Ցագալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԶՂՋՈՒՄԸ
Դ


Ծնունդ էր ու մեռելոցի օր։

Բանտը սաստիկ մռայլ ու տխուր էր. եկեղեցիին զանգակը դեռ արշալոյսին ղօղանջած էր հատիկ—հատիկ ու օդին գորշ, մառախլապատ խոնաւութիւնը ճեղքելով՝ եկեր հասեր էր մինչեւ ներսերը, մինչեւ բանտարկեալներու ծանրաթախիծ խուցերը, բերելով իր հետ դուրսի ազատ կեանքին, դուրսի տօնական ուրախութեան թրթռումը։

Ու ցուրտ էր, շա՜տ ցուրտ։

Մագթաղինացի Աննան նստեր էր իր անկողնին մէջ, վերմակը ուսերուն վրայ, կծկտած. կարծես երկարատեւ հիւանդութենէ մը նոր ապաքինած, այնքան տժգոյն, այնքան նիհարցած ու վատուժ։

Գլուխը ուսին վրայ կախ՝ կը մտածէր։ Աչքը չէր ուզեր վեր առնել. այդ աղտոտ, սեւ, կիսախարխուլ պատերը, իր բանտակից թուրք ընկերներուն անհոգ քրքիջը, շարգիները, զուարթ կատակները, բակէն եկած բանտային սովորական ժխորն ու բանտարկեալներու աղաղակները՝ այդ ամէնը այսօր անտանելի, յուսահատական բան մը ունէին, որ կը նեղէին, կը չարչարէին զինքը։

Չէր ուզեր գլուխը վեր առնել, որովհետեւ այդպէս, աղօթողի մտամփոփ երազողի այդ դիրքին մէջ՝ կը նայէր տարիներու ծոցէն հեռուն, շա՜տ հեռուն, դէպի իր կեանքին ամէնէն անդորր ու երանական օրերը, ահա իր աղջկնութեան խենթ տարիները՝ երբ փուշին [1] գլխուն վրայ, նոր ֆիստանը [2] հագած ժամ կ՚երթար ու ժամէն կը վերադառնար մօրը հետ. իր նոր հագուստներուն երջանկութենէն զատ ուրիշ բան չէր զգար ու երբ տանը մէջ մինակ կը մնար՝ կը դառնար ինք իր վրայ, իր հասակն ի վար կը նայէր ու կը հիանար, կը սքանչանար իր լաթերուն գեղեցկութենէն, անոնց նորութենէն. յետոյ այն տարին՝ ուր այս օրը եկեղեցիին վերնատունէն կուշտ մը իր նշանածին նայեր էր, անոր սիրովը գինովցած տուն դարձեր էր ու գիշերներ, գիշերներ՝ անոր պատկերը երազն էր եկեր։

Աղջկնութենէն ետք հարսնութիւնը, ամուսնութեան առաջին տարիներուն վարդէ քաղցրութիւնը, յետոյ… ա՜խ, յետոյ ղարիպի սեւ ու մրեղելիք ճամբան, արեւէն ետք երկինքի խաւարումը, յետոյ… անդարձ էրիկը, լքումը, սայթաքումը, աշխարհի արհամարհանքը, անդարձ պատիւը, եւ անզգամութեան ու մեղքի տղմուտ լիճը…եւ ահա բա՜նտը, բա՜նտը, բա՜նտը…

Կեանքին մէջ երկրորդ անգամն էր որ Աննան իր հոգիին հետ մինակ կը մնար, եւ առաջին անգամն էր որ լալու բաղձանքը կ՚ունենար։ Բորոտի մը պէս որ մինակ կը մնայ անմարդի անապատի մէջ, անմխիթարելի տանջանքով ու զարհուրանքով կը տեսնէր հիմա թէ ի՛նչպէս մարդիկ հեռացեր էին իրմէ, ի՛նչպէս կամաց—կամաց ամէն բարեկամութիւն, ամէն սրբութիւն թողուցեր էր զինքը, թէ ի՛նչպէս իր տունը նզովքի ու հայհոյութեան դուռ մը եղեր էր, որուն առջեւէն թքնելով կ՚անցնէին ամէնքն ալ, որուն ուռնակը միայն մեղաւոր ձեռքեր կու գային ծեծելու գիշերները։

