Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ


Ատանայի մէջ ոստիկանութիւնը արգիլած է սրճարաններուն մէջ թղթախաղը ու նարտը:

Կարճ լուր մը, որ ըստ ինքեան թերեւս մեծ նշանակութիւն չունենար շատերու աչքին, բայց աւելի քան նշանակալից է ան՝ մեր երկրին եւ յատկապէս Ատանայի համար:

Նշանակալից է՝ այն տեսակէտով որ հանրային բարոյականի համար մեր կառավարութիւնը լրջօրէն չէ հետաքրքրուած երբեք, եւ այն մասնակի միջողներն ալ որ սորված է գործադրել մինչեւ հիմա՝ չափազանց նահապետական, միակողմանի եւ անգոհացուցիչ եղած են:

Աւելին կ՚ըսենք. իշխանութեան ներկայացուցիչները յաճախ այնպիսի բաներ արգելիչ համարած են, իբրեւ թէ հանրային բարոյականի նախանձախնդրութեամբ, որոնք իրոք ո՛չ թէ նպաստած են հանրութեան բարքերուն ազնուացման եւ ընկերային բարեշրջման, այլ նոյն իսկ վնասակար եղած են: Բայց տեղը չէ մէկիկ մէկիկ յիշատակել զանոնք հոս:

Խնդիրը ան է որ լա՛ւ որոշում մըն է տրուած՝ արգիլելու թղթախաղը, ինչպէս նաեւ նարտը Ատանայի սրճարաններուն մէջ, որովհետեւ, ինչպէս բոլոր իրազեկները կը հաստատեն, խաղամոլությունը մասնաւորապէս այդ քաղաքին մէջ հասած է աւերիչ չափերու: Բարքերը այնքան խաթարուած են հոն՝ որ մինչեւ անգամ զարգացած, ուսում եւ բարձրագոյն կրթութիւն ստացած մարդիկ ամօթ չեն զգար առաւօտէն մինչեւ իրիկուն նստելու սրճարաններու մէջ եւ զբաղվելու զզուելի, անվայել եւ նուաստացուցիչ մոլորութեամբ մը:

Արդարեւ միայն Ատանան չէ. ընդհնարապէս Թուրքիոյ մէջ բոլոր սրճարանները, աւելի կամ պակաս չափով, խաղամոլութեան պաշտօնական վայրեր են, որոնց մասին կառավարութինը ոչ մէկ ուշադրութիւն կը դարձնէ:

Չենք ըսեր որ ոստիկանական միջոցներով կարելի է հանրային բարոյական ազնուացնել, բարքերը կրթել եւ քաղաքացիներու մէջ՝ վատ ու ստոր հակումներու տեղ մշակել առողջ եւ մաքուր բնազդներ: Օ՜հ, երբե՛ք:

Բարեշրջելու համար հասարակութեան մը կենցաղն ու բարքերը հարկաւոր են դաստիարակիչ միջոցներ եւ ոչ թէ խարազան, տուգանք կամ բանտային արգելքներ: Իսկ այդ դաստիարակիչ միջոցները ո՛չ մէկ են, ոչ ալ երկուք, ոչ մէկ ամսուան գործ են եւ ոչ մէկ տարիի. ուսուցիչն ու ծնողքը, գրականութիւնն ու գեղարուեստը, անտեսական պայմաններու եւ ընկերային ներկյա կազմի բարեփոխութիւնները եւ դեռ ուրիշ հազար նոյնքան կարեւոր ազդակներ պէտք է կատարեն իրենց դերը՝ որպէս զի ժամանակի ընթացքին բարձրանայ ժողովուրդ մը բարոյապէս, այսինքն գիտնայ ծառայել անհատին ու ընկերութեան գերագույն բարիքին:

Ոստիկանական արգելքները՝ հրապարակային մոլութեանց նկատմամբ, որպիսիներէն մէկն է խաղամոլութիւնը, կիսամիջոցներ են միայն, բայց եւ անհրաժեշտ: Անհրաժեշտ այնպէս՝ ինչպէս են զանազան առողջապահական նախազգուշութիւնները, որոնք ձեռք կ՚առնուին հանրային վտանգաւոր համաճարակներու, օրինակ՝ քոլէրայի, ժանտախտի կամ թիֆոյի դէմ: Եւ ինչպէս որ հանրային առողջապահական խստութեանց պաշտօնը չէ էապէս ոչնչացնել այս կամ այն մահացու հիւանդութիւնը, այլ արգիլել միայն անոր փոխանցումը, այս բնութիւնն ունի նաեւ բարոյական ախտերու դէմ գործ դրուած արգելիչ միջոցը: Որովհետեւ, ճշմարտութիւն մըն է դարձեալ որ՝ բարոյական հիւանդութիւններն ալ իրօք վարակիչ են հոգեբանօրէն:

Ատանայի կառավարութեան առած քայլտ գնահատելով հանդերձ, կ՚ուզէինք յիշեցնել իրեն որ՝ երբեք իր նպատակին պիտի չկրնար զարնել եթէ իր ձեռք առած արգելիչ միջոցերուն հետ՝ չսկսէր ձեռնարկել նաեւ շինիչ, կրթող, բարոյապէս օգտակար միջոցներու:

Բաւական չէ դատարկել սրճարանները, պէտք է նաեւ լեցնել ընթերցատունները. Բաւական չէ թղթախաղն ու նարտը արգիլիլ, հարկ է որ ձեռքերու մէջ դրուին նաեւ ընթերցման գրքեր:

Բայց ո՞ւր են քաղաքային ընթերացատունները, ո՞ւր են ընթերցանութեան գրքերն ու հասարակութիւնը դաստիարակող այլ անհրաժեշտութիւնները՝ թատրոն, նուագահանդէս, դասախօսութիւններ, գիշերային վարժարաններ, եւայլն, եւլն.:

Բայց մանաւանդ ո՞ււր է այն մարմինը կամ ո՞րն է այն հաստատութիւնը՝ որ գիտակցօրէն, հետեւողական կերպով եւ լայնօրէն նպատակ ունենայ զբաղելու հանրային բարոյական հարցերով եւ ձգտի ընել գէթ այնքանը, ինչքանը որ կրնայ:

Չի կայ: Դեռ շատ ժամանակ է հարկաւոր մեր պետքկան հաստատութեանց համար՝ որ ունենան այդ մարմինները եւ ձգտին այդ նպատակներուն իրագործման:

Մինչեւ այդ, հասարակութեան առողջ տարրերը իրենց են որ առաջ պիտի անցնին՝ իրենց ուժերով եւ իրենց կարողութեան սահմաններուն մէջ ընելու ինչ որ կրնան: Եւ ոչ մէկ տարակոյս որ այդ ջանքերը երբեք չեն անցնիր ապարդիւն եւ կը պսակեն շատ իղձիր:

«Ազատամարտ», 1914, 31 Մայիս - 13 Յունիս, թիւ 1526, էջ 2