Ցագալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԵՐԵՔ ԽՐԱՏ
Զ


Ատեանը բացուեցաւ։ Չորս կողմէն լեցուած էին պալատականներ՝ տեսնելու Ամիրխասին պատժուիլը, որ վիրաւորեր էր արքայական քաջ որսորդը եւ խառնակեր էր թագաւորին խնճոյքը։

Եկաւ նաեւ Խիկարը ու լուռ կանգնեցաւ պալատականներուն կողմը, ամէնէն վերեւ։

Հնչեցին շեփորները, թնդացին թմբուկները ու երեւցաւ Ալթուն թագաւորը։ Սաստիկ բարկացեր էր եւ կ՚ուզէր պատժել թշուառական օտարականը։

Կանգնած էր դահճապետն ալ, մէկ—քանի դահիճներով։

Բայց Ամիրխաս ա՛լ չէր դողար ոչ սեւամորթ դահճապետին զարհուրելի դէմքէն, ոչ ալ թագաւորի կատաղի նայուածքէն. չէ՛ր վախնար ո՛չ Փուշքարին վրէժխնդիր աչքերէն, ո՛չ ալ հանդիսատեսներու սուր հետաքրքրութենէն։

Դէ՛հ, ըսաւ թագաւորը, խոստովանէ՛, ուրկէ՞ եւ ի՞նչպէս ձեռք ձգեցիր իմ քաջ որսապետիս դանակը։ Քանի շուտ խոստովանիս, այնքան թեթեւ կ՚ըլլայ պատիժդ։

Ո՛չ, տէ՛ր արքայ, այդ դանակը իմս է, գոչեց Ամիրխասը համարձակ։ Մէկը չի կրնար հաստատել, որ ժանգոտ բերնով դանակը՝ արքայական որսորդ Փուշքար իշխանինն է։ Ես հեռու տեղէ եկած օտարական մըն էմ, բայց իմ երկրիս մէջ հարիւրաւոր վկաներ ցոյց կու տամ, որ հաստատեն, թէ եօթը տարիէ ի վեր, այս դանակը իմ քովս է։

Սո՛ւտ կ՚ըսէ, պոռաց Փուշքարը, դանակը իմս է եւ ճիշդ եօ՛թը տարի առաջ գողցան ինձմէ՝ երբ անտառին մէջ որսորդութենէ յոգնած, քնացեր էի միայնակ։ Եւ վկաներ ունիմ, ահաւասիկ։

Ու եկան վկաները ու մէկիկ—մէկիկ հաստատեցին անոր ըսածները։

Երիտասարդ իշխանը թող երդում ընէ թագաւորին ու պալատականներուն առջեւ, ըսաւ Ամիրխաս։ Երդումէն յետոյ ալ՝ թող իր խօսքերը հաստատէ կնիքով, այն ատեն կը հաւատամ, որ դանակը իրն է եւ կը խոստովանիմ ճշմարտութիւնը։

Այո՛, այո՛, կ՚երդնում, վրայ բերաւ Փուշքար, կ՚երդնում հազար անգամ. թող այսօր արեւին հետ իմ ալ արեւս խաւարի՝ եթէ սուտ կայ այստեղ։ Դանակը ի՛մս է։

  Վկաներն ալ երդում ըրին եւ Փուշքար իր ըսածները կրկին ու կրկին պնդեց։

Այն ատեն, Ամիրխաս քայլ մը առաջ եկաւ եւ սկսաւ… Լեզուին կապերը քակուեր էին եւ ճարտար խօսքը բերնէն կը հոսէր աղբիւրի պէս։

«Ուրեմն, լսէ՛, տէ՜ր արքայ, լսեցէք դո՛ւք ալ, մեծամեծնե՛ր։ Դուք բոլորդ ալ հաստատեցիք, որ այս դանակը երիտասարդ իշխանինն է։ Ես՝ հասարակ հողեղէն մարդ՝ չեմ կրնար չհաւատալ անոր երդումին եւ ձեր խօսքերուն։ Ճշմարի՛տ է, այս դանակը ի՛մս չէ. ես գողցեր եմ։ Մինչեւ այսօր կը փնտռէի տէրը, որ իրեն տամ։ Փնտռեցի եօթը տարի, վերջապէս այսօր գտայ։

Կը խնդրեմ, տէ՛ր թագաւոր, քու տէրութեանդ գիրքը բանալ տաս եւ հրամայես կարդալ, թէ եօթը տարի առաջ ի՛նչ նշանաւոր դէպք պատահեցաւ երկրիդ մէջ։

Եօթը տարի առաջ, ճիշդ այս օրերուն, Թաւրիզէն ճամբայ ինկաւ Պաղտատի ամենամեծ կարաւանը, որ բաղկացած էր չորս առանձին—առանձին կարաւաններէ։

Առաջին կարաւանին ուղտերը բեռնաւորուած էին Հնդկաստանի ակներով ու փղոսկրով։ Երկրորդ կարաւանը կը տանէր Հնդկաչինի ամաններ ու ապակեղէն։ Երրորդ կարաւանին հակերը լեցուած էին Իրանի ու Թուրանի մետաքսեղէններով ու թանկագին դիպակով։ Իսկ անոնց ետեւէն՝ ջորիներու կարաւանը կը տանէր ուտելիք ու խմելիքի անսպառ պաշար։

Այդ չորսին մէջ ամէնէն հարուստը՝ Հաճի Իսմայիլի կարաւանն էր, որ առաջնորդն էր միւս երեքին։

Տասնութ օրուան ճամբայ էին կտրեր, երբ աւազակները գիշերով յարձակեցան կարաւանին վրայ։ Կոտորեցին բոլոր ուղեկիցները՝ սկսած առաջնորդէն մինչեւ վերջին ծառան. կողոպտեցին ապրանքն ու հարստութիւնը։

Հաճի Իսմայիլի ամբողջ հարստութիւնը այդ կարաւանին մէջ էր. անոր մահով որբացան կինն ու զաւակները եւ տնանկ դարձան։ Կինը՝ էրկան մահուան լուրն առնելով, գետինն ինկաւ ու իր շունչը փչեց։ Չորս փոքր որբուկները, մերկ ու բոպիկ, փողոցներն ինկան։

Իսկ մեծ որդին գնաց հօրը դիակը գտնելու, որ գազաններուն ու ագռաւներուն կեր չդառնայ։ Շատ լեռ ու ձոր ինկաւ, գետ ու անտառ անցաւ, վերջապէս կիրճի մը մէջ տեսաւ հօրը այլանդակուած դիակը։ Վազեց անոր մօտ, որ անոր երեսին վրայ թափէ որդիական արցունքները։ Գրկեց զայն եւ անոր կուրծքէն քաշեց դանակ մը։

Անկէ վերջ, ամբողջ եօթը տարի, Իսմայիլի որդին ո՛չ քուն ունէր, ո՛չ ծածք, ո՛չ ալ հաց։ Մէկ հատիկ էշը առած՝ կը թափառէր քաղաքէ քաղաք, գիւղէ գիւղ։ Կը մտնէր հարուստի ու աղքատի տունը, ուր որ հարսնիք կար կամ մեռելի սգահաց։ Կը հանէր ամէն տեղ դանակը, կը հրամցնէր պատահողին, որպէս զի գտնէր թերեւս անոր տէրը, իր հայրն սպաննողը։

Եւ ահա եօթը ամառ արեւի տակ խաշելով, եօթը ձմեռ բուքի տակ սրսփալով, այսօր կեցած է անիկա քու առջեւդ, տէ՛ր… Ե՛ս եմ Հաճի Իսմայիլին զաւակը եւ ա՛յս դանակը հօրս կուրծքէն եմ քաշեր։ Ահա՛ իմ հօրս սպաննիչը եւ դանակին տէրը։

Պահանջէ՛ անկէ, ո՜վ արդարադատ թագաւոր, հօրս արեան գինը եւ կորսնցուցած հարստութիւնը…»։