Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՅԾԵՐԸ
(ԱՐՁԱԿ ՔԵՐԹՈՒԱԾ)


Իրիկուն էր ու կին մը նստած էր Եփրատի ափին։

Նստած էր խիճերուն վրայ, արմուկը քարին ու գլուխը՝ ապառաժին։

Տխուր էր՝ ինչպէս զաւակը իր արգանդին մէջ կրող այրին, որ կը զգայ գերեզմանին տանջանքը իր հոգւոյն խորը եւ կ՚իմանայ կողին տակ քնացող մանկան զարթումը այդ տանջանքի գիշերուան մէջ։

Կը թուէր, թէ անիկա կը դառնայ երկար ու տաժանագին ճամբորդութենէ մը՝ յոգնած եւ ուժասպառ, ու աւազին վրայ կաթեցուցած իր ոտքերէն արիւնի հետքեր։ Նստած էր հոն հանգչելու համար, երկար ու գանգրահեր գիսակները թափած երկու ուսերուն վրայ եւ ակնասեւեռ դէպի հորիզոնը, դէպի անստոյգ ու խորհրդաւոր հեռուները։

Եւ քանի այդ ակնարկը կը սեւեռէր վերը՝ այնքան երկինքը կը փողփողէր. հրեղէն գետ մը կը ծաւալէր հրաշալի ու դիւթական ակունքէ մը եւ վարդագոյն լոյս մը ցոլանալով եթերային հայելիներէ՝ կ՚անդրադառնար դէպի վար, ծիրանիով կ՚օծէր այս անծանօթ, տարօրինակ կինը՝ որ հետզհետէ կը դառնար աննիւթական ու դիցական այդ լոյսին մէջ ու այդ օծումին տակ, աւելի գեղեցիկ, աւելի յափշտակիչ։

Եփրատը կը թաւալէր հեւալէն եւ երկնային լոյսին տակ իր ջուրերը շառագոյն էին՝ իբրեւ հսկայական վիշապ մը, որ արիւն ու միայն արիւն խմած կշտացած է եւ արիւնի լոյծ կարմիրը կը հոսի իր մէջէն փրփրելով։

Ու կինը նստած էր՝ արմուկը քարին ու գլուխը՝ ապառաժին, տխուր եւ միշտ անշարժ, յափշտակուած տեսիլքով, ակնասեւեռ դէպի հորիզոնը եւ լոյսի աղբիւրը։

Իր նայուածքէն, իր հոգիէն ու իր տառապանքէն անիմանալի, գերբնական զօրութիւն մը կը ծորէր ու մոգութեան մը պէս կը սուրար միջոցին մէջէն եւ կ՚անցնէր երկինքին, հորիզոնին, ջուրերուն եւ շրջավայրի ապառաժներուն անգամ՝ այլափոխելով զանոնք ու թափանցելով անոնց էութեան մէջ եւ հաղորդելով անոնց նոր հրապոյր, նոր կենսագործութիւն։

Կեանքի բաշխիչ վհուկն էր կ՚ըսես անիկա՝ որ օրուան եւ արեւուն ընթացքը կը փոխէր, որ կէս գիշերուան աղջամուղջին ծոցէն արշալոյսի եդեմական շատրուաններ կը հոսեցնէր յանկարծ եւ ժայռին վրայ երանութեան երազներ ծաղկեցնելու կարողութիւնն ունէր։

***

Թեթեւ խարշափիւն մը լսելի եղաւ գետափի եղէգնուտներուն մէջէն, սարսռացին կանաչ թուփերը եւ խռովք մը ցնցեց գետին ալեակները։

Հորիզոնին վրայ գետնէն դէպի վեր օդին մէջ ծուխի սիւն մը բարձրացաւ գալարուելով ու վազելով հովի պէս. եւ ահա ակնթարթի մը մէջ անիկա հասաւ սգաւոր կնոջ առջեւ եւ իբր մարդկային զարմանալի կերպարանք մը ուրուագծուեցաւ։

Կինը շարժում մը ըրաւ իր տեղէն եւ սուր ու ցաւագին ակնարկ մը սեւեռեց նորահրաշ ճանապարհորդին։

Խաղաղութի՜ւն քեզի հետ ու օրհնութիւն քու վրադ, մրմնջեց անծանօթը, քաղցր ու հայրական ձայնով մը։

Կինը շարունակեց դիտել զայն ապշահար, ու իր նայուածքին մէջ կը կարդացուէր զարմանք, հետաքրքրութիւն եւ յուզում։

Անապատական ու ահաւոր տէրվիշ մըն էր անիկա, ճերմակ, երկար մօրուքով, առատ մազերը պսակաձեւ փաթթած իր գլխուն շուրջը, ուսերն ի վար սպիտակ մորթենի մը ձգած, կուրծքը բաց եւ ձեռքով իր աջ սրտին սեղմած երկար եղջիւր մը։

Իր ոտքերը նոյնպէս բոպիկ էին եւ արդէն արիւնոտ, ինքն եւս կը թուէր թէ կու գար անվախճան ճամբայէ մը, փոշեթաթաւ եւ ուժասպառ, նման հեռաւոր երկրի մը գաղտնախորհուրդ ուխտաւորին։

Եւ անոնք կը դիտէին զիրար լուռ, համր եւ սպասողական, կինը հետզհետէ աւելի շփոթած եւ հարցական, իսկ տէրվիշը աւելի աղերսարկու, գորովագին բայց եւ այնպէս միշտ ահաւոր։

Խաղաղութի՜ւն քեզի հետ եւ օրհնութիւն քու վրադ, քոյր իմ, մրմնջեց ահեղ ճգնաւորը դարձեալ, հանդիսաւոր ու հանդարտ։

Եւ քեզի՛ հետ, եւ քու վրայ, պատասխանեց վերջապէս կինը տրտմօրէն այլ ազդու շեշտով մը։

Այն ատեն տէրվիշը ձախ ձեռքով իր ոստուտ սեւ ցուպին կռթնեցաւ, գլուխը խոնարհեցուց պատկառանքով, աչքերը գետնին յառեց ու իր թշուառութեան ու նուիրումի եղջիւրը աջ ուսին վրայ բռնած՝ այսպէս ըսաւ.

Լսէ՛ ինծի, կ՚աղաչեմ, յաւիտենական ճշմարտութեան անունով եւ ըսէ ինծի գերագոյն արդարութեան այն բանալին՝ որ կը բանայ խաղաղութեան, անդորրութեան ու երջանկութեան դահլիճը, ո՜վ քոյր, ո՜վ մարտիրոսուհի յաղթական…։ Ըսէ՛ ինծի, որովհետեւ յանուն արդարութեան այդ օթեւանին իմ եղբայրներուս ձեռքերը անմեղ արիւնի մէջ թաթխուեցան եւ իմ խղճմտանքիս վրայ բիւրաւոր զոհերու կախաղաններն ու գերեզմանները ծանրացած են… եւ հիմա անոնց որբերուն իւրաքանչիւր արցունքը իմ սիրտս կը ծակէ տաք կապարի պէս եւ անոնց անմխիթար այրիներուն հառաչանքը զիս կը հալածէ, որովհետեւ ահաւոր ոճիրը մեր գիտակցութեան թմրութիւնը փարատեց եւ տեսանք թէ դահիճներուն դանակն եղած էինք եւ մեր եղբայրները մորթած… որովհետեւ քաւութեան րոպէն հնչած չէ այս պահուս…

Կինը տրտմութեան ժպիտ մը ունեցաւ, հոգեկան անսահման հրճուանքի մը նշոյլը ճառագայթեց իր աչքերուն մէջ, եւ բան մը չպատասխանեց։

Այդ ժպիտը պատասխան մըն էր ինքնին՝ որուն իմաստը հասկցաւ տէրվիշը, ուստի գլուխը վեր բարձրացուց, եղջիւրը դէպի երկինք ուղղեց սպառնագին ու ուժեղ ձայնով մը շարունակեց.

Կ’երդնում երկինքի այս տիեզերական լոյսին տակ, կ՚երդնում արարչական զօրութեան անունով՝ որ հասած է, որ մօտ է դատաստանական մրրկալի օրը եւ արիւնազանգ կմախքները վրէժխնդութեամբ ոտքի պիտի կանգնին հողին տակէն ու ամէնքը պիտի խուժեն չարութեան աստուծոյն տաճարներուն վրայ, դարձեալ կ՚երդնում, որ ողջերը՝ խղճահար ու հոգեխռով՝ պիտի միանան մեռելներուն սարսափելի ուրուականին հետ եւ միասին պիտի կատարեն հատուցումը, քաւելու համար իրենց վիզերուն վրայ ծանրացած կապարէ դատապարտութիւնը։

Սակայն, ըսէ՛ ինծի հիմա, ո՜վ քոյր, ճշմարտութեան ու արդարութեան բանալին, որովհետեւ հոն, հեռուն, մեր աշխարհին մէջ անէծքը ընդհանուր է հիմա եւ ամէնքը անհանգիստ են կեանքին համար։ Ես թշուառութեան յարկերէն ու մթին նկուղներէն կու գամ, ուր կայ միայն անօթութիւն, ուր կայ միայն ցաւ ու շիւան, ուր կա մարի վերջին ճրագը, մինչ խաւարին մէջէն արդէն կը սկսին ճարճատիլ դառնութեան կայծերը…

Կայծե՛րը, աղաղակեց կինը յանկարծ ոգեւորուած, կայծե՛րը, ահա գերագոյն ճշմարտութեան եւ գերագոյն արդարութեան առաջին բանալիները, ազնիւ ծերունի եղբայր, եւ այն հրդեհը՝ զոր պիտի բոցավառեն այդ կայծերը ու սփռեն բոլոր տառապանքի քաղաքներուն ու գիւղերուն վրայ՝ պիտի բերէ թագաւորութիւնը երջանկութեան ու հանգիստի, պիտի բերէ իշխանութիւնը տիեզերական խաղաղութեան։ Այդ հրդեհը պիտի լափէ ամէն ոճիր, ամէն չարիք ու մարդկային ամէն յուսահատութիւն ու անոր բոցովը մենք պիտի տեսնենք յաղթանակը կեանքին։

Եւ ոտքի ելաւ ուժգին ու մարտական, ձեռքով նշան ըրաւ տէրվիշին՝ որ իր ցուպին կռթնած էր եւ մօտեցաւ անոր։

Տե՛ս այն շաւիղը, ուրկէ ես անցած եմ բզկտուելով, բայց ստեղծագործելով, ըսաւ վհուկը, պիտի բռնենք անիկա եւ պիտի քալենք անկէ քեզի հետ, ես պիտի առաջնորդեմ քեզի ու դուն պիտի սերմանես կայծերը եւ պիտի հասուննայ կրակի ու հրդեհի հունձքը։ Հունձքը, ա՜հ, այո՛, հունձքը, որ պիտի ոռոգենք մեր արիւնով՝ որպէս զի կարմիր ծաղիկները կեանքի իրականութիւնը արգասաւորեն…։ Զա՛րկ հիմա լախտդ գետնին ու թող մայր հողը լսէ առաջին թնդիւնը ազատարար գործողութեան, թող բացուի առաջին ակօսը…։

Խուլ ու երկարաձիգ դող մը անցաւ հողին արգանդէն եւ թնդաց երկիրը ծանր լախտին տակ, աղաւնիներու, տատրակներու անհամար թեւեր բարձրացան կարմիր երկինքն ի վեր, մրմունջի, երգերու դաշնակութիւն մը սարսռաց եթերին մէջ, եւ, հրա՜շք, սեւ ու ամուլ հողէն բուռ մը լոյս ցատքեց դուրս, կարծես նոր արեւ մը յարութիւն առաւ գետնին ծոցէն…

Կինը անհետացած էր գետնին ջուրերուն մէջ եւ Եփրատը՝ բոցավառ ու կատաղի, յորդած էր իր ափերէն, եւ լուսեղէն երազի մը պէս, արփաւէտ գօտիի մը իրականութեամբ կը սողար արագ, կը սփռուէր դաշտին եւ հովիտներուն մէջ։

Ազատութեան ու արդարութեան ողողումն էր որ տեղի կ՚ունենար եւ թշուառութեան արգանդէն երջանկութեան ու բարօրութեան աշխարհը կը ծնէր։

Տէրվիշը կ՚երթար, ինչպէս որ եկած էր, մրրկաթեւ ծուխի պէս եւ կը լսուէր իր երկնային արդարութիւնը՝ իբրեւ մեղեդի։

Արթնցէ՛ք, ո՜վ քնացածներ, արթնցէ՛ք, ո՜վ թշուառներ՝ ձեր տառապանքի անկողնին մէջ, որովհետեւ բռնաւորներուն մահուան ժամը հնչեց, որովհետեւ գերութեան դռներուն ծխնիները ահա կը ճռնչեն եւ աստուածային արդարութեան կամարը կը լուսափայլի… արթնցէ՛ք, ո՜վ քնացածներ։

«Ռազմիկ», Թիւ 1, 1907, Հոկտեմբեր 17