Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ


Քանի մը օր առաջ հրատարակեցինք տեղեկութիւն մը՝ որուն համաձայն կեդրոնի Ուսումնական Խորհուրդը կը ջանայ Պոլսոյ թաղային վարժարաննրը բաժնել մէկ քանի կրթական շրջանակներու, իւրաքանչիւր շրջանակի մէջ ինկած դպրոցները վերածելով մէկ միութեան:

Այն միեւնոյն սկզբունքն է աս՝ որ քանի մը անգամ պաշտպանած ենք այս էջերուն մէջ, խօսելով գաաւառներու եւ առ հասարակ բոլոր վայրերու ազգային վարժարաններուն վերակազմութեան մասին:

Ներկայիս տիրող դրութիւնը պարզապէս անիշխանականութիւն է. իւրաքանչիւր գիւղ, իւրաքանչիւր քաղաք եւ իւրաքանչիւր գաւառ՝ ենթարկուած է անիշխանական ապակեդրոնացման մը, ո՛չ ծրագրային, ո՛չ մատակարակական եւ ոչ ալ հսկողութեան ո՛ եւ է կապ պահպանելով իր շուրջին հետ:

Այս պատճառով ալ ո՛չ մատակարարուած կրթութեան մէջ նույնութիւն կայ, ոչ ալ նիւթական մատակարարութան մէջ՝ խնայողութիւն:

Առնենք, օրինակի համար, մայրաքաղաքին մէկ կարեւոր արուարձանը՝ Սկիւտարը, որ ունի երեք թաղային վարժարաններ, որոնք իրենց վերջին կարգերուն մէջ հազիւ չորսական կամ հինգական աշակերտ կ՚ունենան, եւ սակայն՝ իւրաքանչիւր վարժարան հարկադրուած է չորս կամ հինգ տղու համար առանձին դասարան մը պահել եւ ահագին ծախս ընել. մինչդեռ, եթէ երեք վարժարաններու այդ չորս—հինգական աշակերտները հաւաքուէին մէկ վարժարանի մէջ եւ կազմէին մէկ դասարան, առնուազն մէկ քանի հարիւր ոսկիի խնայողութիւնը մը պիտի ձեռք բերուէր:

Աիկա նիւթական կողմը:

Շնորհիւ ներկայ ծայրայեղ ապակեդրոնացման՝ Սկիւտարը, իր երեք վարժարաններով՝ կը պահէ չեմ գիտեր քանի՜ տասնեակ ուսուցիչ, ամէն մէկուն վճարելով խեղճ ու կրակ ամսական մը: Պարզ է որ՝ եթէ կրթական միութիւն մը գոյութիւն ունենար նոյն վարժարաններուն միջեւ, ուսուցիչներու թիւը պիտի զեղչուէր եւ պաշտօնի կոչուածներուն ամսականը պիտի աւելնար՝ միեւնոյն պիւտճէն բաշխուելով քիչ անձերու վրայ:

Ուրիշ խօսքով՝ ուսուցիչներու քանակական արժէքը պիտի նուազէեր եւ որակական արժէքը պիտի բարձրանար, լաւագոյն վարձատրութեամբ՝ լաւագոյն ուժեր կարելի ըլլալով պաշտօնի գլուխ պահել:

Այնքան տրամաբանական, այնքան հասկանալի իրողութիւններ են ասոնք, որ չենք կարծեր թէ մտածել չտան մեր բոլոր Թաղականութիւններն ու բոլոր վարժարանական Հոգաբարձութիւնները:

Ուսումնական Խորհուրդին կը մնայ ուրեմն կորովով հետապնդել իր որդեգրած սկզբունքը եւ զայն իրագործման դնեմ նոյն իսկ յառաջիկայ տարեշրջանէն՝ մայրաքաղաքին մէջ:

Միեւնոյն ուղղութիւնը պէտք է, առանձին շրջաբերականներով, հարկադրէ նաեւ գաւառներուն, բացատրելով անոնց՝ արդի կացութեան վնասները, թէ՛ նիւթապէս, թէ՛ կրթապէս, եւ իր պաշտպանած սկզբունքին անհամեմատ բարիթները՝ կրկնակ տեսակէտով:

Բայց, ամէնէն առաջ՝ մայրաքաղաքը ի՛նչ պարտաւոր է օրինակը տալ, քանի որ ինքզինք կը համարի Թուրքիոյ լուսաւորութեան կեդրոնը, իմացապէս աւելի հասուն:

«Ազատամարտ», 1914, 15/28 Յունիս, թիւ 1539, էջ 2