Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՐՆ ԶՄԱՆՈՒԿԸ ՄՈՌՑԱՒ


Արածանիի առապար ափունքներէն երկու կնիկ կը վազէին, երկու ներ, մէկ տան հարս, մէկ աւերակ երդիքէ փախած, երկուքին ալ շալակը մէկ—մէկ զաւակ։

Ջարդի, արեան օրերու ահաւոր գիշերներէն մէկն էր. երկինքէն սարսափ կը թափէր գետինը, երբ վարը՝ կ՚ըսես դժոխքին կափարիչը տեղէն հրուած, մէկ կողմ խախտած յանկարծ՝ կը պարզէր յուսահատութեան, լացի ու շիւանի, անհաւասար պայքարի ու մարդկային ստրկական խուճապի զարհուրելի երեւոյթներ։ Քաղաքը կ՚այրէր, գեղերը կը ծխային եւ ամէն տեղ, ամէն տեղ քուրդը կը հալածէր, տաճիկը կը հալածէր, ու հայը կը մեռնէր, կամ վիրաւոր՝ պառկած կը տքար։

Դէպի ո՞ւր, քուրի՛կ, դէպի ո՞ւր, բոպիկ ոտքերս բզկտուեցան, արիւնը քայլերուս տակ կը լճանայ, սղինքը [1] սիրտս կը զարնէ, ա՛լ չեմ կրնար փախչիլ. կը մեռնի՜մ հիմա, կը մեռնի՜մ հիմա…

Քիչ մըն ալ, Կիւլէ՛, քիչ մըն ալ, Տէրն ողորմած է… բայց դարձիր հեղ մը ետեւդ, տե՛ս, քուրդերը կու գա՞ն… շատ մօտեցե՞ր են…

Երկու քուրդ կը հալածէին զանոնք հեռուէն. այնքան մօտ չէին, բայց վերջապէս կրնային հասնիլ, քանի որ որջէն հալածական եղնիկներու պէս այդ անտէր հարսները ի զո՜ւր խելակորոյս կը խուճապէին աննպատակ, քանի որ բոլոր անտառն այրուեր էր հայ գեղերը, հայ շէնլիքները ամէնն ալ քար ու քանդ էին, բոլոր ապաստարանները մոխիր դարձած ու ամայի, ամայի՜ որքան անապատը, որքա՜ն երբեք անբնակ աշխարհ մը։

Աշուն էր արդէն եւ հոկտեմբերի ողբակոծ հով մը կ՚ոռնար հալածական կիներուն ետեւէն, կը հրէր, կը մտրակէր զանոնք, կարծես դիւրացնել ուզելով անոնց փախուստը, բայց իր հետ կը բերէր նաեւ հրդեհուած աշխարհին ծուխի կծու հոտը, կը բերէր իր հետ անկապ, անհասկնալի աղաղակներու վանկեր, խուլ ժխոր մը՝ ուր կ՚որոշուէին երախայի յուսահատական ճիչեր, օգնութիւն աղերսող կոյսերու վայնասունը, գերեզմաններէ յարութիւն առնող բոլոր մահուան տագնապը, մահուան վագերային ոռնոցը։

Քանի՜ ճամբան անվախճան ու քուրդերուն հետապնդումը յամառ կը դառնար, քանի՜ ձորերուն, կապաններուն խորերէն կը լսուէին տքոցներ, երբեմն սուր, երբեմն նուաղկոտ աղաղակներ՝ ա՛յնքան անել յուսահատութիւնը կը պաշարէր երկու հարսներուն անստոյգ ճակատագիրը, մինչ միւս կողմէն կ՚արձանանար կնոջական հոգին, պատրաստուելով յետին դիւցազնութեան, պատուին անտեղիտալի պաշտպանութեան։

Երկինքին վրայ ցաթեր էր մշուշոտ լուսին մը, կտրուած գլուխ մը ան ալ՝ ճիշդ կնոջ մը տրտմասքող դէմքովն ու երեսովը, ու սգաւոր Աստուածածնի վշտաբեկ ու սրտաւեր նայուածքովը կը հետեւէր այդ դժբաղդ, հալածական ճահիլ կիներուն, լուսաւորելով անոնց ճամբան, ցոյց տալով դարուփոսերուն, մացառներուն մէջէն փրկութեան աղօտ շաւիղը։

