ԼԵՌԱՆ
ԵՂՆԻԿԻՆ
(Արձակ
քերթուած)
Սարն
ի
վեր,
սարն
ի
վեր,
ո՜վ
վայրի
բնութեան
ազատ
գեղեցկութիւնը:
Անկոխ
բարձրութիւնները
քեզ
աշխարհքէն
կը
պահեն
եւ
գարնանային
խոնաւ
ու
ասմազուն
մշուշը՝
բիւրաւոր
սուտակներու
փոշիով
կազմուած՝
քու
թափանցիկ,
քու
բիւրեղային
դղեակդ
կ՚ըլլայ
առաւօտներուն,
մանաւանդ
Ապրիլի
այս
արշալոյսներուն:
Լեռներն
երազ
ունին
հիմա,
սարերը
կուսական
թարմութիւն
եւ
Անտառը
սիրոյ
իր
առաջին
թոթովանքը
կը
սկսի.
անիմանալի,
հեշտ,
տարածուն
դաշնակութիւն
մը
կը
բաբախէ
բոլոր
բարձունքներուն,
բոլոր
ապալեր
ժայռերուն,
բոլոր
կատարներուն
վրայ
եւ
արբեցուցիչ
խտղըտուկ
մը
գինիի
հեշտութեամբ
կը
լիացնէ
ամէ՜նքը,
ամէնքը:
Ճախրասլաց
Արծիւի
մը
երգը
կ՚անցնի
բնութեան
սրտին
մէջէն
ու
անպտուղ
քարերն
անգամ
իրենց
ճերմակ
ակռաներուն
մէջ
խոտի
շիւղ
մը,
երկու
տերեւ,
փունջ
մը
վայրի
ծաղիկ
կը
խածնեն:
Ու
դուն,
ո՜վ
եղնիկ,
արարածներուն
ամէնէն
քնքուշը,
ամէնէն
զգայունն
ու
փափուկը,
գուցէ
նաեւ
ամէնէն
անկախ
բանաստեղծական
հոգին՝
որ
կ՚ապրիս
միշտ՝
խանդավառութեան,
միշտ
զուարթ
ներշնչումի
ու
յաւիտենապէս
անպարտելի
սարերու
երիտասարդութեանը
մէջ:
Թեթեւասոյր,
հովի
պէս
արագ
ու
անհոգ՝
քու
ձագերուդ
հետ
կը
թռչիս
ուր
որ
կամակոր
անասունի
կճղակները
կրնան
հասնիլ,
մինչեւ
անմագլցելի
այն
տեղերը՝
որոնց
վրայ
կը
քսուին
առաջին
անգամ
գարնան
լիառատ,
ուռճալից
ստինքները
եւ
կը
ծնեցնեն
է՛ն
հմայիչ
ծաղիկները,
անանուն
թերթերը,
բոյրերու
ու
գոյներու
բոլոր
նոյներանգ
ծիածանը:
Սարերու՜
եղնիկ,
թափառակա՜ն
ու
անգիր
քերթուած,
ի
զուր
հոս
կը
փնտռենք
նոր
ու
բեղմնաւոր
զգացումներ,
ի
զուր
յօրանջող,
տափարակ
դաշտերուն՝
ցած
գետիններուն
վրայ
մեր
երեւակայութեան
թեւաբաց
դիցուհին
կը
մոլորի,
ինչպէս
թեւէն
վիրաւոր
կռունկը
որ
արտերուն
երեսէն
արտորալով
կը
վազէ
ետեւէն
արիւնի
գիծ
մը
ձգած:
Ո՛չ,
մեր
լեզուն,
մեր
բարբառը,
մեր
ձայնը
անբաւական
են
արտայայտելու
ու
փառաբանելու
այն
շքեղ
ու
ցնցող
դաշնակութիւնները՝
որ
կ՚աղաղակէ
ուրուրն
իր
ժայռի
ցցունքէն,
անտառն
իր
յաղթապանծ
կատարներու
բերանովը,
մրրիկը
վերի
բարձրութիւններէն:
Ծղրիթի
մենաւոր
ու
ցայգային
տրտմութիւն
մըն
է
որ
կը
հեկեկանք
մենք:
Ընտանի
անասունի
ուժակորոյս,
կողկողագին,
ցաւատանջ
միօրինակութիւն
մը՝
հազար
անգամ
կրկնուած,
հազար
անգամ
լսուած:
Աւա՜ղ,
անփոփոխ
իրերը
իրենց
դրացնութեամբ,
իրենց
սպառիչ
ու
մշտնջենաւոր
տեւականութեամբ
կը
սպանեն
մեր
բոլոր
զգայնութիւնները,
մեր
նայուածքներուն
արու
լոյսը,
մեր
տպաւորութիւններուն
հարազատ
կենդանութիւնը:
Օրէ
օր
խաւար
մը
կու
գայ
անորոշ
սահմաններէ
օձի
պէս
կը
փաթթուի
սրտին՝
ինչպէս
Ապրիլի
այս
ծովացած
փթթումին.
