Մեղրագետ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՊ


Զարմանալի խորշանք մը կը շարունակէ տակաւին տեղ բռնել հայ երիտասարդերու մէջ՝ դէպի զինուորական ծառայութիւնը:

Եւ ինչո՛ւ պէտք է զարմանալի ցարդ համոզուած ըլլալու էր մի անգամ ընդ միշտ թէ՝ անխուսափելի, անճողոպրելի պարտականութիւնը մըն է զինուորական ծառայութիւնը իրեն համար, եւ երկրորդ՝ ազգային անհրաժեշտութիւնը մը՝ աւելի քան ուրիշ ո՛ եւ է տարրը, իր սրտին վրայէն կեղուել նետելու համար ստրկական երկչոտութեան շապիկը:

Այո՛, ունենալու էր այսքան պարզ ըմբռնում եւ այսքան առողջ դատողութիւն՝ որպէսզի հասկնար թէ զինուորական ծառայութենէ խուսափելու իր տրամադրութիւնը միմիայն չարիք կրնայ բերել իրեն, իրեն եւ իր ընտանիքին:

Գիտենք շատեր որ կը թողուն կը հեռնանան արտասահման, առանց մտածելու թէ յետո՞յ, —յետո՞յ ի՛նչ պիտի ընեն: Յաւիտեան պիտի մնան ուրեմն արտասահմա՞ն, եւ կրնա՞ն մնալ արդեօք. կամ հնարա՞ւոր է որ մնան: Երբե՛ք. մէկ երկու տարի հազիւ անցած, պիտի հարկադրուին վերադառնալու երկիր ու այն ատեն պիտի ստիպուին դարձեալ կատարել իրենց ծառայութիւնը, այս անգամ յաւելուածական պատիժով:

Ո՞ւր է հոս խելքը, ո՞ւր է հաշիւը:

Մոռնալու չէ մանաւանդ որ զինուորական ծառայութեան նոր ծրագիրը կը պարունակէ մէկ քանի քննադատելի եւ միշտ լաւագոյն սրբագրութեան մը կարօտ յօդուածներու հետ՝ նաեւ գոհունակութեան արժանի տրամադրութիւններ: Այդ տրամադրութիւններէն մէկը այն է որ՝ երեք տարուան ծառայութիւնը վերածուած է երկու տարուան. դարձեա՛լ, իւրաքանչիւր զինուոր ի՛ր տեղին մէջ է որ պիտի կատարէ այդ ծառայութիւնը՝ փոխանակ զրկուելու օտար եւ իրեն համար անհանդուրժելի կլիմաներու տակ:

Պայմաններ են ասոնք, որ զգալապէս կը թեթեւցնեն զինուորական պարտականութեան ծանրութիւնը, եւ որոնք պէտք չէ աննկատ անցնին մեր երիտասարդներէն:

Գիտենք թէ ըստ ինքեան հաճելի բան չէ, ոչ ալ գնահատելի՝ զօրանոցային դրութիւնն ու զօրանոցային կեանքը, Այո՛, բայց մինչեւ որ Եւրոպան կարող ըլլայ որդեգրելու միլիսի սկզբունքը, բան մը՝ որուն կը ձգտին բոլոր լուսաւոր մտքերն ու պայքարող Ընկերավարականները ամէն երկրի մէջ, կամայ ակամայ կը մնան զօրանոցները ու զինուորական ծառայութեան արդի հարկադրութիւնները: Ո՛չ փախուստի ճամբով, ո՛չ ալ դասալիքութեամբ է որ այդ պայմանները կը վերնան:

Այս պատճառով ալ՝ անոնք որ չեն գտնուիր ողջամիտ, չեն ըմբռներ այսքան ակնյայտնի ճշմարտութիւն մը՝ կը վնասեն իրենց անձին, կը վնասեն իրենց ապագայ բարեբաստութեանը:

Երկմտութիւնը յանցանք է. զինուորական պարտաւորութիւնը կայ, երկրին այսօրուան անխուսափելի օրէնքն է, ուրկէ կարելի չէ փախուստ տալ: Հետեւաբար, պէտք է համակերպիկ անոր:

«Ազատամարտ», 1914, 8/21 Յունիս, թիւ 1533, էջ 2