ՀԱՄԵՍՏ
ՍԿԶԲՆԱՒՈՐՈՒԹԻԻՆ
ԲԱՐԳԱՒԱՃ
ԸՆԹԱՑՔ
Մեր
խօսքը
Պարտիզակի
Համագործակցական
Ընկերութեան
—
Քօօփերաթիվի
—
մասին
է:
Երեք
տարի
առաջ
90
ոսկիով
սկսաւ
այդ
ձեռնարկը,
եւ
այօսր,
ինչպէս
ցոյց
կուտայ
իր
հաշուեկշիռը,
կրցած
է
երեք
տարուան
համար
16,
334
ղրուշի
զուտ
շահ
մը
ապահովել
իր
բաժնելիցներուն:
Եւ
բաժնեկիցները
անոնք
են
մեծ
մասով,
որոնք
գնորդ
են
միանգամայն:
Ուրիշ
խօսքով,
հասարակութիւնը
ի՛նքն
է
որ
թէ՛
վաճառող
է,
թէ՛
գնորդ.
եւ
այն
շահը,
որ
իր
զանազան
գնումներով,
պիտի
մտնէր
խանութպաններու
գրպանը,
կը
մտնէ
հիմա
ի՛ր
գրպանը:
Հասարակութիւնը,
կ՚ըսենք,
որովհետեւ
Պարտիզակի
Քօփերաթիվը
մասնաւորներու
ձեռնարկը
չէ,
դրուծ
շահադիտական
հողի
վրայ:
Անոր
կը
մասնակցի
տեղացի
հասարակութիւնը,
սկսեալ
ամէնէն
չունեւորներէն,
—
քանի
որ
Ընկերութեան
անդամակցելու
համար
որոշուած
են
չափազանց
դիւրամատչելի
պայմաններ,
20
ղրուշ
առաջին
միանուագ
վճար
մը,
անկէ
եւ
ետք
շաբաթէ
շաբաթ
40
փարայի
բաժնեգին
մը՝
հինգ
տարի
շարունակաբար:
Գործը,
որ
սկիզբէն
սկսաւ
միմիայն
նպարեղէնի
եւ
այլ
մանր
մունր
անհրաժեշտ
պիտոյքներու
վաճառումով,
այսօր
ընդարձակած
է
ինքզինք
եւ
դեռ
ընդարձակուելու
վրայ
է:
Անցեալ
տարի
Քօօփերաթիվը
ձեռք
զարկաւ
հացագործութեան,
այս
քանի
մը
օրուան
մէջ
կ՚ընդգրկէ
նաեւ
կօշկակարութիւնը,
նպատակ
ունենալով
մօտիկ
յառաջիկայի
մը
մէջ
բանալու
նաեւ
դեղարան
մը՝
աժան
կերպով
դեղ
հայթայթելու
համար
հանրութեան:
Տեղական
Մեղու
թերթը,
որմէ
քաղած
էինք
Ընկերութեան
վերաբերած
անհրաժեշտ
տեղեկութիւնները,
խօսելով
հացագործական
փուռին
վրայ,
կ՚ըսէ.
«Երբ
փոքր
հաշիւ
մը
ընենք
փուռի
եւ
խանութի
բաղդատական
թիւերով,
կը
պարզուի
որ
խանութը
տուած
է
բաւարար
արդիւնք,
մինչեւ
փուռը՝
հազիւ
20—25
ոսկիի
շահ
մը»:
Եւ
թերթը
այս
տարբերութեան
պատճառ
կը
գտնէ
անոր
մէջ
որ՝
Քօօփերաիթվը
«փուռի
մասին
ընդունած
է
զոհողութիւններու
եւ
արտակարգ
աշխատանքի
սկզբունքը,
իր
յաճախորդներուն
ամենօրեայ
սնունդը՝
հացն
ազնուացնելու
եւ
լիովին
գոհացուցիչ
վիճակի
մը
հասնելու
համար»:
Արդարեւ,
Քօօփերաթիվներուն
նպատակը
ոչ
թէ
դրամ
դիզել
եւ
ամէն
գնով
իրենց
դրամագլուխը
հարստացնելն
է,
ինչպէս
կ՚ընեն
շահադիտական
մասնաւոր
ձեռնարկները,
այլ՝
ամէնէն
առաջ,
աժան
բայց,
լաւ
ապրանք
հայթայթելն
է
իր
գնորդներուն:
Իսկ
հացը,
այս
պարագային,
առաջին
տեղը
կը
բռնէ.
պէտք
է
ան
ո՛չ
թէ
աժան
ըլլայ՝
գեշ
տեսակով,
այլ
աժան
ըլլայ՝
լաւ
տեսակով:
Այնպէս
որ՝
եթէ
Ընկերութիւնը
կարողանայ
իր
յաճախորդներուն
տալ
աժան
ու
լաւ
հաց,
առանց
նոյն
իսկ
ո՛
եւ
է
շահի,
իրապէս
ծառայած
կ՚ըլլայ
իր
նպատակին:
Ասով
ըսել
չենք
ուզեր
հարկաւ
որ
վարիչները
անփոյթ
գտնուին
եւ
այդ
անհրաժեշտ
պայմանները
լրացնելէ
ետք՝
չձգտին
նաեւ
խնայել
ճարտարութեամբ
այն,
ինչ
որ
կրնան:
Ո՛չ.
բայց,
երբ
խնդիրը
կուգայ
նախընտրութիւն
մը
ընելու
դրամական
շահին
եւ
լաւ
ու
աժան
ապրանքի
միջեւ,
Ընկերութիւնը
անպայման
պէտք
է
կանգ
առնէ
վերջին
տեսակէտին
վրայ,
ո՛չ
թէ
առաջինին:
Այլապէս,
կը
դաւաճանէ
ինք
իր
գոյութեան
իրաւունքին
դէմ:
Ամէն
պարագայի
տակ,
Պարտիզակի
Սպառողականը,
ինչպէս
կը
կոչուի
այս
շատ
համակրելի
ձեռնարկը,
բարգաւաճման
ճամբուն
մէջ
է
կ՚երթայ
այդ
ուղղութեամբ:
Սակայն,
ինչ
որ
ամէնէն
աւելի
կը
զարմացնէ
մեզ,
ու
խորապէս,
այն
անհասկնալի
անտարբերութիւնն
է՝
որով
Հայաստանի
կեդրոնները
կը
վերաբերուին
դէպի
համագործակցական
այս
կարգի
սպառողական
ձեռնարկները:
Վանը,
Կարինը,
Մուշը,
Խարբերդը
եւ
Սեբաստիան,
ուր
կան
մտաւորականներ
եւ
ուր
Հ.
Յ.
Դաշնակցութիւնը
իր
արմատները
ձգած
է
ժողովուրդին
մէջ,
ինչո՞ւ
պէտք
չէ
մասնաւոր
ուշադրութիւն
նուիրէին
այս
նպատակին
եւ
հիմը
դնէին
սպառողական
միութիւններու:
Մենք
կը
հրաւիրենք
Դաշնակցական
գործիչներու
առանձին
հոգածութիւնը
այս
գործին
համար,
որ
պէտք
է
ընդհանրանայ
մեր
ժողովուրդին
մէջ
եւ
որուն
կարօտութիւնը
այնքան
զգալի
է:
«Ազատամարտ»,
1914,
5/18
Յունիս,
թիւ
1530,
էջ
2