մանկական
ծիծաղին
ու
անհպելի
կուսութեան
վրայ
դժոխատեսիլ
սեւ
ամպեր
իրենց
վիթխարի
որովայնը
կը
կախեն
յեղակարծ
ու
ամէնէն
անիրաւ
արցունքը
կու
լան:
Եւ
ահա
լքուած
կը
մնանք՝
ինչպէս
անկենդան
խեփորը
գետեզերքի
արեւին
տակ,
սրբատեղիի
մը
պէս՝
որմէ
աստուածները
բարկութեամբ
հեռացեր
են:
Դուն
երջանկութեան
խորհրդանշանն
ես
խաղաղ
ու
անխռով
վայրերուն
մէջ,
Եղնիկի՜
զաւակ,
ատոր
համար
անիծուած
է
որսորդն
որ
քեզի
կը
հետամտի:
Բան
մը
չե՛ս
ուզեր
աշխարհէն
եւ
չարիք
մը
չունիս
ոչ
ոքի
եւ
ոչ
իսկ
ամենայետին
միջատին.
քու
թռչող
ոտքերուդ
տակ
քարց
խոտերն
հազիւ
կը
դողդոջեն
ու
հազիւ
հեղ
մը
գլուխնին
կը
ծռեն
կը
շտկեն,
այնքան
անվնաս
են
կճղակներդ,
այնքան
բարի
ու
ցնորական
է
վազքդ:
Բայց
ի՞նչ
կ՚ուզէ
աշխարհը
քեզմէ,
ի՞նչ
կ՚ուզեն
մարդիկ
ու
իրենց
չարութիւնը
քեզմէ:
Կը
սիրես
քու
լեռներդ,
քու
անասունի
սանձարձակութիւնդ,
քու
հպարտութիւնդ
ու
անկարօտ
կեանքդ.
միթէ
յանցա՞նք
է
ասիկա,
միթէ
քու
ծնած
անզարդ
մամռապատ
անձաւդ
նուա՞զ
սիրական
ու
քաղցր
պէտք
էր
ըլլար
քեզի՝
քան
շքեղազարդ
ու
հոյակապ
դարպասները՝
մահկանացուներու
համար:
Օ՜հ,
քու
մայրդ
կանաչագեղ,
ծաղկապատ
բայց
վայրի
այդ
բարձունքներու
վրայ
ծնաւ
զքեզ,
քու
սեւ
դիւթական
աչքերդ
իրենց
աղու
նայուածքը
է՛ն
առաջ
այս
հնամեայ
վայրերուն
վրայ
ուղղեցին,
ու
սիրեցիր
զանոնք՝
ինչպէս
մօրդ
կաթը,
ինչպէս
մօրդ
ձայնը
ու
ինչպէս
կեանքիդ
ընկերը,
ինչպէս
քու
էգդ՝
երբ
իր
առաջին
քնքշանքովը
արթնցուց
մէջդ
սիրոյ
գիտակցութիւնը:
Կ’ըսեն
թէ
տարաշխարհի
հողը
կը
զրկէ
զքեզ
արեւէ,
անոր
համար
կը
փնտռես
միշտ
բարձունքներու,
արտեւաններու
զով,
թափանցիկ
ու
կազդուրիչ
օդը.
խոնաւ
գետիններու,
անձուկ
հովիտներու
ծոցէն
փչող
վատառողջ
հովը,
հարաւի
ամենաթեթեւ
խորշակը
կը
սպաննէ
զքեզ:
Բնութիւնը
չի
կրնար
քնացնել
քու
զգացումներդ,
չի
փոխարիներ
զանոնք,
որովհետեւ
սորված
չես
հեզաբարոյ
ու
գոհունակ
ոչխարին,
մութ
ու
թաց
ախոռի
եզան,
գոմէշին
նման
պղտոր
առուներէ,
տղմուտ
ճախիններէ
ծարաւդ
անցընել
հարկ
եղած
ատեն,
որովհետեւ
քու
անհանդարտ
տրամադրութիւններդ,
քու
ազնուական
վէսութիւնդ
որեւէ՛
գնով
մըն
ալ
չեն
կապուիր
մարդկային
եսական
քմահաճոյքներուն,
անձնասէր
պահանջներուն:
Առանց
անոնց,
առանց
քու
զգուշաւոր
ու
խրտչան
նկարագրիդ,
առանց
քու
ինքնավստահ
խրոխտութեանդ՝
դուն
մեր
ոտքերուն
տակ
պառկող,
մեր
քղանցքները
լզող
աժանագին
կենդանին
պիտի
ըլլայիր,
Եղնի՜կ,
սարերու
զաւակ.
