Ցագալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՆԱՀԱՆՋԸ
(ՔՐԴԱԿԱՆ ՎԻՊԱԿ)
Ե


Տէրսիմի ժայռերն ու վիթխարի լեռներու անընդմիջական խռանը չարաշուք լռութեան մը շապիկը հագան, երբ դադրեցաւ զէնքերու որոտը, սուրերու եւ տէգերու շկահիւնը, երբ կռիւի դաշտէն ուշացող վերջին ոտնաձայներն ալ կորսուեցան ամէն կողմ, անծանօթ ճամբաներու ուղղութեամբ։ Մթութիւնը առաւ իր մէջ յաղթական թէ պարտեալ։ Միայն գիշերը մնաց վիրաւորներուն հետ։

Միայնակ, խարխափելով, սողալով, մագլցելով՝ Զոզոն կը փախչի. կը շտապէ իր կեանքն ազատելու։

Կը շտապէ, բայց ամօթի ու նախատինքի մրրիկը կը հալածէ զինքը։ Ո՞ւր կ՚երթայ. չի՛ գիտեր։ Առաւօտը կը լուսնայ շուտով, արեւը կը ծագի վաղը ու ամէնքը պիտի նային իր երեսին, պիտի տեսնեն նահանջող կռուողին վատութիւնը իր ճակտին վրայ ու մանուկներն անգամ արհամարհանքով գլուխ պիտի դարձնեն իր անցած ատեն, եւ ծերերը իրենց սպիտակահեր գլուխը բացած՝ պիտի անիծեն վատ հայրը ու օրհնեն հերոս զաւկին յիշատակը։

Հայրը կը շտապէ, իր զաւակը՝ լերան մէկ կողքին, հանդարտօրէն կը քնանայ պատուաւոր մահուան անուշ քունը։ Զաւակը աւելի բախտաւոր՝ քան պատուոյ դաշտէն դասալիք ողջ հայրը։ Կը քնանայ կտրիճը գանգուրները ցիրուցան ճակտին վրայ, ճերմակ շապիկը իրեն իբրեւ պատանք ու ազնուական արհամարհանքը դեռ կենդանի իր սառ նայուածքին մէջ։

Հայրը կը փախչի ու որդիին ստուերը կը հետապնդէ զայն՝ կաղնիներուն մէջէն, ձորերուն արձագանգէն, կը վազէ, կը հասնի անոր։ Շապիկին ճերմակ թեզանիքները մինչեւ դաստակները վեր քաշած, հանգրիճած է՝ ինչպէս խրախճանքի եւ կռուի օրերուն. շապիկը արիւնաթաթախ եւ կուրծքին վրայ փառքի տեղէն կը մնայ վէրքը. կ՚աղաչէ հօրը, կ՚աղաչէ, որ ետ դառնայ ամօթի ճամբէն, դէպի կռուի դաշտը եւ սրբէ իր ամօթը… Եթէ յաղթութիւնն անկարելի է, մահն աւելի հեշտ է, պատուաւոր։

Բայց արդէն ուշ է, կռուի դաշտը հեռու եւ յաղթութեան բախտը անկարելի։ Քայլերը հազիւ շարժելու ուժ ունին ու խաւարը զարհուրելի է…