Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԻՆ ԳԱՅԼԵՐԸ, ՀԻՆ ԱՂՈՒԷՍՆԵՐԸ


Ամէն կողմէն, գաւառներու բոլոր ծայրերէն դարձեալ սկսան կրկնապատկուիլ՝ գանգատները եւ բողոքները ընդդէմ հարստահարութեանց ու բռնութեանց, ընդդէմ գործադիր իշխանութեան, կառավարութեան՝ որ կա՛մ մեղսակից է տեղի ունեցող զեղծումներուն, կամ թոյլ, կամայական եւ անտարբեր։

Գաւառներէն հասնող բոլոր ճամբորդները, նամակները եւ լուրերը մէկ բան կ՚ըսեն, միաբերան մէկ բան կը հաստատեն. Սահմանադրութիւն ու սահմանադրական ազատութիւն միմիայն Պոլսոյ համար եւ Պոլսեցիներուն են, գաւառները դարձեալ խաւարի ու բռնութեան տակ, դարձեալ լքուած, դարձեալ անիրաւուած։

Եւ այս տրտունջի, ցաւի ու աղաղակի թոյլ ալիքնարը հազիւ կը հասնին մայրաքաղաքի ափերուն՝ անզօր եւ անհետեւանք։

Բնութեան ծանր արհաւիրքը մէկ կողմէն, քաղաքական իսկութիւնները միւս կողմէն՝ կեանքը կը դարձնեն անտանելի եւ անողոք։

Պետութեան գլուխը միայն ողջ կը թուի, մինչդեռ մարմինն ամբողջ հիւանդ, ուժասպառ եւ անդամալոյծ։

Տնտեսական քայքայում, անհատական եւ քաղաքացիական իրաւունքներու անապահովութիւն, ազատութեան չգոյութիւն, ցաւ, զրկանք եւ բնական յոռետեսութիւն, պատկերը պետութեան՝ որ կայ եւ կը շարունակէ մնալ անփոփոխ։

Եւ այդ բոլորին դէմ միակ անտարբերը, միակ չէզոքը եւ միակ անդրդուելի լաւատեսը ամէնէն՝ կեդրոնի իշխանութիւնն է, Ներքին Գործոց նախարարութիւնը, հանգի՜ստ ու ինքնագոհ, որովհետեւ առաքինութիւն ունի կա՛մ իրականութենէն անտեղեակ ըլլալու, կամ անտեղեակ ձեւանալու։

Եւ Կեդրոնը՝ իր պիւրօկրատական հոգեբանութեամբ եւ ընթացքով շատ հետեւողական է իր մտածելու եւ գործելու եղանակին մէջ։

Սահմանադրութիւնը միայն ձեւերը փոխեց, ոչ էութիւնները։ Ու ձե՜ւը, ձեւին եղանակաւորո՞ւմը, գիտէ՞ք ի՛նչ հեշտ, ի՛նչ սովորական երեւոյթ է արդէն հին րէժիմի շքոլայէն ընթացաւարտ եղող պաշտօնէութեանց համար։ Բաւական է որ էութիւնը մնար նոյնը եւ մնաց։

Մնաց, որովհետեւ բռնութեան ուխտեալ ծառաները, սա դասակարգը հին րէժիմին, վալի, մութասարըֆ, գօմիսէր, ժանտարմայական սպաներ, մէքթուպճի եւ փօլիս՝ մնացին ոչ միայն անպատիժ ու անպատասխանատու, այլ եւ անսասան՝ իրենց դիրքերուն եւ յաճախ ստորնութեամբ գրաւած պաշտօններուն մէջ։

Կամ այն է որ Ներքին Գործոց ու Ոստիկանական նախարաութիւնները բացարձակապէս անգիտակ են եւ անծանօթ իրենց իրաւասութեան ենթարկուող պաշտօնէութեան մասին, կամ այն է որ արատաւոր եւ ժողովուրդին թշնամի եղող անձնաւորութիւններ կը պաշտպանեն ու կը հովանաւորեն գիտակցաբար։

Երկու պարագային ալ արդարացման ճամբայ չիկայ իրենց առջեւ։

Բաւական չէ ժողովուրդէն հասած բողոքներուն եւ մամուլի կողմէ հրապարակ դրուած մերկացումներուն «սխալ է», «անճիշդ է» պատասխանել։

Հին պաշտօնէութեան անփոփոխ պաշտօնավարութիւնը՝ ipso facto բաւական է արդէն, ինքնարդարացման ամէն դուռ գոցելու։

Անցնինք սակայն քանի մը փաստերու, որովհետեւ շատ հաճելի է վերջապէս կեդրոնական իշխանութեան՝ զեղծուած եւ անկանոնութեան ծովուն մէջէն անպատճառ քանի մը կաթիլ պահանջել, ամէն անգամ որ հարկ է այդ ծովին իսկութիւնը հաստատել։

Դատական գործոց նախարարը եւ անոր հետ նախարարական ամբողջ դահլիճը կրնա՞յ ըսել թէ ասկէ ամիս մը, ամիսուկէս առաջ մօտաւորապէս ի՞նչ ԻՐԱՏԷՈՎ Մամուրէթ—իւլ Ազիզի բանտէն, առանց դատական վճիռի, անպարտ արձակուեցաւ Քէխթան աւերող եւ հարիւրաւոր արիւններու հեղեղման պատճառ եղող Սազըր Օսման փաշան ինչո՞ւ բանտէն ազատ արձակուեցաւ սուլթանական իրատէով, պէտք ունինք, որպէս զի հասկնանք Սուլթանին իրաւասութեան եւ Սահմանադրութեան զօրութեան ճշմարիտ սահմանները։

