Ցագալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՍՊԱՍՈՒՄ


Ի՜նչ տըխուր, այսօր հա՛րս մը մեռեր է,

Ու ձայն մ՚ինչպէս որ օդին մէջ հնչուն

Կ՚երկննայ պահ մը, կը ձայնէ հեռուն

Եւ կամ գոյն մը որ տակաւ ինքիրմէ

 

Կը զատուի մարած, կ՚անցնի երկինքէն,

Նոյն գոյնին, ձայնին գացած ուղիով

Հետք մը, երեւոյթ մ՚անցած ապահով,

Գիծ մը կը մընայ բաւական ատեն։

 

Հողակոյտին նոր մեռնողին վըրայ,

Ուր դեռ արեւը իրկուն չէ բերած,

Ուր ոտքի հետքեր, նաեւ արտասուաց,

Կեանքի հոտ մը թարմ դեռ կը թրթըռայ՝

 

Բնութեան ծոցէն, վերերէն զըւարթ,

Ըսպասումով զուր, յոյսով կամաւոր,

Աչքը կը սպասէ ընդ երկար անոր՝

Կորսըւած բանին ետեւէն անթարթ։

 

Եւ գոյներն ամէն, երբ պատրանքն անբիծ

Կը վառին կ՚անցնին հանդարտ, տխրագին՝

Վերջալոյսին կամ մէջէն երկինքին՝

Աչքը հանապազ նայուածքն անթախիծ

 

Վեր կը վերցընէ ու ամպէն անդին

Անկէ սըրտատրոփ՝ բըռնըկած կըրակ

Անվերջ հայեացքով, դողով մը բարակ

Կը սպասէ անոր, կորսըւած բանին։

1895 Փետրուար 7