Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

Ալ ջուրերը խփեցին ու կանաչ ալիքները իրենց տակ ծածկեցին։ Հազարպապայի ոտքին տակ գիւղ մը կար, ցած քիւերէն ցախեր կը կախուէին, աղիւսէ փլփլկած տուներն ալ հողին կպած կ՚երեւնային, հեռուէն տանիքներուն վրայ դիզուած որթոտի [1] կապոցները ու մանուկներու կախօրրանները կը տեսնուէին։ Ու առտուները աքաղաղներու սուր շեփորը, արթնցող մանկիկներուն լացը մինչեւ հեռուն դիմացի գիւղը կը լսուէր։

Գիւղին առջեւէն ծովակը կ՚երկննար ու ալիքները դիմացի ափին վրայ կ՚երգէին. հիմա ա՛լ գիւղը չկայ, ոչ ալ այն արագիլներուն խոշոր, վեր տնկուած բոյները ուր ձագեր կը ճուային եւ ուրկէ իրենց երկար վիզերը դուրս կ՚երկնցնէին։ Գիւղը հին գիւղ մըն էր, ջուրերուն տակ մնաց։

Բ.

Մատղաշ ուռիի մը հասակը, աչքե՜րը՝ մայրը եղնիկէ մը գողցած, ու մազերը ուսն ի վար, կռնակն ի վար, ա՛ննման, գիւղը հարս մը կար. ականջին օղերը իրենց ոսկիի շողիւնը կը խաղցնէին անոր սպիտակ լանջքին վրայ, ու վզին ճերմակը՝ ամպի գոյն, կաթի գոյն էր, գեղեցի՜կ, գեղեցի՜կ, ջուրի պառաւները ծնած էին այդ աղջիկը։ Ծովակի—հարսը կ՚ըսէին իրեն։

Ու գեղեցիկը, դիմացի գիւղը, ծովակի ափին վրայ, սիրական մ’ունէր։

Գ.

Գիշերներուն, երբ խաւարը իր թեւերուն տակ լեռներն ու ծովուն ջուրերը կը պահէ, գորտերը իրենց կռկռուքը կը սկսին ու ջուրերուն մէջէն ճաթող պղպջակներու պզտիկ չթռտուքները, երբեմն ալ գորտերու ճողփիւնը կը լսուի, ջուրի կրիաները դուրս կը սողան ու խոտերուն մէջէն պզտիկ խլրտուք մը, ձայն մը կու գայ։

Ճրագները ա՛լ մարեր են, գիւղը ամբողջ կը քնանայ, միակ պատուհանէ մը հողէ ճրագաման մ’իր լոյսը կը ղրկէ հեռուն, աղօտ ճառագայթով մ’ալ մօտի պատերը լուսաւորելով քովնտի. յուշիկ, գողի վախով թեւ մը կամաց—կամաց ջուրերը մէկ կողմ կը նետէ. լսուելու սրտադողով, մինչ անգաղտնապահ ալիքները թեթեւ շշուկ մը կը հանեն, ու լողացող մը կը մօտենայ եզերքին, աչքերը ճրագի՜ն, ճրագին որ կը պլպլայ։

Ծովակի—հարսին սիրականն է, ու ճրագը անո՛րն է, գեղեցիկի՜նը։

Դ.

Ամէն գիշեր, ձմե՛ռ ամա՛ռ, նոյն ճրագը իր տեղէն, նոյն գողտրիկ, քթթող աչքովը հեռաւոր սիրականը կը կանչէ, խորունկ ալիքներուն մէջէն սիրականին կ՚առաջնորդէ, ու մարդ չի գիտնար, ձուկերէն զատ, թէ ջուրերուն մէջէն մարդ մը կու գայ եւ առտուայ վերջին լուսաւորին նայելով՝ նորէն ջուրերուն գիրկէն դէպի դիմացի գիւղը կը վերադառնայ։

Ինչպէս բաղեղը բարտին կը սիրէ՝ փաթթուելով անոր, ինչպէս հովը տերեւներուն մէջէն սօսաւիւնով ծառերը կը սիրէ, այնպէս իրար կը սիրէին անոնք, այնպէս կը սիրէր ծովուն—հարսը իր սիրականը, աչքերէ պահուած, արեւէն ալ գաղտնի, ամչնալու վախով, ծովուն—հարսը՝ իր սիրականը կը սիրէր՝ ինչպէս այծեամն իր ուզածը կը սիրէ մութ թաւուտներուն մէջ։

Ե.

