ՏԷՐՏԷՐԻՆ
ՀԱՐՍԸ
(ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ
ԿԵԱՆՔԻ
ՊԱՏԿԵՐ)
Գ
Անկէ
ետքը
գեղը
աղէկ
օրեր
չտեսաւ,
բայց
Տ.
Կարապետին
օճախն
ալ
աւելի
անբաղդ
դէպքեր
դիմաւորեց։
Այն
ատեն
լուսինը
խաւարեցաւ,
արեւը
բռնուեցաւ,
գարնան՝
սպասուած
անձրեւները
չթրջեցին
դաշտին
հողերը,
պաճարախտն
եկաւ,
գոմերն
ու
ախոռները
ամայացուց
եւ
մարախներու
տարմեր
անցան
հունձքերուն
վրայէն,
փճացուցին
շատ
բան
ու
երկրագործը
մոխիրի
վրայ
նստեցուցին։
Տ.
Կարապետը
անխռով
պառկեր
էր
գերեզմանին
մէջ
ու
կ՚ըսէին,
որ
գիշերները
լոյս
կ՚իջնէր
վրան։
—
Լուսահոգի՜,
երանի՜
քեզի,
կը
կրկնէին
գեղացիք,
որ
աչքդ
գոցեցիր
ու
գացիր
պառկեցար.
մեր
սա
գլոխները
ինչե՜ր
տեսան
ու
դեռ
ինչ
մութ
օրեր
ալ
պիտի
լուսնան
վրանիս,
արդար
հոգիիդ
պէյան
[1]
էր
եղեր
կ՚ըսես…։
Եւ
անխախտ
համոզումով
կը
պնդէին
թէ
Տ.
Կարապետը
իրենց
գեղին
խէր
պէրէքէթն
[2]
էր,
իրենց
գեղին
բարերար
ոգին
էր.
ինք
որ
բաժնուեցաւ
իրենց
մէջէն՝
ցաւն
եկաւ,
շնաճանճի
պէս,
թափեցաւ
իրենց
դաշտերուն
ու
տավարներուն
վրայ,
ձախորդութիւնը
գեղին
վրայ
կարժառի
պէս
կը
կարժուէր
ու
չէր
հատներ,
ծայրը
չէր
գար։
Չքաւորութիւնն
ու
խեղճութիւնը
մինչեւ
այն
սահմաններուն
հասան
որ՝
շատ
ընտանիքներ
լքեցին
տուն
տեղ,
ունեցած
չունեցած,
ու
անցան
գացին
դաշտին
միւս
ծայրերը,
աւելի
բախտաւոր
շէնլիքներու
մէջ
գլուխնին
ծածկելու,
շատերն
ալ
քաղաքը
փախան՝
իրենց
կռնակը
քարի
ու
աղիւսի
առջեւ
ծռելու,
այս
խանին
ու
այն
փողոցին
անկիւնները
մուրացկանէն
քիչ
մը
պատուաւոր
ապրուստով՝
կտոր
մը
հաց
ձեռք
ձգելու
ու
փորերնին
կշտացնելու։
Եւ
արդէն
դաշտի
մարդուն
բախտն
ու
երջանկութիւնը
ամէն
վայրկեան
մազի
մը
թէլէն
կախուած
է,
տարի
մը
անձրեւը
կ՚ուշանայ,
տարի
մը
ցանքին
ժանգ
կը
զարնէ,
օր
մը
հեղեղը
կու
գայ,
արտն
ու
պարտէզը
կը
կոխէ,
ու
ահա
երկրագործին
մէջքը
կը
կոտրի,
ձեռքերը
ծոցը
կը
մնան
ու
կաքաւի
ձագերու
պէս
աչքերուն
սեւուցը
կ՚երթայ
ճերմկուցը
կու
գայ,
ու
եթէ
անօթի
չի
մեռնիր,
Աստուած
գիտէ՝
մահը
քանի
անգամ
աչքովը
կը
տեսնէ։
Այս
անէծքի
քամին
փչեց
ահա
այդ
գեղին
ալ
վրայէն
ու
շատ
տուներ
մնացին
անտէր
ու
դռնփակ,
դեւերու
բնակարան։
Երիտասարդ
չմնաց
գեղը,
ուժի
տէր
կտրիճները,
աշխատող
բոլոր
ձեռքերը
թողուցին
իրենց
ծննդավայրը,
թողուցին
մայր
ու
ծնողք,
թողուցին
աշխատութեան
խաղաղ
գործիքները
ու
ձգեցին
գացին
դէպի
օտարութիւն։
Դաշտը
խլուրդներուն
ու
օձի
բոտոտներուն
մնաց։
Ի՞նչպէս
պատմել,
ի՞նչ
լեզուով
հասկցնել
Տ.
Կարապետին
տան
այդ
տարուան
տագնապն
ու
կարօտութիւնը։
Հետզհետէ
լեցուն
կարասները,
փեթակները,
բղուղները
դատարկուեցան,
եղածը
կերան
ու
գտնուածն
ալ
վերջապէս
հատաւ…
Տէրտէրին
ցաւագար
տղուն
առողջութիւնը
վատթարացաւ.
