Մեղրագետ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ՓԱՐԻՍԵՑԻՈՒԹՅՈՒՆԸ


Կրօնական Ժողովը վրդովուած է, իր խղճմտանքէն զարնուած է՝ տեսնելով որ շարականներ կրամօֆօնի մէջ անցած են եւ կ՚երգուին ե եղեր «ամէնուրեք»…: Եւ ահա անաթէմայի պէս խօսքեր, ցասման ու սրտմտութեան բողոք՝ Կոմիտաս վարդապետ հասցէին, որ ձայնակցութեամբ ուրիշ «ամբարիշտի» մը, Շահ—Մուրատեանի, հեղինակն հանդիսացած է այս անասելի, այս անքաւելի սրբապղծութեան…:

Եւ, տարօրինա՜կ բան, այն վարդապետեներն ու տէր—պապաները որ յարաժամ կուրծ կը ծեծեն ժողովուրդի ջերմեռանդութեան նուազման դէմ, որ անդադար կը գանգատին թէ եկեղեցական երգ ու երգեղոցութիւն լսող չկայ, փոխանակ գոյունակութիւն յայտնելու որ շարականները այս կերպով կ՚ընդհանրանան, կը տարածուին հասարակութեան մէջ, կը մտնեն ամէն տեղ, ահա ելեր ոտքերնին գետինը կը զարնեն եւ բռունցք ցոյց կուտան իրենց մէկ կարգակցին…:

Ինչպէս կ՚երեւի, Կրօնական ժողովի մեր եկեղեցական հայրերը աւելի սօֆու են քան նոյն ինքն Հռոմի Պապը, որ յայտնի է թէ, երբ կարգը գայ անդրալեռնական կրօնամոլութեան, փա՛ռք բարերարին, կրնայ սարսափի մատնել մեր բոլոր տէրտէրներուն ու հայր—սուրբերուն եկեղեցասիրութիւնն ալ, մոլեռանդութիւնն ալ ու փարիսեցիութիւնն ալ:

Բայց եւ այնպէս, այդ նոյն Պապըէ Պիոս Ժ., վարանած չէ մինչեւ անգամ կէս—օրհնութեան նամակ մը գրելու, իր անձնական քարտուղար՝ կարտինալ Մէրիի տէլ Վալի միջոցով, կրամօֆօնի ֆրանսական Ընկերութեան մը, ըրած է եղեր ճիշտ այն բանը՝ ինչ որ ըրած է Կոմիտաս վարդապետ, այսինքն՝ կրամօֆօնի փլաքի վրայ առած կաթոլիկ եկեղեցիի շարականները:

Ահա Պապին այդ նամակը, ա թիթրը տօքիւմանթէր.

«Պարո՛ններ,

«Ուրախ եմ ձեզի հաղորդելով նորին Սրբազանութիւն Պապին ջերմագին շնորհակալութիւնները՝ այն հաճոյքին համար, որ զգաց ան՝ մտիկ ընելով ձեր Ընկերութեան կողմէ իբրեւ յարգանքի թանկագին նուէր իրեն մատուցուած կրամօֆօնը:

«Ձեր այդ գործիքին միջոցով ձեռք բերուած անհուն յաջողութիւնը կ՚ապացուցանէ թէ ճշտութեամբ առնուած են անոր մէջ գրիգորեան երգերը, յաջողութիւն՝ որ առանց ոչ մէկ տարակոյսի պիտի կազմէ գործիքին համբաւը, եւն., եւն…»:

Ինչպէս կը տեսնուի, Պապը աւելի խելացի քան մեր տէր—պապաները, եւ թերեւս աւելի փիլիսոփայական դատողութեան տէր, չէ գայթակղած՝ տեսնելով որ գրիգորեան երգերը անցնելով կրամաֆօնի մէջ, կրնան երգուիլ «ամէնուրեք» կամ «կրօնական զգացումները վիրաւորող անպատշաճ վայրերու մէջ»:

Չէ գայթակղած, անտարակոյս, մտածելով մարդկօրէն որ կարելի չէ սահման գծել Երգին առջեւ, կարելի չէ պատ քաշել հոգիներու դէմ եւ սանձ դնել շրթունքներու՝ որպէս զի չերգեն, երբ պահանջը կը զգան երգելու:

