Ցագալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՄԵՆԱՒՈՐ ԾԱՌԸ


Ա.

Ո՜վ պիտի երգէ մենաւոր ծառին հովուերգութիւնը, ո՜վ պիտի երգէ այն հեռաւոր կապոյտ գեղեցկութիւնը, այն մանուշակէ երազը՝ որուն մէջ փաթթուած կը կենայ հուտա հեռո՜ւն, դարատափին վրայ առանձին՝ մենաւո՜ր, մէկ հատիկ ծառը։

Գարնան գիշեր մը իր քոյրերէն զատուած՝ խիտ ծառաստանէն ելեր փախեր է եւ կարծես այդ փախուստի աճապարանքին մէջ ճամբան կորսնցուցած, հո՛տ ինկեր քնացեր է, մոլորուն որբի մը պէս, եւ առաւօտուն արթնցեր, յանկարծ ինքզինք հոն հաստատուած գտեր է. հապա ի՞նչպէս բացատրես իր մեկուսացումը պուրակէ ու բուրաստանէ, հապա ի՞նչպէս մեկնես քմահաճ ու կամակոր այդ խուսափումը։

Շրջակայ բոլոր մերկութեան մէջ, ուր սաղարթ եւ կանաչութիւն գոգաւոր վայրերը մէկտեղուեր խռնուեր են, իր կուսական հասակը կը գծագրուի միայն՝ անրջայի՜ն, մշուշոտ, այնպէս որ կը փորձուիս զինքը կտաւի պատկերի մը հետ շփոթել։

Հեռաւո՜ր գեղեցկութիւն, անմատչելի ըլլալու համար բի՜ւր անգամ պաշտելի, որ իր նազանքները մէյ մը արեւուն լոյսին կը հաւտայ, մէյ մը լուսնկային եւ մէյ մըն ալ անցորդ թռչունին։

Բ.

Գուցէ ուռենի մըն է, մշտադալար, փափկաճիւղ եւ որ ահա վաղը միւս օր կոկոններ պիտի տայ, բաց կանաչով մը պիտի ծաղկի. գուցէ նշենի մը որ ճերմակ կամ բաց բոսորագոյն ծաղիկներով պիտի լեցուի եւ խնկէ զինքը ողջագուրող հովերն ու իր կոյս շրջավայրը։

Առանձի՜ն, մի՛ս—մինակ, իր շուքին հետ ու իր խորհուրդներուն հետ, դիտելով ինչ որ կայ մաքուր վերի երկինքին ու թափառայած ամպերուն մէջ, հրաւիրելով իրեն պատահական թռչուններ՝ որ բարձրերէն անցնէին թեւատարած ու գլուխնին վայրահակ, լսելով ինչ որ վայրի թիթեռնիկներ կրնային բերել իրեն՝ սարէն ու ձորէն, դեռ ի՜նչ անծանօթ երաժշտութիւն որ կրնային ըսել թեթեւ սիւքերն ու սղոխները, անհոգ միջատներն ու աստանդական մեղուները։

Ու կը կշտանա՞ր միթէ բոլոր ասոնցմէ, առանձնակեա՜ց մենաւոր ծառը, եւ գոհ չէ՞ր միթէ, երբ խիզախելով՝ մինակը կրցած էր իր հպարտութեանը մէջ ամփոփուիլ, զատուիլ ինքնաբաւ գաճաճ թուփերէն՝ որ ուժերնին իրենց լայնքին տուած, կ՚աճի՜ն ու փուշ կը պտղաբերեն, զատուիլ բարձրագլուխ, յիմար, թուլամորթ բարտիներէն, որ ուժերնին իրենց երկայնքին տուած՝ կը բարձրանան ու բարձրանալով իրենց մահը կը փութացնեն։

Գ.

Խրոխտ ու բաւարար մխիթարութիւն մըն է ինքզինքն ամփոփել միշտ իր մտածումներուն, ցաւերուն, տառապանքներուն վրայ եւ արհամարհել ինչ որ պզտիկութիւն, փոքրոգութիւն եւ ոչնչութիւն է, եւ որոնք կ՚ապրին շէնլիքներու մէջ, լայն աշխարհի ու պարտէզներու, հեշտ տեղերուն մէջ. գէթ անոնց առընթերութիւնը չի սրբապղծեր, չ’ասղնտեր հոգեկան պէտքերը, կարօտները անոր որ ինք իրեն ամբողջութիւն մը կը ստեղծէ, որ լայնանիստ արմատի վրայ զօրանալ եւ բողբոջիլ կ՚ուզէ, որ տխմար ամբոխէն բաժնուելով՝ իր գետինը կը փնտռէ ուռճանալու եւ արգասաւորելու։