օր
մը
առողջ՝
հինգ
օր
անկողնէն
դուրս
չէր
ելլեր.
դուրսէն
եղունգ
մը
բան
չկար
ներս,
ո՞վ
որու
վրայ
խշխշալու
իրաւունք
կրնար
ունենալ,
ո՞ր
աչք
որո՛ւ
համար
կրնար
լալ.
գեղացիք
ամէնքն
ալ
իրենց
ցաւովը
կը
տապկտուէին,
ամէնքն
ալ
գիշերները
նոյն
մտմտուքի
ու
նոյն
հնհնուքի
բարձին
վրայ
գլուխ
կը
դնէին,
ամէնուն
ալ
կուրծքէն
ու
երդիքէն
նոյն
ծուխն
էր
որ
կը
ծխար։
Մարդ
մարդու
վրայ
յոյս
չէր
կրնար
դնել։
Բայց
Հոռմերը
կը
շարունակէր
իր
ընտանեկան
արդէն
վաղուց
կորսուած,
չքացած
դիրքին
ու
արժանապատուութեան
վէսութիւնը
կանգուն
պահել՝
իր
ազնուական
շարժուձեւերով,
իր
խօսքերուն
հանդարտ
ու
գանգատի,
տկարութեան
ամէնէն
խուսափուկ
խոստովանութենէն
իսկ
ազատ
քաղցրութեամբ,
նոյնիսկ
ուրիշներու,
աւելի
անբաղդ
ու
չքաւոր
դրացիներու
կամ
ծանօթներու
մասին
ցոյց
տուած
իր
կարեկցութեամբ,
որպէս
թէ
ինք
աւելի
դիւրակեաց
վիճակի
մը
մէջ՝
իրաւունք
ունեցած
ըլլար
արդէն
բաժին
մը
հանելու
օտարին։
Գեղացին
շատ
իմաստուն
չէ,
բայց
իր
գեղին
հալն
ու
իր
շէնլիքին
կացութիւնն
ալ
ճիշտ
չհասկնալու
չափ
ոչ
անխելք
է,
ոչ
ալ
այնքան
պարզամիտ.
ընդհակառակը,
մէկ
ծայրին
տունը
շատ
լաւ
գիտէ,
թէ
նոյն
գիշերը՝
միւս
ծայրին
վրայ
գտնուած
տունը
քանի՛
ճրագ
կը
վառի
եւ
նոյն
օրը
ի՛նչ
կերակուր
եփեցաւ
անոր
կրակարանին
վրայ։
Արդէն
ամէն
իրիկուն,
պառկելէ
առաջ,
երբ
թոնիրին
բոլորտիքը
կը
հաւաքուին
մեծ
ու
պզտիկ,
կամ
սենեակին
մէկ
մութ
անկիւնը
կը
նստին
ծունկի
վրայ՝
ամէնքն
ալ
իրենց
կարգին
գեղին
աղէկին
ու
վատին,
ըրածին
ու
ընելիքին
վրայ
կ՚առնեն
կու
տան,
կը
չափեն
ու
կը
կտրեն.
իբր
թէ
գեղը
մեծ
ընտանիք
մը
ըլլար
ու
անոր
մէջ
ապրողները
ամէնքն
ալ
մէկ
հօր
ու
մօր
զաւակ։
Ասոր
համար,
Հոռմերը
որքան
ալ
որ
իր
հպարտութիւնը
ուսերուն
վրայէն
վար
չէր
առներ,
որքան
ալ
իր
ինքնասիրութիւնը
հին
օրերու
շուքովը
ծածկել
կը
ջանար,
բայց
գեղացիք
լաւ
գիտէին
իր
ու
իր
ընտանիքին
կացութիւնը։
Խերն
անիծած
այն
ցաւին
որ
վրայէ
վրայ
չի
գար.
այս
կարօտութեան
օրերուն՝
Հոռմերին
գլխաւորը
երթալով
ինկաւ,
ամիսներով
անկողինը
կպաւ
ու
եթէ
ցաւը
կար,
միւս
կողմէն
ալ
աղքատութիւնը
եկաւ
կախուեցաւ
վիզէն,
այնպէս
որ
օր
մը
հատաւ,
կաշին
ոսկորներուն
փակաւ
ու
ագռաւի
ձագ
մը
անգամ
ցեցքած
[3]
ատեն
երկու
կտուց
միս
պիտի
չկրնար
փրցնել
այդ
արկածալից
ու
ախտավարակ
մարմինին
վրայէն։
Վերջապէս
մեռաւ
գնաց
այն
պահուն,
որ
հացի
տաշտին
վրայ
հազիւ
քանի
մը
ձեռք
հաց
ու
կուժին
ալ
մէկ
անկիւնը
քանի
մը
կուտ
ոսպի
հատիկ
կը
մնար։
Ինչ
որ
ալ
ըլլար,
էրիկ
մարդ
էր,
իր
հազը
տեղ
մը
կը
բռնէր
տան
մէջ,
իր
շունչը
յուսադրութիւն
մըն
էր.