Արածանին կը հոսէր հանդարտ ու մռայլ, հազիւ ճողփալով, հազիւ համարձակելով փսփսալու իր ափերուն հետ. իր ջուրերը թանձր ու սեւ էին կուպրի պէս, իր ալիքները ցասումով, դժկամակութեամբ ուռած՝ կ՚աճապարէին թաւալիլ եղեռնական աշխարհին, եղեռնական գիշերուան ծոցէն՝ դէպի խաղաղ ափունք մը, դէպի ազատ ու աւելի արդար ասպնջավայր մը. մեռելներու դիակներովը ծանրացած էր, արիւն խմած էր կարծես ինքն ալ. անկարող վրէժխնդրութեան՝ անէծքի քստմնալից հոգի մը կը բարձրանար, կը կամարանար իր յատակէն եւ ուժով, սաստկօրէն կը վարէր զինքը դէպի առաջ։ Հրդե՜հ, արի՜ւն, դիա՜կ, ամէն ուրկէ որ կ՚անցնէր. ամբողջ աշխարհի մը հսկայ, շարժական դագաղն էր ինք՝ շալկած հեծեծանք ու հռնդիւն, ցաւ ու սարսափ՝ որոնք կը տանէր իր հետ դէպի հեռաւոր երկիրներ, ուր մարդիկ հանգիստ ու երջանիկ կը քնանային իրենց անկողիններուն մէջ, ուր գեղերը շէն էին եւ ուրախ, ուր գուցէ կոյսերու անգիտակ սափորներ պիտի գային իր ալիքներէն ջուր առնելու՝ առանց կասկածելու թէ իրենց նման քոյրերու արիւնն էր որ կը տանէին խմել.

…Բայց քուրդեր կը հալածէին միշտ՝ հաստատակամ, յաղթանակին յուսալից գամփռերու պէս, որոնք եթէ պահ մը աչքէ կը կորսնցնէին որսը՝ հոտուըտալով հեռուէն, նորէն կը գտնէին անոր հետքը, արդէն վաղուց ծանօթ այդ տեղերուն ու բոլոր անցքերուն։ Իզուր կը պոռային, կը սպառնային եւ իրենց հրացանները օդին մէջ կը կրակէին՝ խորհելով վախ տալ եւ անձնատուութեան ստիպել զանոնք։ Կիները երբեք չէին լսեր անոնց ձայնը կարծես. մահէն աւելի հսկայ երկիւղ մը եւ կնոջ անպարագրելի արիութիւնը ուժ կու տար իրենց մկաններուն, իրենց սրունքներուն եւ հեւալէն կը վազէին գետին ընթացքն ի վար։ Վայրկեան մը եթէ կենային՝ ետեւնին դառնալով թշնամիին հեռաւորութիւնը չափելու, շունչ մ’առնելու համար էր, եւ յետոյ նորէն շնչասպառ անհետանալու լուսնի աղօտ ստուերներու մէջ։

***

Վո՜ւյ, Նազե՛նի, ճչաց Կիւլէն, ո՞ւր է տղեկը, ո՞ւր մնաց գրկիդ զաւակը…

Օգտուելով նեղ ու ոլորապտոյտ ճամբու մը ցախով ծածկուած մէկ անկիւնէն եւ քուրդերէն անտեսանելի ապահովութեան մը մէջ՝ կեցեր էին երկու ներերը, դադար մ’առնելու եւ իրենց փախուստին նոր ուղղութեան մը համար խորհրդակցելու, երբ պզտիկ ները՝ Կիւլէն՝ յանկարծ դիտեց որ իր ընկերոջ շալակը չկար զաւակը. ու սարսափահար հարցուցեր էր.

Վո՜ւյ, Նազենի, ո՞ւր է տղեկը, ո՞ւր մնաց…

Դառնօրէն դողդղացող ձայն մը՝ ցամաք ու սառն՝ որ կորսուած մանկան մօրը կոկորդէն քերուեցաւ՝ պատասխանեց խռպոտ.

Գե՛տը նետեցի զայն…

Տիրեց րոպէ մը ցաւագին լռութիւն. մթնշաղ լոյսին մէջ կը կենային կիները երկու ստուերներու պէս։ Իրենց կացութիւնը մորմոքալի էր, ծածկուած ցնցոտիներով մինչեւ իրենց կուրծքը, մինչեւ իրենց սրունքները, անօթի՜, ոգեսպառ եւ ջախջախուած։ Հովը կատաղութեամբ կը փչէր հիւսիսի բերնէն՝ միշտ հեծեծագին եւ միշտ մարդկային գանգատներով ու կսկիծով գալարուած։

Եւ ահա Կիւլէին քամակին վրայ պառկած մանուկը՝ որ թմրած էր ցուրտէն, որ աւելի մեռած՝ քան քնացած կը թուէր, թփրտաց, գլուխը շարժեց մօրը ուսին վերեւ։ Ապահովաբար պիտի լար եւ թշնամիին իմաց տար իրենց փախուստի ուղղութիւնը։ Կա՜թ, բայց մօրը ստինքներուն մէջ արիւն կար ու թարախ։

Այդ միջոցին հեռաւոր ոտնաձայներու շշուկը բերաւ քամին եւ կիները կրկին մօտաւորութիւնն զգացին սեւ վտանգին, սարսափին։ Պէտք էր աճապարել, հեռանա՜լ։

Շարժի՛ր, Կիւլէ, փախինք, ժամանակ չկայ կորսնցնելիք…

Բայց Կիւլէն շատ աւելի յոգնած էր, որովհետեւ զաւկին բեռն ալ ունէր կռնակին վրայ, երբ մանաւանդ ահա արթնցող թշուառ մանկան հետ կ՚արթննար նաեւ գորովն ալ մայրական դժբաղդ կուրծքին խորը ու կը ստիպէր նահանջելու անոր դիմադրական արիութիւնը. առաջին անգամն ըլլալով Կիւլէն տկար ու անկարող զգաց այլեւս ինքզինք. զսպուած արցունքը՝ յորդելով իր կուրծքէն՝ դուրս պոռթկաց անոր ահաբեկ աչքերուն խորէն.