Եւ յետոյ. վերջապէս Պապը գուցէ աւելի նրբամիտ ու աւելի բանիմաց, չանգիտանար թէ՝ ամէնէն առաջ նոյն ինքն տէր—պապաները, վարդապետներն ու Եկեղեցւոյց «սուրբ» հայրերն են որ՝ նստած ուրախութեան սեղանին գլուխը— ու դարձեալ տաքցնեն իրենց կատարիկը, վա՛ր կ՚առնեն իսկոյն փակեղն ու վեղարը, եւ… կ՚երգեն՝ սիրոյ երգերէն առաջ, շարական մը, մեղեդի մը, վերջապէս «սրբազան երգ մը՝ որ յատուկ է միայն Աստուծոյ տաճարին»…:

Չէ՞ որ լաւագոյն տաճարը մարդկային հոգին է: Թողէ՛ք որ Երգը մուտք գտնէ հոն, ուր որ ալ ըլլայ եւ ի՞նչ յարկի տակ ալ գտնուի ան, որովհետեւ Երաժշտութենէն աւելի աստուածային բան չի կրնար բնակիլ մարդուն մէջ՝ այս անցաւոր աշխարհին վրայ:

Կրօնական Ժողովը եթէ չանդրադարձաւ այս բոլորին, չանդրադարձա՞ւ գոնէ իր տուած որոշման անհեթեթ անտրամաբանութեանը:

Չանդրադարձա՞ւ որ կրամօֆօնէն առաջ մարդակային շրթունքները կան, չանդրադարձա՞ւ որ՝ եթէ կարելի է արգիլել կրամօֆօնը, կարելի չէ արգիլել սակայն շրթունքները՝ որ չերգեն «սրբազան երգերը» անպատշաճ վայրերու մէջ:

Ի՜նչ, արդեօք Կոմիտաս վարդապետ իրօ՞ք նպատակ ունեցաւ որ եկեղեցական երգերը «սրբապղծուին», ա՛յն Կոմիտաս վարդապետը, որ ամբողջ հայ եկեղեցականութեան չկրցած ըրածը կարողացաւ ընել, սքանչացում եւ զմայլանք ներշնչելով դէպի հայ Երաժշտութիւնը, մէջն ըլլալով նաեւ սրբազան երգեցողութիւնը, եւ այդ սքանչացումն ու զմայլանքը պարտադրելով նոյնիսկ օտարներուն:

Այո մադուն վրայ է որ պատրիարքական ու կաթողիկոսական պատիժներու տնօրինութիւնը կը հրաւիրէք, տ՛էր—պապաներ:

Եւ եթէ վերջապէս, ենթադրենք, նոյնիսկ որ կրամօֆօնի մէջ անցած շարականները կրնան նաեւ ասոր կամ անոր կողմէ երգուիլ «անպատշաճ վայրերու մէջ», յանցաւորը Կոմիտա՞ս վարդապետն է՝ թէ այն անձը, որ այդ «անպատշաճութինը» թոյլ կուտայ իրեն:

Աւելին կ՚ըսենք. պահ մը ընդունինք մինչեւ անգամ որ՝ այդ «անպատշաճութիւնը» անխուսափելի է: Շա՛տ լաւ. եթէ հարիւրին տասը կամ քսանը կրնայ այդ «գայթակղութեան» առիթ տալ, ինչո՞ւ չընդունիլ որ այս շարականները հարիւրին ութսուն կամ իննսունին համար ալ հոգեկան վերանորոգութեան, հոգեկան շինութեան աղբիւր պիտի կրնան դառնալ: Եւ ասիկա այնպիսի շահ մըն է, կրօնական տեսակէտով, որ պէտք է մղէր ամէնէն առաջ՝ նոյն ինքն մեր եկեղեցական հայրերը իրենց երախտապարտութիւնն յայտնելու Կոմիտաս վարդապետի:

Բայց ո՛չ. եթէ Կրօնական Ժողովի անդամները ուրիշ պատճառներ ունէին վրէժխնդիր ըլլալու հայ Երաժշտութեան ծառայող իրենց մէկ կրօնակցէն, յոյս ունինք որ Պատրիարքն ու Կաթողիկոսը չեն իջներ տէր—պապաներու այդ փոքրոգութեան, եւ կը մնան՝ բարոյական ու գեղարուեստական ըմբռնողութեամբ աւելի բարձր:

«Ազատամարտ», 1914, 7/20 Յունիս, թիւ 1532, էջ 2