ու
Հոռմերը
լացաւ
էրկանը
դագաղին
ետեւէն,
անոր
տեսած
վերջին
օրերուն
սեւութեան
վրայ,
հիւանդի
տառապագին
կեանքին
համար,
լացաւ
մանաւանդ
իր
իսկ
ճահիլութեանը
վրայ՝
այդ
մարդուն
հետ
գլուխ
գլխի
տուած
օրէն
ասդին
տեսածներուն,
լսածներուն,
քաշածներուն
ցաւակոծ
անդրադարձումովը.
յիշատակներ՝
որ
համրիչի
հատիկներու
պէս
մէկիկ—մէկիկ
կ՚իյնային
մտքին
մէջ։
Կու
լար
շատ
աւելի
անոր
համար
որ
այդ
աւերակ
օճախին
մէջ
բուի
ձագի
մը
բախտովը
պիտի
մեծցնէր
իր
քանի
մը
տարուան
զաւակը,
ասոր
անոր
արհամարհանքին
ենթակայ։
Կը
խորհէր,
թէ
երէկէն
բան
մը
մնացած
չէր
ու
վաղուան
գալիքն
ալ
ամպ
ու
մառախուղ.
իր
յուսահատութեան
կսկիծին
ու
չքաւորութեան
մէջէն
հեռաւորը
իրեն
նոյնպէս
տխուր
ու
անմխիթարական
կ՚երեւար։
Եւ
յետոյ,
գիտէ՞ք
ինչ
ահաւոր
բան
է
աղքատ
գեղի
մը
մէջ
անտէր
ու
անթիկունք
այրի
ըլլալ,
բոլոր
գիշերը
դժուարութեամբ
աչք
գոցել
ու
ծղրիթին
ձայնը
մտիկ
ընելով՝
սպասել
որ
աքաղաղները
խօսին
ու
առտուան
բարի
լոյսը
քակուի
աղօթարանին
կողմէն։
Այդ
գեղին
մարդիկը
որքան
փոխուեցան
այն
օրէն
ետքը,
գիտէ՞ք,
երբ
Հոռմերը
զաւակն
առաւ,
դռնակը
գոցեց
ու
իր
ցաւին
հետ
առանձնացաւ.
կարծես
ծանօթ
դէմքերուն
ու
աչքերուն
մէջ
մեծ
փոփոխութիւն
մը
տեղի
ունեցաւ,
ցանկն
ու
ցանկապատը
քակուած
ըլլային
ու
խոպան
այգիէն
ներս
աս
ու
ան
իրաւունք
ունենային
կոխել
անցնելու։
Ա՛լ
առջի
պատկառանքը,
ակնածանքն
ու
յարգանքը
չկային
ո՛չ
գզիրին,
ոչ
քէհեային
վերաբերութեանն
ու
խօսքերուն
մէջ՝
դէպի
այդ
կինը.
անսովոր
ու
անհրապոյր
ընտանութիւն
մը
ցոյց
տալ
կ՚ուզէին,
կարծես
թէ
նստած
ատեն՝
ծունկերնին
շատ
մօտ
բերել
կ՚ուզէին
Հոռմերին
քով,
խօսակցութեան
պահուն
կատակները
քիչ
մը
աւելի
յաճախադէպ
կը
դառնային,
կնկան
այս
ու
այն
գործին
յանձնաձումը՝
որ
գեղին
մէկ—քանի
գլխաւորներուն
պարտականութիւնն
էր՝
շատ
դժուար,
արգելքներով
շրջապատուած,
գրեթէ
անկարելի
ցոյց
կը
տրուէր,
ասով
մէկտեղ
այդ
մարդիկը
չէին
քաշուեր
միեւնոյն
ատեն
անմիջապէս
յայտնելու
իրենց
բոլոր
պատրաստակամութիւնն
ու
հոգածութիւնը։
Հոռմերը
այս
բոլոր
իրադարձութիւններուն
մէջէն
կը
հոտուտար
իր
բաժինը,
յստակ
կը
տեսնէր
ու
կ՚ըմբռնէր
թաքուն
տրամադրութիւններն
ու
քօղածածուկ
բաղձանքները։
Ու
իրիկունը՝
առանց
ճրագի
լոյսի՝
կ՚առանձնանար
իր
զաւկին
քովն
ի
վեր,
անկողնին
մէջ՝
ցերեկուան
բոլոր
կրած
տպաւորութիւնները
կը
շարէր
մէկմէկու
ետեւէ,
կը
նայէր
անոնց
ու
կ՚անդրադառնար
ինք
իր
վրայ,
գալիք
օրերու
բոլոր
անստուգութեան
վրայ։
Տեսածը
կործանում
մըն
էր,
չար
ու
անհասկնալի
կործանում
մը
մարդոց
բարութիւններուն,
մարդոց
հոգիներուն,
իր
շուրջը
գտնուող
ամէն
բաներուն։
Իր
հպարտութիւնը,
պատուախնդրութեան
իր
հզօր
զգացումը՝
պոչին
վրայ
կայնող
զայրացած
օձի
մը
պէս՝
կը
ցցուէր,
կը
տնկուէր
իր
ներսը,
կը
վրդովէր
զինքը
ու
կը
լացնէր։
Բարի
մարդիկ
չէին
պակսեր
գեղին
մէջ,
բայց
այրի
մը,
իրեն
նման
տեսած
կորսնցուցած
կնիկ
մը
իր
պատիւին
պիտի
ձգէ՞ր
օտարին
յայտնելու
ինչ
որ
կը
կռահէր,
ինչ
որ
լռելեայն
կ՚իմանար
ու
ինչ
որ
ճշմարտութիւնն
էր.
