Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՐ ԳԻՒՂԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՇԷՆՔԵՐԸ
ԳԵՂԵՑԻԿ ԳԱՂԱՓԱՐ ՄԸ


Իրօք որ խիստ ուշադրություն դարձուցած ենք մանաւանդ գեղի մեր վարժարանական շէնքերուն: Այդ շէնքերը կառուցուած են ընդհանարապէս գեղացի խալֆաններու ձեռքով եւ այդ խալֆաներուն «ճարտարապետական» ու «մանկավարժական» կարողութեան համեմատ…:

Ու այդ կարողութեան արդիւնքը ան եղած է որ՝ այսօր մեր գիղական դպրոցներու շէնքերը քիչ տարբերութիւն ունին ախոռէ, փոշոտ, մութ, խոնաւ, մինչ գեղին մէջ Աստուծոյ արեգակին լոյսը կը զեղու այնքան առատապարգեւ ու այնքան յորդահոս:

Եւ երբ Եւրոպայի ու Ամերիկայի մէջ՝ այս պահուս մարդիկ հազար ու մէկ դժուարութեանց յաղթելով եւ մեծածախս զոհողութիւններով, կը ջանան մանուկները տանիլ ազատ բնութեան բարերար գիրկը, «բաց օդին մէջ», մենք, այդ նոյն բնութեան կուրծքին վրայ գոմեր շինենք՝ մեր զաւակները անոնց մէջ… կրթելու, դաստիարակելու, խնամելու համար:

Միացեալ Ընկերութիւնը վիճակագրական թիւերով հաստատած է որ՝ իր մատակարարած 130 վարժարաններէն վաթսունը, գլխաւորապէս գիւղական, պէտք ունին նոր շենքերու: Նոր շէնքերը՝ որ վիլլաներ չըլլան հարկաւ, այլ որոնք ունենան միայն առատ լոյս, տախտակամած եւ ոչ թէ հող՝ յատակին վրայ, ապակի եւ ոչ թէ թուղթ՝ լուսամուտները ծածկող միջոցներ՝ ազատ մնալու փոշիէ ու խոնաւութենէ, մէկ խօսքով՝ այն տարրական պայմանները որ անհրաժեշտ են, խնայելու համար մեր զաւակներու առողջութեան, մտքին եւ կեանքին:

Այս վիճակագրութիւնը՝ ինչպէս ըսինք, կը վերաբերի միմիայն Միացեալ Ընկերութեան յանձանձած դպրոցներուն: Ո՜րքան աւելի շահեկան պիտի ըլլար՝ եթէ աչքի առջեւ ունենայինք մեր բոլոր գիւղական վարժարաններու պատկերը:

Շահեկան պիտի ըլլար անշո՜ւշտ, բայց չենք յուսար որ չըլլար նաեւ նոյնքան կսկծեցուցիչ:

Կրթութիւնը նպատակ չէ, այլ միջոց միայն, միջոց՝ դիւրացնելու եւ աւելցնելու մարդկային երջանկութեան գումարը, մարմնապէս, իմացականապէս, հոգեպէս: Մարմինը առաջ, ու ապա միտքը, ապա հոգին:

Իսկ մարմնական առողջութեան խնդիրը կապուած է, կրթական գործին մէջ, առաւելապէս դպրոցական շէնքին հետ:

Ուրախ ենք որ Միացեալը ո՛չ միայն այս ուղղութեամբ փրոփականտ կը մղէ իր ազդեցութեան շրջանակներուն  մէւ, այլ՝ ինչպէս կը հաւաստուի մեզի, որոշած է ձեռք առնել գործնական միջոցներ եւս: Այսպէս, իր այս տարուան նախահաշիւին մէջ մտցուցած է մօտ 300 ոսկիի գումար մը, որ պիտի գործածուի դպրոցական նպատակայարմար շէնքերու կառուցման՝ այն գիւղերուն մէջ միայն, որոնք ո եւ է դպրոց չունին:

Ընդունելով որ գիւղական վարժարանի մը կառուցման համար միջին հաշւով բաւական է 60—70 ոսկի, ու թերեւս աւելի քիչ՝ եթէ գիւղը, իր սովորութեան համաձայն, քարով, հողով ու աշխատանքով օժանդակէ: Ընկերութիւնը պիտի տրամադրէ իր կողմէն՝ ծախսին քառասուն առ հարիւրը, պայմանով որ մնացած վաթսուն առ հարիւրն ալ գիւղացին ինք հոգայ:

Բայց Միացեալը ո՛չ թէ իբր նուէր պիտի տրամադրէ այդ 40%ը, այլ սոսկ որպէս փոխատուութիւն, պահանջելով որ գիւղը մէկ քանի տարուայ ընթացքին մաս առ մաս վճարէ իր այդ պարտքը: Ընկերութիւնը, գանձելով նոյն դրամները առիթ պիտի ունենայ զանոնք յատկացնելու, միեւնոյն նպատակով, ուրիշ կարօտ գիւղերու համար:

Կասկած չկայ որ գեղեցիկ եւ շատ օգտակար գաղափար մըն է աս, որ պիտի դիւրացնէ ո՛չ միայն մեր գիւղական վարժարաններու բազմացումին, այլեւ պիտի նպաստէ քիչ շատ առողջապահական պայմաններով օժտուած շէնքերու կառուցման:

Տարակոյս չկայ նոյնպէս որ Միացեալը լրջօրէն պիտի ուզէ ուսումնասիրել այն յատակագիծը, որ պիտի գործադրէ իր փափաքած շէնքերուն կառուցման համար:

Բայց, ինչ որ հեռու է գոհացուցիչ ըլլալէ, քանակն է այն գումարին, որ Միացեալի կողմէ տրամադրուած է առաջադրուած նպատակին:

Երեք հարիւր ոսկին ողորմելի բան մըն է, որուն 75 ոսկին Քալիֆորնիայէն նուիրուած է եւ 200 ոսկիի չափն ալ նոյն ինքն Ընկերութեան ընդհանուր հասոյթներէն:

Միացեալը չէ որ կը մեղադրենք. ընդհակառա՛կը, անիկա կ՚ընէ այնքանը՝ որքանը կրնայ: Մենք կը հաստատենք միայն իրողութիւնը, հրաւիրելով որ հասարակութիւնը եւ մեր ազգային կրթութեան նախանձախնդիր անհատներ՝ օգնութեան հասնին Ընկերութեան, բազմապատկելով անոր միջոցները, որպէս զի ան կարողանայ աւելի եւս ընդարձակել իր գործունէութեան եւ օտակարութեան սահմանները:

Նպատակ մըն է ասիկ, սակայն, որ պէտք չէ հետապնդուի միմիայն Միացեալի կողմէ. զայն գիտակցելու եւ ընդգրկելու են թէ՛ Կեդրոնի, թէ՝ գաւառներու Ուսումնական Խորհուրդները, եւ թէ բոլոր անոնք՝ որ ներգործական ո՛ եւ է դեր ունին կրթական հարցերու մէջ:

«Ազատամարտ», 1914, 22 Յունիս-5 Յուլիս, թիւ 1545, էջ 2