Ցագալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՈՎ ՈՐ ՍՈԻԼԹԱՆ ՄԸ ՈԻՆԻ ԻՐ ՀՈԳԻԻՆ ՄԷՋ
Բ


Մարդիկ դժբաղդ էին ու չէին գիտեր իրենց դժբաղդութիւնը, որովհետեւ դադրած էին ատելէ ու սրտմտելէ. իսկ ատելութիւնն ու սրտմտութիւնը, իմացէ՛ք, ո՜վ բազմութիւններ որ կը լսէք ինծի, սիրոյ ու երջանկութեան սանդուղին առաջին սանդղամատերն են՝ որոնց վրայէն միայն մարդը կը բարձրանայ խաղաղութեան:

Այս պատճառով էր որ փողոցները լուռ ու ամայի էին Խուտէվէնտ թագաւորին քաղաքներուն մէջ, եւ Սուլթանապատի մեծ պազարը նման էր դատարկ ու աւերակ փեթակի մը, ուրկէ թագուհին հեռացած է իր մեղուապարսով:

Այս պատճառով էր որ նսեմացաւ Քիրմանի ու Խորասանի թանկագին գորգերուն պայծառութիւնը, եւ թառամեցան անոնց նրբակերտ ծաղիկներուն վառող գոյները:

Ու անոր համար էր որ Թեհրանի ու Շիրազի սիրակարօտ գեղուհիները, աննմա՜ն ամբողջ աննման Արեւելքի մէջ, դարձան աղախին ու սպասուհի, ցնցոտիապատ ու խորշակահար, թափառելով որպէս մուրացկան՝ աղօթատեղիներու գաւիթներուն մէջ ու քաղաքներէն գեղերը տանող ճամբաներուն վրայ:

Որովհետեւ, երիտասարդները դատապարտուած էին, ցերեկ ու գիշեր, տարապարհակի ու բանակային ծառայութեանց: Սայլերը՝ լծուած եօթը զոյգ գոմէշներու, պետութեան չորս ծայրերէն կը կրէին միայն ցորեն ու գարի՝ արքայական ամբարներուն, միայն մեղր ու սէր՝ արքայական սեղանին, խութնի ու խումաշ՝ արքայական պալատին, եւ վարդի իւղ, յամպար ու մուշկ՝ արքայական հարեմին համար: