Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ


Մոսկովեան վիշապը դարձեալ կը ֆշայ Կովկասի մէջ եւ իր գլուխը կը բարձրացնէ՝ վերսկսելու համար ճնշման, պրկումի եւ մահացման քաղաքականութիւնը։

Իսկական ռուս մարդոց ՝ բիրտ ու բռնակալ ռուս դասակարգերուն սեւ ոգին է որ Բեդերսպուրկէն ծփանք կուտայ դէպի հարաւ, յաղթական, ամենակուլ ու մահասփիւռ։ Եւ այդ ծփանքը ողողելէ ետք ռուսական դաշտագետինները, կախաղաններու եւ յեղափոխական դիակներու մանգաղահունձքով մը կ՚իջնէ ահա Կովկաս, արդէն անցած է դէպի Պարսկաստան եւ անտարակոյս կը բաղձայ ուշ կամ կանուխ հասնիլ նաեւ օսմանեան սահմանագլուխներէն ներս։

Հեգնութիւնը ռուս սահմանադրութեան եւ ռուսական Տումային։

Ճաբոնական հարուածներէն եւ ներքին յեղափոխական հրաբուխէն պահ մը ուշակորոյս կարծուած եւ ետ նահանջող ռուս պիւրօկրասիական այժմ դարձեալ իր ողնայարը կը շիտկէ եւ կ՚իյնայ բոլոր ուժովը՝ աշխատաւոր ժողովուրդին եւ այլատարր ազգութեանց վրայ, ջանալով անդամալուծել ժողովրդական ամէն ազատութիւն, ձգտելով խլել ոչ—ռուս ազգութեանց անհատական իրաւունքները՝ քաղաքական ու քաղաքակրթական գետնի վրայ եւ հիմնաւորել նորէն խաւարի ու բռնութեան տիրապետութիւնը ամէն կողմ, իր սահմաններէն ներս ու իր սահմաններէն դուրս։

Այժմեան ռուս դիւանագիտութեան նկարագիրն է ասիկա։

Պուրիշկեւիչները եւ Նօվօյէ—Վրէմէան թատերական ներկայացուցիչներն են միայն այդ քաղաքականութեան, որոնց ետեւ կը կանգնին կայսերական գերդաստանի անհամար պորտաբոյծները՝ իրենց ազնուական ու արքայազուն բոլոր ձրի տիտղոսներովը, դրանիկներու եւ courtisaneներու շքակիր փաղանգը, գինեմոլ, շռայլ եւ զեղխ կալուածատէրերու ժանիքաւոր վոհմակը, տգէտ եւ ապականած պիւրօկրատներու անոպայ, զզուելի բայց մեծազօր թափորները, որոնք կը կազմեն պաշտօնական Ռուսիան, ղեկավար ու առաջնորդող Ռուսիան։

Այս Ռուսիան է կացութեան տէրը, կառավարութեան գլուխը եւ Տումայի գերակշռող ուժը։

Այս Ռուսիան է ամէն ամիս հարիւրաւոր ռուս ազնիւ ու ազատասէր երիտասարդներու կախաղանին չուանը քաշողը։

Այս Ռուսիան է որ՝ Մոսկուայէն մինչեւ Խարքով մահուան սարսափ ցանելէ ետք կ՚անցնի այժմ Կովկաս, վերսկսելու համար հայահալած ու հայաջինջ գործը։

Այս Ռուսիան է որ իր գաղտնի գործակալներուն միջոցով դաւեց պարսկական սահմանադրութեան դէմ եւ իր վարձկան մէկ զօրականին ձեռքով իսկ Ազգային Ժողովը թնդանօթի բռնել տուաւ Թէհրանի մէջ, ազատական երեսփոխանները կախաղան բարձրացուց եւ անոնցմէ շատերուն յօշոտուած դիակները շուներուն կեր ընել տուաւ։

Եւ նոյն այդ պաշտօնական Ռուսիան է՝ որ կ՚սկսի իր բազմերես ու բազմատարազ գործակալներուն միջոցով նենգ դարպասներ ընել նաեւ օսմանեան քաղաքական վարիչներուն եւ կամաց կամաց սպրդիլ մեր ներքին կառավարութեան մէջ։

Որովհետեւ, նոյն Ռուսիան իր օրկանական կազմութեամբը, իր էութեան բերումովը բնականօրէն հակառակ է ու թշնամի՝ սահմանադրական կարգերու ու ժողովրդապետական իշխանութեան։

Այս հոգեբանութիւնն ունեցող եւ բռնակալութեան մէջ միայն իր գոյութեան փրկութիւնը գտնող քաղաքական վարիչներու ուղղութիւնը պիտի ըլլայ այն՝ ինչ որ էր ասկէ առաջ Եըլտըզեան քլիքինը Թուրքիոյ մէջ։ Եւ եթէ Համիտեան րէժիմը կը գոհանար միմիայն իր տանը մէջ գործել եւ իր պետութեան սահմաններուն մէջ տարածել ազատասպան ոճիրները, պատճառն այն է որ արտաքին քաղաքականութեան տեսակէտով իր դիրքը չափազանց տկար էր եւ իր զօրութիւնը չափազանց սահմանափակ։ Ապա թէ ոչ, ամէն բռակալութեան բնական մղումովն ու շահագրգռութեամբը պիտի աշխատէր այդ սեւ ուժը գործածել նաեւ իր երկրէն դուրս, ամէն ուր որ պէտք ըլլար ժողովրդական ազատութիւնները ճնշել եւ անոնց փոխարէն ամրացնել բռնաւորներու դիրքն ու տիրապետութիւնը։

Ռուսիան՝ ինչքան ալ վերջին տարիները վարկաբեկ եւ ուժակորոյս, սակայն անհամեմատ հզօր է նախկին եւ այժմեան Թուրքիայէն, եւրոպական մեծ պետութեանց շարքին մէջ իր հաստատուն տեղն ու ազդեցութիւնն ունի, հետեւաբար ի վիճակի կը զգայ ինքզինք մէկ կողմէն ահավարել իր երկրին մէջ, միւս կողմէն դաւել նաեւ իր երկրէն դուրս, մանաւանդ սահմանակից ժողովուրդներուն ազատագրական շարժումներուն եւ անոնց յաղթական յառաջխաղացութեանը դէմ։

Այդ պաշտօնական Ռուսիան եղած է եւ պիտի մնայ Օսմ. երկրին բնական թշնամին, ոխերիմ հակառակորդը։ Պուրիշկեւիչներու եւ Սուվօրիններու քաղաքականութիւնը մէկ նպատակ ունեցած է եւ պիտի ունենայ միշտ, տկարացնել իր սահմանակից տէրութիւնները՝ Աֆղանիստան, Չինաստան, Պարսկաստան եւ Օսմ. պետութիւն. քայքայքել զանոնք ամէն կարելի միջոցներով՝ զինուորական զօրութեամբ, տնտեսական ուժով, ներքին խռովութեանց արծարծումով, ազատագրական վերանորոգչական շարժումներուն դէմ խափանարար արգելքներով եւ միապետական փտախտաւոր իշխանութեանց պաշտպան թեւարկութեամբ։

Այս մտքով էր որ Լոպանով զինեց Եըլտըզի եղեռնագործ բազուկները՝ Հայաստանը արեան հեղեղով ողողելու համար. այս մտքով էր որ նեցուկ ու պաշտպան հանդիսացաւ Համիտեան երկրաւեր քաղաքականութեան, եւ այս մտքով ալ կը շարունակէ զբաղիլ հիմա, ներկայ րոպէներուն, որպէսզի կարելի չըլլայ վերանորոգուած եւ ժողովրդական ազատութեամբ կազդուրուած Թուրքիա մը ունենայ իր քով։ Ռուս այդ դիւանագէտները գիտեն գործածել խոհեմութիւնը, առժամեայ լռութիւնը, վերապահ դիրքը, նոյնիսկ ժպտուն եւ ծիծաղերես քօմբլիան ներ, այս կամ այն Թուրք կառավարական մարդոց, գիտեն վայրկեանին հոգեբանութեանը համաձայն շարժելու եղանակը, բայց իրենց ներքին միտումը, իրենց քաղաքականութեա օրիանթասիօն ը կը մնայ անփոփոխ, միշտ նոյնը. կողմնակի՛ց րէաքսիօնէրական ուժերուն, ընդդիմադիր սահմանադրական կառավարութեան եւ հետամուտ Օսանեաի պետութեան թուլացմանը եւ տկարացմանը։

Միապետական իշխանութեան փարած եւ միապետութեան վերադարձին համար իր երկրի զաւակներուն միսը ուտող պաշօնական Ռուսիա. չի բաղձար ո՛չ սահմանադրական Թուրքիոյ, ոչ սահմանադրականի Պարսկաստանի։ Փաստերը այնքան առատ եւ այնքան պարճախօս են, որոնցմէ եթէ չի կրնան իմաստութիւն սորվիլ ու խրատ առնել մեր երկրին վարիչներն ու վարչագէտները, պէտք է ըլլան կոյր, անհեռատես եւ անբուժելի կերպով բթամիտ։

Արտաքին դիւանագիտութեան կողմէ ամէնէն աւելի նենգ ու վտանգաւոր դաւերը կը սպառնեն մեզի Գերմանեայէն ու Ռուսիայէն, այս երկու րէաքսիօն կառավարութիւններուն հետ շահերու եւ քաղաքական ձգտումներու համերաշխութիւն չի կրնար ունենալ օսմանեան սահմանադրական երկիրը, որոնցմէ պէտք է զգուշանայ եւ կասկածի շարունակ։

Այս կառավարութեանց վարպետ ձեռքերը կարող են գործել պալատին միջոցով, գործադիր իշխանութեան մէջ եւ ազատական թուրքերու մէջ, իւրաքանչիւրին վրայ ազդելով տարբեր տարբեր եղանակով, իւրաքանչիւին մէջ սպրդելով այլեւայլ դիմակներով։ Այդ ձեռքերը կարող են գործել նոյնիս օսմանեան խորհրդարանին մէջ, շոյելով Թուրք տարրին տիրապետութեան բնազդները, դիւրագրգիռ շովինիզմը եւ ազգային ատելութեան կրակը հրահրելով անդարդար։

Օսմանեան ազատ երկիրն ու Պարսկական ազատասէր ժողովուրդը պէտք է պահպանեն եւ բեղմնաւորեն ժողովրդապետական սկզբունքները՝ իբրեւ նախատինք, իբրեւ կենդանի անարգանք Եեւրոպական Ռուսաստանին, որ դարերէ ի վեր կ՚աշակերտի Արեւմտեան քաղաքակրթութեան եւ դեռ կ՚ուզէ մնալ բիրտ, կոյր եւ խազախ։

Օսմանեան եւ պարսկական ազատութիւնները պէտք է մնան խրախոյս եւ մշտնջենական քաջալերութիւն ռուս յեղափոխութեան, ռուս թշուառ ժողովուրդին եւ հալածական ազգերուն՝ Ֆինլանտացիին, Լեհին, Հրեային ու Կովկասցիին։

Այդ բոլոր տառապողներըպէտք է իրենց ազատամարտէն եւ դժուարին դիմադրութեան միջոցին ոգեւորուին ու խրախոյս ստանան երկու դրացի հարազատ ժողովուրդներուն գործունէութենէն եւ քաղաքական կեանքէն, մինչեւ որ վիշապին գլուխը ջախջախուի եւ իր տեղը ճշմարիտ Սահմանադրութեան տայ։

Իր ժողովուրդին եւ իր երկրին զաւակներուն ատելի եղող կառավարութիւն մը չի կրնար սիրելի ու բարեացկամ ըլլար ո՛չ մէկ օտար ժողովուրդի, ոչ մէկ սահմանադրական ու ազատասէր երկրի։

Ռուսական թակարդին մէջ չըլլայ որ բռնուի Օսմանեան Սահմանադրութիւնը։

Յունուար 1

«Ժամանակ», 1909, թիւ 72, Ուրբաթ, 9—22 Յունուար