Ցագալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՔԱՐԱՑԱԾՆԵՐԸ
(Հէքիաթ)


Սա ժայռերը որոնց վրայէն բազէները կը ճախրեն եւ օձերը կը սողան սուլելով, ուր մամուռներ փաթթուելով անոնց կողերուն վրայ գորշ կանաչ մը կ՚երանգեն, ատենօք, աւանդութիւն մը կ՚ըսէ, այդ հսկայ ժայռերը մարդիկ էին մեզի պէս։

Անյիշատակ ժամանակի մը մէջ՝ այդ խոպան տեղէն հպարտ ամբոխ մը կ՚անցնէր, հեռու երկիրներէ եկող հարսնեւորներու խուժան մը, ու թմբուկին, դափին ձայնը, երգողներու, ծնծղաներու հնչիւնը, զգեստներուն շողիւնները՝ հեռուն, դաշտերուն մէջ կ՚երկննային, ու հարսը քօղին մէջ ծածկուած իր գեղեցկութիւնը կը պահէր։ Յանկարծ անզուսպ փափաք մը կ՚ուռեցնէ հարսին սիրտը՝ որ դէմքը բանայ ու վայրի սիրով մը իր գեղեցկութիւնը անծանօթ տեղերուն ցոյց տայ. կը նետէ քօղը ու իր աննման դէմքը արեւին կը ցուցնէ։ Այն ատեն, անոր գեղէն ու հպարտութենէն զայրացած, բնութիւնը անէծքով կը շանթահարէ բոլորը հո՛տ, այդ տեղը. եւ անփոփոխելի այլակերպութեամբ, մարդիկը քար կը դառնան՝ անշարժ, ու համր։

Հիմա, մշական սպասումով՝ անոնք կը սպասեն հոն. անոնց մէջ կը նշմարուին խանգարուած, աւրուած դիմագծեր՝ մանուկի, պառաւի եւ պարմաններու. վայրենի աչքեր կան ահռելի սեւեռումներով՝ մոլեգին արտայայտութեամբ մը բաց մնացած. կծկուած, խորշոմած երեւոյթներ կ՚երեւան որ կարծես լալու կը պատրաստուին, ու չեն լար. եւ ցաւ մը կը յայտնուի, ցաւ մը որ զիրենք տանջած է. իրարու վրայ խռնուած սեղմ կամ անջատ՝ անծանօթ էակներ որոնք սակայն՝ առասպելի զրոյցէն դուրս, խուսափող նմանութեամբ գծուած իրական պատկերներ ցոյց կու տան։ Առտուան արեւին տակ եւ իրիկուան մարող ցոլքերուն լոյսովը՝ անոնք յաւիտեան պիտի փայլին հոտ։

Աւանդութիւնը այդ դժբաղդներու պատմութեան՝ քարերուն եւ ապառաժներուն մէջ՝ յուսատու, մխիթարող հաւատք մըն ալ դրած է. հոն ուխտատեղի մը եղած է ուր հիւանդները, ցաւածները վերջին ապաւէնի մը յոյսով, կիները մանաւանդ, այդ ցուրտ քարերուն կը տանին իրենց տառապանքները, եւ միամիտի դիւրահաւանութեամբ մոմ կը վառեն ու ետ կը դառնան։ Եւ ժայռերը միշտ յոխորտ ու խիզախ՝ իրենց գլուխները կ՚երկարեն երկնքին մէջ, ուր երբեմն գարնան ճերմակ ամպի կտորներ կանգ կ՚առնեն անոնց վրայ եւ մանր փրփուրներով կը ժանեկազարդեն զանոնք. վայրի թուզեր եւ կանաչ թփիկներ կը բուսնին վերերը անոնց ծերպերուն մէջ, կայծակը կը զարնուի երբեմն ու կտորներ կը փրցնէ անոնցմէ. եւ մռայլ օրերուն, անձրեւներու ատեն, ագռաւները սո՜ւր, սո՜ւր կը ճչեն, անձրեւը սողալով վար կ՚իջնէ ու հովերն ալ շաչելով անոնց վրայէն կը վազեն։

Անցորդներու նայուծքները վեր կը դառնան մերթ ահաբեկ՝ հսկայ բարձրութենէն. եւ վրդովուած յուզումով կը հարցնեն անոնք ինքնին թէ իրա՞ւ այս քարերը մարդ եղած են ատենով, կեանքը իրա՞ւ անոնց մէջէն ալ անցած է, սա քա՜րերը որոնց վրայ անհամար թռչուններու հազարաւոր փետուրներ ցրուած են։