Ցագալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՄՐՈՏԵՑ ՏՂԱՔԸ
(ՀԻՆ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ)
Բ


Կը սպասէր Խաչեր աղբարը՝ ինչպէս իր բոյնին եզերքը թառած կուռթն [1] իր ձագերուն համար՝ որպէս զի տղաքը մեծնան, թեւաւորին, կռնակ կռնակի տան եւ օր մը արեւն իրենց բակին վրայ ալ գայ ցաթի։ Արդէն երկու մեծերը ժմներ էին ու խանութը գէշ աղէկ կը կառավարէին, վաղը մէկալ օր եթէ միւս երկուքն ալ հասնէին ու ձեռք տային անոնց՝ պիտի կրնար ինք աչքերը սրտագին գոհունակութեամբ երկինք վերցնել ու իր բախտաւորութեան համար շնորհակալ ըլլալ։

Բայց այդ միւս երկուքը, այդ կրտսերները գիտէ՞ք ինչ ողորմելի տղաք էին. խեղճութիւնը քամեր, ծառին հեռաւոր մէկ ճիւղին վրայ մոռցած աշնան վերջին պտուղներուն պէս ցամքեցուցեր էր. հիւանդոտ տժգունութիւն մը կար միշտ երեսնուն վրայ, որ կարծել կու տար թէ երկար ջերմէ մը նոր աղեկցեր էին. Արթինը՝ որ վերջին կրտսերն էր ու հօրը աւելի վատուժ օրերուն ծնած՝ ամէն օր ցամաք հացէն զատ բան չէր բերեր վարժարան ուտելու. զբօսանքին, արձակուրդի ժամերուն՝ ծոցէն կտոր—կտոր կը փրցնէր այդ չոր հացը եւ գոհ ախորժակով մը կը ծամէր ու կը կլլէր. դժուար որ տեսնէինք թէ այդ հացին հետ փշրունք մըն ալ պանիր ըլլար։ Եւ որպէս զի իր աչքը ունեւորներու տղոց կերած միսին, քիւֆթէին վրայ չիյնար՝ միշտ պատրուակ մը կը գտնէր այդ պահուն հեռանալու անոնց քովէն, բանով մը զբաղելու. ազնիւ հպարտութիւն մը կ՚ամչցնէր զինք ու նուաստութիւնը կը փրկէր։

Ամառնամուտը եթէ այնքան սիրելի էր մեզի իր դալարի, ջուրի ու լոյսի ուռճալից վերազարթումովը եւ եթէ այնքան արբեցուցիչ էր դէպի լեռ, դէպի այգի ու պարտէզ իր հրապոյրներովը ամէնուս համար, շատ աւելի բարերար կարօտով մը կու գար մանաւանդ կարգ մը մեզի ընկերակից այն չքաւոր տղոց, որոնք դիւրութիւն պիտի ունենային առատ պտուղ ուտելու խերու [2] թութերէն, կամ այս ու այն ծանօթներու, ազգականներու պարտէզներէն։ Այս պատճառով կիրակի օրերը անբաղդատելի, անբացատրելի ձգողութիւն մը ունէին մեզի համար. երեք—չորս օր առաջ արդէն խորհրդակցութիւններ կը կատարուէին ընկերներու մէջ, երթալիք պարտէզնիս եւ մեր պտոյտի պարագաները կը ճշդուէին, այնպէս որ կիրակի առտուանց պատարագէն ետք տուն դառնալով անխուսափելի ակնիկն ու փիլաւը կ՚ուտէինք՝ ձայն կու տայինք իրարու, փողոցներէն, տանիքէն, զիրար կը գտնէինք անմիջապէս ճամբայ իյնալու։ Արդէն քաղաքը դժուար թէ մարդ կը մնար կնիկներէն զատ. մեր թաղին հանդիպակաց բլուրներն ու զբօսավայրերը՝ Խուրային, Խուրայվա ձորամէջերուն, Սինամտա քարին՝ այդ լայնանիստ ու մեծազանգուած ապառաժին ծերպերուն մէջ, կատարներուն վրայ ու զով շուքերուն տակ՝ որոնցմէ դաշտին լայնագիծ կանաչ հեռանկարը կ՚երեւայ զգլխիչ նազանքով մը, վերջապէս Խուրէյպաշիի բլուրներուն վրայ աճող այգիներուն մէջ ու նշենիներուն տակ՝ խումբ—խումբ բոլորուած կ՚ըլլային էրիկ մարդիկ ու երիտասարդները, իրենց շրջանակին մէջտեղը օղիի շիշն ու մէզէն։ Քաղաքին տանիքներուն վրայ կը մնային նոր հարսները, հասուկ, նշանուած աղջիկները՝ որոնք աչքով կը հետեւէին իրենց նոր—փեսայ էրիկներուն, եարի մը կամ նշանածներու, հեռուէն հեռու ճերմակ թաշկինակով մը բարեւներ փոխանակելով իրարու հետ։

