Ցագալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՆՈՒԱԳ ԱՌԱՋԻՆ
Բ


Այն հին դարուն ի զո՜ւր սակայն բոլոր գիտուն

Ձեռք ու կարկին, մուրճ ու գըչիր մէկտեղ եկան,

Ի զո՜ւր հազար ջըղուտ թեւեր անտիական

Փորձեցին տալ անոր հիմին ուժ հաստատուն.

Ի զո՜ւր, աւա՜ղ, վըրայ ժայռին՝ երազի պէս

Հազիւ ստուեր կը ձգէր բերդն ոտքերւն տակ,

Երբ երկըրի մութ ընդերքէն խոր, անյատակ,

Գիշեր մ՚իսկոյն կ՚ոռնար քամին հըզօր, անտես

Ու կը սարսէր հիմերն ամուր, պարիսպն ու պատ,

Կը քայքայէր, կը տարտղնէր շէնքն իր տեղէն…

Իբրեւ թէ հոն պէտք է տիրէր լոկ քարեղէն

Թափուր աշխարհ կամ ինքնագոհ սառ անապատ

Ուր ոչ մէկ փառք, ուր ոչ մէկ կեանք իր պատուանդան

Կըրնար դընել ու բարձրանալ դէպի երկին…։

Այսպէս ահա շատ տարիներ կըրկին—կըրկին,

Ցաւերու պէս, մութ ամպի պէս եկան անցան,

Ժայռն անհաղորդ, միշտ անմատոյց՝ կը ծառանար

Մարդկային մեծ տըրտմութեան ու վիշտին դիմաց՝

Ամբարտաւան զերթ հեգնութիւն, ծաղր անըզգած,

Կամ պատասխան ըսֆինքսային լուռ, անբարբառ…։