Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԷՎԳԱՖԸ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԷԿ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ


Արդէն իսկ գաղտնիք մը չէ որ Թուրքիոյ մէջ դարերով բարոյական անձնաւորութեան ու անոր սեփականատիրութեան օրէնք գոյութիւն չունենալով, ազգային սեփականութիւնները իրենց պատկանած հաստատութեանց անուան վագֆ ընելու համար շարք մը դժուարութիւններ կային, ուստի յաճախ անոնք կ՚արձանագրուէին անգոյ անուններուն վրայ:

Կառավարութիւնը ոչ միայն շատ լաւ գիտէր այս պարագան, այլ երբեմն նոյն իսկ ինք կը թելադրէր զայն՝ նման դժուարութեանց առթիւ: Եւ այն աստիճանի պաշտօնական է եղեր այս միջոցը, որ երբ ազգային սեփականութիւնները երեւակայական անձնաւորութեանց, կամ, ո՛ եւ է եկեղեցիի, վանքի սուրբին անունովը կ՚արձանագրուէին  Տէֆթերխանէի մատեաններուն մէջ, միւս կողմէ՝ այդ նոյն սեփականութիւնները վէրկիւ տայիրէսիներու մէջ կ՚արձանագրուէին Պատրիարքարանի կամ պատկան Առաջնորդարանի, երբեմն ալ էրմէնի միլլէթի անուան, անոնց տուրքերը տարիներով գանձելով ազգէն եւ ընդունելով սեփականութեան բոլոր իրաւունքներու կիրարկումը ազգային կողմէն:

Այդպէս է եղած նաեւ Եէտի—Գուլէի Երուսաղէմապատկան ագարակը: Սեփականութեան մատեանի մէջ արձանագրուեր է Յակոբ անուան (Երուսաղէմի Ս. Յակոբայ վանքին անունը), իբր գոյութիւն ունեցող, բայց իրապէս անգոյ անձնաւորութեան մը վրայ, իսկ ելեւմտական նախարարութեան արձանագրութեանց մէջ նշանակուած է Պատրիարքարանի անունը, եւ աւելի քան քառասուն տարի Պատրիարքարանէն գանձուեր է անոր տուրքը: Այս մասին կան բոլոր վէրկի—սէնէտիները:

Համիտեան շրջանին, եղաւ ժամանակ որ կառավարութիւնը իր այդ լռելեայն եւ գիտակցական համակերպութենէն հրաժարելով՝ ձեռք առաւ ազգը իր սեփականութեան իրաւունքներէն զրկելու քաղաքականութիւնը:

Պետական այս քաղաքականութեան ծանօթ եղող պաշտօնեաները սկսան օգտագործել այդ տրամադրութիւնը եւ ուր որ տեսան կարեւոր , արժէքաւոր հայ—ազգային սեփականութիւն մը, մահլիւլի, այսինքն սեփականատէրի անժառանգութեան խնդիր յարուցին անոր մասին, որպէսզի Էվգաֆի կողմէն գրաւեն: Բացուեցան դատեր, տեղի ունեցան գրաւումներ՝ որոնք մինչեւ այսօր ալ կը շարունակուին:

Կը շարունակուին, որովհետեւ մէկ կողմէն իրաւունքի պաշտպանութեան բարեյօժարութիւնն՝ եւ միւս կողմէ՝ պաշտպանուելու օրինական արդար միջոցները կը պակսին:

Այս միջամտութեանց եւ գրաւումներուն մէջ ամենայն հաւանականութեամբ մեծ դեր են ունեցեր անհատ կամ պաշտօնեայ շահախնդիրներու իխպարիյե վարձատրութիւնները Էվգաֆի կողմէ. հետեւաբար, այդպիսիներուն շահը կը պահանջէ ազգին սեփականազրկութիւնը՝ ի հաշիւ իրենց գրպանին:

Վէճի, գրաւման առարկայ դատական արժէքաւոր սեփականութիւններէն մէկն ալ, ինչպէս ըսինք, վերոյիշեալ Եէտի—Գուլէի երուսաղէմապատկան ագարակն է եղած:

Եւ սակայն, Սահմանադրական կառավարութիւնը այս ամենուն վերջ դնելու համար՝ բարոյական անձնաւորութեանց սեփականատիրութեան   օրէնքը հրատարակեց, որուն պէտքն անյետաձգելի էր: Օրէնքի մէջ յատուկ տրամադրութիւններ մտցուեցան՝ ազգային սեփականութեանց ակամայ սխալ արձանագրուած անունները սրբագրելու համար, որուն թասհիհը գայտ անունը տրուեցաւ: Այս օրէնքն բնական հետեւողականութեամբ, եւ անհրաժեշտաբար, պէտք է դադրեցուցուէին բոլոր վէճերն ու դատերը. պէտք է դադարեցուցուէր բոլոր վճռագրերու գործադրութիւնը: Եթէ չենք սխալիր այդ մտքով ալ Հայոց Պատրիարքարանին կողմէ թագադիր ու խնդիր ներկայացուեցաւ տրամադրութիւն չկայ, բայց թասհիհը գայտի բացորոշ տրամադրութիւնը ցոյց կուտայ որ օրէնքի այդ տրամադրութիւնը չի պատշաճիր «օրէնքին նախընթացին վրայ ազդեցութիւն չունի»ի սկզբունքին: Չի պատշաճիր, որովհետեւ սրբագրութիւն ըսուածը տեղի կ՚ունենայ անցեալին մէջ կատարուած բանր մը եւ ոչ թէ ապագային կատարուելիքի մը վրայ:

Եւ սակայն, մինչեւ այսօր վէճերուն դադար չէ տրուած, եւ դատերուն ու վճիռներուն գործադրութիւնը կանգ չեն առած: Ինչո՞ւ: Այս ի՛նչուին պատասխանը չենք գիտեր:

Ո՛չ միան անցեալի սխալները չեն ուղղուած եւ վէճերը չեն դադրած, այլ եւ ահա կը լսենք որ Էվգաֆի նախարարութիւնը սկսեր է մաս մաս ծախել Ազգային սեփականութիւնն եղող Եէտի—Գուլէի ագարակը, ա՛յն պատրուակով որ իբր թէ մահլիւլի իրաւունքով սեփականութեան սէնէտ է ձեռք բերեր:

Բայց ո՞վ ըսաւ թէ այս սէնէտը արժէք կրնայ ունենալ: Կառավարութիւնը ի՛նչ ընդունած է արձանագրութեանց անվաւերականութիւնն ու սրբագրութեանց անհրաժեշտութիւնը, եւ ասոր համար ալ նոր օրէնք է հրատարակած. ուստի եւ այդ սենետի պատրուակը սեփականութեան հիմ չկրնար ծառայել եւ Հայող Ազգը երբե՛ք իր սեփականատիրութեան իրաւունքէն հրաժարած չէ ու չի կրնար հրաժարիլ:

Աւելին կայ: Հագգը փաշայի նախարարութիւնը՝ Հագգը փաշայի բերանովը, նոր օրէնքներու հրատարակումէն առաջ իսկ, խոստացեր է վարչական եղանակով հայ ազգին վերադարձնել իր իրաւունքւ եւ վերջերս ալ Պատրիարքարանէն մեզի հաղորդուած տեղեկութեանց համաձայն, երեսփոխանական ընտրութեանց օրերուն՝ ներկայ նախարարութիւնը յայտներ է որ հաստատեր է Եէտի—Գուլէի ագարակին վրայ աղգին ունեցած իրաւունքը ու որոշեր է վերադարձնել զայն: Ո՞ւր մնաց այս որոշումը. ինչո՞ւ չի գործադրուիր եւ ի՞նչ իրաւոնքով Էվգաֆը Ազգին սեփականութիւնը ուրիշին կը ծախէ: Այդ առուծախերը ո՛չ մէկ օրինական արժէք չեն կրնար ունենալ, որովհետեւ Ազգը իր իրաւունքէն բնաւ չէ հրաժարած ու տարիներէ ի վեր մամուլի միջոցով արար աշխարհին ծանօթ է եղած վէճը. ուստի ծախող ու գնող չեն կրնար զէհապը շէրիի պատրուակ ստեղծել:

Էվգաֆը եթէ հարցին խորը նայէր, եթէ նոյն իսկ նոր օրէնքները հրատարակուած ալ րըլլային, եթէ նախարարական որոշում իկս գոյութիւն չունենար, միմիայն Շէրիի տրամադրութեանց փիլիսոփայութեանը դիմելով՝ պիտի ընդունէր որ մահլիւլի համար նախ սեփականատէր անձնաւորութիւն գոյութիւն պիտի ունենար եւ այդ անձնաւորութիւնն ալ անժառանգ պէտք է մեռնէր: Այս պարագային, ուր սեփականատէր անձ գոյութիւն չէ ունեցեր, անժառանագի խնդիր չի կրնար ըլլալ, եւ հետեւաբար ո՛չ մահլիւլի իրաւունք գոյութիւն կ՚ունենայ եւ ոչ ալ Էվդաֆի միջամտութեան առիթ: Ներկայ պարագան կարող էր պատշաճիլ միայն ճամը միւսթաարի, փոխաբերական անուան հանգամանքին, որուն փոխաբերեալ անունը յամենայն դէպս Էվգաֆինը չէ:

Հայ ժողովուրդի իրաւունքն է գիտնալ, հրապարակային զեկուցումով տեղեկանալ թէ՝ ի՞նչ է ըրած Պատրիարքարանը Ազգի իրաւունքի պաշտպանութեանն համար, ինչո՞ւ նախարական խոստումներն ու որոշումները չե գործադրուած ու ինչո՞ւ այս կացութեան վերջ չի՛ տրուիր: Մենք միայն մէկ բան գիտենք որ ի՛նչ միջոցի ալ դիմուի: Ազգը իր սեփականութենէն թիզ մը անգամ չկրնար զոհել: Պէտք է լաւ իմացուի սա:

«Ազատամարտ», 1914, 7/20 Մայիս, թիւ 1505, էջ 2