Ոստիկանական նախարարութիւնը կրնա՞յ բացատրութիւն տալ թէ ի՛նչ անցեալի տէր եւ ի՛նչ կարգի անձնաւորութիւն է ՊԻԹԼԻՍԻ այժմեան փօլիս գօմիսէրին։ Այդ գօմիսէրին անունն է Գոնիալը մուսթաֆա Րիֆաթ, այն մարդը՝ որ իբրեւ անխիղճ ու բացառապէս անգութ խաֆիէ՝ ծանօթ է Բերացիներուն իր քանդած օճախներովն ու տարածած սարսափովը. այս ա՛յն Մուսթաֆա Րիֆաթն է որ եղած է Բերայի ոստիկանական Քննիչ եւ Պօրսայի սէր—գօմիսէր, այս ա՛յն Մուսթաֆա Րիֆաթն է՝ որ վատանուն Ֆէհիմի հետ սիրային վէճի մը հետեւանքով, խրկուեցաւ Խարբերդ եւ հոն սարսափի ենթարկեց Հայ ու Թուրք ամբողջ հասարակութիւնը. աս ա՛յն Մուսթաֆա Րիֆաթն է որուն կերած կաշառքներուն, անգթութիւններուն եւ խաֆիէութեանը համար կարող են նոյն իսկ վկայութեան գալ այս պահուս Պոլիս գտնուող բազմաթիւ Թուրք աքսորականներ։ Այս արարածն է ահա որ Պիթլիսի նման վիլայէթի մը գօմիսէրութեան պաշտօնը կը վարէ, շարունակելով մէկ կողմէն մարսել իր հին անիրաւութիւններն ու ստորնութիւնը, միւս կողմէն տակաւին նիւթել նոր նոր չարիքներ քաղաքացիներու գլխուն։ Ոստիկանական նախարարը կը ճանչնայ այս Մուսթաֆա Րիֆաթը, գիտէ՝ այդ մարդուն անցեալը. եթէ այո՝ ուրեմն գիտակցաբար կը պաշտպանէ խաֆիէներ ու սահմանադրութեան վտանգաւոր արարածներ, եթէ ոչ, մե՜ղք իրեն որ այսքան կարեւոր պաշտօն մը կը յանդգնի յանձնել ո՛ եւ է անծանօթ մարդու մը։

Դարձեալ, դատական ու ոստիկանական նախարարները կարո՞ղ են բաւարար տեղեկութիւններ տալ արդեօք Մէրսինի մէջ պաշտօնի վրայ եղող ժանտարմայի հազարապետ Կիրիտլի Ահմէտին եւ փօլիս գօմիսէր յոյն Քիրիաքօյի անցեալին նկատմամբ։ Մեր կողմէն նմոյշ մը՝ եթէ նոյն նախարարութիւնները իրենք չունին հարկ եղած ծանօթութիւնները։ Կ’ընդօրինակեմ նամակէ մը՝ որ այս պահուս ձեռքիս տակ է. «Մանասէ Չէվիկեանի մահուան մասին ձեռ ունեցած տեղեկութիւնները անճիշտ են, այս անցնող մարտ ամսուն երկուքին՝ նոյն երիտասարդը Երուսաղէմէն փոխադրուեցաւ՝ իբրեւ կասկածելի հոս, Մէրսինի բանտը, ողջ առողջ էր, բայց ահա 6 օր վերջը յանկարծ մեռաւ։ Մարմինը փոխադրուեցաւ եկեղեցի. տեսնուեցաւ որ դիակը բոլորովին սեւցած կապուտցած էր, հարուածի եւ ծեծի հետքերով, կուրծքի ոսկորները ծեծի տակ կոտրտուած եւ ամբողջովին արեան մէջ։ Քննութիւն կատարեցինք գաղտնապէս (հին րէժիմի ժամանակ էր) եւ հասկցուեցաւ թէ բանտին մէջ իմացուելով որ իր վրայ դրամ կայ՝ ժանտարմայի հազարապետ Կրետացի Ահմէտ եւ փօլիս գօմիսէր Քիրեաքօն միասին, գիշերանց, ժամը 4ին կը կանչեն զինքը եւ նախ ստակը կը կողոպտեն, վերջը կը սկսին սարսափելի տանջանքներու եւ խոշտանգումի այն աստիճան որ բանտարկեալները եւ ոստիկանները լսելով խեղճ բանկարկեալին աղէկտուր աղաղակները, օգնութեան կոչը եւ լալագին ձայնը՝ չեն կրնար իրենք զիրենք զսպել եւ կը սկսին լալ։ Առաւօտեան դէմ զոհը արդէն մեռած էր, այսինքն տանջանքէն 4 ժամ ետքը։ Կը կանչուի առանձինն քահանան եւ սպառնալիքով ու 15 մէճիթ տալով կը յանձնարարու դիակին վրայ գտնուող բռնութեան նշանները առանց մէկու մը ցոյց տալու՝ թաղել։ Բազմաթիւ բանտարկեալներ եւ ոստիկաններ պատրաստ են վկայելու այս երկու անխիղճ եղեռնագործներն՝ Ահմէտին ու Քիրիաքօյին այս եւ դեռ ասոր նման հազարաւոր ոճիրներուն համար։

Ասոնք փաստեր են՝ անհերքելի, սառն ու երկաթի պէս ծանր։

Թող հերքէ նախարարութիւնը՝ եթէ կրնայ. թող հերքէ թէ մինչեւ այսօր տակաւին կառավարութեան պաշտօնէութիւնը հին քայլերուն եւ հին աղուէսներուն որջը չէ՞։

«Ժամանակ», 1909, թիւ 92, Երկուշաբթի, Փետրուար 2—15