Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅԱՆՊԱՍՏ ՇԱՐԺՈՒՄԸ


Նախորդ թիւով հրատարակեցինք Վաշինկթընէն եւ Եւրոպայէն եկած այն հեռագիրները, որոնք կ’իմացնէին թէ Եւրոպացի ականաւոր Հայասէրներ՝ Յիշատակագիր մը ներկայացուցած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ՝ Պ. Ռուզվէլթի, որպէսզի Լա Հէյի յառաջիկայ Իրաւարարական ժողովին մէջ Հայկական խնդիրը խորհրդակցութեան նիւթ ընել ջանայ եւ անոր լուծում մը ձեռք բերէ։

Այս լուրը վստահ ենք թէ աշխարհի ամէն ծայրը գտնուող բոլոր Հայերը անխտիր՝ ուրախութեան զգացումներով եւ յոյսով կը համակէ։

Նախագահ Պ. Ռուզվէլթ՝ այս Յիշատակագիրը հրատարակութեան յանձնելով ժամանակէն առաջ, վստահ ենք թէ դիւանագիտական դիտում մըն է որ կը պարզէ եւ այդ դիտումը մեզի մխիթարական թելադրութիւններ կը ներշնչէ։

Միացեալ Նահանգներու Նախագահը այս կերպով՝ կուզէ միմիայն հանրային մտածումը պատրաստել իրեն եղած առաջարկին, եւ հաւանականաբար այդ պատրաստուելիք գաղափարներու շարժումը օգտակարապէս ծառայեցնել իր առաջադրութիւններուն։ Այլապէս, մեծանուն Նախագահը պէտք չունէր իրեն ուղղուած պաշտօնական տօքիւման մը մէջտեղ դնելու եւ աշխարհի թանօթացնելու։ Յետոյ, այս պարագան մեզ կ’առաջնորդէ նոյնպէս խորհելու թէ՝ Պ. Ռուզվէլթ արգելք մը չի տեսներ իր առջեւ՝ հայկական խնդիրը Լա Հէյի ժողովին խորհրդակցութեան հարցերէն մէկն ընել։ Անկասկած, իբրեւ դիւանագէտ եւ պետական բարձր կարողութիւններով օժտուած անձնաւորութիւն՝ ինք կրնար գիտնալ ժողովին մասնակցող տէրութեանց տրամադրութիւնները։ Եթէ համոզուած ըլլար թէ՝ պետութիւններէն ոմանք բացարձակ ընդդիմութիւն պիտի ընէին եւ պիտի հակառակէին՝ հայկական խնդիրը միջազգային իրաւարարական կանաչ սեղանին վրայ դնելու՝ հարկ չպիտի տեսնէր Յիշատակագիրը մէջտեղ դնելու եւ հրատարակութեան տալու։ Եւ յետոյ, կարեւոր իրողութիւնը այն է որ, ինչպէս հեռագրական գործակալութիւնները հաղորդեցին, Նախագահը իր կողմէն բան մը չըսեր իր դիտաւորութիւններուն նկատմամբ։ Իհարկէ, երբ պէտքը տեսնէր, չպիտի դժուարանար նոյն Յիշատակագրին տակ քանի մը տող աւելցնելու եւ ըսելու թէ այս Հարցը՝ յառաջիկայ ժողովին խորհրդակցութեանց նպատակէն դուրս կը մնայ եւ թէ անկարելի պիտի ըլլայ իրեն՝ եղած առաջարկութիւնը գործնական հողի վրայ դնելու։

Տրուած ըլլալով մեզի այսպէս մտածել, մեր առջեւ ահա այս պահուս քանի մը ուրիշ անմիջական պարագաներ կը ներկայանան։

Ի՞նչ պիտի ընէ կամ ընել սկսած է արդէն Թուրք կառավարութիւնը՝ դիւանագիտական ճամբով եւ իր բոլոր կարելի միջոցներովը՝ անյաջողութեան մատնելու համար իրեն աննպաստ այս ձեռնարկը։

Ի՞նչ կ’ընէ կամ ի՞նչ պիտի ընէ բոլոր Հայութիւնը՝ դիւանագիտական կամ իր բոլոր կարելի միջոցներովը՝ ուժ տալու իրեն նպաստաւոր այս ձեռնարկին։

Աւելորդ է Թուրք կառավարութեան ընելիքներուն կամ արդէն այս մասին ձեռնարկած միջոցներուն վրայ երկարօրէն կանգ առնել։ Ապահովաբար, իր բոլոր ուժովն ու կամեցողութեամբը պիտի նկրտի խեղդելու այս հայանպաստ շարժումը, եւ արդէն իր տրամադրութեան տակ միջոցները եւ զէնքերը չէ որ կը պակսին. պիտի դիմէ պետութիւններուն, պիտի դիմէ Գերմանիոյ, պիտի սպառնայ՝ հակառակ պարագային՝ չի մասնակցելու ժողովին, պիտի վարձէ կաշառակեր մամուլը, վերջապէս պիտի փորձէ ամէն կարելին։

Ասոնք իր գիտնալիքը ու մեր ալ գիտցածը։

Բայց, Հայը պէտք է խաթուն կնկան մը պէս տեղը նստի եւ սպասէ՛ միայն որ մէկ դիմում մը բաւակա՞ն ըլլայ, սպասէ որ ուրիշնե՞րը պայքարին թուրքին սադրանքներուն եւ հակառակութեանցը հետ։

Ո՛չ, աւելի քան երբէք այս պահուն է որ պէտք է յուզենք Եւրոպայի եւ Ամերիկայի հանրային կարծիքը, այս պահուն է որ միթինկները, հայանպաստ հրատարակութիւնները, ժողովները, քօնֆէրանսները իրենց անմիջական արդիւնքը տալու հաւանականութիւնն ունին. այս պահուն է որ Երեսփոխաններու հարցապնդումները եւ պերճախօս ճառերը ուղղակի նպատակը պիտի կրնան հարուածել։

Ուրախալի է որ՝ անգլերէն Փրօ Արմէնիա ն ճիշտ ատենին կուգայ լոյս տեսնելու եւ Պ. Սթէտի նման բարձր հեղինակութիւն մը ու իր բարեկամները առաջին օրէն իսկ իրենք զիրենք պատուաբեր պայքարին յաջող մէկ երեւոյթին առջեւ կը գտնեն։ Եւ Պ. Սթէտ ու անգլիացի հայասէրներ անտեղեակ չեն թէ իրենց երկրին կառավարութիւնը կազմող այսօրուան նախարարութեան մեծ մասը հռչակուած հայասէրներու անունը կը վայելեն։

Կը հաւատանք որ Ամերիկայի, Եւրոպայի Հայերը եւ հայուն բարեկամները կարող են ըմբռնել թէ ի՛նչ ըսել կուզէ Պ. Ռուզվէլթ՝ հրատարակութեան ծանօթ Յիշատակագիրը։

Պէտք է ձեռք առնել այն ամէն միջոցները՝ որոնք կրնան ուժ մը, ստիպողականութիւն մը եւ կարեւորութիւն մը աւելցնել Յիշատակագրին։

Մենք կ’առաջարկէինք նաեւ որ մինչեւ հիմա թէ՛ Ամերիկայի եւ թէ Եւրոպայի մէջ հայկական խնդիրին համար կազմուած բոլոր այլեւայլ միթինկներուն, քօնֆէրանսներուն եւ ժողովներուն քուէարկած օրակարգերը, անոնց մասնակցող անձերուն թիւովը մէկտեղ մատուցուին Նախագահ Ռուզվէլթի այս առթիւ. միեւնոյն ատեն նորեր կազմուին եւ նոր հոսանքներ գան շեշտելու թէ՝ Հայկական խնդիրը աշխարհի խղճին վրայ ծանրացող ծանր, մահահոտ բեռ մըն է, որմէ պէտք է ազատի մարդկութիւնը։

Թիւ 26, 1906, Յունուար 17