Բայց այն ատենը, մեր խելքն այս տեսակ բաներու տեղ չէր ըներ. մենք հինգ—տասը ընկերներով կը մագլցէինք բլուրներն ի վեր, յետոյ կատարներուն վրայէն դէպի անդին, ձորերը, յետոյ նոր կատարներ, մինչեւ որ թթենիներու շարքի մը քովը գտնէինք մեզ ու շուլլուէինք ծառն ի վեր, ծիրանին, խնձորենին կամ կեռասենի մը դժուարագիւտ ու քիչ տրամադրելի ըլլար, բայց թթենիին արժէ՞քն ինչ էր, այնքան առատ ու աժանագին ծառ մը որ, հարկ չկար իրեն համար փշապատ ցանկէ ու որմակ [3] սեփականութիւններէ ներս սողալ, ցատքել անցնիլ. բլուրի մը կողն ի վեր, ձորամէջի մը երկայնքը, վերջապէս քաղաքէն դուրս՝ հասած տեղդ բարեսէր ձեռքեր հինգ—վեց ու շատ աւելի բարունակ տնկեր են օր մը, որոնք մեծցեր, հաստաբուն, խոռոչաւոր, տարէց ծառեր են եղեր եւ որոնցմէ ամէն մարդ, ըլլա՛յ պատահական, ըլլայ օտարական ճամբորդ, աղքատ կամ քաղքենի՝ ազատ է ուզածին չափ ուտելու կշտանալու։

Այսպէս կուշտ ու կուռ փորով՝ կ՚երկննայինք պահ մը կանաչ, տամուկ խոտերուն վրայ փռուած, խաղալով միջատի մը հետ, վարդագոյն բեհեզէ խատուտիկ թեւերով մարախներու ոտքերը փրցնելով, ապրիմ—չապրիմին ճերմակ թերթիկներէն հարցնելով մեր կեանքի տարիներուն հաշիւը. յետոյ, կազդուրուած՝ ոտքի կ՚ելլէինք՝ աւելի թեթեւ ու զուարթ՝ խաղալու։ Ու կը խաղայինք անհոգ, անհաշիւ, սանձարձակ ինքնամոռացութեամբ, այնպէս որ իրիկունը դգալը բերաննիս տարած պահերնուս իսկ՝ քունը մեծ բեռի մը պէս կը փլէր մեր վրայ ու գլուխնիս թուլցած՝ կը կախուէր կուրծքերնուս վրայ։ Ասիկա այն ատեն ճիշդ, երբ դէմի լերան ճամբաներէն ու մեր գերեզմաննոցին քովերէն քերող ուղիէն տուն դարձող կտրիճներուն, երիտասարդներուն լայնակոկորդ երգերը կ՚արձագանգէին դէպի քաղաքը, դէպի թաղին տանիքներուն վրայ փոխադրուած ընտանիքներն ու վառած ճրագները. ու այդ երգերը, խաղերը, շարիգները՝ անհատնում, անպայման քնարերգութեամբ մը կը խօսեցնէին ձորերն ու բլուրները, ամէն անկիւնէ, ամէն կատարներէ՝ մութին մէջ՝ սիրոյ աւաչ մը, սիրահառաչ աղաղակ մը, կոծկոծող պաղատանքներ կը բարձրանային, զիրար կը գրկէին ու կարծես զիրար կ՚ամբողջացնէին, իրիկունն ամբողջ ու մինչեւ կէս գիշեր, մինչեւ որ վերջին գինովը գար անցնելու փողոցներէն՝ դանդաչելով եւ ինք իր դէմ, իր անձին հայհոյելով ու պատէ պատ զարնուելով։

Բայց մեր այդ արշաւանքները զերծ չէին միջանկեալ կռիւներէ՝ որոնք շատ հեղ քիթի կամ գլխու արիւնով ալ կը ներկուէին։ Մեր մէջէն, առանց այլեւայլի, է՛ն խիզախն ու տիրականը Մրոտենց տղաքն էին. անտեղիտալի զօրաւոր ու արհամարհող անհատականութիւն կար անոնց մէջ. մանաւանդ Միքայէլը իր ոսկրուտ, ջղային եւ արագիլաձեւ մարմնովը պատուհասի պէս տղայ մըն էր, ու երբ կլոր բիբերով, տժգոյն ու չոր կոպերով աչքերը խոշոր—խոշոր բանար, երբ առջեւի լայն ու թիանման ժանիքները պռկունքներուն վրայ ցցէր՝ վտանգաւոր ու թշնամանող դէմք մը առած կ՚ըլլար։ Կը յիշեմ իր մէկ կռիւը՝ որ մինչեւ այսօր ցցուեր մնացեր է սրտիս մէկ անկիւնը՝ հին բերդերուն պարիսպներուն շաղախը ծակած ներս անցած նետի սլաքներուն պէս, որոնք շատ տարիներ ետքը յանկարծ ատեն—ատեն կը յայտնուին, երբ պատահական կարկուտներ ու մրրիկներ ծեփերը քրքրցնելով վար կը թափեն, ու զայն շօշափած ատենս՝ երբեմնի ցաւագին զգայնութիւնը կ՚արթննայ նորէն։

