ԹՈՒՐՔԻՈՅ
ՎԵՐԱԾՆՈՒԹԻՒՆԸ
Պատասխան
Իշխան
Սապահէտտինի
Գ
ՀԱՅ
ԵՒ
ԹՈՒՐՔ
ՆՈՅՆ
ՇԱՀԵՐԸ
ՈՒՆԻՆ.
–
Ահա
սխալ
հաստատում
մը՝
որ
ոսկեզօծելով
կամ
ներկելով՝
Իշխանը
կ’ուզէ
Թուրքիոյ
ժողովուրդներուն
տնտեսական
ու
ընկերական
պայմաններուն
ներքնապէս
ծանօթ
չեղողներուն
իբրեւ
ճշմարտութիւն
հաւտացնել
տալ։
Ո՛չ,
հայ
եւ
թուրք
նոյն
շահերը
չունին։
Ինչպէս
ինքն
աւ
կը
խոստովանի՝
միւսլիւման
կամ
ոչ-
միւսիլւման
Քիւրտերը
ամէնքն
ալ
կ’ապրին
աւազակութեամբ,
կողոպուտով
եւ
սպաննութեամբ.
բնականաբար
անոնք
պիտի
կեղեքեն
այն
այն
ժողովուրդը՝
որ
աւելի
անպաշտպան,
աւելի
խաղաղասէր
է
ու
աշխատութեամբպարապած,
այսինքն
Հայը։
Ասկէ
զատ
կրօնքի
տարբերութիւնը,
քրիստոնեայի
եւ
միւսլիւմանի
խտրականութիւնը
ամէնավայրագ
մոլեռանդութեանց
կը
մղէ
այդ
կիսաբարբարոս
եւ
տգէտ
ցեղը,
որ
առանց
անոր
ալ,
կը
կրէ
հակամարդկային
անգութ
բնազդներ։
Հայուն
եւ
քիւրտին
շահերը
երբէք
կարող
չեն
համերաշխիլ,
մինչեւ
որ
քիւրտերուն
ընկերական
կեանքը
խորապէս
չի
յեղաշրջուի,
չի
բարեշրջուի.
եւ
ասոր
համար
ալ
երկար
տարիներ,
ինչպէս
նաեւ
անաչառ,
խիստ
բայց
քաղաքակրթիչ
վարչութիւն
մը
հարկաւոր
է.
եւ
այդ
վարչութեան
յոյսը
անկարելի
է
Թուրքիոյ
վրայ
դնել։
Թուրքիան
իրեն
համար
դիւանագիտութիւն
մը
նկատած
է
միշտ
քիւրտ
ցեղը
դիտմամբ
այդպէս
բարբարոս,
մարդախոշոշ
ցանկութիւններով
պահպանել,
որպէսզի
զանոնք
գրգռէ
երկրին
ոչ-միւսիւլման
հպատակ
ժողովուրդներուն,
մասնաւորապէս
հայերուն
դէմ։
Թրքական
այդ
դիւանագիտութեան
նպատակն
այն
է
որ՝
քիւրտերը
միշտ
հարստահարեն,
նեղեն,
սանձահարեն
Հայերուն
խաղաղ
յարաջդիմութիւնը
եւ
չը
թողուն
որ
քրիստոնեաները
կամ
որ
նոյնն
է՝
Հայերը՝
կարող
ըլլան
երկրին
մէջ
տնտեսապէս
ու
բարոյապէս
առաւելակշիռ
դիրքի
մը
հասնելու։
Ի՞նչ
էր
պատճառը՝
որ
Համիտիյէ
կեղծ
ու
շնական
անունը
իբրեւ
զինուորական
պիտակ
փակցնելով՝
այդ
աւազակաբարոյ
մարդոց
ձեռքը
զէնք
տուին
եւ
անոնց
անձը՝
զինուոր
հռչակելով՝
անձեռնմխելի
դարձուցին.
հարստահարութեան
ու
զանգուածային
ջարդերու
կազմակերպութիւն
մը
չէ՞ր
եղածը,
կամ
բաց
արտօնագիր
մը
չէ՞ր
որ
անոնց
կը
տրուէր՝
իրենց
ուզած
կերպովը
վարուելու
խեղճ
հայ
գիւղացիներուն
ու
վերջապէս
հանդիպած
ամէն
հայուն
դէմ։
Նոյնքան
հակամարտ
են
նաեւ
հայուն
ու
թուրքին
շահերն
ալ։
այսօր
տակաւին
Հայաստանի
շատ
մը
գաւառներուն
մէջ
թուրքերը
աւատատէրեր
են,
այսինքն
ընդարձակ
հողեր
կը
պատկանին
թուրք
պէկերու,
աղաներու,
որոնց
սահսաններուն
մէջ
ապրող
հայ
գիւղական
բնակիչները
սեփականատիրութեան
ամէն
իրաւունքէ
զրկուած
են.
այդ
հայ
գիւղացիները
հողը
կը
վարեն,
կը
ցանեն,
կ’աշխատին,
կը
չարչարուին՝
բայց
իրենց
ձեռք
բերած
արդիւնքին
կէսէն
աւելին
աղան
կը
յափշտակէ.
արտը
կամ
հողը՝
երբէք
Հայուն
չպիտի
կրնայ
պատկանիլ
օր
մը,
նոյնիսկ
հայ
գեղջուկին
բնակած
տունը
իրենը
չէ,
բացի
ատաղձէն։
Քաղաքաբնակ
հայ
եւ
թուրք
բնակչութեանց
մէջ
ալ
ընկերական
վիճակի
նոյն
հակամարտ
շահերը։
Նկատողութեան
առէք
Հայաստանի
ո՛
եւ
է
մէկ
կրաեւոր
քաղաքին
բնակչութեան
դիրքը,
զբաղումը
եւ
ձգտումները,
ու
դուք
կը
տեսնէք
թէ
մեծ
անդունդ
մը
կը
բաժնէ
հայերը՝
թուրքերէն։
Առեւտուրը,
վաճառականութիւնը
կեդրոնացած
է
հայերուն
ափին
մէջ,
աշխատութիւնը՝
Հայը
ինքն
իսկ
է.
մինչդեռ
թուրքը՝
ծոյլ,
առեւտուրի,
արհեստի
բացարձակապէս
անընդունակ՝
բան
մը
չի
տար
երկրին
կենսագործութեանը,
այլ
միշտ
կը
վայելէ։
Քաղաքաբնակ
թուրքերուն
մէկ
մասը՝
զինուոր
է,
մաս
մը
կառավարական
պաշտօնեայ,
ջնջին
փոքրամասնութիւն
մը՝
խիստ
նախնական
արհեստներով
զբաղուած
ու
մարդ
չի
գիտեր
թէ
դեռ
անդին
մնացած
խոշոր
մեծամասնութիւն
մը
ինչո՞վ
կը
շահի
ու
կը
ինչո՞վ
կ’ապրի։
Ու
եթէ
մարդ
չի
գիտեր
կըսենք,
բացատրութիւն
մըն
է
որ
կը
գործածենք.
թէ՛
պաշտօնեայ,
թէ
անգործ
մասերը՝
ամէնքն
ալ
կողմնակի
մութ
միջոցներ
գտած
են
կեղեքելու,
հարստահարելու
հայը
եւ
այդ
վաստակով
պահելու
իրենց
գոյութիւնը։
Առանց
օտար
վարչութեան
մը
ուղղակի
հսկողութեանը՝
անկարելի
է
որ
խաղաղօրէն,
հանգստութեամբ
ու
տեւականապէս
կարող
ըլլայ
Հայը
տիրանալու
այն
տեսակ
ընկերային
ու
վարչական
դիրքերու,
որոնք
իր
իրաւունքն
են
բայց
զլացուած
մինչեւ
հիմա։
Իրողութիւնները
մէջտեղն
են.
ի՞նչ
եղաւ
արդիւնքը
այն
իբր
թէ
բարենորոգութիւններուն,
որոնք
մեծ
ջարդերէն
ետք
իրագործել
կեղծեց
Թուրքիան՝
Հայաստանի
վեց
նահանգներուն
մէջ։
Մենք
կը
հաւատանք
որ
եթէ
այդ
բարենորոգչական
փորձերուն
բուն
շարժառիթը
լոկ
ձեռնածուղակ
խաբէութիւն
մըն
էր,
միւս
կողմէն՝
թուրք
եւ
հայ
ժողովուրդին
շահերու
հակամարտութիւնն
իսկ
մեծ
պատճառ
մը
եղաւ
որ
անոնք
փոխանակ
օգուտ
բերելու,
բացարձակապէս
զրկանքներու
նոր
դուռ
բանան
հայութեան
համար։
Ո՛չ,
թուրքերը
պիտի
չուզեն
որ
հայ
ժողովուրդը
ընկերական,
դատաստանական
ու
վարչային
հաւասարակշիռ
դիրք
մը
վայելէ
երկրին
մէջ,
որովհետեւ
իրենց
շահերը
այդպէս
չեն
պահանջեր.
հետեւաբար
մենք
Թուրքիոյ
խոստումներուն
վրայ
հաւատք
չենք
կրնար
դնել։
Իսկ
Սուլթանէն
կամ
Սուլթաններէ
բարեկարգութիւն
սպասելը՝
առնուազն
անխելքութիւն
կը
սեպենք
ինքզինք
ազատական
թուրք
հռչակողի
մը
համար,
հոգ
չէ
թէ
այդ
թուրքը
Սապահէտտինի
պէս
իշխանազուն
մը
ըլլայ։
Գալով
այն
սպառնալիքներուն
որ
Իշխան
Սապահէտտին
կը
թոթովէ
Եւրոպայի,
համիսլամութեան
խրտուիլակը
տնկցնելով
Արեւմուտք
ի
առջեւ,
մեր
գիտնալիք
բանը
չէ.
թող
հաշիւի
առնեն
անո՛նք՝
որոնց
կ’ուղղէ.
ուստի,
առայժմ,
մենք
միշտ
վստահ
քաղաքակիրթ
ազգերու
բարոյական
ուժին,
կը
խնդրենք
որ
Իշխանը
չի
ցաւի
այն
դառն
ճշմարտութիւններուն
համար,
որոնք
ստիպուեցանք
արձանագրել
հոս։
Վառնա
Թիւ
35,
1906,
Փետրուար
18