Մեղրագետ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ՄԱՄՈՒԼԻ ՕՐԷՆՔԸ


Պետական Խորհուրդի Ընդհ[անուր] Ժողովը կը քննէ եղեր Մամուլի կանոնադրութիւնը, որը անշուշտ գործադրութեան յանձնուելէ առաջ պիտի ենթարկուի Երեսփ. Ժողովի վիճաբանութեան։

Մամուլը՝ խօսքն է, ազատ խօսքը, որ տպագրութեան միջոցով կ՚արտայայտուի՝ ուղղուած հասարակութեան եւ ամբողջ մարդկութեան։

Սահմանադրական երկիրներու մէջ կայ երկու զօրեղ եւ նուիրական հաստատութիւն՝ ժողովուրդին մտածման ու զարգացումներուն իբրեւ բեմ, մէկը՝ Խորհրդարանը, Ազգային ներկայացուցիչներու ժողովը, միւսը՝ Մամուլը։ Ինչպէս որ Երեսփոխանական Ժողովը պէտք է բացարձակապէս անկախ եւ անձեռնմխելի ըլլայ, նոյնպէս Մամուլը պէտք է ըլլար անկաշկանդ եւ ազատ՝ ո՛ եւ է սահմանափակումէ, ո՛ եւ է ճնշիչ կանոններէ ու այնպիսի կանոնական տրամադրութիւններէ՝ որոնք այս կամ այն կերպով, յս կամ այն առիթի տակ բաց դուռ կազմեն իշխանութեան քաղաքական ոտնձգութիւններուն ու վարչական միջամտութիւններուն։

Եթէ կարելի է Երեսփոխանական Ժողովին խօսելու ազատութիւնը կանոնադրութեան եւ սահմանափակումներու ենթարկել, եթէ կարելի է Երեսփ. Ժողովին, այսինքն ժողովուրդի կարծիքներուն եւ մտածումներուն թարգման ըլլալու կոչուած անձնաւորութիւններուն խօսքի չափը կշիռքի ենթարկել եւ արգելափակ միջոցներու տակ առնել՝ առանց ճշմարիտ ազատութեան դէմ մեղանչելու, կարելի է նոյնպէս մամուլի ազատութիւնն ալ սահմանաւորել ու չափուած կանոններու շրջանակի մը մէջ սեղմել։ Հանրային կարծիքի եւ ազատ մտածման արտայայտութիւններուն, Խորհրդարանին եւ Մամուլին՝ մէջ արժէքի ո՛չ մէկ տարբերութիւն, ո՛չ մէկ զանազանութիւն կայ։

Ինչպէս որ կատարեալ Սահմանադրութիւնը պարտաւոր է ամէն կերպով դիւրացնել ժողովուրդի ցանկութիւններուն, պահանջներուն ձգտումներուն եւ հայեացքներուն միջոցները, ապահովելով Խորհրդարանին՝ իր բարոյական ու մեքենական գործունէութեան անթերի ազատութիւնը, նոյնը պարտաւոր է ընել՝ միեւնոյն համեմատութեամբ եւ միեւնոյն պատճառներով՝ Մամուլի համար։

Եթէ Խորհրդարանը բերանն է ժողովուրդին եւ վերահսկիչը՝ դատական ու գործադիր իշխանութեանց, Մամուլը եւ՛ ամենօրեայ շրթունքն է ժողովուրդին եւ՛ վերահսկիչը թէ՝ գործադիր ու դատական իշխանութեանց, թէ նոյնինքն օրէնսդիր իշխանութեան՝ Խորհրդարանին միանգամայն։

Այն օրը ուր Մամուլին իրաւասութենէն խլուի ազատութիւնը՝ առաձգական եւ միշտ նենգաւոր կանոններու միջոցով, այն օրը ուր մամուլը կորսնցնէ իր խօսքի ազատութիւնը՝ա՛յն օրը արդէն երկրին բովանդակ ազատութիւնը կարելի է բռնաբարուած եւ քանդուած համարիլ։

Մամուլը ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ հանրային կարծիքը, ժողովուրդին ձայնը եւ հասարակութեան խօսքը։

Այդ կարծիքը, այդ ձայնը եւ այդ խօսքը պէտք է լսուին ամէն օր եւ լիակատար ազատութեամբ, դառն ըլլան թէ քաղցր իրաւացի կամ անիրաւ, արդար կամ դատապարտելի։ Սահմանադրութիւնը, որ իբրեւ հիմնական սկզբունք, կ՚ապահովէ անհատ ին խօսքի ու գաղափարի ազատութիւնը, չի կրնար երբեք ո՛չ մէկ արգելիչ միջոցներով ու եղանակով կաշկանդել անհատներուն հաւաքական ձայնը, խօսքի հաւաքական ազատութիւնը։

Ճիշդ է, կրնայ պատահիլ որ յանուն Մամուլի ազատութեան՝ խօսք ը գործածուի չարաչար կերպով, կատարուին զեղումներ ու շանթաժներ։

