Ցագալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Կը փչէր, հովը կը փչէր ու կ՚ոռնար՝ աջ ծիծէն վիրաւորուած մատակ առիւծի մը բոլոր մոլեգին զայրոյթով, ու սառած ձիւներուն վրայէն ցաւի հծծիւն մը կը բարձրանար, անհասկնալի ու տակաւին անծանօթ բարբառով մը եւ անսահման քնարի մը վրայ ջայլ մը կը քնարերգէր։ Փոթորիկը՝ ամպերէն հոսող, կուրցնող ձիւնի տարափը գետնին կը զարնէր ու լեռները բնութեան գազանային մէկ անիմանալի կատաղութեամբը բռնուած՝ խռպոտ աղաղակ մը կը թնդացնէին՝ անգամ մըն ալ դէպի երկինք նետելով իրենց երեսին իջնող ապտակը։ Ձիւնը կարծես միտք չունէր դադրելու, եւ լեռներու խորութիւնը ու ճամբաները կը լեցնէր, քմածին ստեղծագործութիւններ ընելով իր կակուղ, սպիտակ փաթիլներով։

Ճամբորդ մը կը պատմէր թէ այդ արհաւրոտ օրուան գիշերով, ուր խաւարը դժոխքէն կը մաղուէր եւ ուր սեւ անգղ մը երկինքին բոլոր աչքերը փորեր էր, այդ լեռներուն վրայ մնացած էր, ճամբան կորսնցուցած ըլլալով։

Թող տալ ձիուն որ ուզած տեղը երթայ փոթորկոտ ձիւնի մը արհաւիրքին մէջէն քալելով, փռնջալով, այդ փոթորիկին ու արհաւիրքին մէկ մասն ու մէկ ուժն ալ ինք ըլլալ, առանց անդնդային խորութիւններու վտանգը տեսնելու՝ քալել կէս մէջքը ձիւնին մէջ ու ամէն ակնթարթի զգալ թէ այդ ցուրտին, այդ շշուկին մէջէն մահն է որ կ՚անցնի, որ վայրկեանէ վայրկեան կրնայ քեզի կառչիլ՝ աւելի ահազդեցիկ բան մըն է այս՝ քան ձիւնին տակ գտնուած ցուրտ դիակ մը, եւ որ սակայն այս պահուն կրակարանի գաղջ գգուանքին տակ անուշ պատմութիւն մը կ՚ըլլայ։

***

Ու ճամբորդը շան մը հաջիւնը լսեց, անորո՜շ, խորո՜ւնկ, իբր թէ հեռաւոր տեղէ մը եկած ըլլար, ու մուխի հոտ մը զգաց. մոլորած մարդու մը ու շատ հեղ նոյնիսկ կարաւանի մը կեանքը գամփռի մը անժամանակ ձայնովը կը փրկուի ու շունը իր անասունի բնազդովը մարդկային տկար բանականութեան ուղղող առաջնորդը կ՚ըլլայ, մե՜ծ ու անվախ պահապանը լեռներուն։

Ուրեմն գիւղ մը կամ մարդու բնակութիւն մը հեռու ըլլալու չէր անկէ, դէպի շան ձայնը, դէպի մուխին կողմը որ աչքով չի տեսնուիր ու միայն ականջով, ռնգունքով պէտք է գտնել։ Խռպոտ հաջիւնը երթալով կը մօտիկնայ ու կորսուած յոյսը կ՚արթննայ ու արիութիւն կը ներշնչէ։ Ձին, ուրիշ անասուն մը, իր միամիտ զգացողութեամբ օրհասական ոգեւորութիւն մը կ՚ունենայ, ճամբայ բանալով կուրծքովը, առջեւի ոտքերովը։

