Ցագալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ե.
ՍԵՒ ՊԱՀԸ


Այդ իրիկուընէ ի վեր հազիւ քանի մը օր անցեր էր՝ երբ գեղն ամբողջ մէկ ձայնով ցաւագին անցքի մը վրայ կը խօսէր ու խոճապաշիին անունը կու տար:

Սիմոյին գալէն օր մը ետք Նիկօն գեղէն հեռացեր էր ու արտորանքով նորէն վերադարձած. կ՚ըսէին թէ քաղաք գացեր եկեր է ու մէկ ձայնի վրայ կը պոռայ: Դուրսէն փրթողը ներս կու գար. եկողը կը խռնուէր, հիւանդին բոլորտիքը կը շարուէր, շատեր ալ գլուխնին երերցնելով դուրս կ՚ելլէին: Փորը, սիրտը կը ցաւէր. կը պոռար, կը տանջուէր, դեղ ու դարման օգուտ չէր ըներ:

Ամա՜ն, կը մեռնի՜մ, կը մեռնի՜մ, կը պոռար՝ խռպոտ, ոռնացող ձայնով մը՝ որ մորթուող երինջի մը օրհասական բառաչիւնին կը նմանէր: Ու գեղացիները՝ յուսահատ, ձեռքերնին իրենց զպունին գրպանները դրած, բան մը չէին կրնար ընել, փրկութեան միջոց մը չէին կրնար գտնել. փորձառութեան գիտցած բոլոր դեղերը, խոտերը եփեցին խմցուցին իրեն. անօգուտ, ցաւը կը սաստկանար, տանջանքը կը սրէր՝ որուն բռնութեան, գիշատիչ ուժին տակ Նիկոն կը գալարուէր, կ՚ոռնար ու կը կապուտնար:

Կրա՜կ մը կայ ներսս, կը վառի՜, կ՚այրէ զիս, ամա՜ն, ամա՜ն…

Բայց ի՞նչ կրնային ընել այդ թանձրամարմին, հեզահոգի, ու բարի, ոչխարի նայուածքով գեղացիները՝ որ անոր աղաղակներուն ու ցաւի ճիչերուն տպաւորութեան համեմատ իրենք ալ իրենց դէմքերուն վրայ կծկում մը կ՚ընէին ու երեսներուն մկանունքները վեր կը քաշէին:

Դուրս ելլողները կը խօսէին.

Ծա՛, վալլա՛հ, աղու է կերեր աս մարդը, կ՚ըսէր մէկը:

Ի՜նչ կ՚ըսես, ծա՛, կ՚ըսէր ուրիշ մը միամիտ ապշութեամբ:

Թաթարխամի է, եավրո՛ւմ, կ՚աւելցնէր իմաստուն մը, շան պէս ոռնուքով հոգի տի տա, Աստուած հախը՝ հախ, դատաստանը դատաստան կ՚ինէ:

Ու խոստուքը, այդ մոլեգին, յիմարական եւ ահաւոր ցաւը չէր մեղմանար: Ընդհակառակը երթալով կ՚աճէր, կը տարածուէր իր մարմնին մէջ, կապուտցնելով անոր շրթունքները, ուռեցնելով, դուրս ցցելով աչքերն իրենց կապիճներէն, կամաց—կամաց բռնանալով անոր կոկորդին, նոյնիսկ ձայնին վրայ: Երեսներուն, քունքերուն բոլոր երակները արիւն խմած տզրուկներու պէս ուռած էին: Բոլոր մարմնովը ինքզինք դուրս կը նետէր անկողնէն. ճակատը, բերանը գետնին հողերուն կը քսէր, երբ շողիքը վազելով շրթունքներէն՝ ցեխոտած, դէմքին վրայ կը փակչէր: Ի զո՜ւր զինքը իր տեղը կը պառկեցնէին. կը թաւալէր, կը գալարուէր ու օղակ—օղակ ըլլալով՝ նորէն կը փռուէր գետինը:

Պակուցիչ, եղերական հոգեվարք մըն էր ասիկա, խռովքով, սարսափով ու սասանումով լեցուն. արիւնի, փսխունքի մէջ կը խեղդուէր ու բոլոր անձով քստմնելի երեւոյթ մը կ՚առնէր: Նայուածքը կը խոլորէր, դիմագծային արդէն իսկ իր բիրտ ու խոժոռ արտայայտութիւնը՝ աւելի ահազդեցիկ, աւելի չարաշուք կը դառնար: Եւ այսպէս, ամէն մէկ մազէն մէկ—մէկ արիւն—քրտինք դուրս տալէ, ցաւերուն ահաւորին, գերագոյնին տակ յօշոտուելէ ետք միայն կրցաւ հոգին տալ այդ մարդը, խոճապաշին, գլուխը հերթափ, կոպերը քաշուած, բզկտուած, ինք ամբողջ անճանաչելի դարձած:

Թաղեցին զինքը: Ու գեղը եթէ անոր դագաղին ետեւէն լիաթոք ազատ շունչ մը կ՚առնէր, միւս կողմէն ալ նոր լացերու կը պատրաստուէր…

Բայց, նախ ըսենք թէ ի՛նչ էր եղածը:

Սիմոյին հասնելու երկրորդ իրիկունն իսկ՝ երբ էրիկ կնիկ մինակ էին, չեմ գիտեր ի՛նչպէս եղաւ՝ խօսքը տանը վրայ դարձաւ: Նունիկ՝ հոգեկան այն տագնապով թէ կեսուրը տղուն վերջապէս պիտի պատմէր անցած դարձածը, քանի որ շատ անգամ իրեն այդ սպառնալիքն ըրած էր՝ ինք սկսած էր լրբենի յանդգնութեամբ մը առաջին խոստովանութեան ծայրը դնել, յուսալով չարիքին առաջքն առած ըլլալ այդպիսով: Գեղի կնկայ միամտութեան ծայրագոյն աստիճանն էր ասիկա: Էրիկը՝ ահաբեկած, այլայլած, յանկարծակիի եկած, զգացեր էր թէ ահագին անդունդէ մը կը գահավիժի. ակնթարթի մը մէջ դեփ—դեղին կտրած, ճերմակ շրթունքներով ու դիւահարի աչքերով կրցած էր առաջին տպաւորութեան տակ իսկ կամքի ու ջիղերու տարօրինակ հաւասարակշռութիւն մը պահել սակայն: Հասկնալու բուռն եւ ահաւոր հետաքրքրութիւն մը կը յաղթանակէր իր ցասման: Ու այդ մեղրամոմէ գոյնովը՝ որ երբեմն հալելով սաստիկ կարմիրի մը կը փոխուէր՝ լսած էր անսպասելի, յուսահատեցուցիչ չարիք ին մանրամասնութիւնները, պժգալի, ցաւագին ու շանթահարող իրականութիւնը: Ու երբ կինը՝ բնականաբար իր անձին համար միշտ ակնառու հանգամանքով մը, իր մեղքին զարհուրելի բայց խղճամիտ հաշուետուութիւնը կ՚ընէր, Սիմոն անցեալին վերյուշումը կ՚ունենար, հի՜ն օրերուն՝ որ արիւնոտ ձեռքով մը կը բացուէին այս պահուն:

Կ’երեւակայէր այն ցրտասարսուռ ու փոթորկոտ գիշերները՝ երբ Պոլիս ծովուն վրայ սառած, փայտ կտրած մարմինով ցեխ կը հանէր՝ կղմինտր կտրելու համար հարուստ տէրերու. կ՚երեւակայէր մահուան վտանգովը միշտ յղի այդ աշխատանքը իր բոլոր արհաւիրքին մէջ, յետոյ այն միամիտ մխիթարութիւնը, տան սէրը՝ որ իրեն ոյժ կու տար, ծննդավայրին ու իր տանը մէջ ունենալիք իր ապագայ հանգստութեան հեռանկարը՝ որ կը քաղցրացնէր ամէն տանջանք… մինչդեռ նոյն այդ գիշերներուն իր եղբայրն ու դէմը նստող սա վատոգի քածը՝ անփութօրէն, քարսրտութեամբ՝ գազանային հեշտանք մը կ՚ըմբոշխնէին իր իսկ անկողնին մէջ. վա՜խ…

Կինը կը պատմէր ու ինք համբերութիւնը կ՚ունենար լսելու: Վայրկեանները որ կու գային կ՚անցնէին՝ կրակով, փոթորիկով, բոցով բեռնաւորուած՝ կ՚եռացնէին, կ՚արթնցնէին իր բոլոր կիրքը, ցասումը եւ հոգիին յատակը հաւաքուած բոլոր կատաղութիւնները կը լզէին: Կը տեսնէր թէ իր անձնուիրութիւնը, պատիւը եւ իր եղբայրական, այրական բոլոր սրբութիւնները նոյն զոհի սեղանին վրայ բարձրացեր էին եւ ինք գարշելի դաւադրութեան մը ողջակէզն էր եղած: Կը դիտէր իր սպանուած յոյսերուն, զգացումներուն ու ակնկալութիւններուն ողբալի դիակները, որոնք օր մը պահապան սուրբերու պէս կեանք, ոգեւորութիւն էին տուած իրեն՝ դիմագրաւելու համար լլկանքներու, կամաւոր անձնազրկութեան, ղարիպ—ղուրպէթի հալին ու մոխիրին: Ա՞յս էր ամէնուն վարձատրութիւնը, ա՞յս էր իր եղբօրը ու իր կնկանը պահած վերջին փոխարինութիւնը…

Ո՛չ, ասիկա անզգամութեան լրումն էր: Ազրայէլն անգամ մեղաւորի մը սնարին քով այսքան անգթութեամբ իր ճիրանները չպիտի երկնցնէր անոր սրտին ու հոգիին:

Կը նայէր, բայց ա՛լ բաց աչքերը տեղի մը չէր որ կը յառէին, այլ սուր, ցցուած ու անորոշ նայուածք մըն էր որ կ՚երկննար ու չէր տեսներ. կը խեղդուէր, շունչը կը կտրէր, պռկունքները կը դողդղային ու թուքը կը չորնար բերնին մէջ. երկաթէ գառագեղի մը մէջ յեղակարծօրէն բռնուած զոհի մը սարսափը կը կրէր: Արիւնազանգ աչքերով իր անհուն վշտին մթութիւնը ճեղքելով կը տեսնէր կործանարար աւելի զարհուրեցուցիչ ու աւելի ցնորական սարսափ մը, որ դէմը կը տնկուէր… արդեօք իր արիւնը կը կրէի՞ն այն զաւակները՝ որոնց հայրը ինք էր, ինքզինք այնպէս կարծած եւ այնպէ՛ս բաժնած իր հայրական զգացումնե՞րն ալ տարիներու այս խաբէութեան խաղալիքն էին եղած…

Այս կասկածը գիշակեր, ճիւաղային ու հրանուտ՝ ցնցեց զինքը, բզկտեց ինչ որ կը մնար տակաւին այդ նահատակ սրտին խորը կայուն ու դիմադրական, եւ խենթեցած, յիմարական ոստիւնով մը դուրս նետուեցաւ սենեակէն: Առանց կօշիկներն հագած ըլլալու, բաց գլխով, ցիրուցան, տնկուած մազերով, մրրիկին առջեւէն հալածական անգիտակ ոստի մը խօլական թափովը ինքզինքը փողոցը գտաւ եւ սկսաւ վազել: Շուները կը հաջէին, կը վազէին ետեւէն ու ինք դիւահարած կ՚երթա՜ր…

Կինը՝ չքացած, սահմռկած, երբ ակնթարթի մը իր զգայազրկութենէն ինքզինք գտաւ՝ պոռա՜ց, դրացիները կանչեց եւ ինք ալ փողոցը նետուելով՝ խենթի պէս գետին ճամբան բռնեց, ուրկէ հեռացած էր էրիկը: