Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԱՀԱՆՋԸ
(ՔՐԴԱԿԱՆ ՎԻՊԱԿ)
Ա


Հաւա՜ր, հաւա՜ր, մէկ օրուան մէջ այս աղաղակը լեռներու հզօր քամիին պէս թռաւ սարէ սար, գեղէ գեղ, բոլոր այն աշխարհին մէկ ծայրէն միւսը՝ որ Զոզոյին աշիրէթը [1] բռներ էր։

Զոզոն՝ ցեղապետն էր քրդական այն փոքր բայց ազատ աշխարհին՝ որ Տէրսիմի սէգ բարձունքները գրկեր, իրենց հսկայական թեւերուն մէջ վեր բռներ էր հոն՝ վարի լայնարձակ այլ սակայն ստրկական տափարակներէն։

Հաւա՜ր թշնամի Զիլֆըխարը բազմաթիւ սպառազէն կտրիճներով կը մօտենար Զոզոյի ցեղին. կռիւը յայտարարուած էր արդէն։

Ինչո՞ւ կ՚ապրի կտրիճը երբ թշնամիին ձիուն խրխինջը մինչեւ իր երդիքը պիտի գայ հասնի, երբ իր ցեղին աղջիկները այդ թշնամիին մկունդներուն նախատական շողիւնը պիտի տեսնեն։

Խռովեցաւ, մէկ օրուան մէջ, այլափոխուեցաւ լեռներու խաղաղութիւնը, այդ խրոխտ, հպարտ սարերը իրենց կատարներով դարձան կարծես աւելի գոռոզ, սպառնալից, աւելի ահաւոր։ Կ’ըսես կաղնիները կէս մէջքը աւելի հասակ նետեցին, ժայռոտ գագաթները վեր ցցուեցան ու ժանտատեսիլ, արհաւրալից դիրք մը բռնեցին։ Կռուի տենդը սարսուռի մը պէս բռնեց թաւ անտառներն ու անդնդախոր ձորերը։

Դադրեցան գիւղերուն ծխանները մխալէ, կանգ առաւ սովորական կեանքը։ Ով որ էրիկ մարդ էր եւ ուժ ունէր՝ կռուի պատրաստուեցաւ։ Հովիւներն անգամ իրենց նախիրը մանուկներու եւ աղջիկներու թողելով՝ գեղերն իջան զինուելու։

Տուներուն մէջ պէտք էր մնային միայն ծերերն ու կիները։ Քոյրերը կը թրջէին իրենց եղբայրներուն տրեխը եւ կը պատրաստէին վառօդն ու գնդակը, իսկ ձիաւոր կտրիճները աչքէ կ՚անցընէին ասպարէզը, կը մաքրէին փոշին իրենց սուրերուն ու ժանգը՝ իրենց հրացաններուն։

Շո՛ւտ , որչափ հնար է, աւելի շո՛ւտ դէպի թշնամին։

Պէտք է խմենք Զիլֆըխարի արիւնը։ Անոր կտրիճներուն դիակները՝ տերեւներուն պէս պիտի լեցնենք մեր ձորերուն մէջ…

Այսպէս կը խրոխտային երիտասարդները ու կապելով իրենց զէնքերը, կը մեկնէին շտապով։

Ա՛լ թռչուն չէր անցներ լեռնային ոչ մէկ ճամբայէ, որովհետեւ ամէնն ալ երկիւղալի էին եւ իւրաքանչիւր թուփ, ամէն ապառաժի խոռոչ, իւրաքանչիւր քարի կտոր՝ դարանակալ թշնամիին հաւանական ապաստարանը եղած էր։

Ու կիները բարձրացեր էին տանիքներուն վրայ, աղջիկները կեցած հիւղակներուն առջեւ՝ ճամբու կը դնէին սիրելիները եւ կը նայէին անոնց ետեւէն երկա՜ր, երկա՜ր նայուածքներով։

Ուրախ ու արիասիրտ էին բոլոր մեկնողները, կարծես հարսնիքի երթային. ո՛չ երկիւղ, ո՛չ խռովք իրենց արեւահար պղնձագոյն դէմքերուն վրայ։

Ամօ՜թ կռուի գացող այն մարդուն՝ որ գլուխը ետեւ կը դարձնէ ու արցունքով կը նայի իր տանը։


[1]        Ցեղախումբ, տոհմ։