով
փարած
անոր:
Ձմեռուան
տխուր
ու
մռայլամած
օրերուն,
միշտ
իր
թին
ձեռքը՝
կը
քրքրցնէր
ձիւնը,
կ՚առնէր
մէկ
կողմ
կը
նետէր
քչիկ—քչիկ,
կը
փորէր,
կը
լայնցնէր
անցքը,
գուրգուրալով
պատերուն
վրայ:
Բայց
տունը
գերեզմանի
մը
տպաւորութիւնը
կ՚ընէր՝
ուր
անձայն,
անշշուկ
կը
մտնէին
քնանալու
այդ
երկու
վերջամնաց
ծերունիները,
մինչեւ
առտուան
լոյսը
ծագէր,
դրան
ծխնին
ճռնչէր,
դառնար
ինք
իր
վրայ
ու
դուրս
գար
ալեւորուած
մարդ
մը,
անիծապարտ
ոգիի
մը
պէս՝
հսկելու
համար
ուրուաբնակ,
լռին
ու
կիսաւէր
այդ
շէնքին,
հսկելու
համար
որ
կենայ,
որ
ապրի
բոլորէն
ետքը,
որ
չփլի:
[2]
Գարնան
մէջ
արեւկող
տեղ,
տաքուկ
արեւ:
[3]
Աղաւնի
պահել,
ինչ
որ
ամօթ
սեպուած
է
գաւառներու
մէջ:
[5]
Հիւանդկախ,
միշտ
թեթեւ
մը
հազացող։