Ցագալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՀԱՅՐԵՆԱԿԱՆ ՍԱԶԸ


Բարեկենդանի հինգշաբթին էր, ու չեմ գիտեր ի՛նչպէս, յիշեցի յանկարծ հօրս սազը, այն սազը՝ որ ժամանակին, երբ դեռ ողջ էր ողորմած հոգին, վար կ՚առնէր պատէն եւ կը հնչեցնէր զուարթաձայն՝ բազմած մեր ընտանեկան սեղանին գլուխը։

Ո՜րքան տարիներ անցեր էին այն օրերէն ի վեր։ Մեռեր էին անոնք՝ որ տէրն էին, այն ատեն, մեր տանն ու ընտանիքին. մեռեր էին մեծերը, որոնք կը հաւաքուէին խրախճանքի սեղանին շուրջ եւ գինի կը խմէին։

Եւ դարձեա՛լ, չեմ գիտեր ի՛նչու, միտքս եկան մէկիկ—մէկիկ, բոլոր նահապետները մեր օճախին ու մեր թաղին, ոմանք իրենց հայրական հասակին մէջ՝ կենսալից ու կարմրադէմ. ոմանք՝ սպիտակահեր ու ալեւոր՝ իրենց առաքելական ճերմակ դէմքով ու ճերմակ մօրուքով, անոնք՝ որոնց երեսէն անպակաս էր բարի ժպիտը, որ իմաստուն ու հեղինակաւոր էին օր մը, եւ այսօր ստուեր ու շուք միայն՝ իբրեւ թէ երբեք եկած չըլլային այս աշխարհը, երբեք արեգակին տակ թիւ մըն ալ իրենք չլրացնէին, եւ ունեցած չըլլային ո՛չ կերպարանք, ո՛չ շարժում, ո՛չ բարբառ եւ ո՛չ անուն։

Յիշեցի այս ամէնը, եւ կարօտը զգացի հայրենական սազին՝ որ մոռցուած էր ու անտէր մնացած, կ՚ըսես գերեզման իջած ինք ալ, իր կարգին, մեռելներուն հետ։

Գացի մառանը, հոն ուր ատենօք, ինչպէս եւ հիմա, խոշոր կարասները կը հանգչէին քով քովի, արտաբուրելով մշկահոտ բուրումը գինիին եւ օրհնութիւնը հայրենական տան ու լիութիւնը անոր սեղաններուն։

Կիսաղօտ մթութեան մէջ խարխափելով՝ ձեռքերս հանդիպեցան այն մոմապատ տոպրակին, որուն մէջ խնամով փաթթուած էր հնօրեայ սազը եւ կախուած պատն ի վար, նոյն ինքն այն ձեռքերէն՝ որոնք հիմա գերեզմանին մէջ հող էին ու փոշի։

Քակեցի կապերը՝ որ պարապնդած էին նուագարանին պարանոցը, եւ բացի տոպրակին ծալքերը զգուշութեամբ, երկիւղած ու հանդարտ մատներով, որպէս թէ տրուած ըլլար ինծի բանալ նոյնինքն հօրս պատանքը իր դէմքին վրայ։

***

Եւ տեսայ, որպիսի՜ զարմանք, որ թելերը կը մնային հաստատ ու ամուր, ականջները լարուած ու դաշն, իբր թէ դեռ երէկ անոնց տէրը կարգի բերած ու թողած ըլլար զանոնք այնպէս՝ ինչպէս որ կային։

  Թօթուեցի թեթեւ փոշին, որ նստեր էր նուագարանին կուրծքին վրայ եւ փնտռեցի կնտնտոցը։

Քանի որ լարերը կեցած են այսպէս անեղծ, ըսի մտքէս, ինչո՞ւ պէտք չէ որ անոնց երգերուն խորհուրդն ալ մնացած ըլլայ անթառամ ու կենդանի։

Եւ մտածեցի։ Այս դաշնակութեան գործիքին վրայ կան կեանքի բոլոր լարերը. սիրոյ լարը, ողբական լարը, եւ ուրախութեան լարը։ Փորձե՛նք զանոնք կարգով, տեսնելու համար թէ ո՞րն է անոնցմէ աւելի հզօրն ու տիրականը, ո՞րն է այն լարը՝ որ կը պահէ իր երիտասարդութիւնը ժամանակներուն մէջէն, եւ կրնայ պարգեւել մեր հոգիին, ժամանակներուն մէջէն, գերագոյն սփոփանքն ու երանութիւնը։

***

Եւ ես դպայ տրտմութեան լարին։ Ի՜նչ անակնկալ. ո՛չ մէկ ձայն, ո՛չ մէկ թրթռում, ո՛չ մէկ հնչիւն։ Թոյլ ու նուաղ աւաչ մը հնչեց միայն, անստոյգ, անկատար ու անիմաստ։

Երգ չէր ան, այլ անիմանալի թոթովանք մը, որ ինք իրմով բան մը չէր ըսեր եւ իմաստ մը չէր յայտներ։