Ճամբորդը կանգ կ՚առնէ յանկարծ՝ ձիւնին տակ կարծես երեսի վրայ գետին խոնարհած հիւղակի մը առջեւ որ գիւղի գոմ մըն է։ Առասպելական դղեակի մը երեւոյթը ունի այդ մենաւորիկ խրճիթը որուն տէրը ահա հսկայ մը՝ այլայլած ու զարմացած դէմքով մը այս անծանօթ հիւրը կը զննէ ոտքէն գլուխը, ինքիրեն հարցնելով թէ ո՞վ կրնայ ըլլայ այս մարդը այսպէս ուշ ատեն։

***

Սենեակը, ուր առաջնորդուեցաւ, արծարծուն օճախի մը առջեւ ալեւոր ծերուկ մը տեսաւ, թեւերը ձեռնակապերու մէջ՝ որ հանդարտ դիրքով ծալլապատիկ նստած, կրակին ու բոցերուն կարմիր խաղերուն կը հետեւէր ուշադրութեամբ։ Դժկամակ նայուածքով մը հազիւ իրեն ուղղուած բարեւին պատասխանեց, մինչդեռ քիչ մը անդին, սպարտական հակադրութեամբ՝ ամբողջ մարմնովը մերկ մանկիկ մը մինչեւ բերանը պաղ ջուրով լեցուն խոշոր սանի մը մէջ նստած՝ կը ճլուըլար, թեւերը կը շարժէր, ջուրը ծեծելով ու ջուրին հետ խաղալով։

Ընկրկող, երկիւղալի զգայնութիւն մը, տպաւորութիւն մը կը բխէր այդ վայրէն, ուր ատեն—ատեն ոգեւորող խռիւները մերկ պատերն ի վար կախուած առարկաները կը ցոլացնէին։

Չեմ գիտեր թէ ի՛նչ ճնշիչ մտածում մը նեղեց գիշերային այդ հիւրը որ գայլի մը որջին կամ բորենիի մը խշտեակին հոտը առնել սկսաւ։ Կալանաւոր ծերուկը միշտ աչքով կրակին սեւեռած՝ կը դիտէր կայծերը որ ճարճատելով, ցատքրտելով՝ օդին մէջ ուր իր քով տարօրինակ ծաղիկներ, լուսաւոր կէտկիտումներ կը նախշէին եւ ուշադրութիւն անգամ չէր դարձներ վարը, սառ ջուրի մէջ զբօսնող մանկիկին որ ճինի ձագի պէս կը ժպտէր ու կը ճչար՝ առանց ցաւի, առանց պզտիկ նեղութեան մը։

Կը մտմտար ճամբորդը, գտնելու համար տղուն մերկութեան ու օճախին քով այդ երկու ձեռքերով կապուած ծերունիին տրտում հակադրութեան պատճառը ու կ՚աշխատէր աւելի մօտենալ անոնց։

Փորձելը անկարելի էր. պառուած մարդուկը խորունկ մտածման մէջ էր ու պիտի չպատասխանէր իրեն, առանց նոյնիսկ շտկելու քիթին վերեւ կամար զարկած խորշոմներն ու յօնքերը, եւ երբեք լեզու պիտի չունենար մանկիկն ալ՝ իր սառ խանձարուրին հէքիաթը ընելու։

***

Հիւրամեծարը ներս կը մտնէ իր հսկայ հասակը ծալլելով ցածուկ դռնէն ու անխռով արտայայտութեամբ՝ ասպնջականութեան իր պարտքերուն կը հետամտի՝ հարցնելով իր օտարական հիւրին հանգստութիւնը ու խօսելով դուրսի կատղած երկինքին վրայ։

Ահա ներս կը մտնէ նոյնպէս հրաշագեղ նայադրի մը կ՚ըսես մէկ աղջիկը, այդ լեռներուն ցօղերուն մէջ արգանդուած ու խատուտիկ ծաղիկներու վրայ աշխարհ բերուած, կամ գարնան իրիկուններու զօրաւոր հովով մը յափշտակուած անանուն տեղէ մը ու այդ հիւղակը նետուած՝ անկասկած կի՛նը այդ տիտանին։ Խոնին վրայ սեղանն է որ կը տեղաւորէ ճամբորդին առջեւ ու անխօս, յամրաքայլ ետեւը կը դառնայ, կը հեռանայ։ Բայց ի՜նչ սոսկում… կուրծքն ի վար մարդկային գանկ մը կը կրէ իբրեւ մանեակ, որուն խոռոչացած կոպիճները, բորբոսած այտոսկրները ու ակռաներուն հրէշային խնդուքը սարսափ մը կը կերպարանաւորեն՝ դժոխքին մէջ լացող հոգիի մը տանջանքը գծագրելով։