ո՛չ,
մահն
աւելի
հեշտ
էր։
Ու
այդ
գեղեցիկ,
լեցուն
միսերով
զմայլելի
կնիկէն
տժգոյն
ստուեր
մը
կը
մնար,
որ
երթալով
կը
հալէր։
Գոնէ
զաւակը
քիչ
մը
մեծկակ
ըլլար
ու
իր
ցաւին՝
ցաւակից։
Ձմեռն
անցաւ
ու
գարուն
եկաւ.
ջուրերը
տաքցան
ու
առուներուն
եզերքները
ջրկոտեմները
բուսնիլ
սկսան.
բաւական
է,
որ
դաշտին
երեսէն
ձիւնը
հալի
ու
կանաչը
հողին
վրայ
երեւնայ,
գեղացին
անօթի
չի
մեռնիր՝
որքան
ալ
արհաւիրքով
ու
սոսկումով
անցնին
նախորդ
ամիսները։
Անօթիին
ակռան
քարն
ալ
կաղայ
ու
աւազն
ալ։
Չքաւորութեան
զաւակը
կը
յարմարի
ու
կ՚ապրի։
Հոռմերը՝
արեւոտ,
տաքուկ
օրերուն,
սեւ
լաչակը
գլխուն,
վարի
ծնօտէն
մինչեւ
պռկունքները
քաշած,
կ՚երթար
գեղէն
դէպի
դուրս
կապոյտ
գոգնոցը
լեցնելու
առուներու
եզերքները
մատ
մը
երկուք
բարձրութեամբ
կոտեմները,
առուի
կարոսները
ու
տուն
կը
բերէր
հացի
հետ
ուտելու…
Մօտաւոր
դրացիները,
ասկէ
ու
անկէ,
օր
մը
պնակ
մը
կերակուր
կը
ղրկէին,
օր
մը
շուրուայ,
առանց
վիրաւորելու
անոր
արժանապատուութիւնը,
քանի
որ
գեղին
մէջ
դրացնութեան
շատ
հին
մէկ
աւանդութիւնն
է՝
եփած
կերակուրէն
յաճախ
բաժին
հանել
պատկից
տանը։
Բայց
ինչ
ալ
ըլլար,
ցաւը
չոր,
ցամաք
հացին
վրայ
չէր,
այս
ժամը
կուշտ,
վաղուանը
կէս
փոր,
վերջապէս
օրը
կ՚անցնի,
ու
ինչպէս
կ՚ըսեն,
սեւ
օրուան
կեանքը
այնքան
ալ
երկար
չ’ըլլար.
ցաւին
մեծը,
ցաւին
անհանդուրժելին
այն
էր
որ՝
քանի
մը
քոսոտ
հոգիներ,
քանի
մը
հոտած
բերաններ
իրենց
ագին
ու
լեզուն
այդ
դրան
քարերուն
կը
քսէին
ու
զայն
պղծելու
կը
հետամտէին։
Ի՞նչ
կրնար
ընել
որբեւայրի
մը
միս—մինակ
երդիքի
մը
տակ՝
որուն
վրայ
լուսնկային
լոյսն
անգամ
նազով
կը
ցաթէր,
եւ
յետոյ,
ինքնիրեն,
առանց
զօրաւոր
ձեռքի
մը
օգնութեան՝
ո՞ւր
պիտի
քալէր
անմեղ
ու
տկար
զաւկին
հետ
քով
քովի,
ո՞ր
փշոտ
ու
տատասկոտ
ճամբէն
պիտի
կրնար
երջանիկ
հանգրուան
մը
հասնիլ.
ու
մինչեւ
այն
ատեն,
մինչեւ
այս
զաւկին
չափահասութեան
օրը՝
ի՛նչ
խաւար
առաւօտներ,
ի՛նչ
արիւն՝
արցունքի
տեղ՝
իր
թարթիչներէն.
եւ
մի՞թէ
պիտի
կրնար
իր
անունը,
իր
պատիւը
չարախօսութենէ
ու
բամբասանքէ
բոլորովին
ազատ
պահել։
Տ.
