Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

 

ՆՈՒԱԳ ԱՌԱՋԻՆ
Ա


[1]
Աշտարակ մ՚է ամրակառոյց ու մեծաշէն,

Որ կը սուրայ, կը ցցուի վեր, դեւի նըման,

Վըհուկներ գոգ յօրանջելով լայնաբերան՝

Զայն հըմայած՝ անդադար հոն վար կը քաշեն։

Կամ յայտնապէս մըրըրիկ մ՚է վիշապոլոր,

Յանկարծ, բըռնի ժայռին պինդ կանգ առած,

Որուն եկեր ոտքերուն տակ բազկատարած,

Հազար սերունդ համբուրեր են ներբանն անոր,

Եւ արուեստ մը հըրաշագործ ու մոգական

Պարգեւեր է անոր կեանք, ուժ, խորհուրդ ու շուք,

Ինչ որ կըրնայ թըռիչքն հոգւոյն տալ անշըշուկ

Ճախրասըլաց, երկնակարկառ յանդգնութեան։

Հըզօր ճիգով քարերն անտաշ առին թեւեր,

Իր ծանրութեամբ հողը գետնէն վեր բարձրացաւ,

Եւ պէտք եղաւ անլուր տանջանք, երկունք ու ցաւ՝

Մինչեւ որ բերդն իր բաշն ուղղեց երկինքն ի վեր.

Երկինքն ի վեր ապաստարան խորհրդաւոր,

Դըղեակ միայն ու առագաստ եթերային,

Ուր գան ննջել հովերն անտուն, ուրկէ սահին

Հովերն աղջիկ, իբրեւ ցընորք ուղեմոլոր։



[1]        Լոյս է տեսած պոէմի միայն առաջին նուագը։