Հո՛տ, իր առանձին անկիւնին մէջ ո՛չ մախանք, ո՛չ քէն, ո՛չ կիրք. իր ուժն ու ինք, իր հանգիստ քունն ու իր խաղաղ զարթումը խաղա՜ղ արշալոյսներուն, գարնան օրերու ցնծուն, կենսարձակ խայտանքովն ու բեղմնաւորութեամբն ակաղձուն հեշտութեանը մէջ հոլանի՜։ Իր քոյրերը, վայրի խոտ, վայրի ծաղիկ, վայրի աննուխ, ամէնքն ալ իրեն պէս. հանդիպող ո՛ր եւ է հասարակ ոտք չի կոխեր զիրենք, ոչ ալ պատահական ամէն անցորդ կը հաճոյանայ իրենց գեղեցկութենէն ու ձեռք կը նետէ անոր. միւսները, պարտէզներուն, հասարակաց դաշտերուն վրայ ծաղկողները՝ դիւրամատչելի, դիւրագին ցնծուհիներ են, հաճոյակատար, անձնամատոյց՝ որոնց բոյրը բորոտ ռնգունք մը անգամ կրնայ կողոպտել եւ գառնուկի շրթունք մը անգամ անոնց փափկութիւնը բռնաբարել։

Դ.

Ի՜նչ երանութիւն, ի՜նչ երանութիւն, հովը միայն բարեկամ ու շատ—շատ՝ թափառական հովիւ մը։

Ամառնային արշալոյս է. զեփիւռն է խաղալէն խաղալէն կը փրթի բլուրներուն կողմէն եւ դեռ վար չեկած, զառիվարներուն չհասած՝ սարսռալ կը սկսին բոլոր այդ լեռնային բուսականութիւնն ու ծառը. մանուկ խոտերը իրենց գլուխները կը շարժեն ու երերալ կը սկսին, խատուտիկ ծաղիկները իրենց կապոյտ, կարմիր, դեղին յուլունքէ աչուկները կը բացխփեն ու անոնց վերեւ ծառն իր տերեւները սօսաւել կու տայ հեզամրմունջ. ու ամէնքն ալ, ամէնքն ալ կարծես թեւերնին կը բանան կ՚երկարեն ու կը փարին անոր։ Պահ մը մոգութիւն մը անշարժ կը թողու զիրենք. խարշափ, շշուկ կը դադրի. գինովութիւնը կը սաւառնի լայնօրէն բոլորին վրայ, մինչեւ որ վայրկեան մը յետոյ ուշաբերին ու այդ հեշտագին փարումին, յափշտակութեան սարսուռը չխաղաղած, պատրաստուին ուրիշ մը ընդունելու։

Ե.

Կէսօր է, շուքերն ու զովութիւններն հալածական՝ բաց դարատափին վրայ միայն արեւն ու իր տաքութիւնը կ՚իշխեն։ Հովիւ մը կու գայ ապաստանիլ մենաւոր ծառին հովանիին տակ ու կռնակը կրթնցնելով անոր բունին՝ սրինգը դուրս կը քաշէ գօտիէն ու շրթունքներուն մօտեցնելով կը նուագէ։

Ո՛վ պիտի երգէ մենաւոր ծառին տակ մենաւոր հովիւը՝ որ արձագանգել կու տայ շրջակաները մեղեդիներուն է՛ն կրակոտ, է՛ն կաթնածոր տրտմանուշ դաշնակութիւնը։

Շունչերնին կը բռնեն ծաղիկներն ու բոլոր կանաչները. թիթեռները ցօղուններուն վրայէն թեւերնին վար կը կախեն ու թառած կը նստին, անծանօթ պզտիկ միջատներ ծակի մը մէջէն կը նային, քարի մը վրայ գլուխնին կը հանգչեցնեն ու ամէնքն ալ ուշադիր մտիկ կ՚ընեն։

Երգը կը սորսորի հովիտէ հովիտ՝ որքան տեղ որ կրնայ հասնիլ, մինչ հովիւը մոռցած նախիրն՝ որ հանդարտօրէն կը ճարակի ցիրուցան, մոռցած կեանքն իսկ, իր մօտ դալարաւէտ գետնին վրայ տեսնել կը կարծէ սիրականին պատկերը. կը ժպտի իրեն, զմայլած ան ալ մտիկ ընել կը թուի, շրջապար մը կը դառնայ, կը մօտենայ իրեն ու հեղ մըն ալ կը հեռանայ, երբ հովիւը ոգեւորած, ա՛լ աւելի սրտագին, կը հնչեցնէ սրինգը՝ հեկեկալով սիրականին համար, աղաչելով անոր, գանգատելով, ողբալով ու ողոքել ջանալով զայն։

Արեւը կը ժողուըռտուի, փէշերը գօտին կը զարնէ, նախիրը տան ճամբան կը հոտուըտայ։

Սրինգին գեղգեղանքը կը լռէ. դարատափը միայն կը մնայ մենաւոր ծառին հետ՝ երբ կը դադրի նաեւ շտապող հովիւին հեռաւոր յետին ոտնաձայնն ալ։

Զ.

Արեւոտ օրերուն կը յաջորդեն աշուն, ձմեռ, երկինքը կը տխրի, արտ ու դաշտ մանկան մը պէս իրենց ձեռքերը երեսներուն դրած կու լան. մահուան թեւը կը թափահարէ վերերը. միայնութիւնը կատարեալ ու ցաւագին է։

Ծառն իր տեղն է նորէն յամառօրէն, անշարժ, աներկիւղ, սպասելով քամիին, սպասելով բուքին ու փոթորիկին, մի՛ս—մինակը՝ իր բունովն ու ճիւղերովը, իր արմատովն ու իր ուժովը։

Կործանարար բան մը տեղի պիտի ունենայ վաղը միւս օր. քամիները պիտի կատղին, լեռներն անգամ սրսփուք պիտի առնեն ու համակերպին, բայց ինք անյողդողդ ու ինքնավստահ, պիտի մարտնչի, դիմադրէ, մինչեւ որ աննպատակ կատաղութիւնները ողոքին, կատարներուն հեւուքը դադրի, տկարները մեռնին, մինչեւ որ անգամ մըն ալ լուսաւոր հորիզոնէն ճառագայթէ բնութեան առաջին ուրախութիւնը։ Այն ատեն գոհ ու հպարտ, իր երակներուն մէջ պիտի զգայ որ երջանկութիւնն ու կեանքը կը խլրտին, եւ բոլոր իրաւունքով, բոլոր փառքով պիտի մասնակցի բնութեան տօնական ցնծութեան ու շռայլ խրախճանքին։

Ո՜վ պիտի երգէ զքեզ, աներկիւղ ծառ, ո՜վ պիտի երգէ քու մշտանորոգ երիտասարդութիւնդ եւ այն տարորոշ անհատականութիւնը որ զքեզ կ՚առանձնացնէ անպէտ ցախերէն, մորենիներէն, փափկութեան ապաստանարան՝ վարդենիներէն ու վարդենիքէն. ամէնքն ալ վեհերոտ, զգուշաւոր հոգիներ՝ շաղապատուած մէկմէկու, փախչելով հրավառ արեւէն, փախչելով ամպրոպէն ու կայծակէն, երկնչելով ցուրտէն ու սառնամանիքէն։

Ո՜վ պիտի երգէ հորիզոնին հեռաւոր մէկ կէտին վրայ քու հասակիդ բոլոր բանաստեղծութիւնը եւ այն հեռանկարը՝ ուր կը կենաս անշարժ՝ վերամբարձ բազուկներով, սափորն ուսին վրայ բռնած գեղացի աղջկան մը պէս՝ որ կը տնտնայ, սպասելով սիրականին։

Դուն տեսլական գեղեցկութիւնն ես, անմահ խորհուրդը, կեցած ա՛յնպէս՝ ինչպէս որ էիր տարիներ առաջ, միշտ նո՛յնը, հրաւիրելով քեզի մեր նայուածքը ատեն—ատեն եւ քաղցրութիւն, երանաթեւ վրդովում, խռովք հաղորդելով մեր հոգուն։

Է.

Երգէ՛, ո՜վ ծառ, որ կը մնաս իբրեւ լարուած տրամադրելի քնար՝ բնութեան արձակ հովերուն, արձակ բանաստեղծութեան առջեւ, երգէ՛ անփութօրէն վշտակոծ կամ ցնծալից եղանակները, երգէ՛ ինչպէս որ տուն կու տայ հիւսիսի քամին կամ մեղմաթեւ հովիկը. ի՜նչ հոգ, բաւական է որ անկեղծ ըլլան բոլոր ձայներն ու անոնց հաղորդուած յուզումները՝ որ քու սաղարթներուդ, տերեւներուդ մէջէն կ՚անցնին ու կը շշնջեն. բաւական է որ դուն արժանահաւատ երգիչն ըլլաս քեզի տրուած կենդանի թելադրութիւններուն, կենդանի կեանքին։

Երգէ՛, իբրեւ զգայուն հոգի, եւ թող տուր որ այդ երգերը երթան թափառական դէպի դաշտ ու հովիտ, բաղդն ուր որ առաջնորդէ զանոնք. գուցէ իրենց ճամբուն վրայ հանդիպին զիրենք հասկցող հաղորդակից սրտերու, պահ մը ալեկոծելով զանոնք ու անցնելով, ինչպէս անցորդ մը շատ հեղ կանգ կ՚առնէ պատի մը առջեւ, մտիկ կ՚ընէ ներսէն լսուած եղանակ մը եւ ինք ալ իր կարգին ներսի նոյն անծանօթ յուզումովը կը համակուի, գտնելով իր մէջ յարութիւն առնող յիշատակ մը, զգացում մը։

Որովհետեւ հոգիները նո՛յնն են ամէն տեղ ու նոյն թեւերն ունին, նոյն բաղձանքները ու նոյն նշանակէտերը։