Ու արցունքները կը վազէին իր աչքերէն, հեծկլտուքները կը խեղդէին զինքը։

Իր բանտակից թրքուհիները լրբօրէն ծիծաղելով կը մարէին, տեսնելով Աննան՝ որ չի խօսիլ, չի պատասխաներ իրենց հարցումներուն եւ տարօրինա՜կ բան, կու լայ։

Որ սիրականդ կարօտցար, քա աղջի՛կ։

Յանկարծ քայլեր մօտեցան ու կանգ առին կիներու այդ բանտային յարկաբաժնին առջեւ. ոտքեր գետինը թափահարեցին՝ հաւանականաբար կօշիկներու ձիւնը թօթուելու համար եւ Մէհմէտ չավուշին ձայնը պոռաց դուրսէն։

Քիմսէ օլմասըն [3] ։

Տաճիկ կիները փաթթուեցան մէկ—մէկ կտոր լաթի մէջ ու ծածկեցին իրենց երեսները. բանալին դարձաւ փականքին մէջ եւ դուռը ճռնչաց ծխնիներուն վրայ։

Աննան՝ քարացած իր դիրքին մէջ, կարծես չէր լսեր ո՛չ Մէհմէտ չավուշին ձայնը, ոչ դրան բացուիլը։

Աննա՛, քէշիշը [4] քեզ տեսնել կ՚ուզէ, անփութօրէն ըսաւ Մէհմէտ չավուշը եւ հեռացաւ։

Զօրաւոր ձայն մը իբր թէ արթնցուցած ըլլար զինք խոր ու թմրաբեր նինջէ մը, Աննան գլուխը շտկեց եւ տեսաւ սեմին վրայ Տ. Արշամը, որ կեցած անշարժ եւ վշտագին, տժգոյն դէմքով՝ կը նայէր իրեն։

Յանկարծակիի եկած, ոտքի ելաւ շուարուն, անկողինը մէկ կողմ ըրաւ աճապարանքով եւ արցունքները սրբելով՝

Հրամեցէ՛ք, Տէ՛ր Հայր, նե՛րս հրամեցէք, հեկեկաց դողդողացող ու փղձկալից ձայնով։

Տէրտէրը կը վարանէր կարծես. այդ խոնաւ, այդ մերկ եւ աղտոտ խուցը, խսիրի կտորները՝ որ նետուած էին գետինը, ու ցուրտը, ու մթութիւնը, այդ պատիժի ու արհամարհանքի բնականութեան բոլոր դառնագին չքաւորութիւնը ընկրկիչ, վրդովեցուցիչ ու կսկծագին բան մը ունէին։

Ներս մտաւ վերջապէս։ Տաճիկ կիները դուրս ելան քահանային այս անակնկալ ու օտարոտի ներկայութենէն բան մը չհասկնալով։

Ու Տ. Արշամը նստեցաւ Աննային անկողնին վրայ, սակայն գունատ էր ինք ալ՝ քահանան, ձայնը կը դողդղար յայտնապէս, երբ առաջին անգամ հարցուց Աննային, առանց անոր երեսը նայիլ կրնալու։

Ի՞նչպէս ես, զաւակս։

Հանգիստ եմ, Տէր Հայր։

Գիտե՞ս, աղջիկս, այսօր Ծնունդ է, այս նշխարքը քեզի բերի, որպէս զի դուն ալ պատարագին օրհնութեան բաժինն ունենաս։

Այսպէս՝ «աղջիկս», «զաւակս» բառերը՝ որոնց մէջէն մասնաւոր գուրգուրանք մը կը ծորէր, անդորրութիւն մը, անհուն հեշտութիւն մը կաթեցուցին Աննային հոգիին մէջ, շատոնց, շատ տարիներէ ի վեր լսած չէր այդ բառերուն այդքան քաղցր արտաբերութիւնը, շատոնց այդ բառերը ոեւէ շրթունքէ ուղղուած չէին իրեն։

Ոտքի ելաւ ամչնալով, կարմրած, համբուրեց Տէր Հօր ձեռքը եւ առաւ նշխարքը։

Տիրեց լռութիւն. կարծես երկուքն ալ նոյն պահուն, լռելեայն, կը հասկնային զիրար, կը տեսնէին ինչ որ կ՚անցնէր մէկ—մէկու մտածումներէն։

Սակայն անհրաժեշտ էր խօսիլ. պարտաւորութիւնը Տէր Արշամինն էր.

Եկայ որ օրհնեմ քեզ, աղջի՛կս եկայ որ երկինքին ու բոլոր ժողովուրդին օրհնութիւնը բերեմ քեզի, դուն հայ կնիկներուն թագուհին ես…։ Տէրտէրը չկրցաւ աւարտել խօսքը, որովհետեւ ձայնը կը խռպոտէր, կը խեղդուէր խռչափողին մէջ։

Աննան չէր կրնար հաւատալ իր լսածին, սիրտը սաստիկ կը բաբախէր, այլայլեր էր, երազային բարձրութենէ մը գահավիժելու զգայութիւնն ունէր եւ հազիւ կրցաւ թոթովել.

Ե՞ս, Տէ՛ր Հայր, ինծի պէս աչքէ ու երեսէ ինկած, ինծի պէս աշխարհին մեղաւորը, ինծի պէս անզգա՞մ մը։

Չէ՛, զաւա՛կս, այսօր ես եկայ թողութիւն տալու քու անցեալ բոլոր մեղքերուդ. ասկէ ետք՝ դուն կնիկներուն ամէնէն մաքուրն ու ամէնէն անբիծը պիտի ըլլաս, որովհետեւ հարիւրաւոր մայրերու աչքերուն արցունքը դո՛ւն սրբեցիր, հարիւրաւոր կտրիճներու կեանքը դո՛ւն ապահովեցիր. գազանէ մը ազատեցիր ամբողջ քաղաքը եւ այնքան առաքինի ու վսեմ եղար քու վերջին գործիդ մէջ, որուն նմանը թերեւս մեր քաղաքին մէջ ոչ մէկ հայ կնիկ եղած է մինչեւ հիմա։

Ու Տէր Արշամը ձեռքը դրաւ Աննային գլխուն վրայ եւ «Մեղան» ըսաւ. աչքերը արցունքով լեցուն՝ կը շարժէր միայն շրթունքները ու կ՚աղօթէր. կու լար քահանան եւ երեսները գոգնոցին մէջ ծածկած՝ կու լար նաեւ Աննան ալ, ծնրադիր, արցունքները կը հոսէին՝ բայց կ՚իմանար թէ իր սրտէն ներս լոյս մը կը ճառագայթէր, իր հոգիին դռները պայծառ արեւի մը առջեւ կը բացուէին, ու կը թեթեւնար, կը թեթեւնար ինքը։

Տէ՛ր, օրհնէ այս աղախինդ՝ որ քաջութիւնն ունեցաւ աստուածային գործ մը գլուխ բերելու…։

Տէր Արշամը կ՚աղօթէր, աչքերը յառած առաստաղին ու իր արցունքները՝ կ՚ըսես վերէն, երկինքի եթերային ոլորտներէն թանացող ցօղի կաթիլներ ըլլային, որ սահելով կը կաթէին Աննային եազմային [5] վրայ ու կը գլորէին դարվար։

Քահանան ոտքի ելաւ։

Տէ՛ր Հայր, աղօթէ՛ միշտ ինծի համար։

Է՛հ, աղջի՛կս, Համտիին գերեզմանը յաւիտենական աղօթք է քեզի համար… թոթովեց քահանան ու դուրս ելաւ խուցէն։


[1]        Գլխաշոր։

[2]        Շրջազգեստ։

[3]        Ոչ ոք մնայ։

[4]        Քահանայ, երէց։

[5]        Գլխու ծածկոց։