Կարապետին
հարսը,
գեղին
անբասիր
կնիկը,
ամէնուն
հաւնածն
ու
յարգածը
օր
մը
եթէ
լեզուի
գար,
օր
մը
գայթակղութիւնը
դառնար
իր
շէնլիքին
մէջ,
աւելի
դիւրատար
չէի՞ն
դժոխային
կրակին
բոցն
ու
դատապարտութիւնը։
Գարնան
վերջին
օրերուն
էր,
որ
գեղին
տարիքոտ
համբաներէն
հաճի
Խազարը
առտու
մը
Հոռմերին
դռնէն
ներս
եկաւ,
այս
ու
այն
խօսքը
հոտուըտաց,
մէկ
պատէն
միւս
պատը
դարձուց
ըսածը,
յայտնի
ցոյց
տալով
թէ
լեզուին
տակ
ըսելիք
մը
կը
պահէր։
Ըսելիքը
ան
էր,
որ
մօտաւոր
գեղերէն
տանուտէր
Թորոսը՝
որ
մէկ—երկու
տարիէ
ի
վեր
այրի
կը
մնար՝
տէրտէրին
հարսը
ուզելու
էր
եկեր։
Ժամանակը
տեղն
էր,
ինչպէս
կը
վկայէր
քէհեայ
Խազարը,
հողի,
ջուրի,
արտի
ու
թումբի
տէր,
իր
թեւին
տակ
չորս—հինգ
հատ
թոսունի
պէս
տղայ,
ամէնքն
ալ
կարգուած,
ամէնքն
ալ
աշխատող։
Տանուտէր
Թորոսին
տան
համբաւը
չլսող
չկար,
քաղքէն
փրթողը
ճամբուն
վրայի
դէմն
ելնող
առաջին
հօտաղին
իսկ
եթէ
տուն
մը
հարցնէր՝
անի
շիտակ
մատը
անոր
արտերուն
ու
կալին
կողմը
կը
բռնէր.
Աստծու
հրամանովը
աղէկ
խըսմէթ
էր՝
որուն
դէմ
կենալ,
հացը
քարել՝
աղէկ
բան
չէր։
Հաճի
Խազարին
բոլոր
այս
ըսածները,
առաջին
անակնկալով՝
դառն
ցնցում
մը
հաղորդած
էին
Հոռմերի
սրտին.
ի՛նքը,
Տ.
Կարապետին
հարսը,
այսօրուա՞ն
պիտի
մնար,
անգա՞մ
մ’ալ
պիտի
սեւթթխուէր,
ի՞նչ
արեւ
բարի
տեսեր
էր
առջի
բախտէն,
որ
հիմա
ի՛նչ
պիտի
տեսնէր
նորէ
մը։
—
Չէ,
մղտեսի,
չէ՛,
իմ
օրս
ալ
եղաւ,
արեւս
ալ,
թո՛ղ
խսմէթը
ուրիշ
տեղ
փնտռէ…։
—
Ամմա,
Հոռմեր
հարս,
մտմտայ
քեզ
քիչ
մը,
դուն
ափ
մի
ջուր
էքսիկ
էթէկ,
մնացեր
ես
դրան
ետեւ,
կատու
մի
պիլէ
դուռդ
չի
բանար
ու
երեսդ
ի
վեր
գար։
Ի՞նչ
էնինք,
եաւրում,
աշխարհին
հալը
ամէնուս
ըլ
գլխին
է,
իմ
ըլ
ճահիլներս
հողը
դրի,
ես
ըլ
անցած
տարին
ճէրան
եզներուս
ու
գոմէշներուս
կաշին
քաշեցի,
աս
սեւ
գլխուս
նէչէ
բաներ
անցան,
դուն
քեզ
ըլ
չես
մտմտար
նը,
սի
մէսումին
վրայ
հայիր՝
որ
չլլին
ծուռ,
ձեռքը
ծոցը,
ասոր
ու
անոր
բերնէն
ինկած
փշրունքին
տի
հայի։
Չէ,
քո՛րս,
չէ՛,
սոնքի
փուշմանութիւնը
[4]
փարա
չ’էներ,
եկո՛
դուն
սա
բախտդ
մի՛
քարեր,
հեղ
մի
հինգ
մատներուդ
վրայ
հայիր,
մէկը
մէկալին
ֆայտա
չունի…։
Մղտեսի
Խազարը
շատը
կ՚ըսէր,
շատին
ալ
վրայէն
աչքը
գոց
կ՚անցնէր։
Իրաւ
որ
գեղին
ամէնէն
բարի
մարդն
էր,
ու
եթէ
մէկ
կողմէն
փառասիրութիւնն
ունէր
որ
տանուտէր
Թորոսի
մը
միջնորդը
կ՚ըլլար
ու
կը
ջանար,
որ
պարզերես
ելլէր
իր
ձեռնարկին
մէջէն,
միւս
կողմէն
ալ
շատ
աղէկ
գիտէր
ու
կը
հասկնար
թէ
Հոռմերին
բռնած
ճամբան
յաջող
տեղ
չէր
ելլեր
հասներ,
ժամանակի
մը
մէջ՝
ուր
էժտահարի
պէս
արի
մարդիկ
գիշեր—ցերեկ
հողին
հետ
կռուող,
իրենց
գլուխը
հազար
քարի
ծեծող
կտրիճներ
անօթի
կը
մնային,
ի՞նչ
պիտի
ընէր
թեւերն
ու
թիկունքները
կոտրած
կնիկ
մը,
ո՞րքան
ատեն
կրնար
դիմանալ
չռիկ
աղբիւր
մը՝
երբ
անդին
գեղին
գրկով
հոսող
ակերն
անգամ
ցամքեր
էին…։
Մանաւանդ,
Մղտեսին
տարիքոտ,
փորձառու
մարդ
էր,
գիտէր
թէ
այրիի
մը
տանը
շուրջ
ի՛նչ
գայլի
ծնօտներ
կը
կերճկտան,
գիտէր
թէ
այդ
անտիրական
երդիքէն
վար
ամէն
ատեն
ու
ամէն
գիշեր
ի՛նչ
վտանգներ
կը
կախուին.
այս
պատճառով
իր
թելադրութեան
ու
յորդորներուն
մէջ
կէս
չափէն
շատ
աւելի
իմաստութիւն
կար։
Իր
մեկնելէն
ետք՝
Հոռմերը
գլուխը
ծռած
բաւական
երկարօրէն
դիտած
էր
իր
վիճակը
ու
մտմտացեր
էր
քեհեային
ըսածներուն
վրայ,
երբ
Խազարենց
տանտիկինը
եկաւ։
Աւելի
համարձակ,
շատ
աւելի
սրտաբաց
մտերմութեամբ
մը՝
մէկիկ—մէկիկ
շարեց
Հոռմերին
առջեւ
վաղուան
բոլոր
դառնութիւնները,
վաղուան
բերելիք
բոլոր
հնհնուքները,
ցաւերը,
վախերը…։
Ու
մարդը
մարդուն
սատանայ,
դարձուց
Հոռմերին
խելքը,
փոխեց
անոր
չկամութիւնը։
Տէրտէրին
հարսը,
առանց
ուրիշին
խօսքին
ու
խրատներուն,
ինքն
իսկ
արդէն
բոլորէն
աղէկ
գիտէր
իր
վիճակին
ծանրութիւնը,
սակայն
նոր
ամուսնութիւն
մը,
որբի
տէր
մօր
մը
նոր
պսակը՝
իր
մայրական
սրբութեան
վրայ
եկած
խաւար
մըն
էր,
իր
զաւկին
իրաւունքներուն
դաւադրութիւն
մը,
այդ
որբը
երկու
անգամ
որբացած
պիտի
ըլլար՝
ապաւինելով
խորթ
հօր
մը,
խորթ
եղբայրներու
օտար
պաշտպանութեան։
Մայրական
սիրտը
կը
կծկուէր,
ողիկ—ողիկ
կու
գար,
կը
գալարուէր,
իբր
թէ
բուռ
մը
կարմիր
իսոթ
[5]
լեցուցած
ըլլային
վրան.
ի՞նչ
պիտի
ըլլային,
ո՞վ
գիտէր,
նոր
էրկանը,
նոր
տանը,
նոր
քիւլֆէթի
մը
պայմանները.
իր
անձէն
առաջ
ու
իր
անձէն
վեր՝
միայն
իր
զաւկին
մտահոգութիւնն
ունէր,
նետահար
թռչունի
մը
պէս՝
որ
իր
վէրքն
ու
արիւնը
մոռցած՝
թեւերը
կը
լարէ
անպաշտպան
ձագին
վրայ
ու
անոր
գորովովը
կ՚ոգեւորի։
Հոռմերին
առաջին
պայմանը
իր
որբն
էր
ու
որբն
եղաւ,
հետը
պիտի
տանէր,
իր
բերնէն
պիտի
փրցնէր
ու
անոր
կերցնէր,
հարազատ
զաւակի
մը
պէս
պիտի
ճանչցուէր
նոր
տան
մէջ,
պիտի
հագուէր
ու
պիտի
մեծնար
հոն,
որուն
գէշ
աչքով
պիտի
չնայէին.
եթէ
այսպէս
կ՚ընդունէր
զինքը
ուզողը՝
աղէկ,
եթէ
ոչ՝
բարի
եկաւ,
հազար
բարի,
եկած
ճամբէն
կրնար
ետ
դառնալ
ու
տեղը
երթալ։
—
Ի՜նչ
կ՚ըսես,
կնի՛կ,
խենթ
մի՛
ըլլիր,
տանուտէրին
սեղանը
մէկ
որբ
չէ,
հազար
օտար
դուրսի
կը
կշտացնէ,
չօճուխի
մը
խօ՜սքը
կ՚ըլլի…հաւատացուցին
զինք։
Խօսքկապէն
առաջ՝
երբ
երես
երեսի
եկան
տանուտէր
Թորոսին
հետ,
միակ
պայմանը
ու
վերջին
առաջարկը
ան
եղաւ
Հոռմերին։
Ու
տանուտէրը՝
իր
հաստ
իրանին,
լեցուն,
թանձրամարմին
կարճ
հասակին
մէջ
բարձրավիզ՝
հազար
երդումով
վստահեցուց,
թէ
որբին
տէրը
առաջ
Աստուած,
ետքը
ինք
պիտի
ըլլար,
իր
աչքին
մէկ
բիբը,
իր
զաւակներէն
երբեք
պիտի
չզատէր,
պիտի
պահէր
ու
մեծցնէր,
իր
ձեռքովը
պիտի
կարգէր,
տան
ու
տեղի
տէր
պիտի
ընէր,
ի՞նչ
կ՚սես
դուն,
վարդն
ուզողը՝
փուշն
ալ
հետը
կը
փրցնէ…
Տարի
մ’անցաւ
այն
օրէն
երբ
Տ.
Կարապետին
բրշակը
[6]
բոլորովին
քար
ու
քանդ,
իր
ծխնիներուն
վրայ
ամրափակ,
կը
մնար
մոխրացած
սերունդի
մը
տխուր
վկան,
երբ
վերջին
բնակիչներն
ալ,
մայր
ու
զաւակ
թողուցին
հեռացան
դէպի
ուրիշ
գեղ
մը։
Տարի
մը,
բայց
այդ
տարուան
մէջ
ի՜նչ
փոփոխութիւն։
Ո՜ւր
հին
տունը,
ո՛ւր
հիմակուանը։
Հոռմերը
խորթ
մայր,
խորթ
մօր
բոլոր
նախապաշարումին
պէս
երեւցաւ
այդ
օտար
ծածքին
տակ,
իր
զաւակն
ալ
հետը՝
բոր
մը,
էշին
լակոտը։
Խնդիրն
այն
էր,
որ
տանուտէրին
ոչ
մէկ
զաւակը
հաճութիւն
ունէր
հօրը
ամուսնութեան,
ու
մարդը
գաղտուկ,
ծածկաբար
գացեր
կնիկ
մը
բերեր
էր
տունը.
առաջին
օրէն
իսկ
ցուրտ
ու
կծու
անտարբերութիւն
մը,
յայտնի
ատելութիւն
մը
դիմաւորեց
Հոռմերն
ու
իր
զաւակը.
առաջին
օրէն
իսկ
տանուտէր
Թորոսին
այդ
ամուսնացած,
զաւակներու
հայր
տղաքը
չուզեցին
ոչ
իրենց
մայր
ըսուած
կնկան
շիտակ
երեսը
նայիլ,
որ
ալ
անունը
տալ,
իբր
թէ
եօթն
օտար
մը,
մուրացկան
կնիկ
մը
ըլլար
եկողը՝
որ
իրենց
հացը
կ՚ուտէր
աներեսութեամբ,
կամ
շատ—շատ
բանուոր
մը՝
աժանագին
ու
կարեւորութենէ
զուրկ,
անարժան
ո՛չ
մէկ
յարգանքի։
Բնականաբար
այս
զգացումներով
լեցուն
էրկան
կնիկներն
ալ
ճշմարիտ
հարսի
մը
գլուխը
պիտի
չծռէին
իրեն
առջեւ,
հարսներ,
որ
ատենէ
մ’ի
վեր
տանը
մեծը,
ինքնագլուխ
ու
անկախ
տանտիկին՝
հիմա
կը
ստիպուէին
օտար
գեղի
մը
աւելցուքին
հեղինակութեանը
համակերպիլ։
Ասոնց
համար
չէ՞ր,
որ
Թորոսը
իր
գեղին
մէջ
չէր
կրցեր
գտնել
փնտռածը։
Հոռմերը
անդարմանելի
սխալի
մը
քաւութեան
բոլոր
պատասխանատուութիւնը
զգաց
արդէն՝
այդ
առիքին
տակ
լուսցուցած
առաջին
առաւօտուն
իսկ։
Սակայն,
ի՞նչ
կու
գար
ձեռքէն,
եղածը
եղած
էր։
Վստահ
իր
համակերպող
հոգիին
վերջնական
յաղթանակին,
վստահ
իր
դիւրահաղորդ
սրտին
տիրապետութեան,
կը
մխիթարէր
ինքզինքը՝
խորհելով
թէ
առաջին
զայրոյթները
հետզհետէ
պիտի
ցածնան
ու
անոնց
պիտի
յաջորդէ
եթէ
ոչ
որդիական
գորով
մը,
գէթ
համակրանք
մը,
արգահատանք
մը
դէպի
ինք։
Այսպէս,
մտածումը
շեշտած
դէպի
այդ
հեռաւոր
ժամանակը,
աշխատեցաւ
մէկ
աչքը
կոյր,
մէկ
ականջը
խուլ
ընել,
չլսելու
համար
ինչ
որ
կ՚ըսէին
իր
ետեւէն
իրեն
համար,
չտեսնել
ձեւացուց
հարսներուն
քֆքֆուքը
ետեւն
ի
վեր,
այս
ու
այն
անկիւնը,
ախոռը
կովերը
կթած
ատեն՝
իրեն
համար
լսած
բամբասանքներն
ու
հեգնանքները։
Այդ
ժամանակը
յապաղեցաւ
սակայն՝
անորոշ
կերպով,
անպայման
ու
տրամադրութիւնները
ոչ
միայն
չփոխուեցան,
այլ
ընդհակառակը
աւելի
բիրտ,
վիրաւորիչ
հանգամանք
մ’առին։
Տանուտէրը,
ինքն
ալ
իր
կարգին
ուրիշ
մարդ
մը,
որ
տղոցը
շուքէն
կը
դողար,
որ
տղու
մը
չափ
դիւրահաւան
ու
անխելք
էր
եւ
որ
աւելին՝
փափկասիրտ
շնորհքէ
զուրկ
ճշմարիտ
գեղացի
մը,
կարծես
չէր
տեսներ
կամ
արդէն
տեսնել
չէր
ուզեր
ինչ
որ
կ՚անցնէր
կը
դառնար
իր
չորս
կողմը.
