Ցագալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ես կու գամ Սպահանի ու Պաղտատի արքունական պողոտաներէն, որոնցմէ անցայ, տեսնելու համար այն աւերակները, որ կը վկայէն թագաւորական գահերուն վերջնական մահը՝ ժամանակի ու մոռացութեան աճիւններուն տակ:

Ես տեսայ ժողովուրդները, որ իշխան ու իշխողներ չունէին… եւ լացի անոնց վրայ:

Ես նայեցայ անոնց աչքերուն մէջ ու զգացի որ այդ աչքերուն ուրախութիւնը յոգնած էր ու պղտոր. ես մտիկ ըրի անոնց խօսքերը եւ իմացայ որ այդ խօսքերը զուրկ էին իմաստէ ու կեանքէ, որպէս թէ ըլլային պողպատի ձայներ՝ հնչելով կայծքարի մը վրայ:

Եւ ես այդ աչքերուն ու խօսքերուն ճամբով՝ իջայ սրտերուն ու հոգիներուն խորութեանը մէջ, եւ սարսափով ստուգեցի թէ անոնք թափուր էին, ամայի ու աղքատ:

Զարհուրանքո՜վ տեսայ թէ սիրտերը իշխաններ, եւ հոգիները արքաներ չունէին:

Վուալէ Սինա բանաստեղծը աշխարհի պարգեւած էր իմաստութեան քսան խորհուրդներուն բանալիները, բայց չէր յաջողած գտնել քսանմէկերորդը. անիկա ջնջած էր արքաները՝ իրենց իշխանութեան թախտերով, բայց չէր ըսած որ ամէն սիրտ Շահ մը, ու ամէն հոգի Սուլթան մը պիտի ունենայ իր մէջ:

Չէր ըսած թէ այն հոգին որ Սուլթան չունի, այն սիրտը որ Շահ չունի, աւելի ստրուկ է քան թագաւորին ապաստանը աւլող յետին ստրուկը, ու աւելի թշուառ՝ քան Սթամպուլի մզկիթներուն առջեւ նստած կոյր մուրացկանը:

Լսեցէ՛ք ինծի, ո՜վ տարաշխարհի հեռաւո՜ր եղբայրներ: Իրանի մեծ բանաստեղծը թողուց որ իր հետեւորդները լրացնեն վերջին խորհուրդը քսանմէկ խորհուրդներուն. եւ ես կ՚ըսեմ ահա.

«Վա՜յ այն հոգիներուն՝ որ իրենց Սուլթանները չունին, վա՜յ այն սիրտերուն՝ որոնց մէջ արքայական պալատներ չկան:

Վա՜յ այն հոգիներուն՝ որ գահակալներ չեն, լի ճոխութեամբ ու պերճանքով, ինքնիշխան ու աշխարհակալ. վա՜յ այն սիրտերուն՝ որոնց մէջ չկայ ո՛չ գահ, ո՛չ մեծութիւն, ոչ փառքի պատուանդան…

Այն հոգին որ գահազուրկ է, կը նմանի առագաստի անկողնի մը՝ որուն փեսան չկայ, այն սիրտը որ թագազուրկ է, կը նմանի մատանիի մը՝ որուն վրայէն թանկագին գոհարը ինկած է:

Մինչեւ որ ամէն մարդ ամէն ժողովուրդի մէջ՝ իր սիրտին վերանորոգուած ապարանքին դռներուն առջեւ, օրուան բոլոր ժամերուն, նոր թագաւորի մը դուրս ելլալուն չսպասէ, երկրպագելու համար անոր նորոգ փառքին ու նորոգ շքեղութեանը, բոլոր հոգիները պիտի մնան յաւիտենապէս գթութեան արժանի, եւ բոլոր ազգերը՝ յաւիտենապէս դժբաղդ, որքան էլ երկիրները իշխաններ ունենան, եւ պետութիւնները՝ ինքնակալ:

Ես աւարտեցի իմ երգս, եւ կ՚երթամ իմ ճամբաս, ողջունելով բոլոր անոնք, որոնց կը հանդիպիմ իմ անցքիս վրայ եւ որոնց հոգիին մէջ կը գտնեմ գահեր ու գահակալներ…»: