Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ



Ռուս կառավարութեան դերը. Հայ Յեղափոխականներու գործունէութիւնը. Պատահականութիւններ՝ պարսկահայերուն համար. Պարսկահայերուն սպասող աղէտը՝ Շահին յաղթանակէն ետք։

Թուրքիոյ ազատագրութեան ներքին ամէնօրեայ հրատարպ խնդիրներովը տարուած հայ հասարակութիւնը այս պահուս հազիւ թէ իր ուշադրութիւնը կը դարձնէ դէպի Պարսկաստան, մասնաւորապէս Ատրպատական՝ որ վառարանն է պարսկական ընդդիմադիր ուժին եւ իր վրայ կեդրոնացուցած է ո՛չ միայն բովանդակ Իրանի յոյսը, այլ եւ եւրոպական դիւանագիտութեան տենդոտ հետաքրքրութիւնը։

Բայց եւ այնպէս պարսկահայ մեր արիւնակիցներուն համար ստեղծուած քաղաքական այս տագնապալի կացութիւնը մէկէ աւելի պատճառներով արժանի էր մեր՝ տաճկահայերուս հոգածութեան։ Թողունք այն հանգամանքը որ իբրեւ Հայութեան մէկ որոշ հատուածը՝ Պարսկահայուն ճակատագրին վրայ ներգործելու բնութիւն ունեցող ամէն ծանրակշիռ երեւոյթ, որպիսին է պարսկական յեղափոխութեան շարժումը եւ անոր յաջող կամ անյաջող հետեւանքներուն փոխադարձ կշիռը պարսկահայութեան կեանքին հետ կապուած, ինքնին սահմանուած է անդրադառնալու նաեւ մեր ընդհանուր ճակատագրին վրայ. թողունք այն կենսական կարեւորութիւնը որ քաղաքական տեսակէտով պարսկական յեղափոխութիւնը եւ սահմանադրական վարչութեան մը հաստատւմը իր հզօր անդրադարձումները պիտի ունենայ թէ՛ ռուսական եւ թէ՛ օսմանեան պետութեանց եւ անոնց նոյն նոյն իսկ ներքին քաղաքականութեան վրայ, վերցնենք միայն զուտ բարոյական պարտաւորութեան պարագայ մը։

Այսօր գաղտնիք մը չէ այլ եւս ոչ ոքի համար այն եղբայրական անմոռանալի աջակցութիւնը՝ որ պարսկահայը, առանձնապէս Ատրպատականի մէջ ապրող Հայութիւնը տասնեակ ու աւելի տարիներ ցոյց տուաւ տաճկահայ ազատագրութեան։ Սալմաստը, Խոյը եւ Դաւրէժը եղան յեղափոխական մեր ֆէտայիներուն, հայդուկներուն համար տեւական ապաստանարան, ուրկէ անցան դէպի երկիր՝ տալու տաճկահայ ժողովուրդին ինչ որ ունէին, իրենց զէնքը, իրենց խօսքը, իրենց կորովը ու իրենց կեանքը։ Պարսկահայ գիւղերն ու հայկական հիւղակները օծուած են հայ մարդիկներու, աւա՜ղ, մեծ մասով սպաննուած այսօր եւ մոռցուած, յիշատակներովը։ Պարսկական սահմանագլուխը եղաւ այն մոգական փորձութեամբ ու ձգողական արկածներով լեցուն խորհրդաւոր ուղին, ուրկէ գացին հայ անձնուէրներու աներկիւղ խումբեր, հայ կամաւորներու ամբողջ կարաւաններ ընդդէմ ստրկութեան շղթաներուն։ Եւ պարսկահայ գիւղացին, Ատրպատականի հայը՝ տարիներ ու տարիներ շարունակ պատսպարեց զանոնք, գուրգուրանքով ու անձնուիրութեամբ շրջապատեց յեղափոխութեան զինուորները, տառապեցաւ անոնց ցաւովը, արտասուեց՝ մեզի հետ ու մեզի համար եւ կռուեցաւ մեզի պէս ու յուսաց մեզի համար։

Դէպքերու առեղծուա՜ծային հակասութիւն, այժմ նոյն Պարսկահայն է որ դրուած է երկու կրակի մէջ եւ կը սպասէ մեր աջակցութեանը, մեր խրախոյսին, մեր եղբայրական հոգածութեանը։

Այժմ ո՛չ թէ թրքահայուն, այլ պարսկահայուն գոյութեան հարցը դրուած է մէջտեղ եւ Շահին ու Ձարին սուրը իրենց բռնակալութեան բոլոր ուժովը կը գործեն այն ուղղութեամբ եւ կը շարժին նոյն նպատակին։

Թրքահայ ժողովուրդը երախտագիտութեան հատուցում մը ունի ընելիք դէպի պարսկահայ իր եղբայրները՝ որ կը գտնուին պաշարման դրութեան մէջ՝ Ատրպատական։

Շահը չէ իսկական հակառակորդը եւ պարսկական ազատագրութեան կշիռքին վրայ ազդող ծանրութիւնը։ Շահը՝ գինով ու կիսախելագար, գործիք մըն է միայն, թշուառական դանակ մը ռուս րէաքսիոնէր տարրերուն եւ կառավարական պաշտօնէութեան ձեռքը, ընդդէմ Իրանեան բազմաչարչար եւ բազմակեղէք իր ժողովուրդին՝ որ իր իրաւունքները պաշտպանել կ՚ուզէ, որ կը կռուի՝ ձեռք բերելու համար Սահմանադրութիւն եւ ժողովրդապետական կառավարութիւն։ Ձարական իշխանութեան տեսակէտով՝ պարսիկ ժողովուրդին այդ բնական իրաւունքը ատելի եւ վտանգաւոր է. Պարսկաստանի վերածնութիւնը անողոք հարուած մըն է ռուս աշխարհակալութեան՝ որ արդէն իսկ Պարսկաստանի կէսը կը նկատէ իբրեւ ռուսական պետութեան մէկ հողամասը։ Այդ աշխարհակալութեան ոգին՝ Օսմանեան պետութեան վերակենդանութենէն ետք դրուած պիտի ըլլար անելանելի ու դժնդակ կացութեան մը մէջ, եթէ արդէն իսկ կիսամեռ ու իր ճիրաններուն տակ հոգեւարող Պարսկաստանն ալ կենդանանար եւ գրաւէր գոյութեան ու ապրելու իր իրաւունքը։

Իսկ միւս կողմէն ռուս եղեռնագործ դիւանագիտութիւնը ինչպէս որ լաւ համոզուած է թէ առանց իր նեցուկին, առանց իր գազանաբարոյ Լիաբովներուն, առանց իր լրտեսական բանակին ու գործակալներուն, Մէհէմմէտ Ալի շահը ո՛չ իսկ ամիս մը կարող պիտի ըլլար այս երկրաւէր անիշխանութիւնը իր վիճակին մէջ պահել, նոյնպէս խոր համոզումն ունի թէ առանց հայ յեղափոխականներու բարոյական թէ նիւթական աջակցութեանը՝ պարսկական յեղափոխութեան Ատրպատականի հնոցը վաղուց մարած պիտի ըլլար եւ Սադդար Խանը նոյնպէս վաղուց թնդանօթի բերնին կապուած։

Այսպէս ահա դարձեալ ճակատագրօրէն հիւսիսի վայրագ բռնակալութիւնը եւ ազատասէր ափ մը հայութիւնը՝ մութին մէջ, լռելեայն կուգան դէմ դէմի, ինչպէս գտնուեցան թրքահայ ազատագրական շարժման ամբողջ տեւողութեանը միջոցին, միշտ հակընդդէմ իրարու եւ ընդդիմամարտ։

Ձարը՝ Թէհրանի մէջ եւ հայ յեղափոխականը Դաւրէժի, Սալմաստի եւ Խոյի մէջ։ Մէկը բռնակալութեան նեցուկ, միւսը՝ ազատութեան։ Եւ եթէ գահական եղեռնագործութեան հարկադրական պարտականութիւնը կը մղէ Ձարը՝ օգնութեան փութալու իր արհեստակցին՝ Մէհէմմէտ Ալի Շահին, հայ ժողովուրդին համար նոյնքան բնական ու սրբազան պարտականութիւն էր՝ չի մնալ անտարբեր բաղդակից ժողովուրդին եւ նոյն անիրաւուածը, նոյն կաշկանդուածը, նոյն թշուառ աշխատաւորութիւնը՝ ինչպէս պարսիկ ժողովուրդը, ձգտիլ միեւնոյն ազատութեան, միեւնոյն ժողովրդապետութեան։ Եթէ Ձարին համար անհրաժեշտ էր յօշոտուած, պատառ պատառ եղած գերի Պարսկաստանը, Հայութեան համար եւս նոյնքան անհրաժեշտ ու նպաստաւոր էր՝ ազատ, սահմանադրական եւ վերածնող Իրանը։ Եթէ ռուս բռնակալութեան համար նախատինքն ու ամօթ չէր՝ յայտնապէս զինել Մաքուի արիւնարբու րէաքիոնէր սարտարները, այդ զէնքերով խողխողել տալու խաղաղ բնակչութիւնները։ Եթէ անջնջելի արատ ու վայրագութիւն չէր Ջուլֆայէն Դաւրէժ տանող պողոտային հսկիչ ռուս գործակալ Ժառսկիին համար, պարսիկ րէաքիոնէր սարտարներու եւ աւազակներու սարսափէն հալածական 70 հայ եւ թուրք զոհերը մինչեւ Օրտուպատ հասնելէ ետք, խուզարկելով եւ զանոնք բանտարկելով կրկին ետ դարձնելը եւ վայրի բարբարոսներուն ձեռքը յանձնելը, հայ յեղափոխականներու համար թող ուրեմն նախատինք ու ամօթ սեպուի՝ որ փոխանակ բռնաւորին համակրելու, կը մնան բարեկամ բռնութեան զոհին, հայ յեղափոխականներու համար թող արատ մնալ՝ որ փոխանակ միանալու ռուս գործակալներու եւ պարսիկ աւազակներու հետ եւ անմեղ ժողովուրդը կոտորելու, միացած են ազատասէր բանակին հետ եւ կը կռուին յանուն Պարսկաստանի փրկութեան եւ ի նպաստ պարսիկ ժողովուրդին։

Ահա վիճակը Պարսկահայաստանի մէջ։

«Ժամանակ», 1909, թիւ134, 24 Մարտ—6 Ապրիլ