ՄԱՐԴԸ
ՉԷՐ
ՄԵՌՆԵՐ
Ա.
Այն
ատեն
հրաշալի
էր
աշխարհը.
վերջալոյսերը
տրտմութեան
ստուեր
չունէին,
գիշերները
վախով
ու
արհաւիրքով
ծանրաբեռնուած
չէին,
քամին
չէր
տքար
ողբաձայն,
մայրական
կուրծքերէ
հեծեծանք
չէր
բարձրանար։
Այն
ատեն
առաւօտները
միշտ
մայիսի
վարդաբոյր
գինովութիւնը
կը
խմէին,
որովհետեւ
գարնանային
մշտանորոգ,
անսպառ
վերակենդանութիւնը
կը
տիրէր
եւ
խնդութիւնը,
ուրախութիւնը
կը
ծաղկէին
ամէն
տեղ,
հողին
ու
ջուրին
վրայ,
ստուերոտ
ծործորներուն
մէջ
ու
մինչեւ
լուսապայծառ
հորիզոնը։
Երկինքէն,
գետնէն
ծաղկաւէտ
դաշտերուն
վրայէն
ու
սաղարթալից
ծառաստաններէն
եդեմական
շունչ
մը
կը
ծառանար
ու
հմայքով,
դիւթութեամբ
կը
լեցնէր
երկիրը։
Կեանքի
բաղձանքը
անսահմանութեամբ
կը
ծորէր
ամէն
կողմ
ու
կը
յորդէր։
Անծանօթ
յափշտակութիւն
մը
կը
խլէր
մարդկային
սիրտը
դէպի
անվախճան
հեռակէտ
մը
եւ
միշտ
նոր,
թարմ
կարօտներ
թեւ
կ՚առնէին
ու
կը
թռէին
ինչպէս
սոխակին
պաշտելի
մեղեդին՝
դէպի
արշալուսային
շլացուցիչ
հեռաւորութիւնները,
դէպի
անանուն,
երբեք
իմանալի
գեղեցկութիւնները։
Յոգնութիւն
չկար,
կործանարար
յուսահատութիւնն
ու
անդարմանելի
մորմոքը
անծանօթ
էին
աշխարհին։
Մահ
չկար
այն
ատեն։
Բ
Ծաղիկները
խոտերուն
մէջ,
թիթեռները
մացառներուն
վրայ
ու
մարդկային
բոլոր
աչքերը՝
քոյր
եղբայր
էին
երկինքի
խորունկ
կապոյտին
մէջ
քնացող
արթնցող
լոյսերուն
հետ։
Մահուան
թմրութիւնը
չէր
նստեր
անոնց
արտեւանունքներուն
վրայ
եւ
ճանկեր
չէին
փորեր
անոնց
լուսաւոր
բիբերը։
Ծառերն
իրենց
ճիւղերուն
գիրկն
օրօրուող
բոյներէն
աղուաթեւ,
եթերային
երաժշտութիւն
մը
կը
թափէին
վար՝
դալար
տերեւներու
եւ
բուրումնալից
թերթերու
հետ,
կանաչ
բլուրներու
կանաչ
արօտներէն
գառնուկները
կաթնահամ
բառաչիւնով
կ՚արածէին,
գեղի
կտուրներէն
աքաղաղները
ոստոստելով
կը
թափահարէին
իրենց
թեւերը
ու
օրուան
պահերը
կը
փառաբանէին,
եւ
իր
շողերը
մեղրի
մէջ
թաթխած
գաղջ
արեւ
մըն
ալ
կը
տարածուէր
երկինքէն
դէպի
վար,
իր
հետ
բերելով
հանգստութիւն,
հեշտութիւն,
քաղցրութիւն։
Որովհետեւ
ոչ
լերան
կաքաւն
ու
լորամարգին
կը
մեռնէին,
ո՛չ
անտառի
առիւծն
ու
կորիւնը,
ոչ
դաշտին
արագիլն
ու
ճայեկը,
ո՛չ
մայրերն
իրենց
զաւակներէն
առաջ
եւ
ոչ
ալ
մանուկները՝
անգամ
մը
ծնելէ
ետք։
Գեղերն
ու
քաղաքները
գերեզմաննոց
չունէին
եւ
հողին
անծանօթ
էր
մարդկային
մսին
համը։
Այն
ատեն
մարդուն
պռկունքները
երջանկութեան
ծարաւէն
չէին
պապակեր
եւ
հիմակուան
պէս
կեանքը
տրտմութեան
աղբիւրին
քով
նստած,
պատկերն
անոր
պղտոր
ալիքներուն
մէջ
տեսնելով՝
ձեռքը
երեսներուն
չէր
ողբար
ու
չէր
հեծեծեր։
Գ
Այդ
գերերկրային,
անիմանալի
կեանքին
մէջ
տուները
օրհնութեամբ
լեցուն
էին,
հունձքը
անսպառ
առատութեամբ,
տարին
մոգական
երիտասարդութեամբ,
պտուղները
քաղուելով
չէին
հատներ,
պարտէզները՝
երեք
եղանակի
մէջ
ծերանալով՝
չէին
խորշոմիր։
Քարայրներուն,
ապառաժի
խոռոչներուն
խորը
վայրի
մեղրը
կը
դիզուէր
ու
յետոյ
հալելով՝
ծերպերէն
դարվար
կը
կաթէր.
եւ
կ՚ըսէին
թէ
աղբիւրներուն
ակերէն
եղնիկի
կաթ
կը
վազէր
երբեմն։
Եփրատը
ոսկի
զանակներով
լեցուն
էր
եւ
իր
ալիքները
զգլխիչ,
երազային
բոյրերու
շոգի
մը
կը
ծաւալէին
իրենց
անցած
ափերուն
վրայ,
որուն
հեշտութենէն
արբշիռ՝
թռչունները
երամներով
օդին
մէջ
կը
բարձրանային
ու
աստուածային
գեղգեղանքներ
կը
դաշներգէին։
Եւ
այդ
անուշահոտութեան,
դայլայլի,
օդային
ցնորական
կամարին
տակէն
գետն
ի
վար
կու
գային
լողալով
անցնիլ՝
մերակմարմին
յաւերժահարսեր,
կուրծքերնին
ջուրէն
վեր,
ծիծերնին
ջուրին
երեսը,
կատակելով
ու
լողալով
նոյնպէս,
երբ,
հանդիպակաց
երկու
դալարաւէտ
ափունքները
իրենց
սէզի,
կնիւններու,
ջրային
շուշաններու
ցօղաթուրմ
թեւերը
կ՚երկնցնէին՝
դպնալու
համար
նայադներու
մերկութեան,
իրենց
շրթունքները
կ՚երկնցնէին՝
համբուրելու
համար
անոնց
մարմնին
տենչահրաւէր
թարմութիւնը։
Կ’ըսէին
թէ
մայրերն
իրենց
մանուկներուն
եօթը
տարի
ծիծ
կու
տային
եւ
աղաւնիներն
ալ
իրենց
կաթովը
կը
ծծցնէին
ձագերնին։
Բնութեան
մէջ
աստուածային
երազ
մը
կը
սաւառնէր՝
օրօրելով
աշխարհը,
խառնուելով
կեանքին
հետ,
լեցնելով
բոլոր
սիրտերը։
Մահ
չկա՜ր,
մահ
չկա՜ր։
Դ.
Երանական
այդ
աշխարհին
անուշ
օրերէն
մէկն
էր.
ծերունի
մը
դաշտին
մէջ՝
ուր
արտերէն
ոմանք
դեռ
կանաչ,
ոմանք
արդէն
դեղնագոյն
քիստերով
ծանրացած
հունձքեր
ունէին՝
կը
խաղար
մանուկներուն
հետ,
զուա՜րթ,
անհոգ
ու
մանկական
անփոյթ
ինքնամոռացումով։
Որովհետեւ,
մարդը
որ
կը
ծերանար
սպիտակահեր,
ճերմակ
մօրուքով՝
ոչ
կնճիռ
կ՚ունենար
երեսը,
ո՛չ
խորշոմ
ճակտին
վրայ.