Ճիշդ է, կրնայ պատահիլ որ Մամուլի անարժան գործիչներ եւ անազնիւ մարդիկ զեղծանին այս ազատութեամբ եւ շահագործեն այս ազատուոթիւնը՝ ի նպաստ դատապարտելի շահերու եւ դիտումներու։

Ճիշդ է, այս բոլորը կրնան պատահիլ եւ կը պատահին միշտ ամէն տեղ ու ամէն երկրի մէջ։

Բայց բոլոր այդ պատճառները, բոլոր այդ նկատումներն ու նախատեսութիւնները բնաւ չեն կրնար այնքան արժէք ունենալ որ աւելի կշռեն քան ինքն իսկ խօսքի ազատութիւնը եւ այդ ազատութեան ընդհանուր օգուտները։

Այդ բոլոր զեղծումներուն եւ անպատեհութեանց դէմ իբրեւ հակակշիռ՝ Սամանադրութիւնը մէկ բարոյական ուժ միայն կրնայ հարկադրել, ԴԱՏԱՐԱՆԸ։

Դատարանէն դուրս՝ Մամուլին համար սահմանուած ամէն կաշկանդիչ օրէնք՝ բռնութին է եւ բռնութիւն կը մնայ։ Եւ Դատարանը՝ Մամուլի միջոցով կատարուած ամէն անիրաւ քննադատութիւն, ամէն զեղծում ու վնաս կը դատէ այնպէս՝ ինչպէս կը դատէ ո՛ եւ է անհատէ մը ուրիշ անհատի մը դէմ բացուածա իրաւունքի դատ։

Ընդունելով որ անհատ մը՝ առանց Մամուլի դիմելու, կարող է խօսք ով ու իր լեզու ով վնասել ուրիշի մը պատուին, անիրաւութիւն հասցնել անոր, պատճառել բարոյական եւ նիւթական վնասներ՝ փողոցի մէջ, հանրութեան առջեւ, գաղտագողի փսփսուքներով եւ դեռ բազմաթիւ եղանակներով՝ միթէ Օրէնքը բերնակա՞պ դնել հարկադրուած է մարդոց շրթունքներուն վրայ, քաղաքացիներէ 100 կամ 500 ոսկիի երաշխաւորութի՞ւն կը պահանջէ։ Ո՛չ, այս տեսակ ծիծաղելի եւ անհեթեթ միջոցներ ձեռք չառներ եւ չէ առած, այլ պարզապէս անիրաւուածին բողոքին համաձայն՝ անիրաւողին ու յանցաւորին օձիքէն կը բռնէ եւ զայն դատաստանի կ՚ենթարկէ։

Սակայն, ինչ որ անհետեթ է ու ծիծաղելի՝ սովորական կանքի եւ անհատներու առօրեայ յարաբերութեանց համար, անհեթեթ չի նկատուի Մամուլի ազատութեան տեսակէտով։

Պետական Խորհուրդի քննութեան ներկայացող Մամուլի Կանոնագիրը կը պահանջէ եղեր որ «լրագրի արտօնատէր մը 500 ոսկիի երաշխաւորութիւն մը տայ կանխաւ». ինչո՞ւ. հապա եթէ այդ 500 ոսկիի երաշխաւորութիւնը չի կրնայ տա՜լ։ Ո՞ր քաղաքացիէն նիւթական սակ պահանջուած է՝ իր ապագայ զեղծումներուն, յանցանքներուն, անիրաւութիւններուն կամ ոճիրներուն ի հաշիւ. ո՞ր խանութպանէն, ո՞ր վաճառականէն եւ ո՞ր առեւտրականէն օրէնքը կանխաւ այդ տեսակ երաշխաւորութիւններ կ՚առնէ՝ անոնցմէ մէկուն գործի ձեռնարկելէն առաջ, չէ՞ որ անոնց իւրաքանչիւրն ալ կարող է խարդախել, անիրաւել, գողանալ եւ վնասի ենթարկել անհատի մը կամ հանրութեան բարոյական ու նիւթական շահերը։

Մամուլի այդ բարի պտուղ կանոնագիրը ունի սակայն ամէնէն վտանգաւոր եւ ամէնէն կասկածելի ուրիշ տրամադրութիւն մը.