Կարելի՞ է մօտենալ այդ կերակուրներուն։

Մինչ մոխիրի դալկութիւն մը օտարականին երեսները կը ճերմկցնէ, աչքերուն առջեւի արիւնը քաշելով՝ տանուտէրին բիբերուն մէջէն տրտում ժպիտ մը կը նշուլէ։

Կե՛ր, միտաֆի՛ր [1], առանց քաշուելու ու սիրտդ ամուր բռնէ, թող փոքր խռովք մը անգամ անհանգիստ չընէ զքեզ…։

Տանուտէ՛ր, պատմութիւնդ ըսէ՛. այս չորս պատերուն մէջ տեսածներս բնական է որ առասպելական չեն, բայց աշխարհի մէկ գետնին վրայ ալ անոնց չեմ հանդիպած այս ոտքերովս։ Միտքս այնչա՜փ յուզուած է որ քու օրհնեալ հացէդ փրշունք մը անգամ լեզուս վար պիտի չկրնայ հրել եւ անօթի մեկնելով տունդ անպատուած պիտի ըլլամ…։

Ու մարդը իր պատմութիւնը ըրաւ։

  Կինը, որ կերակուր հրամցուցած էր, որ իր լանջքին վրայ մարդկային չոր գանկ մը կը կրէր, ի՛ր կինն էր։ Չեմ գիտեր թէ ի՛նչ հովուերգական սիրով սէր կը ձգէ, շատ առաջ, մարդու մը որ ապահովաբար իր էրկան ո՛չ հասակէն ու քաջասրտութենէն, ո՛չ խրոխտ կազմուածքէն ու կտրճութենէն մազ մը կը կրէր. աղտոտ, վերջապէս քաջի մը կնկան համար նուաստացուցիչ տարփանք մը։

Չեմ գիտեր ի՛նչպէս կ՚ըլլայ՝ խնդիրը էրկանը ականջին կը հասնի, ու այդ բարի մարդը միամիտ յորդորներով կը խրատէ զայն, փրցնելու անոր սրտէն այդ յիմար տրիփը որ կրնար իրեն սուղի նստիլ։ Կինը՝ կատուի նենգ թաքնամտութեամբ միշտ անմեղ դիմակի տակ վրիպանք կու տայ, սակայն գաղտնի, միշտ տաք պահելով վայրագ ցանկութիւնը, ինչ որ լեռնցի կնկան սրտին անվախ հպարտութիւնը կը ցուցնէ, մինչեւ որ օր մըն ալ իր գողունի սիրոյն խարդախութեան մէջ կը բռնուի եւ էրիկը երես երեսի կու գայ դժբաղդ սիրահարին հետ։ Այն ատենն է որ տեղի կ՚ունենայ սարսռալի ողբերգութիւնը։ Դաշոյնը պատեանէն դուրս շողալով՝ վրէժխնդիր արդարութիւնը կը սահմանէ։

Այդ օրէն սկսած մինչեւ երկու շաբաթ՝ խլուած գանկը որ ա՛լ գիտէք թէ որո՛ւնն է աղջուրի մէջ կը թողու պատուախնդիր ու փիլիսոփայ էրիկը՝ զայն կախ տալու համար անհաւատարիմ կնոջ պուկէն. ազդարարութի՜ւն հաւատարմութեան, ազդարարութի՜ւն զգաստութեան։