Ա՛լ չեմ կրնար քալել, Նազե՛նի, ողբաց խելակորոյս մայրը. թող իմ մարմինս շունե՛րը ուտեն, միայն զաւակս ողջ մնայ. քուրդը ձեռք չի վերցներ անմեղ երախային վրայ… թո՛ղ զիս ու հեռացիր դուն, փրկէ՛ հոգիդ…

Խե՛նթ, քալէ՛, պատասխանեց ներոջը տիրական ձայնը. եւ մութին մէջ երկու խօլական թեւեր բարձրացան՝ տենդագին յափշտակելով մանուկը մօրը ուսին վրայէն. ակնթարթ մը ետքը քստմնելի ճողփիւն մը թնդաց գետին մէջ։

Վո՜ւյ, ճչաց սուր ու սարսռագին աղաղակ մը ահաբեկ. ի՜նչ ըրիր, ի՜նչ ըրիր զաւակս…

Եւ այդ աղեխարշ վայնասունը պողպատէ սլաքի մը պէս որ կրանիթէ ժայռի մը բախած ըլլար՝ արձագանգեց մահահոտ այդ շրջավայրին մէջ ու խօլական սարսուռի մը փոխուեցաւ՝ խառնուելով դժոխային գիշերուան քամիին հետ։

Մանուկը գետին մէջ էր արդէն եւ երկինքէն փոշիացող լոյսի տժգունութեամբը կը զանազանուէր ջուրին երեսը. թոյլ հոսանքը վայրկեան մը խլած էր զինքը, բայց որովհետեւ ափունքը հոտ ծանծաղուտ եւ շատ երեսք էր՝ մանուկը չէր խեղդուած, այլ ընդհակառակը բնազդային ինքնապաշտպանութեամբ կը ջանար մօտենալ եզերքին. արդէն քանի մը քայլ հազիւ հեռու էր անկէ, երկարող ձեռք մը պիտի կրնար բռնել իր լաթերէն եւ ազատել զինքը։ Մայրը՝ սարսափահար, ուշակորոյս, առաջին պակուցումէն իսկ քարացեր էր. բաց աչքերը չէին տեսներ եւ ականջները խուլցեր էին. այդ ամբողջ գետը իր հոգւոյն մէջէն կը վազէր կարծես եւ ինքն ըլլար խեղդուողը։

Բայց մանուկը կը մօտենար գետափին եւ սէզերը կը դպնային իր ձեռքերուն։ Մանկական քնքուշ թեւերով կը կռուէր ջուրին հետ, գոյութեան պայքարը կը մղէր։ Սակայն ահա մութին մէջ անզգամ, անխիղճ ոտք մը բարձրացաւ եւ դիւային կից մը տալով ե՛տ հրեց զայն ու խորասուզեց ջուրին յատակը։ Նե՛րն էր։

Ու նոյն անգութ ձեռքը փաթթուած միւսին, զգայազուրկ մօրը մազերուն՝ ցնցե՛ց, քաշեց առաջ եւ ստիպեց բռնութեամբ՝ շարժիլ, շտապել, փախչի՜լ։

Միշտ հալածական, սկսան խուճապել նորէն՝ յիմարացած կիները, այս անգամ երկու եղեռնագործներու, գիշերային տենդահար վհուկներու պէս, փախցնելով իրենց հետ կեանքին վայրագ փրկութիւնը, կնոջական պատիւին անհաս սրբութիւնը։

Գետը խանձարուրի մը քնքշութեամբ գրկեց մանուկը, մեղմելով օրօրեց, առաւ իր թեւերուն մէջ՝ փոխարինելով մայրական բազուկներուն գուրգուրանքը, մայրական սրտին գորովը, եւ ֆշաց կատաղի վիշապի մը նման սուրալով դէպի առաջ, երթալով միեւնոյն ուղղութեամբ ու նոյնքան անստոյգ հեռակէտ մը՝ ինչպէս երկու որդեկորոյս, մրրկավար մայրերը իր հոսանքին հետ։

Քուրդերը կը հալածէին եւ կիները հեւալով կը փախչէին անոնց առջեւէն։


[1]        Սաստիկ ցաւ, նեղութիւն։