Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕԳՆՈՒԹԻ՜ՒՆ ՎԱՆԻՆ


Վանը սովատանջ է:

Հայոց Ձորեր, Մոկս, Կարկառ, Կարճկան, մանաւանդ վերջին լեռնային գաւառները հաց չունին ու անօթութենէ, սովէ կը մեռնին հայերը: Ահա այն բոթաբեր աղաղակը՝ որ կը կրկնեն երկրէն հասած վաւերական գրութիւնները:

Վարի Հայոց Ձորի Բլթենց գիւզին մէջ երկու հոգի ՍՈՎԱՄԱՀ եղած են եւ Վանի քաղաքին մէջ այս պահուս 5000ի կը հասնի սովեալներու թիւը:

Ձմեռուան պաշարը հետզհետէ կը հատնի եւ բնականաբար քանի օրերը իրարու կը յաջորդեն՝ սովատանջներու թիւը կը բազմապատկուի, դրութիւնը տագնապալի կը դառնայ ու անօթութենէ, անսուաղութենէ պատահած մահերը լայն համեմատութիւններ կ’առնեն: Մինչեւ ամառ, մինչեւ նոր հունձք տակաւին ամիսներ կան եւ այդ ամիսներու ընթացքին մէջ անօթին ո՛չ համբերել կրնայ եւ ոչ ալ մահուան դէմ կռուիլ:

Մարդ կրակին ու ջուրին առջեւէն կը փախի, բայց անօթութեան առջեւէն չ’ազատիր՝ ըսեր է մեր ժողովուրդը, եւ այս առածը դարաւոր փորձառութեան մը իմաստութիւնը կը բովանդակէ:

Ընդմիջաբար, բայց գրէթէ ճակատագրօրէն Անօթութեան չար ոգին հալածեր է մեր ժողովուրդը իր բնիկ հողին վրայ շարունակ եւ գուցէ աւելի մեծ չափերով վտանգ մը եղած է իր անհատական, ընտանեկան ու ցեղային գոյութեան՝ քան քաղաքական հալածանքները, սրածութիւնը եւ իր միջավայրին բոլոր աննպաստ պայմանները:

Անօթութիւնը մոռցնել կուտայ ամէն ինչ, ամէն զօրաւոր զգացում, ընտանիքի սէր, օճախի սէր, հայրենիքի սէր, որովհետեւ սովը պատուհասի մը պէս կը ծանրանայ երկրին վրայ՝ խորտակելով, փշրելով բարոյական ու ֆիզիքական կեանքը: Սովին ետեւէն մահ ու գաղթականութիւն:

Ու ինչպէս կը հաւաստեն Վանէն հասած լուրերը՝ արդէն քաղաքէն գաւառներէն գաղթային բուռն հոսանք մը կը պատրաստուի այս պահուն, որը սահմաններէն դուրս պիտի ծորի գարնան առաջին դուռը բացուելուն պէս եւ պիտի ծաւալի Ռուսաստան, Պարսկաստան, Պուլկարիա եւ աշխարհի չորս կողմը: Եւ այդ հոսանքը բացառապէս կազմուած է երիտասարդներէ, ուժի, առողջութեան տէր կտրիճներէ, որոնք պիտի թողուն իրենց հողը, իրենց դաշտը, իրենց քաղաքը, գալու օտարութեան մէջ կտոր մը հաց գտնելու եւ իրենց ընտանիքին օգնելու յոյսով: Սովը ինքնին արդէն անգութ աղէտ մը եւ իր հետեւանք եղող պանդխտութիւնը, գաղթականութիւնը աւելի մեծ չարիք մը:

Ինչ որ կառավարութեան քաղաքական ու տնտեսական սիստեմաթիք լածանքը կիսատ կը թողու, ահա բնութեան անողորմ կամեցողութիւնը կուգայ լրացնելու զայն աւերիչ ուրիշ ուղեգծով մը, ցեղային ջնջո՜ւմ հայուն անօթութեամբ, թշուառութեամբ, ֆիզիգական ծնգումով, մահով ու արտագաղթով: Սերունդներ՝ որ պիտի պակսին երկրէն, այդ քաջառողջ, թոսուն երիտասարդներու սերնդագործութիւնը՝ որ դադար պիտի առնէ, աշխատաւոր ձեռքերէն զրկուած ու անտիրական դաշտեր՝ որ պիտի դառնան քուրտ աղաներու եւ քուրտ րայաներու սեփականութիւն, մէկ խօսքով նուազում ու տեղատուութիւն հայ տարրին եւ աճում ու մակնթացութիւն քուրտ ցեղերու:

Վանի սովը բացառապէս մտահոգիչ ու տագնապառիթ հանգամանքով մը կը ներկայանայ ամէն հայու՝ քաղաքական, ազգային ու ընկերական լուրջ նկատումներով:

Իսկ ի՞նչ կընէ նոյն գաւառին, նոյն հողին ու ջուրին հարազատ զաւակը որ արդէն տարիներէ ի վեր արտասահման ինկած է ու իր երկրին տեսութենէն զրկուած. ի՞նչ կընէ Վանցի մտաւորական երիտասարդութիւնը, խանութպանը, բանուորը, Եգիպտոսի, Ռումանիոյ, Ամերիկայի, Կովկասի ու Պուլկարիոյ մէջ. ի՞նչ կընէ՝ ամէնուն ուշադրութիւնը հրաւիրելու, գործնական միջոցներ ձեռք առնելու, համախմբուելու եւ համախմբումներ կազմակերպելու որպէս զի Վանեցին անօթութենէ ազատէ եւ նոր գաղթականութեանց, նոր պանդխտութեան առաջքը կտրէ: Գիտենք թէ կա՛ն յատուկ «Վանի Սովելոց Յանձնախումբեր» հոս հոն, գիտենք թէ կա՛ն անհատներ՝ որ իրենց պարտականութիւնը կը կատարեն հնարաւոր եղած չափով, բայց այսքանը ո՛չ բաւարար է եւ ոչ ալ հիմնական:

Նոյն երկրին «հարազատ զաւակները» ըսինք, որովհետեւ թէ՛ տրամաբանական, թէ իրաւական եւ թէ նպատակին էապէս օգտակար է որ շարժումը իրե՛նք սկսին արտասահմանի մէջ, նախաձեռնութեան բաղխումը իրենք տան, հանրային ուշադրութիւնը իրե՛նք լարեն դէպի այն թշուառ բայց ամէն հայու սրտին միշտ մօտիկ Երկիրը՝ որ հաց չունենալուն համար կը մեռնի եւ կը դատարկի:

Չենք տարակուսիր թէ «Բարեգործութեան» նշանաբանով կազմուած ընկերութիւնները ներկայ պարագային տակ աւելի խոշոր ծառայութիւն մը կրնան մատուցանել եւ իրենց գոյութեան իրաւունքը արդարացնել՝ անմիջական ու լայն օժանդակութիւն մը հասցնելով Վանի Առաջնորդարանին, նոյնքան նաեւ չենք կարծեր թէ մէկ կամ երկու «Բարեգործականի» խրկած դրամները ինչքան ալ առատ ըլլան բաւական նկատուին՝ գաւառի մը անօթութեան համար:

Պէտք է կազմակերպել նոր Մարմիններ, արդէն եղածները դարձնել աւելի ամբողջական ու կատարեալ, սկսիլ ժողովրդական հանգանակութեան՝ ընդունելով ամէնէն համեստ մասնակցութիւններն իսկ, եւ, ամէն յարմարագոյն վայրի մէջ ունենալ կայուն, ծանօթ Յանձնախումբ մը՝ որուն դիմեն ամէնքը եւ որը որոշեալ ատեններ իր հաշուետուութիւնը ներկայացնէ մամուլի միջով հանրութեան:

Դարձեա՛լ կը կրկնենք, առաջին գործը պէտք է սկսին Վանեցիները, ըլլան խանութպան, մտաւորական թէ բեռնակիր. շարժումը ծայր տալուն պէս՝ իրենց աջակիցներ, գործակիցներ շատ պիտի գտնուին:

Եւ որպէս զի մենք ալ ունենանք պարտականութեան այն բաժինը՝ որ հարկադրողական կերպով կը ներկայանայ ամէնուս, «Ռազմիկ»ը իր կողմէն կը բանայ հանգանակութեան սիւնակ մը իր էջերուն մէջ, հրաւիրելով իր ընթերցողները եւ համակիրները՝ խրկելու իրենց նուէրները մեր միջոցով իր նպատակին:

Բնականաբար, «Ռազմիկ» մէկ կողմէն հրատարակութեան յաձնելով նպաստողներու անուններն ու նպաստի գումարները, նոյնպէս հրապարակով պարբերաբար պիտի ներկայացնէ իր համարատուութիւնը՝ հանրութեան:

Թիւ 45, 1907, Մարտ 29