Ողբերգութենէն քիչ ետք կինը զաւակ մը կը ծնի, որուն նկատմամբ խեղճ հայրը հարազատութեան ճշմարիտ կասկածը կ՚ունենայ։ Ինչպէ՞ս վերահասու ըլլալ ստոյգ իրողութեան, քանի որ մարդասպանի անգութ ձեռքն անգամ երախայի մը միսին ու ոսկորին դժուար կը դպնայ, թող որ որդեսպան խղճի մը ցաւը գերեզմանին հողն ալ չի մոռցներ։

Ու տանուտէրը ասոր ալ ճարը կը գտնէ՝ գերազանցապէս կտրուկ իմաստասիրութեամբ մը։ Ինք լեռներու ցուրտին ու բուքին տղան, կեանքը որսորդութեամբ անցուցած ու բոպիկ մեծցած ժայռերու սառ ցցունքներուն վրայ՝ հարկաւ իր արիւնը ժառանգող զաւակ մը պիտի ունենար. անոր համար մանկիկը կը դնէ, ծնելէն ի վեր, այդ սառ ջուրին մէջ ու կը սպասէ որ անիկա ապրի կամ մեռնի։ Եթէ դիմանար ու ապրէր՝ ի՛նք էր անոր հայրը, եթէ ոչ՝ օտար կորիւն մը, արդէն մահուան համար ստեղծուած։

Հապա այս ծերուկին ձեռքե՞րը, հարցուց ճամբորդը. ասո՞նք ինչու կապուած են։

Ահ, մի՛ հարցներ, ժպտեցաւ տանուտէրը, քիչ մը զաւեշտական է ատիկա։ Ծերունին իմ հայրս է. ինչպէս կը տեսնես՝ այդ ցուրտ եղանակին բոլոր ցերեկներն ու բոլոր գիշերները օճախը չի հանգիր ու բուխերիկին ծուխը հանգիստ չ՚առներ, մարդահասակ կրակը դէզ—դէզ կը հաւաքուի ու մարդ անոր առջեւ կրնայ քանի մը գառնուկ խորովել միշտ. ասոր հետ մէկտեղ՝ հայրս ունելին ձեռքէն չի ձգեր ու կը խառնէ՜ կրակը. ի զո՜ւր աղաչեցի իրեն որ այդ գէշ ունակութիւնը մոռնայ. օրե՜ր, տարինե՜ր ու չմոռցաւ. տեսայ որ մէկ ճար մը կար միայն, ձեռքերը կապել ձմեռը ամբողջ, քակելով զանոնք գիշերը իր անկողնին մէջ՞

* * *

Տեղեկութիւն չունիմ թէ այդ լեռնցին ո՛ղջ է թէ մեռած. սակայն իր պատմութիւնը կէս առասպելական դիւցազներգութիւն մը բոլոր հոգեցունց յափշտակութիւնները կ՚արթնցնէ մէջս, խորհելով թէ գուցէ բարձրաբերձ անտառներու խորը փայտահատ գուսան մը կամ որսորդ աշուղ մը այդ քաջութիւնը երգեց ու եղանակեց լալագին ողբերգով, արծիւի աղաղակներուն սուր աւաչովը ներբողելով էրկան խռոված առաքինութիւնը, մահն ալ թուլամորթ սիրահարին՝ դիւրախաբ եղջերուի մը մահուան հետ բաղդատուած։ Կաղնիի մը ոստին վրայ նստող սոխակին միամիտ հոգեյայտնութեամբ՝ պարզելով այն կսկիծը, այն տառապանքը ու ամօթն ալ որ կրնար զգալ ամէն ժամ, ամէն վայրկեան կինը՝ շօշափելով իր ստինքներուն վրայ այդ գանկը զոր սիրեց։

Եթէ լաղալները իրենց օրէնքն ու իմաստութիւնը ունին, լե՛ռն ալ ունի այս ամէնը, իր բարոյական խիստ ըմբռնումը, իր դատողութիւնն ու քնարերգութիւնը, իր ամսատասիրութիւնը վերջապէս՝ թէեւ քիչ մը անգութ բայց միշտ արդար։

Խարբերդ



[1]        Հիւր։