ոտքերը
չէին
կթոտեր,
թեւերը
չէին
դողար,
ուժերը
թարմ,
կորովը
երիտասարդական
կը
մնային.
շրջան
մըն
էր
միայն
կեանքը՝
որ
ետ
կը
դառնար
ու
կը
մանկանար,
սպիտակ
մազերուն
տակէն
սեւերը
կը
ծլէին,
հին
մորթերը
թեփի
պէս
թափելով
իրենց
տակէն
մատղաշ
միս
մը
կը
ծլէր
եւ
գիշեր
մըն
ալ
ծերունին
արթննալով՝
ինքզինքը
մանուկ
կը
գտնէր։
Ծերութիւնը
յառաջանալով՝
կ՚երթար
կը
հալէր
կեանքի
նորածագ
առաւօտուն։
Մահուան
վախը
մարդուն
շուքին
հետ՝
իր
ետեւէն
չէր
վազեր
ու
հալածեր
զայն.
ցաւը՝
հիմակուան
պէս
ոսկորներուն
խորը
չէր
բնակեր,
ոչ
ալ
տրտմութիւնը
երակներուն
մէջէն
կը
սուրար։
Ծերունին
վէգ
կը
խաղար
խումբ
մը
բոպիկ,
գռուզ
մազերով
մանուկներու
հետ՝
ծիծաղելով,
կայտռելով։
Արագիլները
որ
իրենց
խոշոր
բոյներէն
վար
իջեր
էին՝
կը
կտցահարէին
հողը
եւ
վախնալով
չէին
փախեր
անոնցմէ.
ճնճղուկները
կու
գային
կը
նստէին
մանուկներուն
գլխին
ու
կը
հանգչէին
ծերունիին
ուսերուն
վրայ։
Կարմիր,
սեւ
պիսակաւոր
կովեր
հանդարտօրէն
կ՚արածէին,
հոտուըտալով
խոտերը,
գլխու
ընդհատ
ցնցումներով՝
քաշել
փրցնելով
զանոնք
իրենց
արմատէն.
գոմէշները
ընկողմանած
շուքի
մը
տակ
կամ
զով
ջուրին
մէջ՝
ծնօտի
ծոյլ
ու
դանդաղ
շարժումով
կ՚որոճային,
ձգելով
նոյնքան
ծոյլ
ու
անվրդով
նայուածք
մը
իրենց
շուրջիններուն
ու
շրջավայրին
վրայ։
Եւ
ահա
յանկարծ
օդին
մէջէն
թեւերու
թափահարում
մը
լսուեցաւ
եւ
վերի
անծանօթ
ոլորտներէն
էակ
մը
իջաւ
դաշտին
վրայ,
կեցաւ
մօտակայ
բլուրին
վերեւ,
եւ
իրեն
կանչեց
ծերունին՝
որ
կը
խաղար
մանուկներուն
հետ։
Մանուկները
շարունակեցին
խաղը։
—
Եկո՜ւր,
ծերունի՛,
ըսաւ
սպիտակաթեւ
էակը՝
որուն
ուսերէն
ծիրանի
մը
ծփալով
կ՚իջնէր
թուլօրէն
ու
փաթթուելով
կուրծքին՝
կը
պարածածկէր
պորտը
եւ
կ՚երթար
կը
հանգրիճուէր
կռնակին
ետեւ։
—
Որոշուած
է
որ,
շարունակեց
անիկա,
մարմինդ
համրուած
տարիք
մը
պիտի
ունենայ
եւ
պիտի
մեռնի
անկէ
ետք,
ինչպէս
պիտի
մեռնին
քեզմէ
ետք
բոլոր
մարդիկը
որ
կ՚երեւան
աշխարհի
վրայ
ու
պիտի
երեւան։
—
Բայց,
ի՞նչ
է
մահը,
կրկնեց
ծերունին
հետաքրքիր
ու
միամիտ։
—
Մա՛հը,
շարունակեց
անծանօթը
տրտմաբեկ
ժպիտով
մը,
քուն
մըն
է
որուն
տակ
անգամ
մը
աչքերդ
գոցելէ
ետք՝
ա՛լ
պիտի
չկրնաս
բանալ,
անվաղորդայն
գիշեր
մըն
է
յաւիտենապէս
խաւար՝
ուր
եւ
ոչ
իսկ
ցայգալոյս
մը
կը
ցաթի,
ուրկէ
լուսնային
եւ
ոչ
իսկ
աղօտ
նշոյլ
մը
կը
շողայ
կ՚անցնի։
Մահը
երբ
որ
գայ
ու
գրկէ
քեզ,
այս
տաքուկ
արեւը,
այս
արտերը,
այս
սօսաւող
ծառերը,
հորիզոնին
հեռաւոր
կապոյտին
վրայ
դողդղացող
շուշանի
մարմինովը
տա՛
ամպերը
ամէնքն
ալ
հոս
պիտի
մնան
իրենց
տեղը,
ուրիշներու
համար.