Ամայի հովիտներուն մէջ՝ արձագանգը առուակին ու թռչունին գաղտնիքը դուրս կը հանէ, հեռուն հնչելով. ջատու մ’ալ գեղեցիկին գաղտնիքը կը կռահէ, քիթը գետնին հասած պառաւ մը, ու էրկանը լուր կու տայ։ Խաբուած էրիկը, կատաղի, կ՚ուզէ որ սակայն վրէժներուն ամէնէն սոսկալին կատարէ, կնոջը սիրականը անոր ձեռքովը մեռցնէ ու ան ալ տառապանքով յա՜մր—յա՜մր հատցնէ։ Գիշեր մը ուր խաւարը ածուխի փոշիով տիեզերքը բոլոր սեւցուցած էր՝ ծովակին կանաչ ու թանձր, խորունկ ջուրերուն վրայէն մանր ալեակներ վէտվէտալով կը ճղուէին, կը տարածուէին, զուարթ բան մը կար ծովուն վրայ, ճրագը իր տեղէն անգիտակից՝ նորէն բաց մնացած միականի աչքի մը պէս խաւարին վրայ կը նայէր։ Սիրտը իր սիրածին շուտ կը հասնի։ Հեռուն լողուոր մը կայ նորէն. ալիքները թեւի մը հետ կը կռուին, մարած խշրտուք մը կու գայ ջուրի. ծովի—հարսին սիրականն է որ ծովը կը բանայ։ Կէսը հասաւ ահա, ձայնը աւելի որոշ կու գայ, բայց, ո՜վ սոսկալի տանջանք, ճրագը իր տեղը մարեցաւ ու ա՛լ աչքերը բան չեն տեսներ։ Վեր առին, վար նետեցին զայն ջուրերը, յոգնած թեւերը կախուեցան ու ջուրերը բացուեցան… Էրիկն իր վրէժը կը լուծէր, ու սիրականը, ծովու—հարսին կտրիճ սիրականը, կամաց—կամաց, յուսահատի տանջանքներով ջուրերուն մէջ մեռաւ։ Իր սուզած տեղէն փրփուրներ ցատքեցին վեր պղպջալով ու անոնք ալ քիչ մը ետքը մարեցան գացին։

Զ.

Առաւօտուն, արեւն երբ լուսցաւ ու գիշերն իր արհաւիրքներով ծովին տակ գնաց՝ ալիքները արեան կարմիր երակներ կը բերէին ափունքն ի վար։

Ու ա՛լ չերեւցաւ ծովու—հարսը, դուրս չելաւ, մարդ չտեսաւ զինքը, մինակ օր մը հովիւները երբ արօտէն դարձան՝ շապիկ մը, շալվար մը, զոյգ մ’օղեր ու ապարանջան մը բերին գիւղը, քարերուն վրայ դրուած՝ գտած էին։ Տեսնողները ճանչցան ու ըսին թէ անո՛րն էր, բայց ինչո՞ւ խեղդուեր էր, ցաւն ի՞նչ էր որ…

Է.

Ջուրերը խփեցին ու գիւղը ալիքներուն տակ մնաց, հիմա նոյն գիւղին վրայ, ալիքներուն մէջ, ամէն գիշեր տկար լոյս մը կը շողայ, փալփլող ապակիի կտորի մը, փոսուռայի մը պէս, ու կ՚ըսեն նոյն սիրոյ կանթեղն է որ ջուրերը իրենց խորերէն կ՚անդրադարձնեն ու չեն մարեր զայն երբեք։

Առաւօտները, ամէն արեւածագի, նոյն ափունքի եղէգնուտներէն զոյգ մը ճերմակ, փրփուրի գոյն, կարմիր կտուցով թռչուններ դուրս կ՚ելլեն հանդարտ լողալով, առանց երգի, անշշուկ կը լողան, կը կորսուին, թեւերնին ջուրի մէջ կը թաթխեն ու ջուրի մանր ցայտքեր կը թռցնեն շուրջերնին, մարդ չի գիտեր ո՛ւր կ՚երթան ու առաւօտներէն զատ, ա՛լ չեն երեւիր։ Գիւղացիները անոնց հրացան չեն քաշեր երբեք։

1895



[1]        (Որթյօտ) որթատունկի յօտուած ճիւղերու խուրձ։