« Լրագիրները երկրին օգտակար յօդուածներ միայն պիտի հրատարակեն եւ երկրին անդորրութիւնը վրդովող հրատարա կութիւններու մէջ պիտի գտնուին. »

Երկրին համար օգտակար յօդուածներ բացատրութիւնը այնքան յարաբերական, այնքան պարագայական եւ առաձգական իմաստ մը ունի որ կարող է Լրագրութեան եւ Մամուլի ազատութեան գլխուն դառնալ մշտական սպառնալիք ու մշտական ճնշում։ Ինչ որ ես բացարձակապէս օգտական կը դատեմ երկրին շահերուն համար, ուրիշ մը կարող է նոյնքան վնասակար դատել. ո՞ր աստիճանաչափով պիտի վճարուի այդ այնքան անորոշ, այնքան տարտամ օգտակարութիւնը, ինչպէս կ՚ըլլան սովորաբար իշխանութեանց կողմէ սահմանուած կանոնները։ Երկրին օգտակարութեան խնդիրը կը շօշափուի բազմաթիւ եւ բազմաձեւ մտքով, գիտութեան փիլիսոփայութեան, բարոյականի, քաղաքականութեան, ընկերական վարդապետութեանց եւ դեռ այնքան այլազան գաղափարներու ու թէօրիներու միջոցով։ Ինչ որ այս ինչ գաղափարը, այս ինչ հայեացքն ու համոզումը մէկ քանիներու համար բացարձակ արդարութիւն ներ կրնան ընդունուած ըլլալ ի նպաստ երկրին ու անոր զարգացմանը, նոյն գաղափարներն ու համոզումները կրնան վճռական կամ ենթադրական չարիք ներ համարուիլ կառավարութեան տեսակէտով. ո՞վ իտի ըլլայ ճշմարտութիւնը վճռողը։

Անցեալին եւ դեռ շատ մօտիկ անցեալին մէջ աշխարհքի ամենասուրբ ճշմարտութիւններէն մէկ քանին, օրինակի համար՝ Ազատութիւնն ու Իրաւունքը՝ կառավարութեան կողմէ կը նկատուէին քրէական ոճիրներ եւ անոնց քարոզիչները՝ եղեռնագործներ։

Ինչո՞ւ կարելի չըլլայ ընդունիլ թէ այսօրուան կեանքին մէջ ալ կրնան պատահիլ նոյնքան ուրիշ համոզումներ ւ գաղափարներ՝ որոնք ճշմարտութիւններ են եւ հետեւաբար օգտակար երկրին, բայց ո՛չ կառավարութեանը։

Եւ ահա օրէնքը՝ որ կը կանգնի մըտածողին առջեւ խիստ, անողոք եւ երկսայրի, ու կը հարկադրէ զայն լռութեան, կը դատապարտէ զայն պատժի։

Այսպէս, այս երկրին մէջ այսօր իսկ բազմաթիւ անձնաւորութիւններ ու մէկէ աւելի կուսակցութիւններ կան, որոնք համոզուած են թէ կեդրոնացման վարչական ձեւը աղէտ մը, չարիք մըն է պետութեան ու երկրին համար. մինչդեռ անձնաւորութեանց ուրիշ խմբակցութիւն մը կամ կազմակերպութիւն մը՝ իբրեւ չարիք ու աղէտ կը նկատէ երկրին համար ապակեդրոնացման դրութիւնը։ Ո՞ր օրէնքը արդարութեամբ պիտի կարող ըլլայ վճռել այս հարցին նկատմամբ, եթէ անիկա վաղը յանկարծ դատարանի մը առջեւ ելլէ։

Այսպէս, վարչութեան գլուխ անցած կեդրոնացման գաղափարի պաշտպան անձնաւորութիւնները կարող պիտի ըլլան այս ու այն րոպէին հալածել եւ ճնշել ապակեդրոնացման կուսակիցներն ու պրօպականտիստները, զանոնք նկատելով իբրեւ երկրին անդորրութիւնը վրդովող մարդիկ։ Ու Մամուլի օրէնքը իրեց զէնքը պիտի ըլլայ. այդ զէնքով իրաւունք պիտի ունենան դադրեցնել թերթեր, արգիլել գրքերու հրատարակութիւնները եւ նոյն իսկ պատժել անոնց հեղինակները։ Որպէս զի այս բռնութիւնները եւ անիրաւութիւնները տեղի չունենան՝ հարկ է հարցը դնել ուրիշ եղանակով։

Երկրին օգտակարութիւնը եւ Երկրին անդորրութիւնը չափազանց անորոշ եւ անիմաստ բացատրութիւններ են, պէտք է ճշդորոշել զանոնք ու սահմանել, թուումն մասանցը ընելով նոյն Օգտակարութեան եւ Անդորրութեան դէմ մեղանչող պարագաներուն, որպէսզի կարելի ըլլար կշռել զանոնք, վիճել անոնց վրայ եւ Խորհրդարանի որոշումէն ետքը դնել գործադրութեան։ Անկէ ետք ամէն բան պայծառ կ՚ըլլայ եւ երկդիմութիւնը չի դառնար ձեռնտու բռնապետութիւն՝ կառավարութեան հաշւոյն։

Իսկ 500 կամ աւելի ու պակաս ոսկիներու երաշխաւորութիւն պահանջելը լրագրապետներէ կամ հրատարակիչներէ՝ բացէ ի բաց հարուած է՝ ուղղուած ժողովուրդի մտաւոր զարգացման ու յառաջդիմութեան։

Յունվ. 16/29

«Ժամանակ», 1909, թիւ 82, Չորեքշաբթի Յունուար 21—5 Փետրուար