եւ
դուն
պիտի
զրկուիս
անոնցմէ՝
անգամ
մըն
ալ
չտեսնելու
պայմանով։
Ծերունին
ասղնտուք
մը
զգաց
մարմնին
մէջ
որ
զայն
կը
փշաքաղէր
եւ
զինքը
անհանգիստ
խռովքով
մը
կը
լեցնէր։
Անորո՜շ
վախ,
որ
կը
պարուրէր
հոգին.
եւ
այս
անբացատրելի
վիճակը
առաջին
անգամ
էր
որ
կ՚ունենար։
—
Տարօրինակ
ու
անգութ
բաներ
կ՚ըսես
դուն,
պատասխանեց
ծերունին,
որովհետեւ
կարելի՞
է
եւ,
ի՞նչպէս
մխիթարուիմ՝
խորհելով
թէ
արեւը
իր
տեղը
պիտի
մնայ,
երկինքը
իր
այս
շքեղութեան
մէջ,
թռչունները
նորէն
վերի
բարձրութիւններէն
պիտի
ճախրեն
երգելով,
բլուրները
այգիներով
եւ
առատ
արօտներով
իրենց
տեղը
պիտի
մնան
եւ
ասոնք
բոլորը
չտեսնելու
համար՝
պիտի
մեռնի՜մ
ես։
Բայց
ի՞նչ
է
պատճառը,
քանի
որ
գեղերէն՝
ամէն
առաւօտ
եւ
իրիկուն
նորէն
ծխաններու
մուխը
պիտի
բարձրանայ,
իմ
զաւակներս,
սիրելիներս,
ազգականներս
պիտի
մնան
հոս,
առանձին
պիտի
վայելեն
այդ
ամէնը
եւ
ես
միայն
իրենց
հետ
պիտի
չըլլամ.
ինչո՞ւ
համար
արդար
չես,
անծանօ՛թ,
ինչո՞ւ
բարութեան
կարգերը
փոխել
կ՚ուզես։
—
Ըսին
ինծի
որ
մարդը
շատ
պզտիկ,
բայց
իր
բաղձանքը
անհուն
է.
ըսին
թէ
ինչպէս
գետը
անժամանակ
թուականներէ
ի
վեր
շարունակած
է
հեղեղիլ
անդադար
եւ
որուն
ակերը
անկարելի
է
ցամքեցնել,
այսպէս
ալ
մարդկային
սիրտը
բիւրաւոր
ակեր
ու
երակներ
ունի,
որոնցմէ
կարօտը,
փափաքը
կը
ծորի
եւ
կը
հոսի
անհաշիւ.
ահա՛
այդ
ծորակները
ցամքեցնելու
եկայ.
կ՚ուզեմ
որ
մեռնիս
եւ
պատճառը,
շիտակը՝
ես
ալ
չեմ
գիտեր։
Ծերունին
գլուխը
կուրծքին
վրայ
կախեց
թուլօրէն
եւ
յետոյ
աչքերը
վեր
առնելով,
իբր
թէ
մահը
անմիջապէս
քովը
ըլլար,
հեղ
մըն
ալ
նայեցաւ
շուրջը.
գեղեցկութիւնները
հրապոյրով
ու
մշտնջենական
տենչանքով
աւելի
կը
վառէին
հիմա,
մանուկները՝
անգիտա՜կ,
կը
խաղային
զուարթօրէն։
Բնութիւնը
հմայիչ
էր
ու
կը
փողփողէր,
կեանքի
վայելքը
հզօր
ու
անդիմադրելի։
—
Մեռնելէս
ետքը
քա՛ր
թող
ըլլամ՝
բայց
աչք
մը
ունենամ
որ
տեսնէ,
սա
խոտը
թող
ըլլամ՝
բայց
սիրտս
ինծի
հետ
թող
ըլլայ,
սա
մացառին
փուշը
թող
ըլլամ՝
բայց
լեզուս
տեղն
ըլլայ՝
որ
սիրելիներս
քովէս
անցած
ատեն
հետերնին
կարենայ
խօսիլ
միայն.
մեռնելէս
ետք
թող
դաշտին
ամէնէն
պզտիկ
մժեղն
ըլլամ,
բայց
սէրս
կարօտներս
ու
զգացումներս
ինծի
հետ
մնան
եւ
ամենայետին
անկիւնէ
մը
վայելել
կարենամ
այս
աշխարհը,
հեկեկաց
ծերունին
արտասուալից։
Անծանօթին
դէմքին
վրայ
թախծութեան
ստուեր
մը
կը
խաղար.
իր
կարգին,
ինք
ալ
կը
դիտէր
բնութիւնը,
եւ
թէեւ
գերերկրային
օթեւաններէ,
ուրիշ
հորիզոններէ
եկած
օտարական՝
կը
զգար
ինք
ալ
շրջակայքի
խօլական
հրճուանքը,
յորդ
խնծիղը,
համայնալից
ցնծութիւնը.
կը
զգար
թէ
իր
սիրտն
ալ
ակամայ
հաղորդակից
կ՚ըլլար
հզօր
բաղձանքին
եւ
ծերունիին
տրտմութեան։
Պահ
մը
լռութիւն
տիրեց,
որովհետեւ
ծերունին
կը
հեկեկար
եւ
անծանօթը
մտածումներով
գրաւուած
կ՚երեւէր։
Ե.
Վերջապէս
թեւաւոր
էակը
որ
վիթի
աչքեր,
կոյսի
սեւ
ու
ալեծուփ
մազեր
եւ
վայրի
կակաչի
կարմրութեամբ
շրթներ
ունէր,
երկու
քովերէն
կախուած
ամպի
նման
ճերմակ
ու
անմարմին
թեւերը
թուլցուց,
հեղ
մը
երկինք
նայեցաւ
մտասեւեռ
ու
յարեց.
—
Ծերունի՛,
որ
մահկանացու
պիտի
ըլլաս
անդառնալիօրէն,
իբրեւ
յետին
շնորհ,
մխիթարութիւն՝
որոշուած
է
որ
ապրելու
օրերուդ
թիւը
դո՛ւն
սահմանես.
անկէ
անդին
բան
մը
մի՛
ուզեր.
պիտի
չտրուի
քեզի։
Ըսէ
հիմա
թէ
ո՞րչափ
ապրիլ
կը
փափաքիս
եւ
ո՞րչափ
ատենէն
ետք
մեռնիլ։
Ծերունին
չէր
խօսեր,
որովհետեւ
դարերու
եւ
տարիի
հաշուով
ինչքա՞ն
ժամանակ
պիտի
կրնար
շահիլ
անմահութենէն։
Ծովուն
անսահմանութենէն
մանկական
ափ
մը
որքա՞ն
ջուր
կրնար
բռնել։
—
Արտորա՛,
ծերունի՛,
ազդարարեց
անծանօթը,
ժամանակս
կարճ
է
ու
թեւերս
այսքան
ատեն
հանգիստ
առնել
սորված
չեն
բնաւ։
Նայիր
հունա՛,
սա
թաւամազ
կովը,
որ
կ՚արածի՝
քու
փափաքներուդ
իբր
չափ
պիտի
ծառայէ.