ու
անմատչելիին,
անձեռնմխելիին
համար
միայն
ունեցած
մեր
յարգանքը՝
վաղուց
պիտի
հեգնէր
քեզ
ու
քու
սերունդդ,
պիտի
ապրէիր
քու
միւս
սեռակիցներուդ,
եղբայրներուդ
հետ
արհամարհուա՜ծ,
զգայազո՜ւրկ,
միշտ
կարօտ:
Պիտի
կորսնցնէիր
ինչ
որ
ունիս
հիմա,
գուցէ
աչքերուդ
թովչութիւնն
անգամ,
քանի
որ
մէջդ
այլեւս
գեղեցիկ
բնութեան
բուռն
տարփանքը
պիտի
չթեւաբախէր
եւ
անհանգիստ
ընէր
զքեզ,
քանի
որ
քու
սեռիդ
նախկին
բնակավայրը
անծանօթ
պիտի
ըլլար
քեզի
իր
բոլոր
գեղեցկութիւնով,
քանի
որ
երկարօրէն
խուլ
մնալով
հզօր
ուժերու
պայքարին,
վիթխարի
եղեւնիներու
եւ
կաշմբուռն
կաղնիներու
բեղուն
ծլարձակութեան
փոխարէն
վարժուած
ըլլալով
տեսնել
ճղակտոր
թուփերու
եւ
դիւրաթեք
ուռիներու
համակերպութիւնը՝
պիտի
ունենայիր
չքաւոր
ու
աստանդական
անասունի
անստոյգ
բաղդը՝
որ
զքեզ
պիտի
մտրակէր
մէկ
նախիրէն
միւսը,
մէկ
հովուին
ստացուածքէն
դէպի
մէկ
ուրիշը:
…Ո՜չ,
վար
մ’իջներ
քու
որջէդ՝
ինչքան
ալ
գեղեցիկ
հագուին
կապուին
դաշտերն
ու
ծործորները,
պարտէզներն
ու
արօտավայրերը
Ապրիլի
այս
զմայլելի
առաւօտներուն,
որքա՜ն
ալ
ձիւնապատ
ըլլայ
դեռ
քու
ծննդավայրդ:
Թող
այս
գեղածիծաղ
ու
պչրալից
երեւոյթներուն
պատրանքը
չփորձէ
քու
միամտութիւնդ,
թող
մեր
թոյլ
ու
դանդաղ
ծաղիկներուն
թմրեցուցիչ
բուրումը
չխախտէ
քու
ծոթրիններուդ,
քու
վայրի
մանիշակներուդ
եւ
մարիամ—խոտերուդ
վրայ
ունեցած
հաւատքդ.
անոնց
համասփիւռ
խունկը
պէտք
չունի
երկրպագութեան՝
բարձրանալու
համար:
Հոս
բնութեան
կարգն
իր
ներդաշնակութեան
մէջ
չէ,
իրերուն
պաշտօնը
շրջուած
է
հոս.
սորված
ենք
երկրպագել
մենք
մեր
վայելքի
ու
հաճոյքի
աղբիւրներուն.
երկրպագութիւն
տարփանքին,
երկրպագութիւն
կնկան,
երկրպագութիւն
միայն
մեր
տկարութիւններուն:
Դուն
կեցի՛ր
ամպերուն
մօտ,
երկնքին
ջինջ
կապոյտին
մօտ,
դաշտերէն
վե՜ր,
տափարակ
տարածութիւններէն
վեր,
միշտ
անընտել,
միշտ
խրտչան
ու
անհնազանդ.
դիտէ
յաւիտենական
գեղեցկութիւնները
իրենց
մօտէն
ու
հազար
դիրքերէ,
վայելէ՛
մտերմութիւնը
լուսնկային՝
որ
դիցական
սպիտակութեամբ
իր
թեւերը
բանալով
կը
գրկէ
քեզ
ու
քուկիններդ,
ու
կը
պառկի
կանանչազարդ
անկողիներու
վրայ
քեզի
հետ.
գլուխդ
դրած
առջեւի
տոտիկներուդ՝
ընկողմանած
այդպէս
ցօղաթուրմ,
քնքուշ
դալարիքներու
վրայ
մտի՛կ
ըրէ,
քանի
որ
վերջին
զգայուն
վկան
ես,
գիշերուան,
հովին,
տերեւին
եւ
ջուրերուն
փսփսուքը՝
երբ
անդին
մարդը
իր
կիրքերուն
պարտասած
յոգնութիւնը
կը
տքայ,
իր
մղձաւանջներուն
հեղձուցիչ
զառանցանքներովը
կը
տանջուի:
Գիտցի՛ր
թէ
ինչ
որ
վար
է
ու
ցած
քու
պատուանդանէդ,
քու
բնակավայրէդ՝
փոքրոգի,
չնչին
ու
գթութեան
ենթակայ
է
միայն.
գիտցի՛ր
թէ
որչա՜փ
տղմախառն
է
լերան
զուլալ
աղբիւրը
երբ
ստորոտը
կը
հասնի,
երբ
փոշելից
վայրերուն
կը
խոնարհի.
գիտնայի՜ր
թէ
քու
եղբայրներէդ
ոչ
ոք
պահած
է
իր
ոտքերուն
ջլապինդ
արագութիւնը՝
երբ
դաշտերու
աւազներուն
վարժեցուցած
է
զանոնք: