Մեղրագետ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՊԱՅՔԱՐ


Քանի ընտրական գործողութիւնները առաջ կը տարուին՝ այնքան հակակրութիւնը եւ դժգոհութիւնը կը խորանայ Օսմանեան պետութեան ազգերուն մէջ։

Իրականութիւնն է ասիկա՝ որ ամենեւին առաքինութիւն չէ ծածկելը, ոչ ալ քաղաքական իմաստութիւն՝ զայն արհամարհելը։

Ներկայ խառն ընտրական դրութեանը ուրիշ արդիւնքի սահմանուած չէր արդէն յանգելու։

Դժգոհ են փոքրաթիւ ազգութիւնները՝ որոնք ցրուած են մեծամասնութեանց մէջ, եւ հետեւաբար չեն կրնար, արուեստական միջոցներով կաշկանդուած, իրենց իրաւունքներէն օգտուիլ եւ իրենց իրաւունքներուն տէրը դառնալ։

Դժգոհ են Յոյները, դժգոհ են Պուլկարները, դժգոհ են Հայերը։ Դժգոհ պէտք է ըլլան առաւելապէս նաեւ Ասորիները, Քիլտանիները ու տակաւին այլ փոքր միութիւնները։

Գոհ են միայն ուժեղները, գոհ են միայն Թուրքերը՝ որոնք կռթնած իրենց թուական առաւելութեան եւ կարգ մը ոչ—լուացեալ միջոցներու վրայ, կը տանին անարդար յաղթանակը։

Գոհ են յատկապէս ու անհատապէս մանաւանդ այն զօրեղները՝ որ ասկէ առաջ բռնաւորի մտրակն ունէին իրենց ձեռքը եւ այսօր երեսփոխանի փոստ մըն ալ աւելի իրենց կռնակին վրայ։

Եւ Թուրք առաջաւոր մտաւորականներէն ոչ մէկ բողոք, ոչ մէկ պարսաւ, արդարութեան ո՛չ մէկ ճիչ՝ գործուած եղելութեանց եւ բացայյտ իրաւազրկութեանց ընդդէմ։

Սակայն ազգայնական ատելութիւնն ու դժգոհութիւնը այն միակ ծանրակշիռ երեւոյթներն են՝ որոնց քովէն անտարբերութեամբ չի կրնար անցնիլ ու իր ճամբան շարունակել այս երկրին հիմնական շահերը ըմբռնող ու այս պետութեան հոգեբանական վիճակին ծանօթ ո՛չ մէկ ճշմարիտ օսմանցի։

Իսկ երեսփոխանական ընտրութեանց առթիւ տեղի ունեցած իրաւազրկութիւնը, ընտրական կանոններու անարդարութեան դէմ բարձրացող տրտունջն ու գանգատը՝ ոչ հասարակ, ոչ թեթեւ եւ ոչ ալ վաղանցուկ բնաւորութիւն կը կրեն։

Խորհրդարանական իրաւունքը հիմն է, խարիսխը՝ բոլոր միւս իրաւունքներուն, որովհետեւ այդ իրաւունքին մէջ խտացած է ժողովրդապետութեան եւ իրաւահաւասարութեան սկզբունքը։ Երբ այս պետութեան մէջ ապրող ո՛ եւ է ազգութիւն, նոյն իսկ ամէնէն փոքրաթիւը, նոյն իսկ ամէնէն տկարը, կ՚արգիլուի օգտուելէ հիմնական իրաւունքէն, կը նշանակէ թէ դուրս կը մնայ օրէնքէն, եւ հետեւաբար նաեւ՝ ազատ ամէն պարտականութենէ։

Ի՞նչ արդարութեամբ կարելի է պահանջել որ, օրինակի համար, Հայ ժողովուրդը վճարէ օրէնքին սահմանած բոլոր տուրքերը, իր աշխատութեամբը, իր մտքովը, իր առեւտուրովը ու իր քրտինքովը նպաստէ երկրին բարգաւաճմանն ու յառաջդիմութեանը, ուրիշ խօսքով անթերի կատարէ իր բոլոր քաղաքացիական պարտաւորութիւնները՝ երբ ամէն կերպով ջանք չէ խնայուած իր ձայնը պակսեցնելու եւ իր տեղը սահմանափակելու խորհրդարանին մէջ։