ձեռքերդ
դի՛ր
անոր
կռնակին
վրայ
եւ
որչափ
մազ
որ
կրցիր
տեղաւորել
անոնց
տակ,
այդ
մազերուն
համրանքին
թիւովը
ապրելու
տարիներ
պիտի
ունենաս
դեռ։
Ծերունին
խելայեղ,
կեանքի
սիրովը
գինով՝
վազեց
դէպի
արածող
կովը
եւ
բոլոր
մարմնովը
ինկաւ
անոր
քամակին
վրայ,
յուսալով
այդպէս
անթիւ
մազեր
բռնել
ձեռքերուն
տակ։
Սակայն,
աւա՜ղ,
կեանքի
մոլեգին
բաղձանքը
մոլորեցուց
զինքը,
որովհետեւ
երբ
ամբողջ
մարմինով
փռուեցաւ
կովուն
վրայ,
ձեռքերը
վար
կախուած,
օդին
մէջ,
մնացին
առկախ,
եւ
մազի
թել
մը
անգամ
չգտնուեցաւ
ափերուն
տակ։
Զ.
Անծանօթը՝
որ
կեանքի
բաշխիչ
պատգամաբերն
էր,
դարձաւ
եղաւ
հոգէառ
հրեշտակը։
Երկու
անգամ
թափ
տուաւ
թեւերուն,
տխրադէմ
եւ
վշտահար,
սլացաւ
երկինքն
ի
վեր
ուրուրի
պէս
եւ
կայծակէն
արագ։
Իր
ետեւէն
լոյսերը
կը
տժգունէին,
կը
պղտորէին,
սուգը
վարագոյրի
պէս
կը
կախուէր
երկինքէն,
անօրինակ
դառնութիւն
մը
կը
սուրար
ամէն
կողմէ
ու
կը
նստէր
փոշիի
պէս՝
ամէն
բանի
վրայ։
Այն
օրէն
գիշերները
վախով
ու
արհավիրքով
բռնուեցան.
յոյսերուն,
ինչպէս
բոլոր
ծիլերուն
կանաչը՝
օձի
թունաւոր
լեզու
մը
խածաւ,
գետերը
խորունկցան
ու
ջուրերը
ժանգի
գոյն
առին,
թռչուններուն
հագագէն
վիշտը
խօսիլ
սկսաւ.
գոյները
տրտմեցան,
լոյսերը
տրտմեցան
ու
ամէն
կողմ
մահուան
դողը
պատեց։
Է.
Ծերունին
մեռեր
էր։
Եւ
կեանքը
սահմանուեցաւ
այնպէս,
ինչպէս
կ՚ապրինք
մենք,
մինչեւ
տարիքը՝
ուր
ապրած
էր
ծերունին
եւ
մեռած։
Մարդը
մեռաւ,
բայց
կեանքի
իր
բաղձանքը
անմահ
մնաց։
Մանուկները
որ
կը
խաղային՝
մօտեցան
անոր
դիակին
ու
մահուան
հոտը
թափանցեց
անոնց
հոգիին
ալ.
անոր
համար
է
որ
այսօր
երախաներն
անգամ
կեանքի
անստոյգ
տեւողութեան
հոգն
ունին
եւ
անոր
վախճանին
տագնապը
կը
բաբախէ
իրենց
սրտին
մէջ։
Այդ
անորոշ
դարագլուխէն
ասդին
է
որ
բնութիւնը
իր
անխախտ
սահմանին
մէջ
ամփոփուած
է
եւ
մահը
կը
տիրապետէ
խլրտելով
տիեզերքին
բոլոր
անկիւններէն,
հարաւէն
ու
հիւսիսէն,
արեւելքէն
ու
արեւմուտքէն։