Տարօրինա՜կ բան, մտածեցի դարձեալ. մի՞թէ մեր հայրերը թախիծ ու վիշտ չունէին. մի՞թէ անծանօթ էր անոնց տրտմութեան ինքնակալութիւնը, որուն ահեղ մականը կ՚իշխէ մեր ճակատին ու մեր հոգւոյն վրայ, եւ որուն ծանրութեանը տակ ամէն վայրկեան կը հեծեծեն մեր բոլոր մտածումները, մեր բոլոր զգացումներն ու կիրքերը։

Կրկնեցի հարցումս, եւ հեղ մըն ալ կնտնտոցը անցաւ տրտմութեան լարին վրայէն։

Ըսէ՛, ո՜վ հայրերուս հոգիին թարգման գործիք, ի՞նչպէս էր արցունքի երգը այն մարդոց, որ ապրեցան այս աշխարհին վրայ, ունենալով նոյն տանջանքն ու նոյն ցաւը իրենց ոտքերուն տակ, իրենց շուրջը, իրենց գլխուն վերեւ… ո՛չ, չեմ հաւատար որ անոնք եղած ըլլան անզգայ ու անհաղորդ տրտմութեան, քանի որ մարդ էին եւ մահէն հալածական, եւ հալածական այն ահաւոր գիտակցութենէն, որ ամէն օր մեզի հետ կը շնչէ, մեզի հետ կը շրջի եւ մեր ստուերը կը հետապնդէ, իւրաքանչիւր գիշեր՝ երբ անկողին մտնենք, եւ իւրաքանչիւր արշալոյսի՝ երբ երկինքին վրայ Աստուծոյ բարի լոյսը ցաթի…

Բայց, լարը մնաց անդրդուելի իր լռութեան մէջ, եւ չտուաւ ոչ մէկ պատասխան։

***

Ես փորձեցի բոլոր լարերը հատիկ—հատիկ, իրարու ետեւէ, եւ ականջ դրի։

Փորձեցի սիրոյ լարը եւ գտայ կենսաթրթիռ ու շէն. փորձեցի հաւատքի լարը ու տեսայ զայն խոր ու անսասան. փորձեցի հովուական լարը՝ քնքուշ, աղուաձայն ու արփաշող։

Բայց այն լարը՝ որ գերազանցեց ամէնքը, իր կենդանութեամբ եւ իր ուժով, ուրախութեան լարն էր, հոգի՛ն հնօրեայ նուագարանին եւ կը թուէր նոյնինքն անմահական հոգին մեր հայրերուն, արձագանգելով դարերու հեռաւոր ափունքներէն եւ բերելով արեգակին իմաստութիւնը իր հետ։

Ուրախութեան լարը երգեց։

Գինի խմենք, ո՜վ աղբրտի՛ք, որովհետեեւ առանց գինիի ո՛չ սէր կայ, եւ առանց սիրոյ ու առանց երգի՝ հացը լեղի է, ջուրը քացախ, ու կեանքը հարամ։

«Գինի խմենք, տեսնալու համար աշխարհքն առանց տարտի, որովհետեւ տարտն որ չափես աշխարհին համար՝ աւելի շատ է քան ծովուն ջուրը ծովուն համար…»

«Անխելք է ով որ վա՜խ կ՚ըսէ ու կ՚երթայ, տգէտ է ով որ ա՜խ կ՚ըսէ ու կ՚անցնի… անցաւորին համար ուրախութիւնն է պարգեւ եւ գինիին փարչը մխիթարանք։

«Գինի՛ խմեցէք զուարթ մէճլիսին մէջ եւ յիշեցէք աշուղ Ակօն, որ իր գերեզմանի քարին վրայ՝ կենդանութեան ատեն, գինիի դոյլ մը նախշել տուաւ ու տակը այսպէս գրեց.

Է՜յ աստուոր, վերջը աս չէ՞, թիզ մը սեւ հող ու հողին վրայ թիզ մը կանաչ խոտ. գինի՛ խմէ եւ խաղ կանչէ, ողորմիս հանելով աշուղ Ակոյին, որ եօթանասուն տարի ապրեցաւ եւ մեռաւ գինիին թասը ձեռքին մէջ…

***

Ողորմի՜ հոգուդ, հազա՜ր ողորմի, է՜յ աշուղ եղբայր, որ մեռար գինիին թասը ձեռքիդ մէջ ու գերեզմանիդ քարին վրայ։

Ողորմի՜ ձեր հոգուն, հազա՜ր ողորմի, հէ՜յ մեր օրհնեալ պապեր, որ եղաք կենսուրախ եւ կրցաք գտնել խնդութեան աղբիւրը, որպէս բժշկութիւն ցաւերուն եւ իմաստութիւն կեանքին։

Ձեր զաւակները մոռցան գինին եւ ուրախութիւնը, ու դարձան սրտով աղքատ եւ վշտով հարուստ։

Տօնն է այսօր Մեծ—բարեկենդանին, եւ ես կը խմեմ գինին ձեր այգիներէն, զոր տնկեցիք ձեր ձեռքերով, եւ այն կարասներէն, որ թաղեցիք մեր մառաններուն մէջ. կը խմեմ՝ օրհնելով ձեր յիշատակը եւ երգելով ուրախութեան երգը, որ պարգեւն է ու միակ բարիքը կեանքին։