Սահմանադրական երկրի մը մէջ ժողովուրդը պարտաւոր է հնազանդիլ իր դրած օրէնքներուն, իր գծած պարտականութիւններուն։ Եւ այլատարր պետութեան մը մէջ ժողովրդապետութեան սկզբունքը այն ատեն միայն կիրարկութեան կը դրուի՝ երբ իւրաքանչիւր ազգութիւն, իւրաքանչիւր ցեղ իր թիւին համեմատութեամբ եւ իր քուէներուն անկախութեամբը ներկայացուցիչներ կ՚ունենայ Երեսփոխանական ժողովին մէջ։

Բայց ճշմարտութիւնը ա՛յն է որ ընտրական ներկայ սիսդէմը եւ Հայաստանի մէջ կատարուած վարչային բաժանման նպատակաւոր եղանակը մէկ նպատակ ունին, կարելի եղածին չափ Հայ տարրը կտորուանքներու, մասնիկներու բաժնել եւ այսպէս իր թուական կարողութիւնը վերածել ոչնչի, ի նպաստ թուրք ժողովուրդի գերակշռութեան եւ գերակայութեան։ Աւելին կայ. ընտրական ներկայ սիսդէմով ամէնէն աւելի տուժողը աշխատաւորական զանգուածն է եւ աշխատաւորութիւնը պիտի ըլլայ միշտ մեծագոյն չափերով Հայ ժողովուրդին մէջ եւ նուազագոյն չափով բայց դարձեալ զգալի համեմատութեամբ Թուրք տարրին մէջ եւս։

Ընտրութեան երկաստիճան եղանակը մէկ կողմէն, խառն քուէարկութեան սկզբունքը միւս կողմէն ամէն դուռ ու ամէն հնարաւորութիւն կը փակեն երկրագործ թէ արհեստաւոր աշխատաւորութեան առջեւ, իր թեկնածուն պաշտպանելուն եւ իր թեկնածուին յաջողութիւնն ապահովելու։

Օգտուողները պիտի ըլլան վաշխառուներ, կալուածատէրեր, պէյեր, այս կամ այն բուռն ու բիրտ միջոցներու շնորհիւ ազդեցութեան տիրացողներ՝ ի վնաս ամբողջ հասարակութեան մը իրաւունքին, ի վնաս մանաւանդ նոյն հասարակութեան աշխատաւոր դասակարգերուն շահին։

Ու յայտնի է թէ կարծր, կիսաբարբարիկ բարքերու տէր ցեղերու միջեւ որքան ծանր համեմատութիւններ կրնայ առաջ բերել ապագային՝ իրաւունքի այս պայքարը, յայտնի է թէ ինչ խլրտումներու, բաղխումի եւ ազգայնական քինախնդրութեանց կարող են առաջնորդել ընտրական ներկայ անարդար կանոնները, նոյն իսկ միատարր, համացեղ երկիրները՝ ամէն անգամ որ խորհրդարանական ընտրութիւնները կը սկսին՝ երկունքի ցաւ մը կ՚անցընեն, նոյնիսկ Ֆրանսայի եւ Պուլկարիոյ պէս միապաղաղ պետութեանց մէջ՝ ժողովրդական բոլոր խաւերը տակն ու վրայ կ՚ըլլան, կուսակցական բանակները իրարու կ՚ընդհարին յաճախ արիւնով ու կը շղթայազերծուին կիրքերն ու ատելութիւնները։ Որքա՜ն սեւ ու փոթորկալի շրջան մը չպիտի բացուի Օսմանեան պետութեան մէջ, ուր քով քովի ապրող ազգութիւնները իրենց քաղաքակրթական, ցեղային, մտաւորական, կրօնական ու ազգային ձգտումներովը հակադրութիւններ են միայն. Սերպը, Պուլկարը, Յոյնը եւ Ալպանացին՝ Մակեդոնիոյ մէջ, Հայը, Թուրքը եւ Քիւրտը՝  Հայաստանի մէջ անըդհատ ու տեւականապէս պիտի մղեն ազգային ապարդիւն պայքար մը, պիտի ջանան չէզօքացներ զիրար եւ վնասել իրարու. պիտի երթան իրարու ընդդէմ եւ վնասելով ասով իսկ երկրին զարգացման գործին եւ դարձնեն պետութիւնը ազգայնական կռիւներու թատերաբեմ մը։

