Ցագալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԵՐԵՔ ԽՐԱՏ


Իմաստուն էր Խիկար եւ անոր անունը դուրս էր ելեր Ալթուն թագաւորի պալատէն ու տարածուեր էր շատ հեռու երկիրներ։

Ամէն աշխարհէ իմաստուններ կու գային անոր խրատները լսելու։ Թագաւորներ ու իշխաններ կու գային անոր յարգանք յայտնելու։

Բայց մինակ իմաստութիւնը չէր Խիկարին անունը փառաւորողը, Խիկար այնպիսի սիրտ մը ունէր, որ կարեկից էր ուրիշներուն վիշտին. կը սիրէր թշուառները եւ կը սրբէր անոնց արցունքները։ Երկրէ երկիր թափառական մուրացկաններ ու տնանկ ճամբորդներ կու գային իր քով եւ կը գտնէին գուրգուրանք ու սփոփանք։

Ծառաները այլեւս չէին հարցներ թէ եկողը ո՛վ է, խրատի կարօտ իմաստո՞ւն, թէ հացի կարօտ մոլորած ճամբորդ։ Ամէնուն առջեւ բաց էին անոր դռները։