Մեղրագետ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ՌՈՒՍԻՈՅ ՑԱՐԻՆ ԴԷՊԻ ՌՈՒՄԱՆԻԱ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔԸ

Քաղաքական մամուլը՝ առ հասարակ բոլոր երկիրներու մէջ ալ, առանձին ուշադրութեամբ հետեւացաւ Ռուսիոյ միահեծան կայսեր տուած այցելութեանը ռումանական արքունիքին եւ անոր արտասանանած բաժակաճառերուն: Այդ այցելութիւնը առավելապէս կարեւորութիւն կը ստանար այն երեւոյթով որ արտաքին գործերու նախարար Սազօնով եւս կ՚ընկերանար անոր եւ երկու պետութեանց քաղաքականութիւնը վարող պետական անձնաըորութեանց միջեւ տեղի կ՚ունենային մասնաւոր տեսակցութիւններ: Մոռանալու չէ եւ այն մանաւանդ որ այս տեսակցութիւնները կը զուգադիպէին Պալքաններու ու Ալպանիոյ նորագոյն դէպքերուն, եւ այն արտակարգ պատուիրակութեան՝ որ ստանձնեց Թուրքիոյ պետական ամէնէն հեղինակաւոր անձերէն Թալէաթ պէյ, այցելելով նախ Լիվատիա, ապա Պուքրէշ:

Եւրոպական մամուլը բնականաբար կը հետամտի մեկնել այս երեւոյթները, իւրաքանչիւրը առաջնորդուելով իր երկրի շահերէն ու քաղաքական ձտումներէն:

Գաղտնիք չէ որ Ռուսատան մէկ քանի տարիներէ ի վեր սիսթեմաթիկ կերպով կ՚աշխատի Պալքաններու մէջ իր նախկին ազդեցութիւնը գրաւել եւ Աւստրիան ետ մղելով՝ գերմանական յարաճուն ազդեցութեան հետ չափուիլ, կանգնեցնելով գերմանական առաջխաղացութիւնը:

Մինչեւ  պալքանեան վերջին պատերազմը՝ Ռումանիա կը համարուէր Երրեակ Զինակցութեան աջակից եւ հետեւորդ, եւ իբրեւ այդպիսին՝ ամենասերտ յարաբերութեան մէջ էր Աւստրիոյ ու Թուրքիոյ հետ:

Հարկաւ որ Ռումանիա պատճառ ունէր Ռուսիոյ հետ քէն ընելու՝ 1878ին գրաւուած ըլլալով, Ռուսիոյ կողմէ, պեսարապիական իր երկրի մէկ մասը:

Դեռ յիշողութեանց մէջ շատ թարմ է Լոնտոնի Դեսպանական Ժողովէն ու դաշնագրութենէն յետոյ՝ Ռումանիոյ կատարծ կողոպուտային արշաւանքը երեք կրակի մէջ մնացած Պուլկարիոյ վրայ: Այդ միջոցին, ամբողջ աշխարհ աչքերը յառած էր դէպի Հիւսիս: Ամբողջ աշխարհ շնչասպառ կը սպասէր թէ ի՞նչ պիտի ըսէ Ռուսիան: Իսկ Ռուսիա շարժման մէջ դրաւ իր բանակը, բայց առաջ չի քշեց, բաւականանալով միայն Աւստրիան անգործութեն դատապարտելով:

Ջլատոեցաւ ու յօշուեցաւ Պուլկարիան, Ռուսաստանի ներքին բաղձանքն էր պատժել պուլկարական մեղալոմիան եւ այդ ախորժակով գրգռուած անոր ստամոքսին մէջ քար ձգել:

Ռուսաստանի այդ  վերաբերմունքը ծառայեց միեւնոյն ժամանակ քանդելու Աւստրիոյ վաղեմի ծրագիրները, կեցնելու անոր առաջխաղացութիւնը եւ Աւստրիա ստիպուած եղաւ բաւականակալ՝ ստեղծելով արուեստական Ալպանի մը:

Թոյլ տայ Ռումանիոյ աւարառութիւնը եւ Պուլկարիոյ յօշոտումը, անշուշտ ծառայութիւն մը, բարերարութիւն մըն էր Ռուսիոյ կողմէ դէպի Ռումանիան: Ահա այդ օրերէն ի վեր Ռումանիոյ միջազգային յարաբերութիւնները ակներեւ կերպով փոխուած են: Այսօր Ռումանիան կը նկատուի Երրեակ Համաձայնութեան հետեւորդ, եւ ո՛չ թէ Երրեակ Զինակցութեան:

Բայց մինչեւ ո՞ւր պիտի յանգի այս փոփոխութիւնը: Ի՞նչ պիտի ըլլայ ներկայիս եւ առաջիկային՝ Ռումանիոյ դերը Պալքանեան եւ Արեւելեան կնճռին մէջ. պիտի ունենա՞յ ո՛ եւ է յանձնառութիւն հանդէպ Երրեակ Համաձայնութիւնը: Արդեօք ո եւ է նոր քօնպինեզօն մը ծրագրուեցա՞ւ կամ վաւերացուեցա՞ւ կայսերական ու արքայական այս տեսակցութեանց միջոցին:

Այս հարցերն են գլխաւորաբար միջազգային մամուլի գուշակութեանց կամ մեկնութեանց առարկան: Նմանօրինակ տեսութեանց մէջ ամէնէն աւելի առարկայականը մենք կը գտնենք ռուս ազատական օրկաններէն Ռեչի խմբագրականը, որ կը կրէ 3/16 յունիս թիւը:

Ռեչ կ՚ըսէ. «Հասկանալի է որ Կարոլ թագաւորը կը փափաքէր Քօնսթանցայի տեսակցութենէն օգտուիլ եւ անգամ մը եւս պարզել պաշտօնական Ռումանիոյ հայացներն ու միտումները անցեալ տարուան պալքանեան տագնապին մէջ իր ունեցած միջամտութեամբը, եւ ընդունիլ Ռուսիոյ նոյնքան պաշտօնական վաւերացումը այդ միջամտութեան եւ անոր հետեւանքներուն նկատմամբ»:

«Կարոլ թագաւորը ցարդ անդրդուելի կերպով այս համոզումը ցոյց կուտայ թէ Պուլկարիայէն փրցնելով անոր ամենհարուստ մէկ երկրամասը, Ռումանիա ծառայութին մը մատոյց «Եւրոպական խաղաղութեան գործին…»:

«Բայց, կը յարէ Ռեչ, ռուս հասարակութեան լուամիտ մասը՝ որ դեռ չէ մոռցած ռումէն «յաղթական արշաւանքի» մանրամասնութիւնները, բոլորովին տարբեր հայեցակէտի է. հետեւաբար, ռուս հասարակական կարծիքը գոհ պիտի մնայ՝ եթէ այդ արշաւանքը հնարաւոր  ըլլայ հաշտեցնել Լահէի Խաղաղութեան Համաժողովին ծնունդ տուող նախաձեռնութեան եւ անոր ղեկավար սկզբունքներուն  հետ:

«Անկասկած որ ռուս հասարակական կարծիքը իր սրտի խորքէն կը մասնակցի Քօնսթանցայի մէջ արտայայտուած արքայական բաղձանքին՝ «խաղաղութեան ապագայ զարգացման» նկատմամբ: Բայց, անհրաժեշտ է յստակօրէն հաշուի առնել թէ ի՞նչ բանի մէջ կը կայանան այդ պայմանները պէտք չէ կայանան անոր մէջ որ Պուլկարիոյ մեղալոմիային հակազդելու պատրուակով, ինչ եւս ձգտի իր սեփական մեղալոմիան հաստատելու Պալթաններու մէջ:

«Ռումանիոյ համար այդ պայմանները պէտք չէ կայանան անոր մէջ որ Ռոմանիան ինքնագոհ յաւակնութիւնն ունենայ Եւրոպայի երախտագիտութեանն արժանի համարելու զինք, իբր թէ մեծահոգութեամբ պահպանած ըլլար Եւրոպայի խաղաղութիւնը: Այդ խաղաղութիւնը այն ժամանակ կը պահպանուի եւ կը զարգանայ՝ եթէ Ռումանիա խստօրէն ու բարեացակամութեամբ աշխարհ պալքանեան միւս ազգերու հետ պալքանեան ընդհանուր քաղաքակրթութեան, պալքանեան ընդհանուր ազատութեան գործին համար»:

Իսկ մենք կ՚աւելացնենք որ ո՛չ մէկ երաշխիք թէ՝ երեկ Երրեակ Զինակցութեան դաւաճանող Ռումանիան վաղը պիտի չդաւաճանէ եւ Երրեակ Համաձայնութեան, իր սեփական մեղալոմիան առաջ տանելու համար:

«Ազատամարտ», 1914, 11/24 Յունիս, թիւ 1535, էջ 2