Քաղաքական այն ուղղութիւնը որ կը պաշտպանեն այսօր Թուրք մտաւորականութեան ազդեցիկ տարրերը եւ որուն ջատագով կը հանդիսանան իբրեւ թէ յանուն Թուրք հասարակութեան շահերուն, զուրկ է ոչ միայն արդարութենէ, այլ եւ զուրկ է մանաւանդ հեռատեսութենէ ու իմաստութենէ։

Կը վախնան որ հելլենականութեան ձգտումը շատ զօրաւոր է մեր Յոյն հայրենակիցներուն մէջ, կը վախնան որ կեդրոնախոյս զգացումը շատ ուժեղ է Մակեդոնաբնակ Պուլկարներուն ու Սերպերուն մէջ, կը վախնան որ ազգային ինքնօրինութեան տրամադրութիւնը մշտապէս արթուն է Հայ ժողովուրդին մէջ՝ որ իր մտաւորական ընդունակութիւններովն ու առեւտրական ճարտարութեամբը կարող է մանաւանդ այս երկրին ամէնէն ազդեցիկ մէկ տարրը հանդիսանալ ապագային ու դեռ կը վախնան որ արդէն այնքան թոյլ կապերով պետութենէն կախուած ծայրագաւառ մը, որպիսին է Արաբիան, շուտով բաժնուի եւ հեռանայ ամբողջութենէն։

Ենթադրենք պահ մը թէ այս բոլոր վախերը, այս բոլոր քաղաքական երկիւղները լուրջ են ու հիմնաւոր։ Խորհինք ուրեմն չօզոքացնել դժադակ պատահականութիւնները եւ կանխարգել միջոցներ ձեռք առնել ապագայ այդ ենթադրական դժուարութեանց առջեւ։

Ո՞րն է արդեօք տրամաբանականը, այն որ՝ իրաւազրկութեամբ, անարդար օրէնքներու յարդարումով ու մանուծապատ, նենգաւոր ճնշումներով այդ ազգութիւնները եւ ազգային հատուածները շղթայել ուզենք այս պետութեան, թէ՝ կատարեալ իրաւահաւասարութեամբ, արդար օրէնքներով ու հաւասարութեան խելացի սկզբունքով մը բարոյապէս պարտաւորեցնենք, ազատութեան ուժովը բռնադատենք զանոնք ինքնաբերաբար, կամովին եւ ներքին մղումով սիրելու հասարակաց այս հայերնիքը եւ իրենց գոյութեան կռուանը այդ հայրենիքին մէջ հաստատուած տեսնելու։

Ո՞րն է արդեօք քաղաքական այս երկու ուղղութիւններէն լաւագոյնը, փրկարարը։

Բռնադատութիւնները չեն որ Օսմ[անեան] պետութիւնը կազմող ազգերուն ձգտումները պիտի խափանեն կամ անոնց համակրութիւններուն եւ հակակրութիւններուն ընթացքը ուղղեն, այդ քաղաքական աշխարհայեացքին փորձը տեսանք մենք եւ տեսած են մեզմէ առաջ դեռ մէկ քանի սերունդներ ալ։ Նոր խրատներու պէ՞տքը պիտի ունենանք տակաւին։ Չենք յուսար։

Հետեւինք ուրեմն ուղղութիւններուն ամէնէն բանաւորին եւ ամէնէն գործնականին։

Եւ  չուտուելու բնաւ պատճառ մը չ՚ունին մեր թուրք հայրենակիցները եւ քաղաքական գործիչները, որոնց ողջմտութենէն եւ առողջ դատողութենէն ներկայ վայրկեանները մեծապէս կրնան օգտուիլ, նախ ճշմարտապէս արդար եւ իրաւազօր սահմանադրական շրջանի Ա. դարագլուխը բանալով, նախ եւ ամէն բանէ առաջ, ազգային դժգոհութեանց, ազգային հակամարտութեանց գլխաւոր դրդապատճառները մէջտեղէն վերցնելով։

Սկիզբն իմաստութեան՝ Աստուծոյ երկիւղը չ՚է հիմա, այլ Օսմանեան պետութեան մէջ ազգերու իրաւահաւասարութեան պահանջը եւ ներկայ ընտրական սիսդէմին հիմնական փոփոխութիւնը։

«Ժամանակ», 1908, թիւ 26, 13—26 Նոյեմբեր