ո՞ւր
էին
իր
խոստումները,
իր
պարծանքը,
իր
առջի
օրուան
ըսածն
ու
թողածը։
—
Փի՜ճը,
շան
լակոտը,
կ՚ըսէին
օրը
քսան
անգամ
որբին
համար,
ու
ինք
օր
մը
չէր
դառնար
անոնց
երեսին
կտոր
մը
թուք
նետելու։
Ու
Հոռմերը՝
վերջապէս
տկարացած
իր
գորովէն,
բաժնուած
էր
հպարտութենէն,
ըսելու
համար
էրկանը,
որ
քիչ
մը
յարգել
տայ
զինքը
այդ
տանը
մէջ,
մարդու
դիրքի
մը
մէջ
դնէ.
—
Է՛հ,
մատ
մը
լակոտին
խօսքերովը
հացերնիս
հարամ
մի՛
ըներ,
ըսեր
էր
Թորոսը
սրտնեղ։
Բայց
յեղակարծ,
օտարի
մը
բոյնին
մէջ
մոլորող
ինկող
հաւձագի
մը
ճակատագիրն
էր
այդ
որբին
ճակատագիրը
տան
մը
մէջ՝
ուր
իր
հագնելիքը,
կերած
խմածը,
նստած
տեղն
ու
պառկած
անկողինն
անգամ
խօսքի
ու
խնդրի,
ատելութեան
առիթ
կու
տային։
Առաջին
օրերուն
խեղճ
մայրը
համակերպեր
էր
իր
զաւկին
վիճակուած
բոլոր
զրկալից
կացութեան,
խուսափելու
համար
անհաճոյ
անհամաձայնութիւններէ,
ձգելով
զայն
անխնամ,
վրայ
գլուխը
կարկտաններով
ծածկուած,
պառկեցնելով
զայն
խշտիի
մը
չափ
ողորմելի
անկողնի
մը
մէջ։
Բայց
բոլոր
իր
զոհողութիւնը,
մայրական
բոլոր
այս
անխօս
տուայտանքը
բաւարար
չէին
եղած
քիչ
մը
գութ,
քիչ
մը
բարեացակամութիւն
ստեղծելու
դէպի
անմեղ,
անչափահաս
որբ
մը՝
որուն
համար
միայն
կարգուեր
էր,
որուն
համար
բերեր
էր
այս
սեւ
ձիւնը
գլխուն։
Տղան
կը
տժգունէր,
կանխահաս
վշտակրութեան
մը
նշանները
կային
դէմքին
վրայ,
հեռուն
նստած,
մանկական
ցաւագին
նայուածքով
մը
կը
հետեւէր
իր
հասակակից
ընկերներուն
խաղին
ու
զուարճութիւններուն,
անհամարձակ
մասնակցելու
անոնց.
մեծերուն
արհամարհանքը
փոխանցուած
էր
նաեւ
պզտիկներուն,
որոնք
որ
եւ
է
անհամաձայնութեան
մը
պարագային՝
կը
քաշէին
իր
մազերը,
կը
ծեծէին,
կը
կսմթէին
զինքը,
իր
զրկուած
մանուկի,
իր
որբի
լքումին
խորունկ
համոզումը
արդէն
մեռցուցեր
էր
իր
մէջ
ամէն
համարձակութիւն
ու
զուարթութիւն։
Մայրն
իսկ
լեցուած
սրտի
մաղձով
մը,
հոգիի
ժանգոտ
դառնութեամբ՝
երեւութապէս
անտեսել
կը
թուէր
զաւակը,
վիրաւոր
իր
վէսութեան
մէջ՝
գիշերները
միայն
երկար—երկար
կու
լար
առանձին
խածնելով
իր
հեծկլտուքները՝
որպէս
զի
չարթննայ
քովն
ի
վեր
պառկող
մարդը,
երբ
անիկա
արդէն
խորունկ
քունի
մէջ
կը
խորդար,
կը
խռկար…
[2]
Լիութիւն,
առատութիւն։