Ցագալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԵՐԵՔ ԽՐԱՏ
Բ


Գացին պալատ, սկսաւ խնճոյքը։ Ամիրխաս չէր հեռանար Խիկարին քովէն։

Նստեցաւ թագաւորը. աջ ու ձախ կողմն ալ՝ մեծամեծ ու իշխան։ Խիկարը նստեցաւ աջ կողմը, անմիջապէս թագաւորին քով։

Ա՛լ չսպասեց Ամիրխաս, որ հիւրերը տեղաւորուին ու յետոյ ինք նստի։ Հոս—հոն նայեցաւ, եւ տեսաւ որ Խիկարին քով մեծ զարդարուն բազմոց մը դրուած է. ա՛լ աջ ու ձախ չհաշուեց, հրմշտկելով հիւրերը, շիտակ գնաց ու ծալապատիկ նստեցաւ Խիկարին քով, մէջքը հպարտ—հպարտ կռթնցնելով փափուկ գորգին։ Շատերը նայեցան իրեն, բայց ինք գլուխը վեր տնկեց, կզակը իրեն քաշեց եւ այնպէս փքացաւ, որ կարծես թագաւորն ինքն ըլլար։

Խիկար աչքին պոչով նայեցաւ հեղ մը անոր, գլուխն երերցուց, շփեց երկար մօրուքը ու հառաչեց։ Բայց բան մը չըսաւ։

Սենեկապետը կը հրամցնէր հիւրերը եւ ամէն մէկուն ցոյց կու տար իր նստելու տեղը։ Հիւրերէն մէկը մօտեցաւ Ամիրխասին ու ձեռքով նշան ըրաւ որ քիչ մը վար քաշուի։ Ամիրխաս, առանց ձայն հանելու, ձեռքերուն վրայ կռթնելով՝ սողաց դէպի վար։ Այսպէս, իրարու ետեւէ կու գային ու կու գային, եւ Ամիրխաս վար երթալով, հասաւ դրան քով։

Նստած էր դրան ետեւ, եւ ծառաները, կերակուր բերելու եւ ամանները տանելու ատեն, իւղը կը կաթեցնէին անոր գլխուն եւ ուսերուն վրայ. կամ անցած—դարձած ատեն՝ կը զարնուէին իր թեւին ու ծունկին։

Խնճոյքը տաքցաւ. կենդանացան երգ ու խօսակցութիւն։ Համադամ կերակուրներու այդքան առատութիւն եւ այդքան անուշահամ գինի՝ Ամիրխաս չէր տեսեր իր կեանքին մէջ։

Խմեր էր գինին, տաքցուցեր էր կատարը եւ խելքը կորսնցուցած՝ կը խնդար բարձրաձայն կամ կը ձայնակցէր նուագածուներուն եւ երգիչներուն։ Քովը նստողներուն կը պատմէր իր քաջագործութիւնները, թէ ի՛նչպէս առիւծի բերանն է պատռեր, թէ ի՛նչպէս ձի է գողցեր, թէ ի՛նչպէս կինն է ծեծեր։ Վերջապէս կը պատմէր, թէ ի՛նչ աննման գինիներ է խմեր. թէ ո՛րքան խեղճ է թագաւորին սեղանը, գինին անհամ, կնկա՜ն խմելիք։

Քովը նստողները ձանձրացան իրմէ եւ քրթմնջելով՝ իրեն ու Խիկարին երեսը կը նայէին. եւ ամէնքն ալ չէին ուզեր լսել զինք։

Բայց մեր Ամիրխասը չյուսահատեցաւ. չէ՞ որ Խիկար իրեն ըսած էր թէ՝ համարձակ եղիր։ Խռպոտ ձայնը ձգեց եւ սկսաւ բարձրաձայն խօսիլ աւելի հեռուն նստողներուն հետ. ա՛լ չէր թողուր որ մէկը խօսք խօսի. մէջ կ՚իյնար, կ՚ընդհատէր խօսողները եւ բերանը չէր գոցեր…։