Չեմ գիտեր ի՛նչ տղայական աննշան առիթով, կծու խօսքեր փոխանակեցին օր մը մեր խումբին տղաքը՝ ուրիշ թաղի մը տղոց հետ, որոնց գլխաւորն էր ժոռատ, կռտած երեսներով սեւ Սագոն։ Իրարու կաֆ կտրտեցինք [4], սպառնալիքներ ջարդեցինք ու խնդիրը հոն եկաւ հասաւ, որ բախում մը անխուսափելի դարձաւ։ Ա՛լ սկսանք պատրաստութիւն տեսնել, լուր օրերը իրիկուան դէմ, տանիքներուն վրայ կամ դռներուն առջեւ գումարումներ ունենալ եւ հակառակ կողմին դիտաւորութեանցը մասին տեղեկութիւններ հաղորդել իրարու։ Միքայէլը՝ քէօրիւկը կը ձգէր ու ատեն գտածին պէս կու գար մեզ հասնելու, մինչեւ որ Խաչեր աղբօր գլուխը դուրս ելլէր տանիքին նեղ դռնէն ու ճաթած ձայնով մը՝

Ծօ՛, Միքայի՜լ, ծօ՛ ո՞ւր ես, թիւրկէն [5] տուն եկուր, կը պօռար… Զիրար կը սրտապնդէինք, թելադրութիւններ կ՚ընէինք. պէտք էր որ միշտ բարձրավիզ, անվախ անցնէինք մեր հակառակորդներուն քովէն, երկչոտութիւնը կամ զիջողութիւնը վատութիւն էր։ Կիրակին՝ որուն կը սպասէինք սրտատրոփ ու պատանեկան չար հետաքրքրութեամբ՝ հասաւ վերջապէս։ Իրար գտանք Մրոտենց տանիքը. Միքայէլը ասպետական խրոխտ հպարտութեամբ մը զրահաւորուած՝ երեւցաւ մեր մէջ ու մեզի ամէնուս կեռասենիէ ճոկաններ բաժնած ատեն հանդիսաւոր պատուէրներ ու յանձնարարութիւններ ըրաւ։

Ելանք լեռը, այս այգիէն այն այգին, այս ձորէն այն ձորը, միշտ հաւանական հանդիպման մը, պատահական վտանգին կազմ պատրաստութեամբ։ Միքայէլը՝ իր սօթթած երկար սրունքներովը, ցնցոտիներուն մէջ զաւեշտական դիւցազնութիւն մը ցցած, իր նիհար իրանին վէսութիւնը կը տանէր մեր առջեւէն, ու մենք ալ, մեր կարգին կը հետեւէինք իրեն։ Բոլոր ժամանակ, քալելով՝ անոնց վրայ խօսած էինք, մէջերնէս ոմանք խոշոր—խոշոր կը բրդէին, ոմանք այդ հակառակորդներուն ուժն ու սրտոտութիւնը կը հեգնէին արդէն, եւ սակայն այդ բոլոր խօսողները մեր է՛ն վախկոտներն էին։ Վերջապէս, կէս օրէն ետքը Թիքիճոնց այգիին մէջ՝ ուր իջեր էինք ջուր խմելու, դէմ դէմի եկանք Սագոյին մարդոց հետ։ Անմիջապէս մեր բոլոր խօսակցութիւնն ու ձայները ընդհատուեցան, ամէնքս ալ լռեցինք, կռուասէրները օձի չոր ու ֆշշացող ատելութեամբ մը զինուեցան։ Միքայէլը՝ հազիւ դաստակի մը հաստութեամբ վզին վրայ թնճկռած, գռուզ մազերուն անխնամ ամբողջութիւնը ճօճելով, վէս ու արհամարհական քալուածքով մը սկսաւ ճամբայ բանալ մեզի, դիմակալելով վտանգն ու թշնամանքը։ Մեզմէ շատերը դեղներ էին արդէն ու իրենց թուքը բերաններուն մէջ թանձրանալ կը սկսէր։ Միւսներն ալ մեծ մասը նոյն մեր տպաւորութիւնն ու անհանգստութիւնը կը կրէին ապահովաբար։

Միքայէլը շիտակ դէպի աղբիւրը շտկուեցաւ, որչափ կարելի է միւսներուն մօտէն անցնելով, թեւերովն ու կողովը ուժգնօրէն քսուելով անոնց. կո՛մ զարնելով [6], ինչ որ կռուի յայտնի հրաւէր է։

Ծօ՛, առջիդ չհայի՞ս, պոռաց սեւ Սագոն, խումբին պատիւը փրկելու պաշտպանութեամբ…։

Ծօն ես չեմ, խռովիչ ձայնով մը պատասխանեց մեր Միքայէլը շեշտ նայուածք մը խրելով հակառակորդին աչքին մէջ, ծօ՛ն ատ պոյը կ՚ըլլի…։

Ծօ Մրոտենց լակոտ, ատ չալըմը որո՞ւ կը ծախես…

Անծոտ, ձանդ վա՛ր դիր, չէ նը, դո՛ւն գիտես…։

Եւ ահա փայտերը օդին մէջ բուռն թափով մը բարձրացան ու շաչեցին. առաջին հարուածը Սագոն էր, որ հանգչեցուց Միքայէլին կռնակին վրայ. այդ հարուա՜ծը, խորտակիչ, ոսկրային, չոր աղմուկով մը թնդաց՝ շօշափելով մագաղաթի կարծրութեամբ մարմին մը, դնդերէ ու միսէ բոլորովին զուրկ՝ ցամաք կմախք մը. ու այդ աղմուկը ցաւագին, շատ ցաւագին էր՝ որ մեր աչքերը արցունքով լեցնելու չափ յուզեց ու կատղեցուց մեզ. Միքայէլը վայրկեան մը կքեց իրանը հարուածին տակ. յայտնի էր թէ սղիքը սրտին զարկած էր։ Մերիններէն անոնք, որ քիչ մը առաջ կը մեծաբանէին, կը սիգային, մեծ կը ջարդէին, ու ատոնցմէ շատերը քիչ շատ ունեւորներու տղաներ էին արդէն վաղուց չուեր էին, մնացածները, շրջապատած Միքայէլին ու Սագոյին գիրկընդխառն մարմինները, պլլուեր էին մէկմէկու եւ բռունցքներով, ձեռքով, ակռաներով կը հարուածէին զիրար։ Ու կռիւը այս կատաղութեամբ տեւեց բաւական ատեն, մինչեւ որ ասկէ—անկէ վազեցին եկան պեխաւոր մեծեր ու զատեցին մեզ։

Սակայն Միքայէլին վրայ ճայթող այդ ուժգին հարուածը եւ անոր յօշոտիչ տպաւորութիւնը վէրքի մը պէս մնաց մեր սրտին մէջ երկար ատեն. աղքատութեան, զրկանքի խուլ ձայնն էր, որ այդպէս անժամանակ՝ սուր բողոքով մը կը ցնցէր մեր պզտիկ հոգին ու անդրադառնալ կու տար՝ մեզի հետ ամէն օր խօսող, մեզի հետ ամէն օր ապրող ընկերոջ վիճակին այնքան յայտնի, բայց անուշադիր անցած դառնութեան վրայ։ Նոյնինքն Սագոն ետքէն կը խոստովանէր, թէ ինք ալ ցաւագին խղճահարութիւն մ’ունեցեր էր նոյն պահուն եւ թեւերը թուլցեր էին անմիջապէս եւ իր ատելութիւնը՝ կարեկցութեան, գորովանքի մը փոխուեր էր յանկարծ՝ Միքայէլին նկատմամբ։

Հպարտ ու անձնուէ՜ր տղայ, միշտ մեր սիրելին ու առաջնորդն եղաւ ինքը եւ լուր օրերուն շարունակեց նորէն փչե՜լ փքոցը, ձեռքերը ածուխէն սեւցած ու մազերը առատ փոշիին հատիկներովը ծածկուած, սորվեցաւ ինքն ալ հօրմէն՝ խարտել ու քերել, բայց մինչեւ վերջն ալ մնաց նոյն աղքատութեան տղան՝ տժգոյն, նիհար, եւ սակայն անտրտունջ ու համբերատար։

Մրոտենց տղա՜քը, ահա որո՛նք էին, որ վաղուան յոյսն էին Խաչեր աղբօրն ու իր կնկան՝ Խաչխաթունին։


[1]        Թխսամայր, կռթան։

[2]        Բարիքի, բարեգործութեան համար։

[3]        Պարտէզի ցանկապատ։

[4]        Սպառնալ, կռուի հրաւիրել։

[5]        Այդտեղէն։

[6]        Գրգռելով, կռուի դրդելով։